«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՄՏԱԾՈՒՄԻՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ
-Ո՜վ Ռոնտա. ինչու համար մինչ վանքին մէջ եմ վատ մտածումներ կու գան միտքս. երբ վանքէն դուրս էի, այդպիսի բան չէր պատահեր ինծի: Ինչո՞ւ այդպէս կը պատահի ինծի հետ: Արդեօք ե՞ս կ՚արտօնեմ, որպէսզի անոնք գան:
-Ո՛չ, ո՜վ օրհնած: Ձգէ զանոնք. անոնք կու գան ու կ՚երթան: Օդանաւը արտօնութիւն կ՚առնէ՞ քեզմէ, երբ վանքի վրայէն կ՚անցնի ու կը խանգարէ անոր հանգստութիւնը: Նոյնն է պարագան մտածումներուն: Յոյսդ մի՛ կորսնցներ: Այդ մտածումները սատանայի հնարամտութիւններէն են: Անոնք թռչուններու կը նմանին, որոնք հեռուէն՝ երբ երկինքին մէջ կը սաւառնին գեղեցիկ կ՚երեւին, սակայն տհաճ կը դառնան, երբ տան մէջ բոյն կը դնեն, կը բազմանան, որով տեղ կը կեղտոտեն:
-Սակայն ինչո՞ւ համար այդ մտածումները կու գան ինծի:
-Այդ գործը սատանան կը կատարէ, եւ ներսիդիդ տակաւին ատոր հետքերը կան եւ տակաւին ամբողջութեամբ չէ մաքրուած: Սակայն պատասխանատուութիւն չես կրեր այնքան ժամանակ, որ չե՛ս ընդունիր այդ մտածումները: Թոյլ տուր, որ շուները հաջեն ու քարերով մի՛ հարուածեր զանոնք. ինչքան քար նետես, շուները այդքան աւելի պիտի հաջեն: Այդ բազմաթիւ քարերը օգտակար պիտի ըլլան կառուցելու տուն, որ յետագային դժուար պիտի ըլլայ քանդել, հետեւաբար ի զուր տեղ շուներուն վրայ մի՛ վատներ զանոնք:
-Հետեւաբար, ե՞րբ կը կատարուի այդ մտածումներուն ընդունումը:
-Երբ կը ներքաշես զանոնք՝ որպէս շաքարի հատիկ: Փորձէ չներքաշել այդ դուրսէն շաքարով պատուած մտածումները, մինչ ներսէն լեցուն են մահացուցիչ թոյներով, այլապէս յոյսդ կը կորսնցնես: Այն որ երբեմն մարդ վատ մտածումներ կ՚ունենայ, մտահոգութեան պատճառ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ միայն հրեշտակներն ու կատարեալները զերծ են այդ մտածումներէն: Մտահոգեցուցիչը այն է, երբ մարդ իր սիրտը կը բանայ անոնց դիմաց՝ դիմաւորելու սատանաները: Եթէ այս բանը մէկ անգամ պատահեցաւ մարդուն, պէտք է շտապէ եւ խոստովանի ու պէտք է փորձէ պտղալից ծառեր տնկել, որպէսզի իր սիրտը վերստին դրախտի վերածուի:
ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ուրիշները անիրաւ կերպով կը վարուին ինծի հետ, սիրտս կը քարանայ:
-Սրտի քարանալը արգիլելու համար մի փնտռեր ուրիշին գործած յանցանքը կամ անիրաւութիւնը, որ պատճառեց քեզի, այլ՝ դուն քու յանցանքդ փնտռէ: Մարդիկ երբ կը վիճաբանին, իւրաքանչիւր ոք կը պնդէ, թէ ի՛նք է իրաւացին ու այդ պատճառով վիճաբանութիւնը կը շարունակուի: Ոստիկանութեան կը դիմեն, դատեր կը բանան ուրիշներուն վրայ՝ պնդելով թէ անոնք հարուածած են իրենց, առանց յիշելու հարուածներուն քանակը, ինչ որ իրենք հասցուցած են ուրիշներուն:
Եթէ մտածենք, որ Յիսուս ամենէն մեծ անիրաւուածն է, ապա անիրաւութիւնը ուրախութեամբ կ՚ընդունինք: Որովհետեւ Ի՛նք -Աստուած ըլլալով-, աշխարհ իջաւ եւ Կոյսին արգանդին մէջ ինն ամիս մնաց, երեսուն տարի անշուք կերպով ապրեցաւ ու տասնհինգ տարի եբրայեցիներուն մօտ որպէս ատաղձագործ աշխատեցաւ: Կրնա՞ս պատկերացնել այդ գործին էութիւնը եւ անոր դժուարութիւնը ու ձեռքի փայտէ սղոց օգտագործելը: Ոտաբոպիկ կը պտըտէր ու կը քարոզէր, հիւանդները կը բժշկէր, կոյրերուն տեսնել կու տար, դեւերը կը հանէր, եւ հակառակ այս բոլորին անշնորհակալները ըսին, թէ Անոր մէջ դեւ կայ: Տակաւին, հակառակ Իր գործած բազմաթիւ հրաշքներուն ու այն բազմաթիւ մարդոց՝ որոնք Իր մասին վկայեցին, այդ բոլորով հանդերձ վերջաւորութեան երկու աւազկաներու միջեւ խաչուեցաւ:
Արդարեւ, անիրաւուածները Աստուծոյ ամենասիրելի զաւակներն են, ներքնապէս կը մխիթարուին, որովհետեւ իրենց ներսիդին զՔրիստոս ունին: Իսկ երբ աքսորի կամ բանտարկութեան կ՚ենթարկուին, իրենք զիրենք դրախտի մէջ կը կարծեն Յիսուսին հետ՝ Ով անիրաւ կերպով աքսորն ու բանտարկութիւնը կրեց:
-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ ըլլալ, որ անիրաւուած մը իր կրցածէն աւելի բեռ մը ունենայ իր վրայ:
-Աստուած չ՚արտօներ, որ մենք մեր ուժերէն աւելին կրենք: Կրնայ ըլլալ սակայն, որ Արդար Աստուած արդար մարդիկը ձեռքերուն մէջ ձգէ չարերուն, որոնք անոնց կը ստիպեն կրել բեռներ՝ զորս ի զօրու չեն կրելու, որպէսզի այդպիսով երկնային վարձատրութիւն ստանան:
-Ո՜վ Ռոնտա. տրտնջալուն եւ բողոքելուն միջեւ կապ կա՞յ:
-Այո. երբեմն կը պատահի, որ մէկը իր մասին մտածողներուն վերաբերմունքը չի՛ հասկնար, որով անիրաւուած կը զգայ ու կը տրտնջայ: Կը կարծէ նաեւ, որ կ՚անիրաւեն զինք, երբ կը խնդրեն իրմէ որ զգուշանայ եւ սխալ չգործէ, որով կը սկսի բողոքել: Քոյր մը կրնայ որոշակի սխալ մը գործել, օրինակ, երբ թոյնին քանակութիւնը կ՚աւլեցնէ, որով ծառերուն տերեւներն ու ծաղիկները կը վառէ: Երբ իրեն դիտողութիւն ընես, կը զգայ թէ անիրաւուած է, որով կը սկսի լալ, փոխանակ ներողութիւն եւ թողութիւն խնդրելու: Աւելին, կը գոռայ ըսելով. «Եթէ մորեխը գար ու ամէն ինչ փճացնէր, ապա բոլորն ալ լուռ կը մնային: Յիսուսս, միայն Դո՛ւն կը հասկնաս զիս». եւ ուրախութիւն կը զգայ, երեւակայելով թէ անիրաւուեցաւ ու վարձատրութիւն պիտի ստանայ կրած անիրաւութեան համար: Այս պարագան սխալ է եւ մեծ մոլորութիւն մըն է, որու աղբիւրը տրտնջալն ու բողոքելն է:
ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱԼԷՆ ԾՆԱԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ յանդիմանութիւն մը՝ գործած սխալիս համար, արդեօք այդ ուրախութեան զգացումը ճիշդ զգացո՞ւմ է:
-Ուշադի՛ր եղիր: Եթէ սխալներ կը գործես եւ չես տրտնջար յանդիմանութիւն ստացած ժամանակդ, այլ կ՚ուրախանաս ու կ՚ըսես. «Փա՜ռք Քեզ Աստուած, որովհետեւ արժանի եմ ասոր». ապա որոշակի ուրախութիւն պիտի զգաս: Մինչ, եթէ անիրաւ կերպով յանդիմանուեցար, ու այդ անիրաւութիւնը բարի մտածումով ընդունեցիր, ապա կատարեալ ուրախութիւնը պիտի զգաս:
Ես չեմ պահանջեր քեզմէ, որ ջանաս անիրաւուելու, որովհետեւ սատանան կրնայ քեզ հպարտութեան մղել. այլ՝ կը խնդրեմ քեզմէ, որ անիրաւութիւնը ընդունիս՝ երբ բնական կերպով կը պատահի, եւ ուրախանաս՝ քանի որ անիրաւուեցար: Չորս կերպեր կան անիրաւութիւնը դիմակալելու.
Առաջին կերպ. եթէ մէկը հարուածէ քեզ, նոյն ձեւով կը պատասխանես անոր:
Երկրորդ կերպ. ներսդ մեծ անհանգստութիւն կ՚ունենաս, սակայն դուն քեզ կը զսպես եւ չես խօսիր:
Երրորդ կերպ. իրար չես անցնիր, երբ հարուած ստանաս:
Չորրորդ կերպ. հոգեկան մեծ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն կը զգաս:
• Հոգեւոր կեանքին մէջ իրողութիւնները հակառակ են: Եթէ տգեղութիւը ներսդ պահեցիր, ապա գեղեցկութիւնը կը զգաս, նաեւ ճիշդ հակառակն ալ: Երբ անիրաւութիւնը կ՚ընդունիս, ապա՝ անիրաւուած Յիսուսը կ՚ընդունիս սիրտիդ մէջ, որով Յիսուս կը բնակի ներսիդիդ ու քեզ խաղաղութեամբ ու մխիթարութեամբ կը լեցնէ: Փորձեցէ՛ք այս բանը, որպէսզի այդ ուրախութիւնը ապրիք: Սորվեցէ՛ք հոգեւոր ուրախութիւնը զգալ եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ ուրախութիւնը, որով ամէն օր Զատիկ պիտի ըլլալ ձեզի համար:
Չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն, քան այն որ անիրաւութիւնը ընդունելէն կը ծնի: Միաժամանակ, կը խոստովանիմ, որ ամենէն բիւրեղ հոգեւոր ուրախութիւնը զորս զգացած եմ, այն է՝ որ անիրաւուած ըլլալէս ստացած եմ: Երանի՜ թէ բոլոր մարդիկ անիրաւեն զիս: Երբ ոեւէ մէկը կը մեղադրէ զիս մոլորութեամբ, կ՚ուրախանամ եւ զԱստուած կը փառաւորեմ, որովհետեւ վարձատրութիւն պիտի ստանամ. իսկ երբ ըսեն, թէ սուրբ եմ, աշխարհը փուլ կու գայ վրաս: Անիրաւութենէն աւելի բիւրեղ բան չկայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 9
19 հոկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