ՆՈՐ ՕՐԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԱՅԻՆ ՁԵՒԱՉԱՓԻ ԱՌԱՋՆԵԿ
Հայաստանի մէջ 22 օգոստոսէն 1 սեպտեմբերի միջեւ կայացաւ «Fresco - Արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժապատկերներու» միջազգային փառատօնը: Անկախ ամէն նկատառումէ, յուսադրիչ է, որ գտնուեցան մարդիկ, որոնք համավարակի պայմաններու տակ ձեռնարկեցին նման աշխատանքի: Այս իմաստով Հայաստանի մէջ առաջնեկ մըն էր: Ինչպէս բներգէն խորհրդանշանէն (Logo) կարելի է ենթադրել, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (World Council of Churches) նախաձեռնած փառատօնը կը վայելէ ոչ միայն մշակոյթի նախարարութեան, այլ նաեւ Էջմիածնի հովանաւորութիւնը1:
Փառատօնը առաջնեկ էր նաեւ այլ իմաստով: Բացման ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ սահմանամերձ Տաւուշի մէջ, առաւել եւս ժապաւէնով մը, որուն բներգն է ծագումով տաւուշցի բեմադրիչի մանկական յուշը: Հարկ չկայ ընթեցողին բացատրելու, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու տակ կը գոյատեւէ իր բնակավայրին կառչած հայ գիւղացին: Ինչպէս «լոկոյին» մէջ տեսնուող «ժայռապատկեր»ները կը թելադրեն, փառատօնը այնուհետեւ կայացաւ պատմամշակութային յուշարձաններու կից: Այդ քայլը եւս առաջնեկ մըն էր: Նախարարի տեղակալ Ա. Խզմալեան կ՚ըսէ, թէ նման քայլեր պիտի պահանջէ բոլոր փառատօներէն:
Միջոցառումներու գլխաւոր վայրն էր կաթողիկէ Ս. Աստուածածնի շրջափակը, որ համավարակի պարտադրանքով պիտի ընդունէր միայն 40 հանդիսատես: Բաղդատած 2019-ի՝ ցուցադրութիւններու թիւը աճած է.- 23 երկրէ 63 ֆիլմ, փոխան 10 երկրէ 37-ի: Այս թերեւս ցուցանիշ մըն է համավարակի դէմ պայքարելու ընդհանուր տրամադրութեան: Դատական կազմը բաղկացած էր 16 անձերէ, որոնցմէ 3-ը կրօնականներ էին: Հայաստան ունէր 4 ներկայացուցիչ: Շնորհուած են 11 «Լաւագոյն ուղերձ» մրցանակներ՝ հաւատք, յոյս, սէր, քաջութիւն, ընտանեկան արժէքներ, մաքուր մոլորակ եւ նման այլ դասաւորումներով:
Նախքան դատական կազմի վճիռը, ընտրած էի 8 ժապաւէններ, բայց յաջողեցայ անոնցմէ միայն 5-ը դիտելու համար բեմադրիչի հաւանութիւն ստանալ: Անոնցմէ երեքը մրցանակներ ստացան:
Ա.- «Անիկօ» բեմագիր եւ բեմադրիչ Աննա Յարութիւնեան, 46.5 վ., Հայաստան, 2019: Ստացած է «Ընտանեկան արժէքներ ուղերձող լաւագոյն երկարամեթրաժ ժապաւէն» մրցանակը: Նախապէս «Լոյս աշխարհին» փառատօնին արժանացած էր լաւագոյն ֆիլմ եւ լաւագոյն նկարահանում մրցանակներուն: Դիպաշարը ինքնակենսագրական է: «Անիկօ», նոյնինքն բեմադրիչը, ամառնային արձակուրդ կ՚անցընէ պապենական Նաւուր գիւղին մէջ, Տաւուշ, իր առանձին մնացած պապիկին հետ: Անիկօ չարաճճի կամակոր աղջնակ մըն է, որ չ՚ուզեր իրեն համար նշանակուած դասերը պատրաստել: Անիկոյի գլուխը «ոջլոտ» է: Ի հարկէ խորհրդանշական: Պապիկը աւանդական միջոցներով (ընկոյզի տերեւ, քարիւղ, եւ այլն) կը փորձէ «բուժել» գլուխը: Աւանդական պարզ միջոցները, սակայն այլեւս սպեղանի չեն: Խորհրդանշակա՞ն: Պապը կը պարտադրէ կարդալ պատմութեան գիրք մը: Անիկօ խոր կը տպաւորուի Արամ նահապետի եւ անոր որդի Արա Գեղեցիկի առասպելներով: Հարեւանի պատանի որդին Արամը (զուգադիպութիւ՞ն) կը սիրահարի Անիկոյի: Սէրը երկուստեք կը բոցավառի, երբ Անիկօ գիւղական գրադարանէն կը գողնայ եւ կը կարդայ Շէյքսփիրի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»ը: Արձակուրդի աւարտին, երբ հայրը զինք քաղաք կը վերադարձնէր, Անիկօ ինքնաշարժին պատուհանէն հացի փշրանքներ դուրս կը ձգէ, որպէսզի տխուր հեքիաթի մանուկ հերոսներուն նման կարենայ վերագտնել ետդարձի ճամբան2: Արամ կ՚երազէր կրկէսի աստղ դառնալ: Աւարտական սուտ ու իրաւ տեսարաններուն մէջ փոքրիկ կրկէս մը կ՚այցելէ գիւղ: Արամ՝ վրդոված, կը լքէ ելոյթը, երբ կը ծաղրեն հտպիտի «քաջալ» գլուխը: Այդ ակնարկ է ոջլոտ Անիկոյի ճակատագիրին, երբ դպրոց վերադառնայ: Կը մնան միայն երկու հտպիտներ, որոնք այլեւս պարտաւոր չեն ուրախ ձեւանալ, մինչ գիւղի կոյր երաժիշտը իր ձեռնադաշնակով տխուր մեղեդի մը կը նուագէ: Քաղաքի մէջ Անիկօ երջանիկ չէ: Դասընկերները դաժան են քաջալ Անիկոյի հանդէպ: Կը թռչի մտքով դէպի գիւղի աղբիւր, ուր Արամ զինք կը սպասէ եւ զինք կ՚ընդունի այնպէս, ինչպէս որ կայ:
Պատկերաւոր լեզու.- Բացման տեսարանին մէջ Անիկօ խորապատկերի մշուշէն դուրս կու գայ որպէս վարանոտ կոյր՝ որ ուղի փնտռէ: Ճամբան զինք կը տանի պապենական տուն: Բացատրելու կարիք կա՞յ: Այլ տեսարանի մը մէջ Անիկօ կը տեսնէ (յոյժ խորհրդանշական) կամիր թել մը: Կը հետեւի թելին եւ կը հասնի… իր պապին: Անիկոյի մանկական խաղը կը տեսնենք ալեկոծ շղարշ վարագոյրի մը ընդմէջէն: Հարկ կա՞յ բացատրելու աղօտ մշուշի եւ շղարշի իմաստը: Անիկօ կը հագնի իր պապի աշխատանքային կրկնակօշիկները, որոնք ի հարկէ շատ խոշոր են իր տոտիկներուն համար: Հարկ կա՞յ բացատրելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հագնիլ պապի կօշիկները: Առաւել եւս կոշտ կօշիկներ, որոնք նախատեսուած են գիւղական աշխատանքի համար: Բայց պապը լոկ այգեպան չէ, ինքն է, որ գիւղի գերեզմանաքարերը կը քանդակէ: Իմա՝ պատմութիւնը կ՚ամրագրէ: Պապն էր, որ պատմութեան հանդէպ սէր կ՚արթնցնէ Անիկոյի մէջ:
Կայ նաեւ քաղաքական խորք: Արամի հայրը անդադար կը փորձէ կարգի բերել «սովետի օրէն» մնացած քարշակը (tractor), բայց չի յաջողիր: Այսուհանդերձ, գիւղացին չի հրաժարիր իր հնամաշ մեքենայէն:
Արամի ուսուցիչը վերամուտի առաջին պահուն կը թելադրէ կարդալ «Սեւանի ափին» եւ «Յովազաձորի գերիները»: Հեղինակը՝ Վախտանգ Անանեան, 50-60-ական թուականներու սովետական ընկերութեան բարոյական արժէքները ջատագովող ամենէն կարկառուն գրողն էր3:
Շատ յաճախ ժապաւէնի քատրերուն խորապատկերը լուսաւոր է, մինչ առաջամասը՝ ստուերոտ4:
Այս երեք նկատողութիւնները գումարած՝ կը թուի, թէ բեմադրիչը գիտակցաբար կամ ոչ կարօտախտ ունի այն ժամանակներուն, երբ ընկերային յարաբերութիւնները աւելի մարդկային էին:
Բ.- «Բաղադրատոմս աքսորի մէջ» (Recipe in Exile), գծանկարային (animation), բեմադրիչ եւ նկարիչ Շանթալ Գասարճեան, 4.5 վ., Միացեալ Նահանգներ, 2019։ Նոյնպէս ստացած է «Լաւագոյն ուղերձ՝ ընտանեկան արժէքներ» մրցանակը:
Դիպաշարը նոյնպէս ինքնակենսագրական է: Ներշնչուած է սուրիահայ ընտանիքներու երկրորդ աքսորէն: Ընտանիքը նախ կը հաստատուի Հալէպ, ապա, սուրիական պատերազմէն ետք, չորրորդ սերունդը կ՚ապաստանի Հայաստան: Բայց Հայաստանը անոր համար սրտաբաց, ապահով տուն չի դառնար: Այս մեր բոլորին խոր ցաւն է… Բացման տեսարանին մէջ տղամարդը կեանքը կը զոհէ փրկելու համար իր ընտանիքը: Յետագայ տեսարաններուն մէջ տղամարդիկ բացակայ են: Կիներն են, որ կը պահպանեն ընտանիքը եւ աւանդութիւնները: Այդ, ի հարկէ, կ՚արտայայտէ բեմադրիչին աշխարհահայեացքը: Աւանդոյթը ներկայացուած է «մանթը» ճաշով, որ իւրաքանչիւր սերունդ նուրբ, բայց նկատելի փոփոխութիւններով կը պատրաստէ: Մշակոյթը խտացնել ճաշատեսակի մը մէջ պարզաբանութիւն է: Բացի այդ, «մանթը»ն միայն վերջերս ստացած է ծիսական հանգամանք5: Այս եւս կարելի է դասել որպէս ժամանակի սղութենէ պարտադրուած մեղք:
Պատկերաւոր լեզու.- Գասարճեան կ՚ըսէ, թէ գծապատկերը կարելի կը դարձնէ խտացնել ժամանակը, դար մը պատմութիւն ներկայացնել մի քանի վայրկեանի ընթացքին6: Առ այդ, բեմադրիչը աղէտը ներկայացուցած է խորհրդանշական ձեւերով՝ հողմամրրիկ, հսկայ մութ թաթ, եւ այլն…7:
Հայերը ներկայացուած են որպէս մարդակերպ ոչխարներ, իսկ արաբներ՝ որպէս կովեր: Այդ կրնայ վրդովեցուցիչ ըլլալ, մանաւանդ անոնց համար, որոնք ծանօթ են հայաստանեան «ժարգոն»ին8: Բեմադրիչը կ՚ըսէ, թէ այդ միջոց մըն էր յստակօրէն զանազանելու հայերը ոչ հայերէն: Ժապաւէնը անխօս է: Ոչխարը կ՚առընչուի զոհի հետ, իսկ կովը՝ առատաձեռնութեան: Այդ ակնարկ է հիւրընկալ վերաբերմունքին: Հայ կիները կը զանազանուին իրենց մազերու յարդարումով եւ հագուկապով: Առաջին երեք սերունդները դրօշակի եռագոյնը կը կրեն, իսկ նոր սերունդը՝ կանաչ, որ նոր ծաղկող կեանքի գոյնն է: Գոյներու հիւսքը (texture) թելադրուած է իւղաներկ պաստառներէ:
Պէտք է յուսալ, որ շնորհալի երիտասարդ բեմադրիչը առիթը կ՚ունենայ աւելի լայնամաշտապ գործեր արտադրելու:
Գ.- «Կրակմարիչ», Ռոտրիկօ Քոսթալէս, 5 վ., Սպանիա, լաւագոյն «Յոյս» մրցանակ:
Յիսուս մանուկի նուիրուած մատուռի մը խնամատարը կրակմարիչ մը եւ կցուած պետական հրամանագիր մը կը ստանայ զայն հաստատելու մատուռին մէջ, որովհետեւ այդտեղ կան պատմական արժէք ներկայացնող իւղանկարներ եւ իրեր: Յոյժ հաւատացեալ կինը այդ Մանուկ Յիսուսի ուղղուած վիրաւորանք կը համարէ: Նախ կը փորձէ պահել կրակմարիչը: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է որեւէ բան պահել Տիրոջմէ: Կը դիմէ Յիսուսին, որ մեր ականջներուն համար անլսելի թելադրանք մը կու տայ: Կինը կրակմարիչը դուրս կը հանէ եւ ընդդէմ հովին կը պարպէ: Փրփուրները կը ծածկեն զինք: Դատարկ սրուակը կը վերադարձնէ մատուռ եւ կը հեռանայ: Քիչ ետք հով մը կը բանայ պատուհանը եւ մոմակալ մը կը շրջի: Գորգը կը սկսի այրիլ, բոցը շուտով կը մեղմանայ եւ կը հանգչի: Յստակ չէ, թէ հրա՞շք կը կատարուի իսկապէս, թէ՞ հաւատացեալ կնոջ երեւակայութեան մէջ: Ժապաւէնը յուզիչ է անգամ անաստուածներու համար, որովհետեւ բոլորը կարիք ունին հաւատքի եւ յոյսի, մանաւանդ ճգնաժամային այս օրերուն: Բեմադրիչը կարողացած է տալ թէ՛ մատուռի խորհրդաւոր մթնոլորտը եւ թէ պարզամիտ կնոջ ծիծաղաշարժ վարքը:
Այժմ երկու գեղեցիկ եւ բովանդակալից ժապաւէնները չեն արժանացած «Ֆրեսքօ» մրցանակի: Թերեւս ստանային մրցանակներ, եթէ ունենային բարեզարդ աւարտ եւ յուսադրիչ ուղերձներ:
Դ.- «Անգոյն Երազներ», Այուպ Շախոպիտինով, 75 վ., Էօզպեքիստան, 2019։
Երկար բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուած կին մը կը մերժուի իր հարազատներուն եւ գործատէրերու կողմէ: Բարձրագոյն կրթութիւն ստացած շնորհալի կինը կը պարտադրուի դառնալ հասարակ կարուհի: Սպաննած էր ամուսինը, որ արտասահմանի մէջ զինք եւ այլ կիներ կը վաճառէր որպէս սեռային գերիներ: Կ՚իմանամ, որ այդ այժմ թէժ հարց է Էօզպեքիստանի մէջ: Դատի ընթացքին կինը հրաժարած էր ինքնապաշտպանութենէ, որովհետեւ էօզպէք ընկերութեան մէջ սեռային գերի եղած ըլլալը աւելի անընդունելի հանգամանք է, քան ոճրագործութիւնը: Կինը հազիւ թէ կարենայ ունենալ տժգոյն երազներ9: Աւարտական տեսարանին մէջ հայրը (իշխանութեան խորհրդանշակա՞ն) կ՚իմանայ դառն իրականութիւնը եւ կ՚անշարժանայ Քաշմիրի դրան առաջ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր վճիռը… Տխուր իրավիճակը կը ներկայացուի տպաւորիչ պատկերներով: Դալուկ եւ վառ գոյներու, լոյս ու մութի հակադրութեամբ:
Ե.- «Ցեց» (BUG), Խոաքին Օրթիզ, 7.5 վ., Արժանթին, 2018
Ապագայապաշտ գորշ մեքենա-քաղաքի մը միջատանման աշխատաւորները դատապարտուած են ապրելու առանձին խուցերու մէջ: Անոնցմէ մէկը, BUG, որ գաղտնաբար թուղթէ (օրիկամի) գեղեցիկ իրեր կը շինէ, յանկարծ կը նկատէ, որ փապուղիի օդանցքէն թիթեռնիկ մը ներս կը մտնէ10: Պակ ի գին դաժան պատիժի կ՚ազատագրէ թիթեռնիկը, որ կը միանայ գաղթող երամի մը: Ամպոտ երկինքը կ՚երթայ դէպի մայրամուտ: Գետնի վրայ կը տեսնուին նմանատիպ այլ Մեթրոփոլիսներ11: Կառոյցէն ներս Պակ գրագիր միջատ մըն է, մինչդեռ, երբ պահ մը կը յաջողի դուրս գալ, կը տեսնենք անոր բանուոր-մարդու կերպարը: Թիթեռնիկներ, որոնք թերեւս մեր անկարելի երազները կը խորհրդանշեն դիւրաբեկ եւ կարճակեաց էակներ, որ կը թփրտան առնագոյն խոժոռ երկնքին վրայ:
Մեթրոպոլիսը ներկայացուած է պաղ մոխրագոյն եւ կապոյտ գոյներով: Թիթեռնիկը ստացած է նոյն գոյնը, թերեւս աննկատ մնալու համար թռչող հսկիչներէն (drone): Ցնցող է Պակի այլափոխումը, երբ դուրս կու գայ դէպի բնութիւն: Բայց այդ պահը կարճատեւ է: Անտեսանելի ուժ մը զինք կը քաշէ դէպի վար: Թերեւս պարզապէս անոր կը պակսի համարձակութիւնը, թերեւս շատ երկար ապրած է որպէս «Ցեց»…
Հուսկ բանք.- Փառատօնը ունի բացայայտ կրօնական ուղղուածութիւն: Բացի այդ, անոր հիմնական ֆինանսաւորումը արտասահմանեան է: Ոչ բոլոր հովանաւորներու արտաքին կապակցութիւնները բացայայտելի են: Այս կրնայ բացատրել այն հանգամանքը որ յայտարուած նպատակներուն մէջ տեղ գտած է յոյժ մեկնաբանելի «տարածաշրջանային խաղաղութիւն եւ հաշտեցում» առաջադրանքը: Ինչպէս նախապէս անդրադարձած եմ, «տարածաշջան» կը նշանակէ Հայաստանի սահմանակից երկիրներ ի բաց առեալ Իրանէ: Ինչեւիցէ:
Ժապաւէնները դիտած եմ շնորհիւ անդուլ ճիգերուս, ուղղակի կապուելու համար բեմադրիչներուն հետ: Այս ուղղութեամբ կազմակերպիչներուն հասցէագրուած բազմաթիւ նամակները մնացած էին անպատասխան: Չեմ ուզեր խորանալ այս ցաւոտ հարցին մէջ12: Փառատօնի կայքէջը ունէր թէքնիկ հարց: Ժապաւէնները հասանելի չեն համացանցի վրայ: Համավարակի պայմաններու տակ այդ կը նշանակէ, որ սակաւաթիւ անձեր կարողացան դիտել: Հարկ է առնուազն ժամանակաւորապէս մեղմացնել հեղինակային իրաւունքներու պարտադրած սահմանափակումները:
Կը թուի, թէ Հայաստանի մէջ քորոնան տեղատուութեան մէջ է: Ծրագրուած են բազմաթիւ թատերական եւ այլ միջոցառումներ, ոոնց շարքին է վաւերագրական ժապաւէններու «Ծիրանի ծառ»ը Ուջանի մէջ (սեպտեմբեր 14-20): Ուսանելի պիտի ըլլայ հետեւիլ անոր ընթացքին:
Տաղանդաւոր գրագէտ Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզ վէպ մը ունի, որ կը կոչուի «Սէրը քոլերայի ժամանակին մէջ»: Թերեւս ժամանակն է այդ ուշադիր կարդալու:
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2020
1- Ձուկը առաջին քրիստոնեաներու գործածած նշանագիրն էր, որովհետեւ յունարէնով ԻԽԹՈՒՍ (ΙΧΘΥΣ - ձուկ) կրճատումն էր «Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ (եւ մեր) Փրկիչ»ի
2- «Փոքրիկ եղբայր եւ փոքրիկ քոյր», Կրիմմ Եղբայրներ, 1812։
3- Կը յիշեմ, որ շատ տարիներ առաջ կը շրջանցէի բացայայտ քարոզչական բնոյթի հատուածները, մինչ կրկին ու կրկին կը կարդայի այլ հատուածներ։
4- Ի զուր չէ, որ ժապաւէնը այլ փառատօներու մէջ ստացած է լաւագոյն նկարահանումի մրցանակ։
5- Ծանօթ վարպետ խոհարար Սեդրակ Մամուլեան իր Դիմատետրի կայքին մէջ կը բացատրէ, որ մանթըն (մանթու) հայկական չէ, որ ունի չինական ծագում: Կեդրոնական Ասիոյ ցեղերը այդ բերած են մինչեւ Պոլիս:
6- Անհատական նամակակցութիւն։
7- Եղեռնը եւ Սուրիոյ պատերազմը քաղաքական իմաստով շատ տարբեր են: Խոհրդա-նըշական ձեւով նոյնացուած են որպէս բնազանցական չարիք: Այդ ի հարկէ վիճելի է:
8- Նախատական «ա՛յ ոչխար» կամ «ա՛յ տաւար»։
9- Բնախօսական առումով երազներու գոյները երկբայական են: Անձնական կարծիքս այն է, որ մենք երազները կը գունաւորենք միայն երբեմն, արթննալէ ետք միայն:
10- BUG խորքին մէջ հերոսի խուցի երկրաչափական համակարգն (coordinates) է.- (B,U,G) ինչպէս ( x,y,z)
11- Քաղաքի մեքենական կառոյցը որոշ չափով յիշել կու տայ Ֆրից Լանկի Մեթրոփոլիսը (1927), բայց այդ ժապաւէնը ունէր բոլորովին այլ ուղղուածութիւն:
12- Կը թուի, թէ կարելի չէ ակնկալել անշահախնդիր աջակցութիւն։