ՀՐԱՅՐ ԱԿԻԼԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԸ ՆՈՐ ԳՈՅՆ ՏՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻՆ»
Զանազան առիթներով գրուած է այն մասին, թէ մեծ եղաւ թիւը այն սուրիահայերուն, որոնք երկրին մէջ սկիզբ առած ու դեռ ալ մասամբ շարունակուող պատերազմին հետեւանքով լքեն իրենց ծննդավայրը եւ հեռանան դէպի ամենահեռաւոր ափեր։
Նոյն պարագան եղած էր Լիբանանի մէջ, երբ 70-ականներու սկիզբը հազարաւոր լիբանանահայեր ստիպուած կ՚ըլլային լքել Լիբանանը եւ ընդմիշտ հեռանալ...։ Անոնցմէ շատ-շատեր հազիւ կարողացան իրենց ձեռք մը հագուստը վերցնել ու օդանաւու տոմսակ մը ապահովելէ ետք արագօրէն հեռանալ։
Պատերազմները բացի իրենց հետ արհաւիրք բերելէ, կը ստեղծեն մարդագրական մեծ փոփոխութիւններ ու յաճախ ալ պատճառ կը դառնան, որ մարտերու թատերաբեմ հանդիսացած քաղաքներն ու աւանները առհասարակ ձեւափոխուին, պատկեր եւ գոյն փոխեն, համ եւ հոտ կորսնցնեն ու մանաւանդ այդ բոլորին մէջ կորսնցնեն իրենց ամենակարեւոր բաղկացուցիչը՝ մարդիկը։
Այդպէս է, որ կը մեռնին գաղութները, կը փոխուին, կը դառնան անգոյն, լաւագոյն պարագային կը վերափոխուին։
Պէյրութը այդ ճակատագրին արժանացաւ։ Թէեւ լիբանանահայութիւնը մեծ ներուժ կորսնցուց եւ նօսրացաւ, տկարացաւ, գունափոխուեցաւ, սակայն մնաց ոտքի։
Պէյրութը, որ Միջին Արեւելքի հայկական սփիւռքի ամենակարեւոր կէտն էր, նաեւ մարդուժի եւ մտաւորական ներուժի առումով շատ բան զիջեցաւ իր դիրքերէն եւ այսօր ունինք՝ այն ինչ ունինք։
Չեմ ուզեր այսօր տիրող իրավիճակը անցեալին հետ համեմատել, սակայն իրականութիւնը այն է, թէ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը, որ բաւական մեծ գին վճարեց իր «ոտքի մնալ»ը ապահովելու համար, զիջեցաւ եւ բոլոր առումներով ալ ապրեցաւ մեծ նահանջ։
Այս պատկերը միտքս եկաւ այն պատճառով, որ այսօր պատերազմի նոյն թոհուբոհին մէջն է վիրաւոր Սուրիան՝ իր Հալէպով, Դամասկոսով, Գամիշլիով, տակաւին Քեսապով ու Լաթաքիայով... Իսկ այսօրուան վիճակները հաշուի առնելով՝ մեր մտքերուն մէջ կը ծագի ամենակարեւոր հարցադրումը. ո՞րն է Հալէպը, Հալէպի հայութիւնը, Դամասկոսը եւ դամասկահայութիւնը պիտի կարողանա՞ն պահպանել երբեմնի իրենց հայկական համն ու հոտը, բոյրն ու ուժականութիւնը։
Հեռու մնալով ենթադրութիւններէ՝ ոչ այնքան շնորհակալ գործէն, այս օրուան նիւթիս հերոսը՝ հալէպահայ գործիչ Հրայր Ակիլեան մատնացոյց կ՚ընէ բաւական կարեւոր երեւոյթ մը, որ զանազան պատճառներով Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէ դուրս, յաճախ կը խանգարէ մեր հայրենակիցները։
Հալէպի, Ռաքքայի, Պասիթի, Ճերապլուսի, Հասեքէի եւ այլ ափերու մէջ իրենց աչքերը բացած մեր եղբայրները շատ յաճախ խնդիրներ կ՚ունենան, որովհետեւ այսօր Սուրիան «քաղաքակիրթ աշխարհ»ի ընդհանուր քարտէսէն դուրս է, այլ խօսք, թէ այդ «քաղաքակրթութիւն»ը որքանով կը ներկայացնէ արդի ժամանակներու արդար եւ ճշմարիտ, աստուածասէր ու մարդասէր մարդուն աշխարհը։
Պատկերը այսօր այսպիսին է, եթէ Հալէպ, Պասիթ, Ճերապլուս կամ նոյնիսկ Իտլիպ ծնած ես, այսինքն հեռու ես «իրենց» քաղաքակրթութեան տարածքներէն եւ ընկալումներէ՝ այդ բոլորին համար պարտաւոր ես շատ սուղ գին վճարելու։ Մնացեալը հարցազրոյցին մէջ, ուր այս խնդրի կողքին Ակիլեան կը բարձրացնէ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի «ամենաթէժ ափեր»էն Հայաստան տեղափոխուած եւ տեղափոխուելու փափաք ունեցող մեր հայրենակիցներու հարցերն ու դժուարութիւնները։
-Ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագրի վրայ ծննդավայրի վերաբերեալ ներկայացուած արձանագրութեան մասին բարձրաձայն արտայայտուելու եւ ի՞նչն էր, որ ձեզ անհանգստացուց:
-Ինչպէս գիտէք, համացանցի վրայ ունիմ սուրիահայերու անունով խումբ մը, որուն ուղղակի հետեւողներուն թիւը 12.500 է։ Խումբի անդամներուն հետ ամէնօրեայ զրոյցի, կապի, գրութեան, կատակի, ծիծաղի, ինչպէս նաեւ լուրջ նիւթերու քննարկումներ կ՚ունենանք:
Բարեկամ մը այս նիւթի մասին մտահոգութիւն յայտնեց՝ ըսելով, որ իր զաւակը համալսարան արձանագրելու համար իրմէ պահանջած են վճարումը կատարել HSBC դրամատան միջոցաւ, ուր տեսնելով, որ իր անձնագրին մէջ ծննդավայրը Սուրիոյ Հանրապետութիւն գրուած է, մերժած եւ ըսած են, թէ չենք կրնար ձեզի հետ որեւէ տեսակի գործարք իրականացնել: Իրականութեան մէջ նմանօրինակ նիւթերու ասկէ առաջ ալ հանդիպած էինք, բազմաթիւներէ լսած էի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագրին մէջ ծննդավայրը Սուրիա ըլլալուն պատճառով խոչընդոտի հանդիպած են. մէկը Վրաստանի սահմանին մնացած էր, ուրիշներ դեսպանատուներու մէջ հարցեր ունեցած էին: Հետեւաբար, մտածեցի, որ պէտք է այս խնդրին մասին լուրջ մտածուի, որովհետեւ մենք այսօր ունինք շուրջ 7 միլիոննոց սփիւռք մը, որ կրնայ նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ, երբ Հայաստան գան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանան:
-Արդեօք ո՞ր ոլորտներուն մէջ զգացիք, թէ որոշ ժխտական կամ թերի վերաբերմունք մը կայ, նաեւ ո՞ւր երկրորդ մակարդակի քաղաքացի էք:
-Մեր մտահոգութիւնները ընդհանրապէս կը ծնին եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ գործ մը ունենալու պարագային, ինչպէս վերը ըսի, անոնք կրնան ըլլալ դրամատուներ, կրնան ըլլալ դեսպանատուներ, սահմաններու անցակէտեր. օրինակ՝ վրացական սահմանին վրայ եղած դէպքերը: Այդ պարագաներուն մենք կը զգանք, որ կը տարբերինք տեղացի, այստեղ ծնած հայէն:
-Մենք սփիւռքի մէջ միշտ ունեցած ենք այդ զգացումը, որ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ ենք. ի՞նչ պէտք է ընենք, որ այդ մօտեցումը ջնջուի Հայաստանի մէջ:
-Շատ յստակ է, որ մենք իբր սփիւռքահայեր, մանաւանդ Միջին Արեւելքի՝ Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Եգիպտոս ապրող հայեր, միշտ մեր մէջ ունեցած ենք այդ երկրորդ մակարդակի քաղաքացի ըլլալու զգացումը, մտավախութիւնը: Իսկ գալով Հայաստան, մեր այդ երազային հայրենիքին մէջ նոյն զգացումը ունենալը քիչ մը դժուար է եւ ընդունիլը՝ անկարելի:
Այստեղ, իբր սփիւռքահայ կարգ մը լուծումներ կրնանք առաջարկել եւ խնդրել մեր Հայաստանի ղեկավարութենէն, որպէսզի Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ռուսաստանի, շրջանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն հետ իրենց ունեցած կապերով, ինչպէս որ յատուկ պայմանագրեր ունին Միացեալ Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի հետ, այս հարցը կարգաւորելու ջանքեր գործադրեն, բացատրեն, թէ այս քաղաքացիները մեր հայերն են եւ իրենց յանցանքը չէ անոնց ուրիշ երկրի մը մէջ ծնած ըլլալը: Հետեւաբար կ՚ակնկալենք, որ հայրենի իշխանութիւնները իրենց յարաբերութիւնները օգտագործեն այս շեղած մտածելակերպը ուղղելու, բան մը, որ մեր ղեկավարութեան պարտականութիւններէն մին է։ Այսօր Հայաստանի մէջ շուրջ 15 հազար հալէպահայ, մօտաւորապէս 2-3 հազար լիբանանահայ եւ շուրջ 2000 քուէթահայ կ'ապրի։ Անշուշտ, սփիւռքահայութեան թիւի բազմանալով՝ երկիրը սկսաւ ծաղկիլ եւ յառաջ երթալ, բարգաւաճիլ:
-Յաճախ մարդիկ արտայայտուած են, որ սուրիահայերը, լիբանանահայերը որոշ մշակոյթ մը բերին եւ ծաղկեցուցին Հայաստանը։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։
-Այո, ճիշդ են այդ խօսքերը: Մենք մեր բերած մշակոյթով, ամէն մէկ երկրի մէջ ունեցած մեր սովորութիւններով գունաւորեցինք մեր Հայաստանը:
Բոլորին ակնյայտ է, որ 2011 թուականէն վերջ, այսինքն Սուրիոյ հակամարտութիւնը սկսելէն ետք, երբ հալէպահայերու մեծ գաղթ մը եղաւ դէպի Հայաստան, բոլորը իրենց մասնագիտութիւնները, վարպետութիւնները, սովորութիւնները բերին իրենց հետ, քաղաքին մէջ զգալի փոփոխութիւններ յառաջ բերին. սկսեալ արհեստավարժ արհեստանոցներէն, անցնելով ճաշարանները, մինչեւ սպասարկման ոլորտը։ Հալէպահայ երիտասարդութիւնը եւս այստեղէն վկայականներ ստանալով՝ սկսաւ տեղական ընկերութիւններու մէջ իր ծառայութիւնը մատուցել եւ այս բոլորը երկրին բերին նոր գոյն, որուն արդիւնքը արդէն երեւելի է, այդ մէկը յայտնի է ու մենք մեզ գովաբանելու կարիք չունինք:
-Սփիւռքի մէջ ծնած իր քաղաքացիները յարգելու համար Հայաստան այսօր ինչպէ՞ս պէտք է վարուի, ի՞նչ ձեւերով պէտք է պաշտպանէ բոլոր անոնք, որոնք սփիւռք ծնած են եւ այսօր արդէն հայրենադարձած են:
-Այս հարցումին համար օրինակ պիտի բերեմ Իսրայէլը: Անշուշտ մենք իբր սուրիահայեր, մեզի համար Իսրայէլը թշնամի երկիր է, բայց իրենց տարած աշխատանքը Իսրայէլի գոյութենէն՝ 1948-էն ի վեր, յանգեցուց այն կէտին, թէ սփիւռքի եւ երկրի տարածքին ապրող հրեան ոչ մէկ ձեւով կը տարբերի իրարմէ եւ իր դիւանագիտական կապերով, միջազգային յարաբերութիւններով բոլորին պարտադրեց այս տեսակէտը: Մենք օրինակ պէտք է առնենք այդ երկիրներու գործունէութենէն եւ նոյն ձեւը ընդունելով, կարենանք սփիւռքահայուն տալ ապահովութեան զգացումը:
-Հակառակ բոլոր անպատեհութիւններուն, դուք ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական քաղաքացի կը զգա՞ք։
-Անշուշտ, ես հպարտ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացայ, մենք այդ բախտաւոր սերունդն ենք, որ 800 տարի վերջ կրցանք տիրանալ մեր իսկական ինքնութեան: Բայց երբեմն, երբ այսպիսի խնդիրներու անդրադարձ ըլլայ, պահ մը կ՚ունենամ այն մտավախութիւնը, թէ դարձեալ, ինչպէս մեր ծնած երկիրներուն մէջ, այստեղ եւս իբր երկրորդ կարգի քաղաքացիներ պիտի դասուինք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան