«ԻՆՉ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՐ ԱԼ ԸԼԼԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ, ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՀԱՇՈՒԻ ՆՍՏԻԼ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՀԵՏ»

Պէյրութէն Արժանթին հաստատուած քաղաքագէտ եւ համալսարանի դասախօս տքթ. Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի տեսակէտները շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ միջազգային այն գործընթացներուն շուրջ, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն Հարաւային Կովկասի վրայ։ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան համոզուած է, թէ նոր պաղ պատերազմ մը թէեւ կը բացառուի, սակայն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը արդէն դարձած են ուժային երկու նոր բեւեռներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի մօտեցումները։

-Շուտով կը թեւակոխենք Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի երրորդ ամիսը։ Ըստ երեւոյթին, Ռուսաստան մտադիր է տակաւին երկար շարունակել այս պատերազմը՝ հակառակ անոր, որ գետնի վրայ առկայ պատկերը ցոյց կու տայ, թէ իր բանակի քայլերը այդքան ալ բարեյաջող չեն եւ ռազմավարական այն նպատակները, որոնք արդէն պէտք է իրականացուած ըլլային, կը յամենան։ Երեք ամսուան ռազմերէն ետք ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր դրութիւնը։

-Պատերազմի որոշումը առնելով Մոսկուա շատ հաւանաբար նախատեսած էր արագ յաղթանակ մը, ընդհուպ մինչեւ Քիեւի մէջ բարեկամ, եթէ ոչ դաշնակից, իշխանութեան մը հաստատումով: Այդ մէկը ենթադրաբար պիտի բացառէր Ուքրայնայի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին եւ Եւրոպական Միութեան՝ հակառակ, որ նման գործընթացի որեւէ յստակ քայլ առնուած չէ: Նման յաղթանակ մը Մոսկուային նաեւ թոյլ պիտի տար ինքզինք հաստատելու՝ որպէս գերհզօր պետութիւն, որպէս բեւեռ՝ յետարեւմտեան աշխարհի կամ աշխարհակարգի մը մէջ: Պէտք չէ մոռնալ, որ թերեւս 1990-ականներու կէսերէն Մոսկուա մերժած էր ընդունիլ «Պաղ պատերազմ»ին յաջորդած համաշխարհային համակարգի իրողական միաբեւեռացումը եւ առնուազն խօսոյթի մակարդակով շեշտադրած՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի մը հեռանկարին կարեւորութիւնը: Ուքրայնայի մէջ իշխանափոխութեամբ աւարտած պատերազմական յաղթանակ մը, ուրեմն, համահունչ պիտի ըլլար «Հայրենական մեծ պատերազմ»ի յաղթանակին, որ Խորհրդային Միութիւնը հաստատեց՝ որպէս գերպետութիւն: Այսօրուայ դրութեամբ փաստ է, որ այդ մէկը, մեղմ ըսուած, ռազմավարական սխալ հաշուարկ դուրս եկաւ: Ըստ երեւոյթին, Փութինի կառավարութիւնը չունէր «ելքի ռազմավարութիւն»՝ (exit strategy) այնպէս, ինչպէս ԱՄՆ չունէր 1963-ին, երբ սկսաւ Վիեթնամի ռազմական արկածախնդրութիւնը, ոչ ալ Խորհրդային Միութիւնը, երբ 1979-ին ռազմական միջամտութիւն մը կատարեց Աֆղանիստանի մէջ: Հետեւաբար, այսօրուայ դրութեամբ կարելի է նախատեսել պատերազմի երեք տարբեր զարգացում: Առաջին՝ դիւանագիտական լուծումի մը պատրաստակամութիւն, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի խօսքերով, բանակցութեանց սեղանի շուրջ կը բերէ Ուքրայնան եւ Ռուսաստանը՝ բացառելով այս վերջինին նուաստացումը: Երկրորդ՝ պատերազմի յարատեւում այն իմաստով, որ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին առանց քաղաքական հանգուցալուծման եւ պատերազմող կողմերէն որեւէ մէկուն յաղթանակի հեռանկարով: Երրորդ՝ ռազմական գործողութիւններու մագլցում, ընդհուպ մինչեւ հիւլէական զէնքի օգտագործում: Այս երեք զարգացումներէն միայն վերջինին նախաձեռնութիւնը բացառապէս Մոսկուայէն կախուած է եւ այդ մէկը, անշուշտ, կը նշանակէ ո՛չ թէ պատերազմի աւարտ, այլ պարզ եւ մեկին՝ աւարտ ամէն ինչի:

