ԱՅՈ՛, ԲԱՅՑ ՈՉ՝ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ…
Ժողովրդավարական լայն հասկացողութիւն ունեցող երկիրներու մէջ միշտ ալ ակնյայտ եղած է, որ կուսակցութիւն մը կամ կառավարութիւն մը՝ երբ ծանր պարտութիւն կը կրէ, ինքնաբերաբար կը դիմէ իր զանգուածին կամ ժողովուրդին՝ հաշուետուութիւն տալու եւ հպատակելու անոր վստահութեան համապատասխան վճիռին։
Հայաստանը ժողովրդավարական իր տարերային ու համատարած կռիւին սկսաւ շուրջ երեք տարի առաջ եւ առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցաւ որոշակի ու ժողովուրդին լաւատեսութիւն ներշնչող արդիւնքներու հասնիլ (ազատ ու անկաշառ ընտրութիւններ, դատաիրաւական բարեկարգումներ, տնտեսական մրցակցային մթնոլորտ, եւ այլն…)։ Այլ խօսքով, Հայաստանի ժողովրդային կռիւը ցարդ չէ հասած իր տրամաբանական լրումին։
Արցախեան 44 օրերու հերոսական ու սարսափելիօրէն անհաւասար պատերազմը աւարտեցաւ համայն հայ ժողովուրդի սիրտն ու հոգին փշրող ամօթալի Փաստաթուղթով, որ անպայման պիտի պարտադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը ժողովուրդին հրապարակայնօրէն հաշուետուութիւն տալու եւ ենթարկուելու անոր անբեկանելի պատասխանին։
Վերջերս, թէ՛ վարչապետը եւ թէ փոխ-վարչապետ Աւինեանը յստակ ակնարկութիւններ կատարեցին Ազգային ժողովի Արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման մասին ու ժողովուրդի արդար ակնկալութիւնն է, որ շուտով յայտարարուի անոնց կայացման թուականը։
Եւ սակայն, այդ թուականի յստակացումէն առաջ, հրատապ առաջնահերթութիւն է՝ որ միանգամընդմիշտ դադրի գողական արարքներու, փողոցային հրահրիչ հայհոյանքներու եւ ֆիզիքական գոյութեան սպառնալիքներու՝ ժողովրդային շարքերը պառակտող երեւոյթները։
Ցաւ ի սիրտ, ոմանք արդէն մոռցած են որ այս դժնդակ օրերուն՝ Արցախի ժողովուրդը կ՚ապրի իր ամենադաժան ժամանակահատուածը եւ անոր ընկերահոգեբանական վիճակը բարելաւելու համար հսկայածաւալ աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի հրամայական է։
Կայ նայեւ՝ Փաստաթուղթի առընչութեամբ բանակցային ծանրակշիռ յարաբերութիւններ մշակելու նոյնքան հրատապ հարցը, զոր պիտի ղեկավարէ կա՛մ ներկայ կառավարութիւնը եւ կամ՝ Հայաստանի նախագահի վերահսկողութեամբ փորձագէտներէ եւ անկուսակցականներէ բաղկացած փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը։
Վերոյիշեալ կամ այլ լուծումներ որոնելու վերջնական եզրակացութիւններ բանաձեւելու աշխատանքին զուգահեռ եւ առաջնահերթաբար՝ կենսական է ստեղծել ժողովրդավարական մթնոլորտը, ուր կարելի պիտի դառնայ սահմանադրական ճամբով հանգուցալուծել ժողովուրդի վստահութեան արժանանալու ուղին։
Պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքական ուժի խաղաղ փոխանցումը ժողովրդավարութիւն է։
ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