ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Է.

ԹԷ ԳԱՂՏՆԻ ԿԵՐՊՈՎ ԵԼԱՒ

Խօսք. «Երբ անոնք գացին, Ինքն ալ գնաց տօնակատարութեան, ո՛չ թէ բացայայտ կերպով, այլ՝ ծածուկ» (Յհ 7.10):

Մեկնութիւն. Եւ թէ Քրիստոս ճշմարտապէս ըսաւ՝ «Ես այդ տօնակատարութեան պիտի չերթամ» չորս պատճառով. նախ՝ տօնակատարութեան սկիզբը չգնաց, այլ՝ չորրորդ օրը: Երկրորդ՝ անոնց հետ չգնաց, այլ՝ ետքէն: Երրորդ՝ որովհետեւ ըստ անոնց ունայն կամքին հաճութեան չգնաց, այլ՝ օգնութեան համար: Չորրորդ՝ քանի որ յայտնապէս չգնաց, այսինքն՝ աշակերտներով, այլ՝ ծածուկ կերպով:

Այսպէս հարսանիքի ժամանակ ալ ըրաւ, երբ սաստեց իր մայրը եւ ապա կատարեց խնդրանքը: Այն ցոյց տուաւ, թէ քու կարծածիդ համար չէր հրաշքը, այլ՝ մարդոց օգուտին համար, այսպէս ալ այստեղ իմացիր:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ծածուկ կերպով ելաւ:

Պատասխան. Ոչ թէ բան մը չգիտնալուն համար, որովհետեւ եթէ այսպէս էր, կամաւորաբար չէր գար չարչարանքներուն, այլ՝ օգնութեան համար. նախ՝ որպէսզի լսողներուն քարոզէ, իսկ չլսողներուն թշնամութիւնը լուծէ: Երկրորդ՝ այն ցոյց կու տայ, որ այստեղ եւ այնտեղ Իր սիրելիներուն կ՚երեւի, իսկ ատելիներուն՝ նոյնիսկ չ՚երեւիր, ասիկա կ՚ըսէ Մեկնիչդ1:

Իսկ ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն՝ թէ վեց պատճառով ծածուկ կերպով Երուսաղէմ գնաց. նախ՝ որովհետեւ աշխարհի փառքը չէր փնտռեր: Երկրորդ՝ որպէսզի մեզ եւս սորվեցնէ հեռանալ փառքէն եւ խոնարհութեան մէջ հաստատուիլ: Երրորդ՝ որովհետեւ եթէ բազմաթիւ մարդոցմով եկած ըլլար տօնին, հրեաներուն տրտմութիւնը առաւել կը սաստկանար: Չորրորդ՝ Իր մարդկութիւնը ցոյց տալու համար: Հինգերորդ՝ մեզի սորվեցնելու համար, որպէսզի խորագիտութեամբ զգուշանանք թշնամիներէն եւ պէտք չէ, որ մարդ յիմարութեամբ ինքզինք մահուան մատնէ: Վեցերորդ՝ խորհուրդ մը ցոյց տալու համար, որովհետեւ Աստուծմէ տեսական ելլումը ծածուկ կերպով՝ մեր ներքին մտածութեան մէջ կ՚ըլլայ, միտքը դուրս քաշելով ամէն բանէ, նոյնիսկ ինքնիրմէն, որպէսզի ամէն ինչ մոռնալով լերան գագաթը ելլէ եւ միտքի յափշտակութեամբ մէգին մէջ մտնէ:

Երբ պատշաճաւոր վայրին մասին ըսաւ, հիմա յայտնութեան պատճառին մասին կը ճառէ:

Խօսք. «Հրեաները կը փնտռէին զԻնք» (Յհ 7.11):

Մեկնութիւն. Ոմանք սպաննելու համար, իսկ ուրիշներ՝ խոնարհութեամբ Անոր վարդապետութիւնը լսելու:

Խօսք. «Ու կը հարցնէին. ո՞ւր է Ան» (Յհ 7.11):

Մեկնութիւն. «Ոմանք նախանձի եւ ատելութեան պատճառով Անոր անունը չէին տար», կ՚ըսէ Ոսկեբերան, իսկ ուրիշներ՝ սիրոյ համար կ՚ըսեն, որովհետեւ զԻնք այնպէս մեծ եւ ծանօթ կը համարէին բոլորին, մինչ կ՚ըսէին՝ ո՞ւր է Ան, այսինքն՝ որ այնքան մեծ է այնպէս սքանչելագործը: Իսկ հարցումը տօնին առաջին օրը կ՚ըլլար:

Խօսք. «Ժողովուրդին մէջ Իր մասին շշուկ ինկաւ» (Յհ 7.12):

Մեկնութիւն. Հակառակ կարծիքին համար, ինչպէս ետքէն կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ոմանք կ՚ըսէին. լաւ մարդ է: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսէին. ո՛չ, ընդհակառակը, ժողովուրդը կը մոլորեցնէ» (Յհ 7.12):

Մեկնութիւն. Ժողովուրդին բազմութիւնը կ՚ըսէին, թէ Ան բարի է, այսինքն՝ բարի Աստուծմէ եկած է, եւ Ինք բարի է ու բարին կը սորվեցնէ մեզի, իսկ փարիսեցիները եւ քահանայապետները չար կը համարէին զԻնք ու կ՚ըսէին. «Աստուծմէ չէ եւ կը խաբէ պարզամիտները ու հրաշքները առ երեւոյթ կը գործէ»: Եւ քանի որ Իր չարախօսները մեծերն էին, այդ պատճառով հասարակ ժողովուրդը չէր համարձակեր յայտնապէս համբաւել Անոր մասին, ինչպէս ցոյց կու տայ Մեկնիչդ2:

Հարցում. Ինչպէ՞ս է, որ ժողովուրդը կը հաւատար, իսկ քահանաներն ու դպիրները՝ ոչ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն վեց պատճառով.

Նախ՝ նայելով հոգիին ցասմնական զօրութեան, որովհետեւ Քրիստոս խիստ կերպով կը յանդիմանէր քահանաները, եւ անոնք իշխաններ էին, ամբարտաւաններ ու մանաւանդ նախանձոտ էին, որովհետեւ ժողովուրդը կ՚ընդունէր զԻնք:

Երկրորդ՝ ցանկութեան համար, քանի որ ագահ էին եւ ու սովոր էին պարգեւներ ու շնորհներ կ՚ընդունէին վարդապետութեան համար, իսկ Քրիստոսի վարդապետութիւնը անոնց վարքին հակառակ էր:

Երրորդ՝ բանականութեան համար, որովհետեւ անոնք վարժուած էին Սուրբ Գիրքի գիտութեան, թէեւ թանձր ու անկատար, այդ պատճառով Քրիստոսի վարդապետութիւնը մոլորութիւն կը համարէին:

Չորրորդ՝ քանի որ իրենց միտքին խիղճը աներկիւղ կը պահէին եւ սովոր էին իրենց մեղքերը արդարացնել, իսկ պարզամիտները խիղճով կ՚ըլլային ու կը պատուէին զՔրիստոս:

Հինգերորդ՝ որովհետեւ անոնք սովոր էին իրենցմէ նուաստ եղողները յանդիմանել, արհամարհել, դատել ու վիրաւորել:

Վեցերորդ՝ քանի որ սովոր էին կեղծաւորութեամբ իրենց չարիքը ծածկել, որովհետեւ փառասէր էին, այդ պատճառով անոնք զՔրիստոս կը հայհոյէին, իսկ պարզամիտները՝ կը գովէին, թէեւ ո՛չ յայտնապէս, քանի որ փառասիրութեան ախտէն զերծ չէին, ինչպէս ըսաւ. «Դուք իրարմէ փառաբանութիւն կ՚ընդունիք, եւ Ինձմէ չէ՛ք խնդրեր» (տե՛ս Յհ 5.44), ապա կը դնէ քարոզութեան յայտնութեան երկրորդ պատճառը, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Երբ տօնը կէսին հասաւ» (Յհ 7.14):

Մեկնութիւն. Տօնը եօթը օր էր, իսկ տօնին կէսը՝ չորրորդ օրն էր: Եւ ինչո՞ւ համար չորրորդ օրը գնաց տօնակատարութեան. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ ո՛չ թէ վախի պատճառով ուշացուց Իր տօնին սկիզբին գալը, ատոր համար կէսին գնաց: Երկրորդ՝ որովհետեւ տօնակատարութեան սկիզբը ժողովուրդը զբաղ կ՚ըլլար տօնակատարութիւնը զարդարելով, ու չէին կրնար քարոզը լսել: Երրորդ՝ որպէսզի կարօտ ըլլային քարոզութեան եւ այդ ատեն առաւել կերպով կը լսէին: Իսկ աղմուկն ու աղաղակը խռովելն է:

Տե՛ս, թէ վարդապետը պէտք է քարոզին ժամանակը ընտրէ, երբ ժողովուրդը զբաղուած չըլլայ:

Եւ Քրիստոս տօնակատարութեան երկու պատճառով կ՚երթար. նախ՝ Մովսէսին օրէնքը պատուելու համար, երկրորդ՝ որովհետեւ այդ ատեն հրեաները աւելի մեծ թիւով հաւաքուած կ՚ըլլային:

Խօսք. «Հրեաները կը զարմանային եւ կ՚ըսէին» (Յհ 7.15):

Մեկնութիւն. Թէեւ Աւետարանիչը չի գրեր, թէ ի՞նչ կ՚ուսուցանէր, այլ՝ հրեաներուն զարմանալը ցոյց կու տայ, թէ սքանչելապէս կ՚ուսուցանէր: Այս առաջինը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է, որովհետեւ ով որ բարի վարդապետութեամբ Աստուծոյ կը հաւասարի՝ Աստուած է: Եւ Քրիստոս այսպիսով Աստուծոյ կը հաւասարի, հետեւաբար՝ Քրիստոս Աստուած է:

ԳԻՐԸ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ինչպէ՞ս այս մարդը Սուրբ Գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք» (Յհ 7.15):

Մեկնութիւն. Այստեղ չորս բան գիտելի է.

Նախ՝ որ գիտէին, թէ Ան Յովսէփի Որդին է, եւ թէ մարմնաւոր աշխատութեամբ կը զբաղուէր մինչեւ այն ժամանակը երբ հիւսնութիւն կը սորվի, ու կը տեսնէին, թէ բարձրագոյն իմաստութեամբ կ՚ուսուցանէր դպիրներէն աւելի, օրէնքներէն ու մարգարէներ վկաներ բերելով, ու ատով դիւրին էր իմանալ զԻնք Աստուծմէ եկած եւ ըստ արժանւոյն պատուել:

Երկրորդ՝ գիտելի է, թէ ասով կ՚արհամարհէին զԻնք չորս բանով. նախ՝ թէ Գիրքը չի՛ գիտեր, հետեւեաբար՝ Օրէնքն ալ չի գիտեր. երկրորդ՝ թէ Գիրքը չի՛ գիտեր, հետեւեաբար՝ ճշմարտութիւնն ալ չի՛ գիտեր. երրորդ՝ թէ կատարելապէս չի՛ գիտեր, այլ՝ լսածէն մաս մը. չորրորդ՝ թէ Ինքն իրմէ կը խօսի:

Երրորդ. գիտելի է, թէ ինչո՞ւ Քրիստոս Գիրքը չսորվեցաւ:

Պատասխան. Կ՚ըսենք չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Գիրքին կատարումն էր, ինչպէս խօսք եւ իմաստութիւն, հետեւաբար պէտք չէր Գիրքը սորվիլ: Երկրորդ՝ որպէսզի ատով ցուցնէ, թէ Աստուած է, որ առանց ուսուցանելու Գիրքը գիտէր: Երրորդ՝ որովհետեւ կ՚ուզէր շնորհներու եւ խօսքի նոր օրէնքը ուսուցանել, այդ պատճառով Ինք Գիրքը չսորվեցաւ: Չորրորդ՝ որովհետեւ Ի՛նքն էր կենդանի գիրը, մելանը՝ Աստուածածին Կոյսէն առած, եւ Հօր Բանը հոգիով ու մարմինով միացած կը խօսէր մեզի Աստուծոյ իմաստութիւնը, ըստ այնմ. «Իմ լեզուս որպէս դպիրի երագագիր գրիչ» (Սղ 44.2):

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐԸ

Չորրորդ՝ գիտելի է, թէ քահանաներուն գործը իրենց ուսումն ու պաշտօնն է, ապա եթէ պէտք ըլլայ, չորս տեսակի ուսում պատշաճաւոր է. նախ՝ գիրքեր գրել, ինչպէս Աստուած տախտակը գրեց: Երկրորդ՝ մորթ գործել եւ հագուիլ, ինչպէս Աստուած Ադամին մաշկեղէն հագուստ գործեց: Երրորդ՝ հիւսնել, ինչպէս Յիսուս Իր պատանեկութեան Յովսէփին հետ կը հիւսնէր: Չորրորդ՝ եկեղեցւոյ շինուածքին վէմերը կոփել, ըստ այնմ. «Ես Սիոնի հիմքերուն մէջ վէմ կը դնեմ» (Ես 28.16). ու Տէրը կ՚ըսէր. «Այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ Իմ եկեղեցիս» (Մտ 16.18), իսկ հասարակ տուներուն համար երկիրը մշակելն ու բանջարը պիտանի է, իսկ՝ անձին համար Աստուծոյ գործերը ձգել եւ այսպիսի բաներու հետեւիլ, կամ ի վիճակս, կամ անբաններուն ծառայել, որ ներկայիս շա՜տ կը տեսնենք, անաստուածութիւն եւ ագահութիւն է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 70

Վաղարշապատ


1 Նանա:

2 Նանան:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020