ԲԱՌԱՅԻՆ ՆՈՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԲԱՑ ԵՒ ՓԱԿ ԼԵԶՈՒՆԵՐ

Ինչպէս միշտ, լեզուն որպէս կենդանի երեւոյթ շարունակ զարգացման մէջ է:

Լեզուի զարգացման անմիջական, ամենէն շօշափելի համակարգը նորաբանութիւններով բառապաշարի համալրումն է։ Բառապաշարը արտալեզուական գործօններու ազդեցութեան ենթարկուող եւ արագ փոփոխուող համակարգերէն է:

Հասարակական կեանքի մէջ երեւան եկող բոլոր նոր երեւոյթները, նորայայտ գաղափարները այս կամ այն ձեւով կ՚արտայայտուին լեզուի բառապաշարին մէջ՝ փոխառութեան, պատճէնումի կամ լեզուի ներքին միջոցներով՝ նորաստեղծ բառով: Բոլոր պարագաներուն, ինչ ալ ըլլայ փոխառման ձեւը, սկզբունքօրէն, նորաբանութիւնը կ՚արտայայտէ լեզուի մէջ տակաւին չարտայայտուած նոր գաղափար մը, միտք մը կամ առարկայ մը:

Բաց լեզուներ կ՚անուանենք այն լեզուները, որոնք բաւական արագ եւ դիւրութեամբ կ՚որդեգրեն ուրիշ լեզուներու մէջ երեւան եկող նոր գաղափարներն ու առարկաները արտայայտող բառային միաւորները: Այդ գործընթացի իրագործման պատճառը՝ ընդունող լեզուն կրողներու հասարակական, տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւններու շարունակական կանոնաւոր կապերն են նոր գաղափարներ «արտադրող» հասարակութիւններու հետ: Այսօր աշխարհի մէջ հաղորդակցութիւնը միջազգային է, յաճախ անմիջական՝ համացանցի, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի միջոցով եւ ամէնուր ասիկա կը նպաստէ միջազգային նորաստեղծ գաղափարներու եւ միտքերու արագ շրջանառութեան: Մեծ մասամբ նոր գաղափարները երեւան կու գան անգլիախօս, ռուսախօս կամ ֆրանսախօս հասարակութեանց մէջ:

Պարզ է, որ լեզուն ինք փոխ չ՚առներ, այլ՝ այդ լեզուն գործածող հասարակութիւնը, որ նոր գաղափարներ արտայայտելու պահանջը կը զգայ:

Այսպէս, օտար լեզուներու մէջ նորաստեղծ առարկան կամ գաղափարը արտայայտող բառը անմիջապէս կը փոխառուի կամ կը պատճէնուի բաց լեզուներու մէջ: Անոնք դիւրութեամբ կ՚որդեգրեն օտար լեզուի մէջ յայտնուող նոր գաղափարը, յատկապէս երբ բաց լեզուն գործածող հասարակութիւնը նոր գաղափարները արտայայտելու կարիքը կը զգայ:

Փակ կ՚անուանենք այն լեզուները, որոնք հակում չունին այլ լեզուներու մէջ արտայայտուող նորաստեղծ գաղափարներն ու միտքերը փոխ առնելու, քանի որ տուեալ լեզուն կրող հասարակութիւնը այդ նոր գաղափարները արտայայտելու անմիջական կարիքը չի զգար: Փակ լեզուները սկզբունքօրէն դէմ են փոխառութիւններ որդեգրելու, իւրացնելու գործընթացին: Երեւան եկած նոր գաղափարը արտայայտելու անհրաժեշտութեան պարագային փակ լեզուն կը դիմէ ուղղակի ներքին միջոցներուն, յաճախ ընդլայնելով արդէն գոյութիւն ունեցող բառի իմաստային արժէքը:

Արեւելահայերէնը բաց լեզու մըն է: Այլ լեզուներու մէջ երեւան եկող նորաստեղծ գաղափարներն ու միտքերը շատ արագ կը յայտնուին արեւելահայ տարբերակը օգտագործողներու բառապաշարին մէջ:

Արեւելահայ հասարակութիւնը, մասնաւորապէս լրագրողները, մտաւորականները, գիտահետազօտական ասպարէզին մէջ աշխատող մարդիկ սերտ, կանոնաւոր շփման մէջ են նոր գաղափարներ կամ առարկաներ ստեղծող հասարակութիւններու հետ, յատկապէս համացանցի ու հեռատեսիլի միջոցով: Անոնք ոչ միայն ծանօթ են անոնց լեզուներուն, այլեւ այդ լեզուները կրող հասարակութեանց նիստ ու կացին: Այդ անմիջական կապին շնորհիւ, հայ հասարակութեան մէջ կարիք կը զգացուի օգտագործելու օտար հասարակութիւններու մէջ երեւան եկող նոր երեւոյթներն ու իրականութիւնները: Օտար լեզուէն հայերէնի փոխառումը այնքան արագ կը կատարուի, որ փոխառման առաջին փուլը պարզապէս օտար բառը եղածին պէս առնելն ու Հայոց լեզուի ուղղագրութեան ու արտասանութեան յարմարցնելն է:

Փոխառուած բառը կրնայ որդեգրուիլ հայերէնի բառապաշարին մէջ, այնպէս ինչպէս որ կ՚արտասանուի օտար լեզուի մէջ, ըլլայ անգլերէն, ռուսերէն կամ ֆրանսերէն:

Երկրորդ փուլին, օտար փոխառուած բառը կրնայ պատճէնուիլ, իսկ երրորդ փուլին փոխարինուիլ ներքին՝ հայերէնին յատուկ բառային միաւորով:

Օրինակ (*)՝ լոու քոստ, քրաուտֆանտինգ, փոդքաստ, բեստ սելլեր, սուբվենցիոն, դրոն, սթարթ-ափ, սելֆի բառերը կը պատկանին առաջին փուլին, տակաւին պատճէնման կամ զուտ հայկական բառային միաւորումներով առայժմ չեն փոխարինուած:

Երկրորդ փուլին փոխառուած բառային միաւորը կը պատճէնուի կամ ուղղակի ներքին միջոցներով հայերէնին հարազատ նորակերտ բառ կը ստեղծուի: Օրինակ՝ էքօսիսթեմ - էքօհամակարգ, օնլայն - առցանց:

Նոր միտքերը արտայայտելու գործընթացին մէջ օտար փոխառուած բառին զուգահեռ գրաւոր խօսքին մէջ յաճախ կ՚օգտագործուի հայերէնին համարժէք բառը. կը ստացուին զուգահեռ անուանումներ.-

ռէանիմացիա - վերակենդանացում,

օդեւի- մրգօղի,

փողոցի ակցիա - գործողութիւն,

մաստեր կլաս - վարպետաց դաս,

մարկետինկ - շուկայավարութիւն,

կոնցեպտ - հասկացութիւն,

մարկետ - պարէնային խանութ,

բրոքեր - միջնորդ,

էկոլոգիա - բնապահպանութիւն,

հոթ-լայն - թէժ գիծ։

Պէտք է յուսալ, որ նշուած օրինակներուն մէջ, ժամանակի ընթացքին հայկական տարբերակը վերջնականապէս կը փոխարինէ փոխառուածը:

Նշենք, թէ փոխառուած բառային միաւորներուն մէջ կան հայերէնին անհարազատ հնչիւնախումբեր, որոնք համահունչ չեն հայերէնի հնչիւնական օրինաչափութիւններուն: Այդպիսիք են յատկապէս -ինգ վերջաւորութեամբ փոխառութիւնները, ինչպէս՝ մարկետինգ, քրաուտֆանտինգ, ստրիմինգ, մոնիտորինգ, թրեյնինգ, քայթսերֆինգ, բրիֆինգ եւ այլն:

