ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ

Հարցում. Մեր մարդկային տկարութիւններուն պատճառով պէ՞տք է խուսափինք Աստուծոյ մեզի թելադրածներէն:

Պատասխան. Յաճախ որպէս մարդիկ կը փորձենք խուսափիլ Աստուծոյ տուած թելադրութիւններէն, պատճառաբանելով մեր մարդկային տկարութիւնները: Բայց նախքան խուսափիլը, յիշենք Մովսէս Մարգարէին դրուագը, երբ Աստուած կ՚ուզէր ղրկել զինք Իր ժողովուրդին, անոնց միջեւ հետեւեալ խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ.

«Մովսէս ըսաւ Տիրոջ. “Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ոչ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»”: Եւ Տէրը ըսաւ անոր. “Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ Ես՝ Տէրս: Ուստի գնա՛ հիմա ու Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս”» (Ելք 11.10-12):

Հարցում. Ի՞նչ է Քրիստոսի աշակերտ ըլլալու գինը:

Պատասխան. Տէր Յիսուս կ՚ըսէ.

«Ով որ Ինծի կու գայ եւ զիս աւելի չի սիրեր քան իր հայրն ու մայրը, կինն ու զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ իր իսկ անձը, չի կրնար Ինծի աշակերտ ըլլալ։ Որովհետեւ ով որ իր խաչը չ՚առներ եւ Ինծի չի հետեւիր, Ինծի աշակերտ չի կրնար ըլլալ։ Եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ աշտարակ մը շինել, նախ չի նստիր եւ ծախսերը չի՞ հաշուեր, տեսնելու համար թէ գործը վերջացնելու չափ դրամ ունի՞։ Այլապէս, երբ հիմը նետելէ ետք՝ չկարենայ աշտարակը աւարտել, բոլոր տեսնողները պիտի սկսին ծիծաղիլ իր վրայ, ըսելով. “Այս մարդը շինել սկսաւ, բայց չկրցաւ աւարտել”։ Կամ, եթէ թագաւոր մը տասը հազար հոգինոց բանակով մը ուզէ պատերազմի ելլել քսան հազար հաշուող բանակով մը իր դէմ եկող թագաւորի մը դէմ, նախ չի նստիր եւ չի՞ մտածեր, թէ արդեօք պիտի կարենա՞յ յաղթել անոր։ Այլապէս, տակաւին հեռուէն, պատգամաւոր պիտի ղրկէ՝ հաշտութիւն խնդրելու համար անկէ։ Նմանապէս, ձեր մէջէն անոնք որոնք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց ամբողջ ունեցածէն, չեն կրնար Ինծի աշակերտ ըլլալ» (Ղկ 14.26-33):

Հարցում. Այս աշխարհը զո՞վ կ՚ատէ եւ զո՞վ կը սիրէ:

Պատասխան. Այս աշխարհը կը սիրէ իրենները ու կ՚ատէ բոլոր անոնք, որոնք իրմէ չեն, այսինքն՝ որոնք կ՚ապրին աշխարհին մէջ, բայց աշխարհին չեն պատկանիր, այլ՝ Աստուծոյ: Այս մասին մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր աշակերտներուն եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր Իրեն հաւատացողներուն ու հետեւողներուն կ՚ըսէ.

«Եթէ աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց։ Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ Ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս։ Յիշեցէ՛ք այն խօսքը որ ըսի ձեզի, թէ “ծառան իր Տիրոջմէ աւելի մեծ չէ”։ Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն. եթէ Իմ խօսքերս գործադրեցին, ապա ձերն ալ պիտի գործադրեն։ Բայց այս բոլորը ձեզի պիտի ընեն Իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ զիս ղրկողը չեն ճանչնար։ Եթէ աշխարհ եկած չըլլայի եւ խօսած չըլլայի իրենց, մեղք պիտի չունենային. բայց հիմա իրենց մեղքին համար որեւէ արդարացում չունին։ Ով որ զիս կ՚ատէ, Իմ Հայրս ատած կ՚ըլլայ։ Եթէ իրենց մէջ կատարած չըլլայի այնպիսի գործեր, որոնք ուրիշ ոչ ոք ըրած է, անոնք մեղք պիտի չունենային, սակայն անոնք ահա տեսան Իմ գործերս եւ ատեցին թէ՛ զիս եւ թէ Հայրը։ Արդ, կը կատարուի իրենց Օրէնքին մէջ գրուածը, որ կ՚ըսէ. “Զիս ատեցին՝ առանց որեւէ պատճառի”։ Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ Ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ Իմ մասիս։ Դուք ալ կը վկայէք Իմ մասիս, որովհետեւ սկիզբէն Իմ հետս եղաք» (Յհ 15.18-27):

Հարցում. Աւետարանը միան որո՞շ ազգերու համար սահմանուած է:

Պատասխան. Ո՛չ, այլ՝ Աւետարանը բոլոր ազգերուն համար սահմանուած է: Այս մասին Պօղոս Առաքեալ կը գրէ.

«Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Քրիստոս հրեաներուն ծառայեց՝ որպէսզի Աստուծոյ հաւատարմութիւնը ցոյց տայ եւ նախահայրերուն եղած խոստումները հաստատէ, եւ որպէսզի բոլոր ազգերը զԱստուած փառաւորեն՝ Իր ողորմութեանը համար. ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած է.-

“Ատոր համար ալ բոլոր ազգերուն մէջ

պիտի փառաւորեմ Քեզ,

եւ սաղմոսներով Քու անունդ օրհներգեմ”։

Ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.-

“Ուրախացէ՛ք, ո՜վ ազգեր,

Անոր ժողովուրդին հետ միասին”։

Դարձեալ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.-

“Օրհնեցէ՛ք Տէրը, դուք՝ ազգե՛ր բոլոր.

գովեցէք զԱյն, դուք՝ ժողովուրդնե՛ր բոլոր”։

Եւ Եսայի կ՚ըսէ.-

“Յեսսէի արմատը պիտի ծլի

եւ պիտի ելլէ՝ իշխելու համար ազգերուն,

եւ ազգերը իրենց յոյսը Անոր պիտի կապեն”։

Արդ, յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցնէ՝ իրեն հանդէպ ունեցած ձեր հաւատքով, որպէսզի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ յոյսով առատանաք» (Հռ 15.8-13):

Հարցում. Ինչո՞ւ համար հաւատքը առանց գործերու մեռած կը համարուի:

Պատասխան. Յակոբոս Առաքեալ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ.

«Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել։ Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց: Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ “գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք”, եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի: Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առնաց գործերու՝ մեռած է:

Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. “Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի”։ Այնպիսիին կը պատասխանեմ. “Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս”։ Դուն կը հաւատաս թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է։

Աբրահամ, մեր նախահայրը, իր գործերով չէ՞ր որ արդարացաւ, երբ իր զաւակը՝ Իսահակը զոհասեղան բարձրացուց զոհ մատուցանելու համար: Կը տեսնե՞ս, թէ հաւատքը անոր գործերուն ընկերացաւ, եւ գործերուն ընդմէջէն ալ հաւատքը իր կատարելութեան հասաւ: Այսպէս կատարուեցաւ այն՝ ինչ որ Ծննդոց Գիրքը կ՚ըսէր, թէ “Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց”. եւ Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ: Կը տեսնէ՞ք, թէ մարդ իր գործերով կ՚արդարանայ, եւ ո՛չ թէ միայն հաւատքով:

Նոյնը չէ՞ Րախաբ պոռնիկին պարագան. ա՛ն ալ իր գործերով արդարացաւ, երբ իսրայէլացի լրտեսները իր տունը հիւրընկալեց եւ օգնեց՝ որ ուրիշ ճամբով փախչին:

Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.14-26):

Հարցում. Ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին:

Պատասխան. Յովհաննէս Առաքեալ Իր Ընդհանրական առաջին նամակին մէջ այսպէս կը գրէ.

«Ով որ կը հաւատայ, թէ Յիսուս Աստուծոյ Օծեալն է՝ անիկա Աստուծմէ ծնած է. իսկ ով որ ծնողը կը սիրէ, անկէ ծնածն ալ կը սիրէ: Հետեւաբար, եթէ զԱստուած կը սիրենք եւ Անոր պատուիրանները կը կատարենք՝ կը նշանակէ, թէ կը սիրենք նաեւ Աստուծոյ զաւակները: Արդարեւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ՚արտայայտենք՝ Անոր պատուիրանները գործադրելով։ Իսկ Անոր պատուիրանները գործադրելը դժուար չէ, որովհետեւ ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին։ Եւ աշխարհին վրայ յաղթանակ տանողը մեր հաւատքն է։ Արդ, ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան՝ որ կը հաւատայ, թէ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին» (Ա.Յհ 5.1-5):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 օգոստոս 2020, Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020