ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԻ «ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»

Մեր նոր ժամանակները բնականաբար տարբեր ու բազմազան նկարագրումներու կ՚արժանանան, շատ մը մեկնարկներէ կամ պրիսմակներէ ելած. ինչպէս՝ աշխարհագրական, կրօնական, ազգային, ընկերային եւ այլն: Սակայն իրողութիւն մը ցայտուն է, որ ներկայ աշխարհին մէջ առաւելաբար միջին եւ մանաւանդ հարուստ անձերն ու դասակարգերը նմանատիպ կեանքի ոճով, ճաշակով, նախասիրութիւններով կամ նոյնիսկ հոգերով կ՚ապրին, որովհետեւ ամենաբաց ու համարկուած ժամանակներն են հիմա: Եւ հոս հետաքրքրականը այն է, որ նոյնիսկ հակասական ու հակառակորդ թուացող կրօնական, մշակութային, ընկերային գործօնները արգելք չեն հանդիսանար, որ նոյնանան ու նոյնիսկ միանան տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ընկերութիւններն ու ժողովուրդները ու մանաւանդ մարդիկ՝ որոշակի ապրուստի, կենսակերպի ու նպատակներու շուրջ: Երկար ուսումնասիրութեան նիւթ է, թէ ինչպէ՞ս սկսաւ բաց աշխարհը գործել կամ ի՞նչ ղեկավարութեամբ եւ ողղուածութեամբ կը գործէ։ Բայց հոս աւելի գործնական նկատեցինք միայն անդրադառնալ՝ ակամայ ու ծրագրուածօրէն կամ պայմաններու եւ այսպէս կոչուած ժամանակի աճման հետ ստեղծուած բաց աշխարհի միացնող իրականութեան։ Ինչպէս ըսինք, այս մէկը մարդոց ու ընկերութիւններու ընկալումները կը հաւաքագրկէ եւ կը միաձուլէ տեղ մը: Ներկայ մեր ժամանակները թէ՛ հաւաքական եւ թէ՛ անձնական մակարդակներով՝ այսպէս կոչուած, իրենց խորհուրդները կամ իւրայատկութիւնները ունին եւ կրնանք մօտաւոր ձեւով թուարկել անոնցմէ մի քանի հատը, որոնք երբեմն զիրար ամբողջացնող են ու իրարմէ ալ կախեալ յաջորդականութիւն մը ունին: Առանց յաւակնութիւն ունենալու համապարփակութիւն ու բացարձակութիւն տալու ոչ մէկ կէտին կամ կէտերը վերջնական համարելու: Եւ հոս ինչքան ալ շեշտը ինքնեկ երթայ բացասականին վրայ, նոյն այս կէտերը կրնան դրական ալ համարուիլ՝ նայած չափանիշներու, նպատակներու եւ դիտարկման:

- Վայելք ու վայլելու գերտենչանք:

Այս կէտին շուրջ կը դառնայ ներկայ մեր ժամանականերու փլիսոփայութիւնը. մարդկիկ կը ձգտնին աւելի վայելքի ու կեանքը ընբոշխնել իր բոլոր մակերեսներով: Այս փլիսոփայութեան տարածողը, այո, Արեւմուտքն ու բարգաւաճ երկիրներն են, հակառակ որ միշտ ալ եղած է մարդկութեան պատմութեան ընթացքին աւելի ձգտում վայելեքի, բայց ներկայիս վայելքի ձեւերու ու տեսակաւորման հայթայթումը (որ նոյնինքն արեւմուտքէն ու մանաւանդ՝ ԱՄՆ-էն կու գայ) ամենամեծն է դարերու ընթացքին ու այդ բնականաբար մարդկութեան յառաջդիմութեան հետ ալ կապ ունի: Եւ այդ հայթայթումը ինչքան ալ նիւթական շահեր հետապնդելու լծուած է, բայց միաժամանակ կը շոյէ անձին անմիջական ֆիզիքական ու նոյնիսկ ոգեղէն աշխարհը:

- Անվերջ հարստացման ճիգ:

Այս կէտին իրականացումը ինչպէս վերի վայելքի հասնելու ճիգին հետ միշտ եղած է մարդկութեան հետ, բայց հիմա բարձրագոյն վիճակը կ՚ապրի ու ամէնուրեք է: Եւ ատոր պատճառը մեր ժամանակներու թուացեալ աւելի դիւրին ըլլալն ու կատարուած քարոզչութիւնն է՝ որ ամէն անձ կրնայ նոյնիսկ «դիւրաւ» հարստանալ, եթէ «խոհեմ ու աշխատասէր» քայլեր առնէ եւ աշխատանք տանի։ Այս մէկը թէեւ կրնայ վիճելի միտք համարուիլ, սակայն մարդոց ձգտման, յաւակնութիւններուն ու նոյնիսկ երազանքներուն մէջ մեծ աճ կայ, զգալի է: Նոյն վայելքի տեսակաւորումն ու ճոխութիւնը՝ ամէն տեղ հասնելու ճիգին հետ մարդիկը աւելի ընչաքաղց կը դարձնէ եւ ամէն գնով հարստանալու մղման մէջ կը պահէ եւ այդ ալ կը յառաջացնէ շահամոլութեան համատարած բնաւորութիւն մը:

- Նիւթականէ բացի միւս բաներու արժեզրկում:

Ինչ որ նիւթականն ու դրամը կը հայթայթէ, վերածուելու վրայ է բարձրագոյն արժէքի, անոր կողքին կ՚արժեզրկուի ամէն ինչ: Օրինակ՝ հոս կ՚արժէ յիշել նոյն եւրոպական ձեւով մը կայացած ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու՝ այսպէս կոչուած, անճարութիւնը: Բազմաթիւ եւրոպացի մտաւորականներ, մշակութաբաններ ու նոյնիսկ հասարական գործիչներ կը դժգոհին այս արժեզրկութիւններէն ու կ՚ըսեն, որ մենք այսքան զարգացում ունեցանք, որպէսզի վերջաւորութեան դրամի փոխարէն ծախե՞նք մեր ինքնութիւններն ու մշակոյթն ալ:

- Անսկզբունքայնութիւն:

Վերոյիշեալ կէտին բնական շարունակութիւնը անհատական ու հաւաքական մակարդակներով անսկզբունքայնութիւնն է ներկայիս: Եւ շահի ու տնտեսական արդարացումներով հեշտաբար մարդիկ կը համոզեն իրենք զիրենք ու բոլորը, թէ սկզբունքներ չկան ու շատ ալ չեն եղած պատմութեան մէջ եւ իմաստ չունի ժամավաճառ ըլլալ անոնց վրայ:

Այո, ներկայիս երկիրներու մեծամասնութիւնը ազատ շուկայական յարաբերութիւններու սկզբունքը որդեգրած են, բայց ճիշդ հոն է, որ ազգային դատերն ու գաղափարախօսութիւնները կը խամրին:

Հաւանաբար իսլամական աշխարհին մէջ կրօնական տեսանկիւնէն՝ այսպէս կոչուած, հաւատամքի սկզբունքայնութիւն մը տակաւին կը գործէ, բայց նոյնիսկ այդ մեծ հաշուով ղեկավարուող է ու շահադիտական իմաստով գործուղղուող:

- Իտէալիզմի մահը եւ չոր իրապաշտութիւն:

Իտէալիզմը իր բոլոր ձեւերով ու դրսեւորումներով եւ ամէն բնագաւառներու մէջ արդէն մահ կը դիմագրաւէ: Ընկերութիւններն ու մարդիկ իրենց իտէալներով դրամական կամ առաւելաբար մարզական կամ շոուպիզնեսային (քանի անոնք հարուստ են) կերպարներով կ՚առաջնորդուին, ինչ որ կը յանգեցնէ բարոյազրկման ու որակազրկման:

- Եսակեդրոնութիւն ու անտարբերութիւն.

Այս կէտը մեծ փիլիսոփայական դպրոցներու արծարծման դուռ կը բանայ՝ մարդկային ընկերութիւններու զարգացման ու արուեստի-մշակոյթի հոլովոյթի տեսանկիւնէն: Շատ մը դպրոցներ գտած են, որ եսակեդրոնութիւնն է հիմքը ստեղծագործութեան: Յստակ է, որ ներկայիս այն կ՚ապրի իր բարձրագոյն մակարդակներէն մէկը, մարդիկ աւելի եսակեդրոն են (մինակ են կամ ոչ, այդ ուրիշ ուսումնասիրութեան նիւթ է, քանի ընկերային ցանցերը մարդուս մինակութիւնն ալ փարատած են յարաբերաբար), մարդիկ աւելի անձնասէր են ու ինքնավստահ ըլլալու կողքին, կրնան եւ համարուիլ աւելի ինքնամփոփ:

Այս կէտի ընդմէջէն կը ճիւղաւորուի անտարբերութիւնն ալ, քանի մարդիկ ինչքան եսական ձեւով կը կատարեն ու կը յաջողցնեն իրենց կեանքը (օրինակ՝ նոյն համակարգչային շահոյթներով), աւելի իրենց անտարբերութիւնը կը շատնայ ընկերային, քաղաքական ու ընդհանուր մեծ հարցերու շուրջ:

- Հաստատութենացում կամ հիմնարկային կեանք:

Հաւանաբար վերի կէտին հետ այս մէկը հակասական թուի, բայց մեծ հիմնարկներն ու հաստատութիւնները արդէն մեր ժամանակներուն մէջ պետութիւններու դերեր կը կատարեն ու անոնք կը ստեղծեն ամէն ասպարէզէ ու բնագաւառէ ներս մշակոյթն ու ուղղութիւնները, ինչ որ մեր կենսակերպը կը փոխէ:

- Արդիւնք ու ընթացիկ հոգեբանութիւն եւ իրավիճակ:

Պէտք է նշել, որ արդի մարդը՝ իբրեւ անհատ կամ հաւաքականութիւն, հասնելով մինչեւ պետութիւններ, աւելի ազատ է անցած ժամանակներու բաղդատմամբ ու տեղափոխուելու եւ ստեղծագործելու աւելի հնարաւորութիւններ ունի։ Բայց եւ այնպէս, տեւաբար կը մնայ յաւերժական հարցը՝ լիացած, գոհ ու ուրախ ըլլալու, թէ՛ անհատականօրէն եւ թէ հաւաքական ու ազգային մակարդակներով: Ինչքան ալ հասարակարգերը, մշակոյթները, պետութիւններն ու մեծ հաստատութիւնները մղուած ըլլան կամ ջանասիրաբար փորձեն համոզել, թէ լծուած են մարդուն անհատական ու հաւաքական կեանքը գոհացնելու ու լուսաւորելու, բնականաբար, բոլորին մօտ միշտ կը մնան լաւագոյնին ձգտելու ճամբուն մեծ հարցականներն ու լուծումներու փնտռտուքը: Որովհետեւ ոեւէ անձ ու քաղաքականութիւն առարկայ ըլլալու կողքին մեծ կամ փոքր դիտորդ ու ուղենշան է, մաս ըլլալու կողքին տարբերութիւն մը ստեղծող է, եւ հոս է, որ արդարութիւնը իրաւունք ունի խօսելու եւ բռնարարքներն ու տեղ մը պատմական սխալներու սրբագրման ճիգը պէտք է գերակշռէ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

21 փետրուար 2022

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022