Սկզբունքօրէն դէմ չենք լեզուի մէջ յայտնուող նորաստեղծ միտքեր արտայայտող փոխառութիւններուն: Անոնք կը հարստացնեն լեզուն՝ ժամանակի համահունչ պահանջներուն մեծաթիւ նորաստեղծ գաղափարներով ու առարկաներով: Լեզուն կ՚արտայայտէ հասարակութեան անհրաժեշտ նորագոյն միտքեր, ատիկա կենդանի լեզուի համակերպումն է՝ հասարակութեան պահանջներուն: Արեւելահայերէնը հիւրընկալ լեզու է եւ որոշ չափով, նոր որդեգրուած բառերու միջոցով Հայաստանի ժամանակակից պատմութիւնը կը պատմուի:

Բաց լեզուները գործօն, աշխոյժ լեզուներ են, որոնք կ՚արտացոլեն աշխարհի տարբեր հասարակութիւններու մէջ ծագող, երեւան եկող նոր իրականութիւնները: Առանց այդ նոր գաղափարները արտայայտելու հնարաւորութեան, լեզուն կրնայ աղքատանալ, մեկուսացում ապրիլ ու դառնալ փակ լեզու:

Պարզապէս, օտարամոլութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է, որ օտար փոխառութիւնները համեմատաբար արագ պատճէնուին կամ ներքին միջոցներով նոր բառային միաւորներ ստեղծուին: Այդ փոխակերպումը արեւելահայերէնի մէջ կը կատարուի բաւական դանդաղ եւ յաճախ օտար փոխառութիւնը վերջնականապէս կ՚արմատաւորուի որպէս գործօն (actif) բառապաշար: Այդ է պատճառը, որ ինչպէս յաճախ, արեւմտահայերէնի ջատագովները կը քննադատեն արեւելահայերէնը, գործօն բառապաշարին մէջ կիրարկուող բազմաթիւ օտար փոխառութիւններու պատճառաւ: Ատիկա միշտ եղած է եւ այսօր ալ կը մնայ արեւմտահայերէնին սատարողներու մնայուն քննադատութեան առարկան:

Այսուհանդերձ, պէտք է նշել, որ յատկապէս լրագրական, հրապարակախօսական գրաւոր լեզուին, հանրային ընթերցման ենթակայ մամուլին մէջ, կը հանդիպինք այնպիսի բառերու եւ արտայայտութիւններու, որոնք ինքնին նոր գաղափարներ չեն արտայայտեր: Լրագրող հեղինակի նպատակն է այդ բառերը օգտագործելով յատուկ անձնական երանգ եւ ինքնատիպ իմաստային գունաւորում տալ նախադասութեան: Անոնք օտար լեզուէն առնուած՝ հեղինակի անհատական գաղափարները արտայայտող բառեր կամ դարձուածքներ են, որոնք պարզ ընթերցողին կրնան յաճախ անհասկնալի ըլլալ:

Օրինակներ.-

Կը կարդանք.- «Կառավարութիւնը նոր մարտավարութեան համար ընտրել է տրեյնինգներ (անգլերէն՝ training - այսինքն՝ վարժեցում, պատրաստութիւն, ուսուցում, մարզում) անել բոլոր նրանց, ովքեր չեն կարողանում յաւուր պատշաճի հանդէս գալ լրագրողների առաջ։ Տրեյնինգներ անցկացնելու պարտաւորութիւնը դրուած է հանրային կապերի եւ տեղեկատւութեան կենտրոն ՊՌԱԿ-ի վրայ»։

Մէկ այլ տեղ կը կարդանք.- «… Այդ երգիչը կրում է ծաղկաւոր պրինտով (անգլերէն print - դրոշմել, տպել, այստեղ այսինքն՝ ծաղկաւոր դրոշմերով) վերնաշապիկ եւ կանաչ երանգի կիսաշրջազգեստ»։

