ՆՈՐ ՏԱԳՆԱՊ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ. «ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»...
Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին լիբանանցիք ոգի ի բռնին կը հետեւին դատական համակարգէն ներս ստեղծուած բարդութիւններու, որոնք ծնունդ առին յատկապէս դատախազ Ղատա Աունի կողմէ «Մըքաթթաֆ» ֆինանսական կազմակերպութեան հետ կապուած դատաիրաւական քննութեան մը սկսելուն հետ։
Մանրամասնութիւններուն մէջ չխորանալով հարկ կը համարեմ յիշեցնել, որ կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ առկայ անհամաձայնութենէն ետք երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աուն հրապարակ հանեց «Թաֆթիշ քատաի»ի (դատական քննութիւն) օրակարգը, որուն հիմնական նպատակն էր ջուրի երես հանել անցեալին գործուած սխալները, նաեւ դատի կանչել բոլոր անոնք, որոնք կապ ունեցած են դրամական մեծ մսխումներու ու կաշառակերութեան մեծ դէպքերու հետ։ Իրեն հաւատարիմ զանգուածին վստահելով՝ նախագահ Աուն այս կերպով կարողացաւ նոր օրակարգի մը լոյսին տալ, ինչպէս նաեւ «խառնել» երկրի ճահճացած քաղաքական իրավիճակը։
Այդ առաջարկէն պահ մը ետք Ղատա Աուն, որ կը համարուի յախուռն եւ նախագահին «վստահելի» եւ կուռ կեցուածքով դատախազ մը, ընդառաջեց այդ «առաջարկ»ին, ինչպէս վերեւը նշեցի, «պատերազմ» յայտարարեց կասկածելի գումարներու տէր «Մըքաթթաֆ» հաստատութիւնը։
Դէպքերը այնքան արագ զարգացան ու նկատելի դարձաւ, որ դատախազ Աունի պայքարին դէմ հրապարակ ելան այս անգամ վարչապետ Սաատ Հարիրիի աջակից դատաւորները՝ գլխաւորութեամբ դատախազ Աուայտաթի։
Ներկայ պահու դրութեամբ բուռն պայքարի մտած Լիբանանի նախագահը՝ անգամ մը եւս կը փորձէ առկայ կարծրատիպերը կոտրել, նաեւ դատաիրաւական համակարգին մէջ մեծ ճեղք մը յառաջացնելով իրեն ի նպաստ միաւորներ կորզել։
Այս վիճակի մատնուած լիբանանցիք ալ բաժնուած են երկու խումբի։ Առաջին խումբը նախագահի կողքին կանգնողներն են, որոնց թիւը պատկառելի է, իսկ երկրորդը՝ նախագահին դէմ եղողները՝ գլխաւորութեամբ Հարիրիի առաջնորդած «Ալ Մուսթաքպալ» (Սիւննիներու հոսանք) շարժումին։
Մինչ Աունի համակիրները շատ աշխոյժ են, իսկ երկրորդ ճամբարի հետեւորդները հանրութեան կը ներկայանան ինչ-որ չափով նուազ աշխոյժ դիրքերով ու կեցուածքներով։
Հորիզոնական մակարդակի շատ բուռն պայքար մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ, եւ կարծես նախագահ Աունն ալ ստացած է ինչ-որ «գաղտնաբառ» մը, որուն հիմքով Հարիրի նախկինին նման չի վայելեր Ռիատի անմիջական նեցուկը։
Այս ներքին պայքարները անշուշտ ոչինչ պիտի տան ամէնօրեայ դրութեամբ սեւ հացի եւ ապրելու իրաւունքի համար պայքարող լիբանանցիներու մեծ հատուածին, որ ամէն օր կանգնած է ամբողջական սնանկացումի եւ սովի վտանգներուն առջեւ։
Ինծի նաեւ կը թուի, որ նախագահ Աունին կողմէ առնուած այս քայլերուն դիմաց ինք՝ Սաատ Հարիրի ունի կարեւոր խաղաքարտեր, որոնք երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ փուլերուն։
Ի վերջոյ ներկայ դէպքերը նորութիւն չեն Լիբանանի ընդհանուր քաղաքական պրիսմակէն դիտուած, իսկ ներքին լուծումներու մեծ հանրապատկերին համար տակաւին պարզ չէ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի երեւի Լիբանանի տագնապը մեղմացնել փորձող ԱՄՆ-Իրան «կանաչ լոյսը»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան