ԾՆՈՂ-ԶԱՒԱԿ ԵՒ ԶԱՒԱԿ-ԾՆՈՂ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԸՆԿԱԼՈՒՄԸ
Մարդ արարածին կեանքը հետաքրքրական է: Արարիչ Աստուած մարդը արարելով, զայն տարբերելով միւս արարուածներէն, մարդուն տուաւ առանձնաշնորհումը գործակիցը դառնալու Իր արարչութեան՝ որդեծնութեան միջոցով: Եւ մեր նախահայրէն ու նախամայրէն սկսած մինչեւ մեր օրերը մարդը կը շարունակէ իր այդ պարտաւորութիւնը կատարել, կատարել սիրով, կատարել երկիւղածութեամբ, եւ յաճախ ալ անտարբերութեամբ եւ անպատասխանատուութեամբ:
Այր եւ կին երբ կը միաւորուին՝ սիրոյ կապով եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ, այդ օրհնութեան եւ սիրոյ որպէս արդիւնք կը սերնդագործեն, այսինքն՝ զաւակներ լոյս աշխարհ կը բերեն մասնակից դառնալով արարչագործութեան: Սակայն, ծնողներուն պարտականութիւնը, աւելի ճիշդ պարտաւորութիւնը միայն զաւակներ լոյս աշխարհ բերելը չէ, այլ՝ զանոնք դաստիարակելը՝ լաւ եւ բարոյական դաստիարակութեամբ: Խրիմեան Հայրիկ այս մասին կը գրէ. «Եւ ի՞նչ է ծնողական դաստիարակութիւնը, ուրիշ ոչինչ, այլ միայն կոյր ծնուած զաւակներուն աչքը դէպ ի բարին բանալ, սիրտն ու ոգին առաքինութեամբ կրթել. որպէս զի աշխարհը տեսնան, մարդոյն կեանքը տեսնան, լոյս ու խաւարը որոշեն, բարին ու չարը ճանչնան. եւ մեծ քան զամէն՝ զԱստուած ճանչնան ու հաւատան, կրօն եւ ճշմարտութիւն ընդունին։
Եւ իրա՞ւ է արդեօք որ մանուկներն առ հասարակ կոյր կը ծնին. ո՞չ ահա կը տեսնամք որ պայծառ աչեր ունին. կը տեսնան ու կը խաղան հրապարակներու մէջ։ Եթէ մանուկներն ի ծնէ կուրին պէս աշխարհ կուգան. այլ եւս ի՞նչ մեղադրութիւն կայ իրենց ծնողաց. միթէ ծնողք կարո՞ղ են Յիսուսին պէս ձեռք դնել եւ հրաշագործելով կոյրերը լուսաւորել։
Այդպէս է, հայրեր ու մայրերը հրաշագործ չեն, նոքա կարող չեն մարմնով կոյրերը բժշկել. այլ մեր խօսքը՝ մանուկներու մտաւոր կուրութեան վերայ է, որոց բժշկութեան լոյսը՝ ծնողաց դաստիարակութեան ձեռքն է. եւ այդ ձեռքը՝ պարտաւոր է, որ անդուլ անդադար գործէ ընտանեկան կեանքին մէջ, եւ մշակէ նորա դարաստանին նորատունկ ծաղիկները։ Այդ ձեռաց պարտիքն է այո՛ որ խլէ մանուկներու սրտէն անպիտան եւ խոտան բարքը, սերմանէ ու տնկէ նոցա տեղը ճշմարիտ բարին եւ օգտակարը»: Հետաքրքրական նկարագրութիւն… Զաւակները կոյր կը ծնին, բնականաբար ո՛չ թէ ֆիզիքապէս, այլ՝ մտապէս, եւ ծնողներուն սրբազան պարտականութիւնն է զաւակներուն այդ մտաւոր կուրութիւնը լաւագոյնս լուսաւորել՝ բարիով, օգտակարով, բարոյականով, երկնայինով:
Արդարեւ, մարդ երբ լոյս աշխարհ կու գայ, առաջին տարիներուն իրապէս որ կոյր է, անպաշտպան, անընդունակ ինքզինք պահելու, ղեկավարելու: Եւ այդ սրբազան պարտականութիւնը ծնողներն են, որոնք կը կատարեն սիրով, նուիրուածութեամբ, առանց փոխադարձի ակնկալութեամբ, այլ՝ իրենց ունեցած նուիրական պարտաւորութեան գիտակցութեամբ: Այս է բնական օրէնքն ու ընթացքը մարդու կեանքին:
Պօղոս Առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ յորդոր կ՚ուղղէ թէ՛ զաւակներուն եւ թէ՛ ծնողներուն: Հայրերուն միջոցով ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը՝ կը յորդորէ. «Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.4): Այսինքն՝ ծնողները ո՛չ միայն պարտաւորութիւն ունին ֆիզիքականօրէն հոգալու իրենց զաւակներուն խնամքն ու հոգատարութիւնը, այլեւ պէտք է զանոնք դաստիարակեն «քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ»: Իսկ զաւակներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը: «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի. «Որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ»» (Եփ 6.1-3): Խրիմեան Հայրիկ զաւակներուն ուղղելով իր խօսքը՝ կ՚ըսէ. «Դուք պարտաւոր էք, երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբեք չը տրտմեցուցանել զիրենք։ Դարձուցէք նաեւ ձեր աչքը Քամայ ժպիրհ եւ հայրածանակ օրինակէն, Նոյի պարկեշտ եւ երկիւղած որդւոց պէս ծածկեցէք ձեր ծնողաց առականքը. որ ընտանեկան տան պատիւն է. զգուշացէք, հայր եւ մայր բամբասոսղները՝ Աստուծոյ եւ մարդկանց առաջ շատ մեղապարտ են»:
Ծնողներու անսակարկ նուիրումին եւ նուիրուածութեան դիմաց զաւակները բարոյական պարտաւորութիւնը ունին յարգելու եւ սիրելու իրենց ծնողները, հոգալու, խնամելու եւ ուշադրութիւն դարձնելու անոնց, յատկապէս երբ կը յառաջանան տարիքով եւ անկարող կը դառնան նախկինին նման իրենք զիրենք պահելու: Կերպով մը, կարծէք ծնող-զաւակ պարտաւորութեան դերերն են, որոնք կը փոխուին, մինչ զաւակները փոքր տարիքին իրենց ծնողներու խնամածութիւնը կը վայելէին, հիմա, երբ նոյն այդ ծնողներն են, որոնք կարիքը ունին խնամածութեան, եւ զաւակները պէտք չէ զլանան այդ օրհնութիւնը իրենց ծնողներէն:
Ներկայ ժամանակներուն դժբախտաբար ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող առողջ փոխյարաբերութիւնը խաթարուած է, եւ նոր բարքեր՝ մանկատան եւ ծերանոցի անուան տակ եկած են փոխարինելու բնական օրէնքներն ու պահանջները այդ առողջ փոխյարաբերութեան: Մերօրեայ ծնողները դրամ աշխատելու պատրուակին տակ իրենց զաւակները վաղ տարիքէն կը տանին մանկատուներ՝ զլանալով անոնց մայրական ու հայրական նուազագոյն սէրն ու գուրգուրանքը, եւ փոխարէնը՝ երբ այդ ծնողները մեծնան, ծերանան, նոյն այդ զաւակները զանոնք պահելու ու խնամելու փոխարէն իրենց ծնողները կը տանին ծերանոց՝ այս անգամ իրենք պատրուակելով, թէ դրամ պէտք է աշխատին եւ պէտք եղած ժամանակը չունին իրենց ծնողներով զբաղուելու կամ զանոնք խնամելու: Օր օրի կը խորանայ եւ լայն տարածում կը գտնէ այս երեւոյթը, ինչ բանը յետագային համար դուռ պիտի բանայ ահաւոր բարդութիւններու եւ աննկարագրելի անբնական երեւոյթներու, զորս դարմանելը կամ առողջացնելը եթէ ո՛չ անկարելի, ապա շա՜տ դժուար պիտի ըլլայ: Մէկ բան պէտք է հասկնանք ու լաւ ըմբռնենք, թէ դրամը չի՛ կրնար զաւակի քաղցրութիւն տալ, եւ հակառակը՝ ծնողներու սէրն ու գուրգուրանքը:
Ոմանք կրնան հակառակիլ ըսելով, թէ տակաւին այդ աստիճանի ահաւորութեան չէ հասած վիճակը: Կրնայ ըլլալ…, նայած թէ ի՜նչ նկատի ունինք ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութիւն ըսելով, աւելի ճիշդ նայած ի՜նչ դիտանկիւնէ կը մօտենանք հարցին: Բայց, կը կարծեմ, որ եթէ գէթ մէկ անգամուան համար այցելենք մեր ապրած շրջաններուն մէջ գտնուող մանկատուներն ու ծերանոցները, լռելեայն պիտի ստանանք մեր բոլոր անպատասխան մնացած հարցումներուն պատասխանները:
Ծնողներու պարագային ծերանոցները երբեմն աւելի մխիթարական են, քան տունը մնալը, որովհետեւ մեր օրերուն եւ ո՛չ միայն մեր օրերուն, այլեւ անցեալին եւս եղած են ու կան զաւակներ, որոնք իրենց ծեր ծնողներուն կեանքը դժոխքի կը վերածեն… Վկայակոչենք Խրիմեան Հայրիկը. «Բայց ես տեսեր ու լսեր եմ, Թոռնիկ. շատ անգամ ընտանիքներու մէջ, երբ ծերացած հայրեր, պապեր ու պառաւներ, երկար ժամանակ կը տառապին մահիճներու մէջ, էն ժամանակ նոյն իրենց սիրելի ընտանիքներն՝ կսկսին տրտունջ բառնալ. օ՜հ, չը մեռաւ որ ազատուէինք, ի՛նչ է այս մեր քաշած։ Նոքա կը մոռնան, չեն յիշեր իրենց ծնողաց եւ պապերուն սէրն ու գորովանք, հայրական ու մայրական երախտիք, որոց խնամով իրենք մեծցած, մարդ եղեր են»: Վստահաբար ընթերցողներէն շատեր ծանօթ են այս արտայայտութիւններուն եւ ականատես ու ականջալուր դարձած են նման երեւոյթներու եւ խօսակցութիւններու:
Ինչ կը վերաբերի ծերանոցներուն…, քանի՜-քանի ծնողներ այսօր ծերանոց յայտնուած են՝ խաբուելով իրենց զաւակներէն, քանի՜-քանի ծնողներ այսօր ուղղակիօրէն ծերանոց նետուած են՝ բազմաթիւ խոստումներով, քանի՜-քանի ծնողներ այսօր պարզապէս ձգուած են առանց ո՛չ մէկ խոստումի…: Եւ ո՛չ միայն ծերանոց յայտնուած, նետուած ու ձգուած են, այլեւ՝ զրկուած են նոյնիսկ հինգ կամ տասն վայրկեանի մը այցելութենէն…
Այստեղ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Վահրամ Մավեանի «Անկապ օրագիր»էն հետեւեալ հատուածը, որ առնուած է Գահիրէի մէջ ծերանոց տուած իր այցելութեան մասին գրած տպաւորութիւններէն.