Հեռատեսիլէն կը յայտարարեն՝ «Քաղաքը հեղեղուեց ֆանտաստիկ սաունդով …բրիտանական յայտնի Jamiroquai խմբի համերգը Կ. Դեմիրճեան մարզահամերգային համալիրում 2019 թ. Հոկտեմբերի 6-ին հեղեղուեց acid սաունդով, հնչեղութիւնը, լոյսը, բիթերը եւ զիլ էներգիան…»։ Հեղինակը կ՚օգտագործէ սաունդ, բիթ (անգլերէն sound, beat բառերը, այսինքն՝ հնչիւն, կշռոյթ,- շատերուն համար անհասկնալի,- որպէսզի ժամանակակից երաժշտութեան երանգ տայ իր նկարագրութեան):

Մէկ այլ տեղ կը կարդանք.- «Սա Փութինի եւ Փաշինեանի երկրորդ թեթ ա թեթ հանդիպումն է»։ Ֆրանսերէն չգիտցող ընթերցողը պիտի չհասկնայ թէ «թեթ ա թեթ» արտայայտութիւնը պարզապէս կը նշանակէ «առանձին, առանց ուրիշի ներկայութեան»: (ֆրանսերէն՝ tête à tête - բառացի՝ գլուխ-գլխի, այսինքն՝ առանձին):

«Համալսարան գնացող աղջիկների համար կազմել ենք մի քանի լուկ (անգլերէն՝ look, այսինքն՝ արտաքին տեսք, արտայայտութիւն), որոնք կ՚օգնեն ձեզ այդ հարցում»։

Քաղաքական տեսաբանը անցեալին տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւնը բնորոշելու համար կ՚օգտագործէ «դեժավիւ» բառը (ֆրանսերէն déjà vu - այսինքն՝ արդէն տեղի ունեցած, կատարուած), որ կրնայ անհասկնալի ըլլալ ֆրանսերէն չգիտցող ընթերցողին համար։

«Նոր քաղաքական իրադրութիւնը Վարչապետին դնում է ֆորսմաժորային (ֆրանսերէն՝ force majeure - այսինքն անկանխատեսելի իրադրութեան, ստիպողական) վիճակում»,- կը գրէ քաղաքագէտ վերլուծաբանը:

Երեւան քաղաքին մէջ ընդհանուր ելեկտրավթարը բնորոշելու համար լրագրողը կը գրէ.- «Էներգետիկ կոլապս Երեւանում» (անգլերէն collaps - փլուզում, անկում):

«Այո՛, ես տոլերանտ եմ (ֆրանսերէն tolérant - հանդուրժող) մինչեւ այն պահը, երբ չեն ներխուժում իմ անձնական տարածքը», կը յայտարարէ Ազգային ժողովի երեսփոխանը:

«Կարող են տուժել նաեւ դատաիրաւական բարեփոխումները, քանի որ նրանց ընդունումը եւ իմպլեմենտացիան (ֆրանսերէն implémentation, installation - այսինքն՝ իրագործումը, ի կատար ածելը) մեծապէս կախուած է հէնց արեւմուտքի աջակցութիւնից»,- կը գրէ լրագրողը:

Քաղաքագէտ վերլուծաբան Էդուարդ Անտինեան համացանցի իր յօդուածին մէջ կը գրէ.- «“Արցախը Հայաստան է եւ վերջ” դիրքորոշումը դեստրուկտիւ է, (ֆրանսերէն՝ destructif - այսինքն կործանարար, կորստաբեր), որովհետեւ մենք տեսել ենք՝ այդ դեստրուկտիւիզմը կար Ադրբեջանի կողմից»։

«Հայ ձեռնարկատէրը Տաշկենտում ունէր բուտիկների ցանց»։ (Ֆրանսերէն boutique - այսինքն՝ խանութ, առեւտուրի տարածք):

