ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

Է. ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

Ընդհանրապէս, մարդիկ այն ժամանակ բժիշկի կը դիմեն միայն, երբ ցաւեր ունին, կամ երբ մեծ խոց մը եւ ուռուցք մը դուրս կու գայ անոնց մարմնին վրայ:

Բայց այդպէս պէտք չէ վարուիլ, այլապէս հիւանդութիւնը կը հիննայ:

Ընդհակառակը, միայն կասկածելի բան մը տեսնէք ձեր վրայ, անմիջապէս բժիշկի գացէք: Փառք Աստուծոյ, ներկայիս ամէն տեղ բժիշկ կայ: Գացէք, ցո՛յց տուէք դուք ձեզ: Եթէ ըսէ, թէ ոչինչ կայ, կը հանգստանաք, իսկ եթէ ըսէ սիֆիլիս է, կը բժշկուիք:

Մարդիկ կան, որոնք սարսափելի յուսահատութեան մէջ կ՚իյնան, երբ կ՚իմանան, որ վատ ցաւի ինկած են. կը կարծեն, թէ կորսուած են, այլեւս չեն լաւնար:

Բայց ատիկա սխալ է:

Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է: Լաւ բժշկուեցէ՛ք եւ դարձեալ առողջ մարդ կը դառնաք:

Միայն մէկ բան. անպայման պէտք է բժիշկը ձեզ բժշկէ եւ ո՛չ թէ զանազան մոլլաներ, հէքիմ-դալլաքներ ու պառաւներ: Միայն բժիշկը կը հասկնայ, թէ ինչ է սիֆիլիսը, միայն ան կը հասկնայ կանոնաւոր բժշկութիւնը:

Վատ ցաւը ո՛չ ոք, բացի իսկական բժիշկէն, չի՛ կրնար բժշկել:

Ինչո՞ւ:

Բոլորը տեսած են մեծ մեքենաներ, որոնց մէջ հարիւր տեսակ երկաթներ, օղակեր, անիւներ, վինտեր, գամեր կան: Ըսենք, թէ այդ մեքենան փճացած է, այլեւս չ՚աշխատիր, եւ կը կանչեն մարդ մը, որ ընդհանրապէս ատոր մասին հասկացողութիւն չունի: Կրնա՞յ ան իմանալ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասկնայ, որ վի՛նտը փճացած է, ո՛ր անիւը կտրած է: Անշուշտ ո՛չ: Իւրաքանչիւր մարդ չի՛ կրնար ժամացոյց ուղղել:

Մարդ արարածին մարմինն ալ շատ բարդ մեքենայ մըն է: Բժիշկները 6-7 տարի կը քննեն-կը զննեն այդ մեքենան, հարիւրաւոր գիրքեր կը կարդան ատոր մասին եւ հազիւ կը հասկնան: Պառաւ կիները, կամ տգէտ դալլաքները ի՞նչ կրնան հասկնալ, որոնք ընդհանրապէս կարդալ չեն գիտեր:

Ըսենք, անոնք իրենց պապերէն լսած են, թէ սիֆիլիսին դեղը սնդիկն է, բայց թէ ի՞նչ ձեւի պէտք է ըլլայ սնդիկը, ի՞նչ ժամանակ պէտք է տալ անոր, ի՞նչ չափով, որքա՞ն ժամանակ, ե՞րբ պէտք է դադրեցնել զայն, եւ այլն: Այս բաները անոնք չեն գիտեր եւ իրենց դեղերով հիւանդին աւելի կը վնասեն, քան օգուտ կը հասցնեն:

Անոնք առհասարակ բոլորին մուխ կու տան եւ այդ ձեւով այնքան սնդիկ կը մտցնեն հիւանդին մարմինին մէջ, որ խեղճին լինտերը կ՚ուռին, բերանին խոցերն ու վէրքերը դուրս կու գան, թուքը բերանէն կը հոսի, հիւանդը սաստիկ լոյծ կ՚իյնայ եւ ուժասպառ կ՚ըլլայ: Ան կը տեսնէ, որ դրութիւնը վատացած է եւ միայն այդ ժամանակ կը դիմէ իսկական բժիշկի, բայց արդէն ուշ կ՚ըլլայ եւ դժուար կ՚ըլլայ օգնել խեղճին:

Ասիկա դեռ ոչինչ:

Այնպիսի դէպքեր եւս կը պատահին, որ պառաւներու դեղերէն մարդիկ կը թունաւորուին եւ սարսափելի տանջանքներու մէջ կը մեռնին:

Նախկին ժամանակներուն տակաւին բժիշկներ չկային եւ ժողովուրդը իր յոյսը մոլլաններու եւ պառաւներու վրայ դրած էր: Բայց հիմա տէրութիւնը գրեթէ ամէ՛ն տեղ բժիշկներ նշանակած է, հիւանդանոցներ հիմնած: Եթէ գիւղին մէջ բժիշկ չկայ, դժուար բան չէ մօտիկ քաղաքը երթալ, բժիշկը տեսնել: Ներկային, իւրաքանչիւր աղքատ կրնայ ձրի բժշկուիլ, նոյնիսկ ձրի դեղեր ստանալ: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հիւանդ թող բժիշկի դիմէ. բժիշկը խիղճով կը վարուի աղքատին նկատմամբ, կը խնամէ, կ՚առողջացնէ զինք եւ չի՛ ձգեր, որպէսզի կորսուի եւ իր հետ ընտանիքն ալ կորսնցնէ:

Բժշկուելու համար, անշուշտ, ամենէն լաւը այն է, որ հիւանդը հիւանդանոցին մէջ պառկի: Բայց ամէն տեղ հիւանդանոց չկայ. յետոյ սիֆիլիսը այնպիսի հիւանդութիւն է, որ ոտքի վրայ ալ կրնայ բժշկուիլ, միայն թէ անհրաժեշտ է, որ հիւանդը ճշմարտութեամբ կատարէ բժիշկին հրամանները:

Ով որ կ՚ուզէ վատ ցաւէն բժշկուիլ, ան ինքզինք պէտք է մրսելէն պահէ: Եթէ բերանին կամ կոկորդին մէջ խոցեր կան, ան պէտք չէ խմէ եւ ուտէ ո՛չ շատ պաղ, ո՛չ ալ շատ տաք բան, պէտք է ծխելն ալ ձգէ:

Ան պէտք է ինքզինք մաքուր պահէ, իր վրայի խոցերն ու ջրջրուկները պէտք է լուայ գոլ ջուրով օրական գոնէ երեք անգամ եւ վրան բժիշկին տուած փոշիները ցանէ: Այն հագուստներն ու կապոցները, որոնցմով սիֆիլիսի խոցերը կը կապեն, պէտք է շուտ-շուտ լուալ: Առհասարակ, ինչքան մաքուր պահուին այս խոցերն ու ջրջրուկները, այնքան շուտ կը լաւնան:

Հիւանդը պէտք չէ խմիչնքեր, արաղ-գինի խմէ, որովհետեւ սիֆիլիսը արբեցողներուն աւելի կը վնասէ եւ խմողը աւելի դժուարութեամբ կ՚առողջանայ:

Անոր սնունդը (ուտելիքը) պէտք է լաւ ըլլայ, ան պէտք չէ ինքզնինք շատ յոգնեցնէ աշխատանքով, այլ՝ ընդհակառակը, պէտք է աշխատի կազդուրուելու, որ կարենայ յաղթել հիւանդութեան:

Կարելի չէ բժշկութիւնը ձգել, քանի որ բժիշկը չէ ըսած, թէ բաւական է:

Պէտք է գիտնանք, որ այդ հիւանդութիւնը մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին չի վերջանար: Երբեմն բազմաթիւ տարիներէ ետք ալ դարձեալ բան մը դուրս կու գայ:

Սիֆիլիս ունեցողը երկար ժամանակ պէտք է բժշկուի, այն է 5-6 տարի:

Առհասարակ հիւանդը այն ատեն միայն ինքզինք առողջ կրնայ համարել, երբ երկու-երեք տարի շարունակ այլեւս ոչ մէկ նշան երեւցած է վրան: Այլապէս, շատերը մի քանի անգամ կը հիւանդանան, բժիշկին քով կ՚երթան եւ միայն թէ իրենց վրայի վէրքերն ու խոցերը լաւնան, այլեւս երկար չեն մտածեր, կը պսակուին:

Եւ գիտէ՞ք ինչ կը պատահի:

Այն, որ հազիւ երկու ամիս անցած, յանկարծ կնոջ վրայ վատ ցաւին նշանները կը սկսին երեւալ: Ատիկա կը նշանակէ, որ մարդը լաւ չէր առողջացած, անոր մէջ տակաւին սիֆիլիսին թոյնը մնացած էր: Ի՜նչքան անտանելի կը դառնայ այն ատեն այդ խեղճ մարդուն դրութիւնը: Ի՞նչ կ՚ըսեն անոր կինն ու ազգականները: Ի՜նչպէս կը զղջայ ան, որ պսակուելէ առաջ բժիշկէն խորհուրդ չէր հարցուցած:

Հիմա ալ դեռ այնպիսի տխմար մարդիկ կան, որոնք զանազան հէքիմներու եւ պառաւներու մօտ կը բժշկուին եւ յոյս ունին, թէ կը լաւնան: Նոյնիսկ կը կարծեն, թէ ատոնք բժիշկներէն աւելի շուտ կը լաւացնեն: Կ՚ըսեն. «Ա՛յ, հրէն, այս ինչին պառաւը մուխ տուաւ, անմիջապէս առողջացաւ, այլեւս ոչինչ չ՚երեւիր վրան»: Բայց ասիկա ըսողն ալ չ՚իմանար, որ այդպէս շուտ լաւցողը ընդհանրապէս սիֆիլիս չէ ունեցած, այլ՝ ուրիշ թեթեւ բան մը, այնպիսի բան, որ ինքն իրեն ալ կը լաւնար: Պառաւը կամ չէ հասկցած, կամ ալ չէ խաբած:

Ը. ՍԻՖԻԼԻՍՈՏԸ Ե՞ՐԲ ԿՐՆԱՅ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼ

Ասիկա շատ կարեւոր խնդիր մըն է:

Ամենէն առաջ, վատ ցաւ ունեցողը պէտք չէ պսակուի առանց բժիշկի խորհուրդին, որովհետեւ միայն բժիշկը կրնայ իմանալ, թէ ան ամբողջութեամբ առողջացա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ կը պատահի երբ վատ ցաւի տէրը չառողջացած՝ կին կ՚ուզէ:

Ամենէն առաջ, անշուշտ, կինը կը վարակուի, կը հիւանդանայ եւ երկար տարիներ կը կրէ այն տանջանքները, ինչ որ կրած էր ինք՝ հիւանդը: Խեղճ կինը իր թարմութիւնը, ջահելութիւնն ու գեղեցկութիւնը կը կորսնցնէ, կը նիհարնայ, քիթը կը պճի եւ դէմքն ալ կ՚այլանդակուի:

Ասիկա տակաւին բոլորը չէ:

Ան չբեր կը մնայ, կամ անցուցքներ կ՚ընէ (կը վիժէ), կամ մեռած երեխաներ կը ծնի: Իսկ եթէ երեխան ողջ ալ ծնի, հիւանդոտ կ՚ըլլայ եւ շուտով կը մեռնի, կամ եթէ ապրի ալ, ապիկար կը մնայ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ անընդհատ իրենց մէջ ժառանգական անողորմ ախտին հետքերը կը զգան:

Այս գրքոյկին երկրորդ մասին մէջ մանրամասնութեամբ կը խօսինք ժառանգական սիֆիլիսի մասին, իսկ հիմա ընթերցողը թող լա՛ւ հասկնայ, որ՝

Վատ ցաւ ունեցողը երբեք առանց բժիշկի խորհուրդի պէտք չէ ամուսնանայ, թէեւ ամբողջութեամբ ալ բժշկուած ըլլայ, թէեւ քանի մը տարի ալ ամբողջութեամբ առողջացած եղած ըլլայ:

***

Ահա թէ ի՛նչ սարսափելի ախտ է սիֆիլիսը: Ի զուր չէ, ուրեմն, որ անոր ՎԱՏ ՑԱՒ անունը տուած են:

Բազմաթիւ տանջանքներ կը հասնցնէ ան հիւանդին եւ բազմաթիւ ընտանիքներ կ՚անբախտացնէ:

Սիֆիլիսով հիւանդանալը ո՛չ ամօթ է եւ ո՛չ ալ յանցանք, բայց ամօթ ու յանցանք է չբժշկուիլ եւ ինքզինք կորսնցնել: Աւելի եւս մեծ յանցանք է պսակուիլ եւ անբախտացնել անմեղ աղջիկ մը եւ անկէ ծնած երեխաները:

Թո՛ղ կանոնաւոր կերպով եւ երկար ժամանակ բժշկուի վատ ցաւ ստացողը եւ ան կ՚առողջանայ եւ կարող կը դառնայ ամուսնանալ եւ առողջ ընտանիք ունենալ:

ՎԵՐՋ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022