«ՈՂԲ»Ը

«Կ՚ողբամ քեզ, հայոց աշխարհ: Կ՚ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերուն մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ ու ուսուցանողդ, վրդովեցաւ խաղաղութիւնդ, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ չարափառութիւնը տգիտութեամբ:

«... Որովհետեւ մեզի տիրեցին խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ կը բարձեն, անտանելի հրամաններ կու տան. կառավարիչները կարգ չեն պահեր, անողորմ են, սիրելիներ դաւաճանուած են, թշնամիներ զօրացած, հաւատքը այս ունայն կեանքին համար կը ծախսուի: Անհատնում աւազակներ կու գան եւ շատ կողմերէ տուները կը թալանուին, ստացուածքները կը յափշտակուին: Գլխաւոր մարդիկը կը կապուին, յայտնի անձերը կը բանտարկուին, ազնուականները կ՚աքսորուին դէպի օտարութիւն, ռամիկները անթիւ նեղութիւններ կը կրեն, քաղաքներ կ՚առնուին, ամրոցներ կը քանդուին, աւաններ կ՚աւերուին, շինութիւններ կը հրդեհուին, անվերջ սովեր եւ հիւանդութիւններ եւ բազմատեսակ համաճարակներ» (Մովսէս Խորենացի, «Հայոց պատմութիւն», հատուած «Ողբ»էն):

Կ՚ողբար Պատմահայրը հինգերորդ դարու իրադարձութիւններուն ի տես, ողբով կ՚աւարտէ ան «Հայոց պատմութիւնը» հայոց ծագումնաբանութենէն՝ Հայկէն մինչեւ իր ապրած օրերը նկարագրելով:

Ողբը պահեց իր այժմէականութիւնը եւ ժամանակավրէպ չդարձաւ, մենք չդաստիարակուեցանք անոր խորախորհուրդ պատգամներով, մնաց պատմաբաններու ուսումնասիրութեան նիւթ եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ որպէս դասաւանդման առարկայ, դասախօսութեան նիւթ...

Հիմա կ՚ողբանք ազգովին.

Կ՚ողբանք ի տես բազմահազար նահատակներու թափած արիւնին.

Կ՚ողբանք ի տես խայտառակ պարտութեան.

Կ՚ողբանք ի տես հինգերորդ դարու մեր գոյութիւնը ապահովող լեզուի աղաւաղման, որ կ՚երեւի, կը լսուի անխտիր բոլորին՝ ղեկավարին, զինուորին, ժողովուրդին կեղտոտ արտայայտութեանց մէջ.

Կ՚ողբանք նիւթին իշխանութեան աղէտը տեսնելով՝ «Տունդ ղարաբաղցուն չտաս, զգուշացնում եմ, հա՛, ձեռէդ փախնելու է: Յետոյ չասես՝ չզգուշացրի».

Կ՚ողբանք ի տես մարմնի անդամներէն զրկուած զինուորներուն.

Կ՚ողբանք մեր ազգի ցաւոտ ճակատագրին.

Կ՚ողբանք անհամերաշխութիւնն ու անմիաբանութիւնը տեսնելով.

Կ՚ողբանք սիրոյ եւ ամօթի բացակայութեան.

Կ՚ողբանք զաւակազուրկ ծնողներուն արցունքները տեսնելով եւ անոնց աղիողորմ խնդրանքները՝ իրենց կորսուած զաւակներուն մարմինները գտնելու ջանքերը, անպատասխան աղերսները կը փոթորկեն բոլորիս հոգիները.

Կ՚ողբանք ի տես սուգը թաղած, իր շահերուն մասին խորհողներուն.

Կ՚ողբանք յաճախացած՝ «շտապ վաճառուում է» յայտարարութիւնը կարդալով.

Կ՚ողբանք՝ «չէ՛, ես տեղէս չեմ շարժիր, աս տարիքէս վերջ նորէն զերոյէն սկսիլ չեմ ուզեր» արտայայտութիւնը լսելով սուրիահայ բարեկամէ մը.

Կը սոսկանք գաղթին անունէն, որ հայը իր ճիտին վրայ կը կրէ.

«Վառեցէք մոմերը, մի թողէք որ հանգին. գոնէ էսպէս յարգենք մեր նահատակների յիշատակը» կը յորդորէ մին Ազատութեան հրապարակի մոմավառութեան ընթացքին.

Ողբալով վառեցինք եւ մեր ժպիտները վերացան, անհետացան.

Ժպիտին թախծոտը, փոշոտը, տժգոյնը տեսա՞ք այդ տան մէջ՝ գիւղին մէջ օրերով առանձին մնացած մանուկին դէմքին, զոր փրկեց զինոուր մը իր կոկորդէն կտրած սնունդով եւ հասցուց հիւանդ մօրը: 

Մեր պատկերն է, պատառիկ մը աւերակած, թախիծ հագած, գունատ հայրենիքին, որ մոխիրներէն յառնելու համար, ապտակէն սթափիլ կարողացող, հզօր ձեռքի մը պէտք ունի:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020