ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (33)

-Ասոր վրայ կ՚աշխատինք, հիմնականին մէջ պատերու եւ առաստաղի ծեփման գործերն են... ի՞նչ գիտես ընել։

-Ոչինչ, պատասխանեց Զանան, քիչ մը ամչցած՝ աչքերը փախցնելով Վահանիններէն։

-Խնդիր չկայ, բոլորս էլ դենց ենք սկսել…

Ու գլխու շարժումով մը նշան ըրաւ Վահանը, որ իրեն հետեւի Զանան։

Անցան միասին կողքի սենեակ, ուր տարիքոտ մարդ մը, աթոռակի մը նստած, գլանիկի դադար մը կը վայելէր։ Մազերը թեթեւ ու կամարաձեւ յօնքերուն նման ճերմակի յարող, բաւական խոշոր քթով ու լաւ չածիլուած մարդ մը։

«Ուստան ա», շշնջաց Վահանը, եւ մօտեցաւ անոր ու ներկայացուց Զանան, վերջինիս համար անլսելի ձայնով։ Ուստան ակնարկ մը նետեց իր վրայ ու բարձրաձայն դժգոհեցաւ Վահանին թէ՝ «Էս պարսիկն ինչի՞ ես բերել, ինչի՞ս է պէտք... իրան ո՞նց խօսք ասեմ, թող գնա՛ իր երկրում աշխատանքի»։

Կմկմալով, Վահանն արձագանգեց. «Հայերէն գիտի կարծես թէ...», ու նայեցաւ Զանային։ Զանան լսածը մարսել կը փորձէր։ Առաջին անգամն էր, որ լսեր էր կամ մտածեր՝ պարսիկ ըլլալուն մասին։ Առաջին անգամ նկատեր էր, որ ֆիզիքականէն բացի այլ սահման է հատեր փաստօրէն, եւ այդ հատումով, ակամայ կեանք տուեր է սահմանի մը իր եւ ուրիշ մարդոց միջեւ։ Խաղաղ մնաց սակայն, գրեթէ չվիրաւորուեցաւ, մտածեց, որ եթէ մարդը գիտնար, թէ ինք հայերէն գիտէ, այդպէս պիտի չըսէր... Աւելի ուշ թէեւ, գիշերը, անկողնին պառկած, պիտի քննադատէր իր իսկ կարծիքն այդ, մտածելով, որ հարցը մարդուն խտրական միտք ունենալն էր, ոչ թէ զայն արտայայտած ըլլալ-չըլլալը։

«Վայ... դէ ասէիք», շուարած ու կեղծ ծիծաղով կատակի մթնոլորտ փորձեց ներկրել ուստան. կեղծ ծիծաղով մը ձայնակցեցաւ նաեւ Վահանը, ու աչքով բարեկամաբար նշան ըրաւ Զանային։ Ուստան կագնեցաւ, գլանիկը նետեց գետին, ոտքով մարեց, մօտեցաւ Զանային ու երկարեց ձեռքը.

-Մանուկ... Մանուկ ուստա։

-Զանա... Պամեցի Զանա։

Քիչ անցած, Զանայի ձեռքին շինարարական դոյլ մըն էր, մտքին՝ Պամը եւ, անշուշտ, երբեմն-երբեմն յայտնուող Նորան, որուն տեսնես ե՞րբ պիտի կարենար հանդիպիլ նորէն։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020