«…Դուրսը, պատշգամին մէկ անկիւնը, միւս խումբերէն հեռու, առանձին նստած, սպիտակ մազերով մայրիկ մը կայ:
-Այս խեղճ կնոջ զաւակն ու հարսը զինք այստեղ մեզի յանձնեցին ու իրենք ելան Աւստրալիա գաղթեցին: Նոյն պայմաններուն մէջ ներսը ուրիշ ութը-տասը պատսպարեալներ եւս ունինք:
Խօսողը Խնամակալ Մարմնի ատենապետուհին է դարձեալ:
Կը մօտենամ աւելի.
-Բարեւ մայրիկ, ինչպէ՞ս ես:
-Ինչպէ՞ս կ՚ուզես որ ըլլամ, տղաս: Զիս խաբեցին, մէկ երկու շաբաթէն անպայման քեզ ալ կը տանինք ըսին, հոս նետեցին ու գացին: Երկու տարին անցաւ եւ դեռ անտեղացի եղած չունին: Հիմա քանի ամիս է նամակ ալ չեն գրեր: Չգրելով կը կարծեն քի մոռցնել պիտի տան ինծի: Ա՞ս վիճակին հասնելիք կնիկ էի ես: Մէկ հատիկ տղաս մեծցնելու համար ինչե՜ր քաշած եմ, պարոն, գիտնաս միայն: Անտէր-անտիրական այս անկիւնները նետուելիք մայր չէի ես: Տղուս ու հարսիս հախէն Աստուած Ի՛նքը գայ: Ուրիշ ըսելիք չունիմ: Իրենց զաւակներն ալ օր մը իրե՛նց այսպէս նային: Երկիրէն միասին բերած քանի մը կտոր ոսկեդրամս ալ գտեր միասին տարեր են: Ապերա՛խտ զաւակ: Աս ծերանոցն ալ եթէ չըլլար՝ ի՞նչ պիտի ըլլար վիճակս, փողոցները պիտի մնայի…
-Հոգ մի ըներ մայրիկ, կը տանին, անպայման կը տանին, քիչ մըն ալ համբերէ. նոր երկիր գացած են, իրենք ալ դժուարութիւններ կ՚ունենան առաջին ամիսներուն մինչեւ որ տեղաւորուին: Այնտեղ պէտք է չարաչար աշխատին հաց մը վաստկելու համար: Վստահ եղիր որ տղադ չի մոռնար քեզ եւ անմիջապէս որ…
Խորապէս վիրաւորուած ու յուսահատ մայրիկէն բաժնուելէ առաջ քանի մը մխիթարական խօսքեր կ՚ընեմ այսպէս, գիտնալով հանդերձ թէ ըսածներուս ո՛չ ես կը հաւատամ՝ ո՛չ ինք» (Վահրամ Մավեան, «Ամբողջական երկեր», Անկապ Օրագիր, Բ. Հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 386-387):
Այսօր քանի՜-քանի սպիտակ մազերով մայրիկներ ու հայրիկներ կան նոյն այդ վիճակին մատնուած ու Մավեանին նման ազնիւ մարդիկ, որոնք այդ ծերունիներուն կը փորձեն յոյս մը ներշնչել ԱՆՅՈՅՍ եւ ԱՊԵՐԱԽՏ զաւակներու նկատմամաբ:
Ի վերջոյ, «Տղուս ու հարսիս հախէն Աստուած Ի՛նքը գայ», ա՞յս օրհնութեան կ՚ուզենք արժանանալ, թէ՞ «որդի՛ս, Հայր Աբրահամի օրհնութիւնը վրադ ըլլայ»…, ընտրողն ու որոշողը մենք ենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
17 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