Առաջին վարկածի պարագային շատ բան կախուած է նոյնինքն Ուքրայնայի պատրաստակամութենէն՝ նստելու բանակցային սեղանի շուրջ, ի մասնաւորի եթէ իր դիմադրութեան աշխուժօրէն աջակցող ՆԱԹՕ-ն կամ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններէն բոլորը համոզուած չեն Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ։ Ինչ կը վերաբերի երկրորդին, ապա եւ նոյնիսկ եթէ Մոսկուա մտադիր ըլլայ երկար շարունակելու պատերազմը, շատ բան կախում պիտի ունենայ այդ մէկը ընելու՝ առաջին հերթին տնտեսական կարողութենէն, թերեւս նաեւ ռուս քաղաքական կամ դրամատիրական վերնախաւի Փութինի կառավարութեան ցուցաբերելիք զօրակցութենէն։

-Մենք նաեւ կը նկատենք, որ Արեւմուտքը ամբողջ ներուժով, ճիշդ է, կարողացաւ «զսպել» եւ նոյնիսկ հարցման նշաններով «պաշարել» Ռուսաստանի բանակի կարողութիւնը, բայց եւ այնպէս, չկարողացաւ իր տեսակէտը պարտադրել։ Սպասելի՞ էր այսօրուան վիճակը։

-Չեմ կարծեր, որ Արեւմուտքը պատերազմէն առաջ տեսակէտ պարտադրելու խնդիր ունեցած ըլլար: Նման համոզում, ի շարս այլոց, բանաձեւած է Մոսկուայի խօսոյթը՝ փորձելով արդարացնել պատերազմը: Եւրոմիութիւնը առաջին հերթին, բայց նաեւ ԱՄՆ, հասկնալիօրէն զօրավիգ կանգնեցան Ուքրայնային եւ այդ յանձնառութեան վճռակամութեան փաստը տուին: Եւրոյաձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի խօսքով՝ պարզ է, թէ անոնց ցանկութիւնն է Ռուսաստան չյաղթէ: Բայց անկէ անդին, թէ ի՞նչ «տեսակէտ» կրնայ ունենալ Արեւմուտքը՝ յստակ չէ բնաւ: Պատերազմը Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ է։ Առաջինը նախայարձակն է, իսկ երկրորդը իր երկիրը կը պաշտպանէ։ Արեւմուտքը, որ կ՚աջակցի Ուքրայնային երրորդ կողմն է: Եթէ Ուքրայնա յանձնուէր կամ որոշէ յանձնուիլ, ապա երրորդ կողմի որեւէ որոշում կամ տեսակէտ անիմաստ կ՚ըլլար կամ կ՚ըլլայ: Նոյնիսկ եթէ շատ դժուար է երեւակայել զինուորական տեսակէտէ Ռուսաստանի բաղդատմամբ շատ աննպաստ դիրքի վրայ գտնուող Ուքրայնայի մը դիմադրութեան դոյզն յաջողութիւնը՝ առանց արտաքին աջակցութեան, ապա այս վերջինը հետեւանքն է Քիեւի դիմադրելու որոշումին: Արեւմուտքը ամբողջ ներուժը առաջին օրէն խաղի մէջ դրաւ: Փաստօրէն, տնտեսական պատժամիջոցները եւ մինչեւ իսկ Ուքրայնային զինամթերքով օժանդակելու որոշումները առնուեցան հանգրուանային ձեւով եւ ծրարներու տեսքով։ Այս բոլորին շուրջ Եւրոմիութենէն ներս անհրաժեշտ է բոլոր պետութիւններու համաձայնութիւնը: Ցարդ վեց պատժամիջոցներու ծրարներ գործադրուած են եւ նորերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու հաւանականութիւնը կայ:

-Այս բոլորէն անդին գոյութիւն ունի պատերազմի տնտեսական երեսակի յոյժ կարեւոր կողմը, ուր նշուած ուժերը՝ Ռուսաստան եւ Արեւմուտք մեծ բախումներու եւ տարբեր տրամաչափերով ազդեցութեան գօտիներ պարտադրելու գործին վրայ են։ Զինուորական բարդ վիճակներէն անդին, ի՞նչպիսի հանգուցալուծում կրնայ ունենալ տնտեսական պատերազմը ողջ ներուժով եւ յետին մանրամասնութիւններով։ Մէկ խօսքով՝ ո՞վ պիտի ըլլայ գլխաւոր տուժողը։

-Նախ յստակ պէտք է ըլլայ, որ ի տարբերութիւն «Պաղ պատերազմ»էն, կը խօսինք մէկ եւ միակ տնտեսական աշխարհակարգի մը մասին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ շուկայական յարաբերութիւններու համակարգի համաշխարհայնացումը՝ ի մասնաւորի արժոյթներու ազատ շրջանառումը հաստատագրեց դրամատիրութեան նէոլիպերալ հանգրուանը: Ելմտական մեծ դրամագլուխը երկիրներու եւ հասարակութիւններու աննախընթաց փոխադարձ կախուածութիւն եւ որոշ պարագաներով՝ բացարձակ կախուածութիւն յառաջացուց: Պետութիւնը չէ կորսնցուցած իր դերը, բայց այդ մէկը եւս մեծ չափով պայմանաւորուած է մեծ դրամագլուխի ազատ շրջանառութեան պարտադրանքով: Առաջին հերթին, սա կը նշանակէ, որ պատերազմական գործողութիւններու առընթեր, տնտեսական պատժամիջոցներու ազդեցութիւնը միակողմանի չէ: Պատժամիջոցներ հաստատած կողմը, այս պարագային Եւրոմիութիւնը, նոյնպէս գին պիտի վճարէ եւ այս բանին կը գիտակցին Պրիւքսելի մէջ, ուր ի վերջոյ որոշումները քոնսենսիւսով կ՚առնուին: Հակառակ դարասկիզբի իր տնտեսութեան թռիչքային զարգացման, հակառակ բնական հարստութիւններու իր հսկայ պաշարին եւ հակառակ Եւրոպայի բնական կազ մատակարարողի իր գրեթէ մենաշնորհային դիրքին, Ռուսաստան Արեւմուտքէն եւ Չինաստանէն շատ ետ է թէ՛ ճարտարարուեստական արտադրութեան եւ թէ մա՛նաւանդ բարձր արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ: Այս կտրուածքով որոշ վերլուծաբաններ կը խօսին նոյնիսկ կախուածութեան մասին: Հետեւաբար, համավարակի յաջորդած այս պատերազմի տնտեսական ժխտական անդրադարձը շատ աւելի պիտի զգայ Ռուսաստան Արեւմուտքին բաղդատմամբ՝ ի մասնաւորի երբ կորսնցնէ գործընկերութեան վստահելիութիւնը:

-Ուզենք կամ ոչ, այս պատերազմը պիտի ստեղծէ նոր աշխարհակարգ մը։ Թէկուզ քիչ մը ուռճացուած է այդպիսի բնութագրումը, բայց եւ այնպէս, չի բացառուիր, որ ականատես ըլլանք նոր աշխարհի մը կամ նոր բովանդակութեամբ եւ խաղասահմանումներով աշխարհի մը գոյացման։ Համաձա՞յն էք։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք վաղուան աշխարհը։

-ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրով առնուած «Ասիա առանցք» (Asia pivot) որոշումը արդէն միջազգային ուժերու հաւասարակշռութեան կիզակէտը Ատլանտեանէն տեղափոխած է դէպի Հնդկա-Խաղաղական: Գերհզօր պետութիւններու մեծ ռազմավարութեան (grand strategy) որոշումները ընդհանրապէս ի մտի կ՚ունենան համաշխարհային տնտեսութեան եւ ռազմաքաղաքական հզօրութեան համակարգային փոփոխութիւններու առարկայական տուեալները: 21-րդ դարու սկիզբէն ի վեր, բայց շատ աւելի արագընթաց կերպով, 2008-ի համաշխարհային ելմտական ճզնաժամէն յետոյ միջազգային քաղաքական-տնտեսութեան (political economy) կշիռը տեղափոխուած է Ասիա-Խաղաղական տարածաշրջան՝ ի դէմս առաջին հերթին Չինաստանի, ապա նաեւ Հնդկաստանի հզօրացումով եւ աշխարհակարգի տեսլականի նախաձեռնութեամբ: Չինաստան այսօր ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան մրցակիցն է բարձր արհեստագիտութեան եւ տիեզերքի նուաճման մարզերուն մէջ եւ իր «Մէկ ճամբայ, մէկ գօտի» (այսպէս կոչուած նոր Մետաքսի ճանապարհի) աշխարհաքաղաքական նախաձեռնութեամբ: Այս վերջինը, ի դէպ, բացառած է Եւրոասիոյ ցամաքային ուղին, այսինքն Ռուսաստանը, հասնելու համար Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Եւրոպայի շուկաներ՝ նախընտրութիւնը տալով ծովեզերեայ տարածութեան եւ ծովային փոխադրութեան, ուր եւ կեդրոնացուած են ենթակառուցուածքներու մեծ ծրագիրները: Հնդկա-Խաղաղականի եւ Ասիոյ մէջ է, որ ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը, հետեւաբար խաղասահմաններ պիտի հաստատուին: Այդ մէկը, պէտք է նշել, վստահաբար պիտի չըլլայ Չինաստան-ԱՄՆ նոր պաղ պատերազմի մը տեսքով, բայց յստակ է, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին ուժային երկու նոր բեւեռներ են: Հարաւային Ամերիկայի մէջ, օրինակի կարգով, նոր աշխարհակարգին կը նային այդ երկու բեւեռներուն միջեւ հաւասարաչափութիւն պահպանելու կոչուած դիւանագիտական ռազմավարութիւնով մը: Այդ երկու գերհզօրներուն կողքին պէտք է նախատեսել նաեւ շատ աւելի սահմանափակ տարածաշրջանային ուժային բեւեռներ՝ ի դէմս Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ: Ատլանտեան աշխարհաքաղաքական տեսութեամբ բանաձեւուած Եւրոասիոյ ծայրամասերը՝ Արեւելեան Եւրոպա, Կովկաս եւ Միջին Ասիա պիտի ըլլան ազդեցութեան գօտիներու հաստատման համար համագործակցութեան, մրցակցութեան եւ բախումի գօտիներ, ուր դժուար է առայժմ խաղասահմանագծում նախատեսել:

-Ուզենք կամ ոչ, այս պատերազմը իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ (գուցէ նաեւ ունեցաւ) Հարաւային Կովկասի՝ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ։ Այդ առումով ի՞նչ են ձեր մտավախութիւնները եւ Հայաստան ինչպիսի՞ դիրքերով պէտք է դիմակայէ առկայ մարտահրաւէրները։

-Հայաստան եւ Կովկաս, ընդհանրապէս, Եւրոասիոյ այն ծայրամասն են, ուր վերը նշուած ազդեցութեան գօտիներու ուժային գործընթացները ի զօրու պիտի մնան: Այս պարագային, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմին բացայայտօրէն նկատուեցաւ, ռուս-թրքական մրցակցութիւն-համագործակցութիւն գործօնն է, որուն հեռաւոր նախընթացը կ՚երթայ մինչեւ 1920-1923 թուականները, իսկ նորագոյն փորձադաշտը Սուրիոյ պատերազմն է, 2014-էն ի վեր: Կարեւոր է անդրադառնալ, որ ազդեցութեան գօտիներու տարածման գործընթացի մէջ բախման տինամիքը կը բացառուի այնքան ատեն, որ ռուս-թրքական շահերու հասարակաց յայտարար մը կայ՝ ի դէմս Արեւմուտքի գործօնի չէզոքացման: Ռուս-թրքական համագործակցութեան վերջին արտայայտութիւնը Ուքրայնայի պատերազմի ոլորտին մէջ տեսանք անցեալ շաբթուան ընթացքին։ Ռուսաստան ողջունեց, որ Թուրքիա դէմ արտայայտուեցաւ Ֆինլանտիոյ եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Հետեւաբար, ո՛վ որ ալ ըլլայ իշխանութեան գլուխ Երեւանի մէջ, դէմ յանդիման պիտի գայ աշխարհաքաղաքական օրակարգի մը, որ այնքան ալ պիտի չփոխուի։ Հայաստանն ալ իր կախուածութեան պայմանաւորումով կարողութիւնը ունի զայն փոխելու: Այս մէկը չի նշանակեր, որ արտաքին կախուածութեան պայմանաւորումը հաւասարապէս նոյնն է Թուրքիոյ նման պետութեան մը եւ Ռուսաստանի պարագային: Սա չի նշանակեր նաեւ, որ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ քաղաքական ուժ Երեւանի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի: Սա այս փուլին հիմնական է նախ ներքին ազգային քաղաքական համախոհութեան կենսական կարեւորութեան տեսակէտէ՝ որպէս յենարան երրորդ կողմի հետ բանակցութիւններու: Ապա կու գայ սփիւռքի ներգրաւումը քաղաքական գործընթացին մէջ՝ որպէս միակ գործօն միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանին ներկայութիւն ու կարեւորութիւն ապահովելու եւ, հետեւաբար, կախուածութեան պայմանաւորումը որոշ չափով մեղմացնելու համար: Ազգային ներքին համախոհութեան համար նախանձախնդրութիւն ակնկալել կարելի չէ այս իշխանութիւններէն: Ընդհակառակն, արտաքին կախուածութեան պայմանաւորումը իրենց համար գործօն է Հայաստանի եւ հայութեան լինելութիւնը վտանգի տակ դնող համաձայնագրերու ստորագրութեամբ իրենք զիրենք պարտադրելու եւ արդարանալու՝ որպէս «ժողովուրդի քուէն ստացած քաղաքական մեծամասնութիւն»: Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, ապա ան վստահաբար քուէի իմաստով յաւելեալ արժէք մը չէ: Արդէն անոր կարեւորութեան նշաձողը այս իշխանութիւնները առաջին օրէն իջեցուցին համապատասխան նախարարութեան լուծարումով:

-Կ՚ըսուի, որ այս պատերազմը կրնայ վերջակէտ կամ վերջի սկիզբ մը դառնալ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի իշխանութեան համար։ Կան խօսակցութիւններ, թէ Ռուսաստան աւելի հզօր դուրս պիտի գայ այս պատերազմէն։ Դուք ի՞նչ կ՚ըսէք։

-Ինչպէս որ ալ վերջանայ այս պատերազմը, Ռուսաստան աւելի տկարացած դուրս պիտի գայ: Բայց այդ մէկը անպայմանօրէն չի նշանակեր Փութինի իշխանութեան վերջակէտ կամ վերջի սկիզբ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 21, 2022