«Ֆրանսիահայ ձեռնարկատէրը փրէ ա փորթէ (ֆրանսերէն prêt-à-porter - այսինքն՝ պատրաստի հագուստ) ասպարէզում ցուցաբերած յաջողութիւնների համար պարգեւատրուել է»։

«Այդ իրադարձութիւնը կարեւոր է վրացական քեյսը (անգլերէն՝ case - պարագան, դէպքը, օրինակը) հասկանալու համար»,- կը գրէ լրագրողը:

«Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի կառուցման առաջին եւ երկրորդ տրանշերը (ֆրանսերէն tranche - այսինքն՝ հատուած, մաս, բաժին) շարունակւում են»։

Հ1 հեռատեսիլի կայանին վրայ, մարզական լուրերու ժամանակ պաստառին մեծ տառերով գրուած է. «Միացիր չելենջին» (անգլերէն կամ ֆրանսերէն challenge բառէն, այսինքն՝ մարտահրաւէր):

«Մրցանակաբաշխութիւն» յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Van music awards մրցանակաբաշխութիւնը, որն ընթանում է 11 անուանակարգում՝ մրցանակների արժանացան հայկական տարբեր բենտեր» (անգլերէն band - նուագախումբ):

Թերթը մեծատառերով կը վերնագրէ. «Ստամբուլեան կոնվենցիան չի հակասում սահմանադրութեամբ նախատեսուած ընտանիքի կամ սեռերի կոնցեպտին» (ֆրանսերէն concept - այսինքն՝ հասկացութիւն, գաղափար, պատկերացում):

Վերոյիշեալ օրինակներուն մէջ հեղինակները կ՚օգտագործեն օտար բառեր, որոնք փոխառութիւններ չեն կրնար համարուիլ, անոնք ունին իրենց ճշգրիտ համարժէքը Հայոց լեզուին մէջ: Անոնք օտար բառերու հեղինակային, լրագրական անհատական ընտրութիւններ են իրենց նախադասութեան մասնագիտական երանգ, ինքնօրինակ բնոյթ տալու համար, այն յոյսով, որ ընթերցողը կը հասկնայ նախադասութեան ընդհանուր իմաստը: Անոնք ամէնուն բառերը չեն. անոնք չեն հասկցուիր շարքային ընթերցողին կողմէ: Տուեալ պարագային, սկզբունքօրէն, այդ օտար բառերը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը չկայ: Տրուած բոլոր օրինակներուն մէջ օտար բառերը կարելի է փոխարինել հայերէնի համարժէքներով: Փոխ առնուող բառը կ՚արդարացուի, երբ ան հայերէնի մէջ կը ներմուծէ նոր գաղափար կամ նոր առարկայ, որուն համարժէքը տակաւին գոյութիւն չունի։

Յիշենք, որ յաճախ նախադասութեան մէջ անհասկնալի բառ մը կրնայ այդ ամբողջ նախադասութեան իմաստը դարձնել անհասկնալի:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԴԱՍԵԼ ՓԱԿ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԻՆ

Արեւմտահայերէնը կարելի է դասել փակ լեզուներու կարգին:

Հայոց լեզուի այս տարբերակը հակուած չէ փոխ առնելու տարբեր հասարակութիւններու մէջ երեւան եկող նորաստեղծ նոր գաղափարներ ու առարկաներ: Արեւմտահայերէնով արտայայտուող հասարակութիւնը իւրայատուկ, եզակի համակարգ մըն է, նման չէ դասական սովորական հասարակութիւններուն:

Արեւմտահայերէնը գործածող հասարակութիւնը ցրուած է տասնեակ տարբեր երկիրներու մէջ, ուր ամէնուր փոքրամասնութիւն կը կազմէ: Արեւմտահայ հասարակութիւնը չունի պետականութիւն, պետական կառավարման համակարգ, հայերէն գործող պետական վարչական, գիտահետազօտական հիմնարկներ, ակադեմիա, երաժշտանոց: Նման համակարգերու բացակայութիւնը՝ այդ ասպարէզներու մէջ մասնագիտական նորաստեղծ բառային միաւորներու կարիք չի յառաջացներ:

Նեղ մասնագիտական՝ բժշկական, մաթեմատիկական, իրաւաբանական, գիտահետազօտական, պետական, վարչական եւ այլ ասպարէզներու մէջ գործող, աշխատող սփիւռքահայ մասնագէտը կ՚օգտագործէ բնականաբար իր ապրած երկրին լեզուն՝ սպաներէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, յունարէնը եւ այլն: Այդ բնագաւառներուն մէջ հայերէնը չի գործեր, հետեւաբար հայերէն եզրեր օգտագործելու կարիքը չի կրնար ունենալ, քանի որ ան կ՚աշխատի իր ապրած երկրին լեզուական միջավայրին մէջ:

Այսուհանդերձ, անհրաժեշտութեան պարագային, արեւմտահայերէնը՝ նոր երեւոյթը, յատկապէս առօրեայ ոչ-մասնագիտական նոր գաղափար դրսեւորող երեւոյթը արտայայտելու համար, մեծ մասամբ կը դիմէ պատճէնման:

Օրինակ՝

Facebook պատճէնուած է Դիմագիրք

(երբեմն՝ Դիմատետր),

Producer - արտադրող, մետիա - լրասփիւռ,

Low cost թռիչքներ - աժանագին թռիչքներ,

Crowdfunding - դրամահաւաք,

Coronavirus - պսակաձեւ ժահրախտ,

Facetime - դիմաժամանակ,

Hologramme - լիապատկեր։

Այսուհանդերձ, նշենք թէ արեւմտահայ ելեկտրոնային մամուլին մէջ երբեմն կը հանդիպինք փոխառութիւններու: Օրինակ.-

«Ֆլեշմոպի տեսքով հնչած են…» (Զարթօնք),

«Օնլայն կը ծախեն իրենց ապրանքները…» (Նոր Կեանք),

«Փոխվարչապետ Տ. Աւինեան Ֆեյսպուքի էջին վրայ հրատարակած է…» (Զարթօնք),

«Սփորի մասնագէտ Գրիգորեանը…» (Զարթօնք),

«Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր մարմինը…» (Ազդակ),

«…սոցցանցեր, թուիթըր ամլացուցա՞ծ են լուսաբանող լրատուամիջոցները» (Նոր Կեանք)։

Նշենք, թէ արեւմտահայերէնի մէջ փոխառուած բառը կը տպագրուի շեղագիր տառերով, որ ընթերցողին կը յիշեցնէ եզրի փոխառուած ըլլալը:

Հակառակ վերջին տասնամեակներուն հայերէնի երկու տարբերակներով խօսող՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ հասարակութիւններու լեզուական շփումներու սերտացման, երեւան եկող նոր գաղափարներն ու միտքերը մեծ մասամբ տակաւին կը շարունակեն արտայայտուիլ տարբեր ուղիներով:

Երկու տարբերակները օգտագործող հասարակութիւնները կը գործեն իրարմէ անջատ, լեզուական անկախ տարբեր միջավայրերու մէջ: Անոնց միջեւ չկայ համաձայնեցում, յարաբերակցութիւն: Սփիւռքահայ մամուլի լրագրողները, լրատու միջոցներու խմբագրութիւնները, մեծ մասամբ, ըստ լեզուի ներքին օրէնքներուն՝ անմիջապէս կը պատճէնեն նոր գաղափար արտայայտող բառը առանց զայն փոխ առնելու: Իսկ արեւելահայերէնը այս պարագային նախ փոխ կ՚առնէ օտար բառը, որմէ ետք կամ ան կը պահպանուի կամ որոշ ժամանակ անց կը փոխարինուի ներքին միջոցներով ստեղծուած նոր բառային միաւորով: Երբեմն ալ նորաստեղծ բառը կրնայ փոխանցուիլ մէկ տարբերակէն միւսը։

Լեզուին բառային նորաբանութիւններու որդեգրման գործընթացը բարդ, յաճախ անկառավարելի երեւոյթ է: Առաջին փուլին ան չի վերահսկուիր պետական լեզուական մարմինի կամ կազմակերպութեան կողմէ, որովհետեւ օտար լեզուէն եկող նոր գաղափար - բառը առաջին փուլին նախ կ՚առաջարկուի կամ կ՚օգտագործուի անհատ լրագրողներու, մամլոյ բնագաւառի աշխատողներու, խմբագրութիւններու ազատ նախաձեռնութեամբ:

Նորաբանութիւններու որդեգրման գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ կենդանի լեզուի եւ զայն կիրառող հասարակութեան կապը: Լեզուն որպէս մայրենի լեզու օգտագործող լայն հասարակութիւնը բնականօրէն կ՚որոշէ այս կամ այն նորաբանութեան կիրառութեան ընդունումը կամ դուրս մղումը լեզուի գործօն բառապաշարէն: Ինչպէս կը գրէ Ռ. Իշխանեան, «որովհետեւ լեզուն նաեւ սովորոյթ է» եւ ընդունուած սովորոյթի կիրարկութիւնը չի հրահանգուիր, լուծումը կը տրուի ժամանակի ընթացքին: Երբ հասարակութիւնը զանգուագային կերպով բանաւոր կամ գրաւոր խօսքին մէջ կ՚օգտագործէ փոխառեալ բառ մը, ապա զայն հայերէն համարժէքով փոխարինելը,- հակառակ Լեզուի կոմիտէի յորդորներուն,- կը դառնայ չափազանց դժուար: Օրինակ՝ ամէնուր, նոյնիսկ հեռաւոր գիւղերու կրպակներու ցուցատախտակներուն վրայ կը կարդանք «Մարկետ» կամ «Սիւպեր մարկետ» անուանումները, որոնց համարժէքը վաղուց գոյութիւն ունի հայերէնի մէջ:

Պէտք է յուսալ, որ հասարակական կեանքի մէջ շարունակաբար երեւան եկող նորաստեղծ գաղափարները այսուհետեւ կը գտնեն ընդհանուր լուծումներ Հայոց լեզուի երկու տարբերակներուն՝ գրաւոր եւ բանաւոր խօսքին մէջ: Լեզուի շարունակական զարգացման գործընթացը նորաբանութիւններու բնագաւառին մէջ կ՚ենթարկուի միջավայրի թելադրած բնական կանոններուն եւ պատմութեան ընթացքին ինքնուրոյն լեզուն կրող հասարակութեան ընտրութեան:

Ի վերջոյ, քանի որ լեզուի զարգացումը պայմանաւորուած է զայն կիրառող հասարակութեամբ, ապա ըստ լեզուի ներքին օրէնքներուն, նորաբանութիւններու որդեգրման վերջին խօսքը կը պատկանի անոր լեզուակիրներուն:

ՌՈՊԷՐ ՏԷՐ ՄԵՐԿԵՐԵԱՆ

«Նոր Յառաջ», Փարիզ


(*) ՌՈՊԷՐ ՏԷՐ ՄԵՐԿԵՐԵԱՆ՝ Էքս-Մարսիլիոյ համալսարան, Ֆրանսա

(*) Յօդուածին մէջ բերուած բոլոր օրինակները քաղուած են առցանց ելեկտրոնային լրատու միջոցներէն 2019-2020 թուականներու ընթացքին։

Արեւելահայերէն կայքեր. Ազգ, 1in.am, hetq.am, 168.am, news.am, armenpress.am եւ Հ1 կայան։

Արեւմտահայերէն կայքեր. Զարթօնք, Ազդակ, Հայ կեանք, asbarez.com, Ազատ օր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020