«ՌՈՒՍԵՐՈՒ ԴԷՄ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱՊԱՀՈՎԵՆ»
Վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեան համոզուած է, թէ Լաչինի միջանցքի խնդրով Ռուսաստանի դէմ հնչած դժգոհութիւնները դրական արդիւնք մը պիտի չապահովեն։ Արցախի առկայ պաշարումով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ շօշափեցինք յայտնի վերլուծաբանին կարծիքները, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Վերջին օրերուն ուշագրաւ քաղաքական գործընթացներ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ։ Հրաժարականի մասին խօսք, յետոյ հերքում եւ աւելի ուշ նոր նշանակումներ։ Ի՞նչ է տեղի ունեցածը այս օրերուն։
-Ըստ իս, Արցախի մէջ Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հաւանական հրաժարականի մասին տեղեկութիւնները կապուած են երկու գործօններու հետ: Առաջինը՝ Ատրպէյճանի յստակ պահանջն է եւ այդ պահանջը կը կապուի Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հետ։ Այսինքն, կը պնդուի, որ միջանցքի ապաշրջափակման պայմաններէն մէկը Ռուբէն Վարդանեանի հրաժարականն է: Յաջորդ գործօնը՝ վերջին շաբթուան ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանի կողմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէին հնչած անուղղակի քննադատութիւնն է: Կը կարծեմ, թէ այս մէկը Հայաստանի մէջ որոշ բացասական արձագանգի պատճառ դարձած է եւ ստեղծուած լարուածութեան հանգուցալուծման տարբերակներէն մէկը դիտարկուած է՝ պետական նախարարին, նաեւ գործող նախագահին նոյնաժամանակ հրաժարականը:
-Հայաստանի իշխանութիւնները բացայայտօրէն քննադատեցին Ռուսաստանը։ Մասնաւորապէս՝ վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները չեն կատարեր իրենց պարտաւորութիւնները։ Այս բոլորը աւելիով պիտի սրե՞ն Հայաստան-Ռուսաստան իրավիճակը։
-Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի իշխանութիւնները ունին հիմքեր Ռուսաստանէն եւ մասնաւորապէս՝ ռուս խաղաղապահներէն դժգոհելու համար: Չեմ կարծեր, թէ հրապարակային դժգոհութիւնները դրական արդիւնք մը ապահովեն: Անոնք միայն յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, հայ հասարակութեան շրջանակին մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները կը հրահրեն, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, չեն լուծեր առկայ խնդիրները:
-Բաւական ընդհանրացած է այն կարծիքը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ արագ քայլերով կ՚ուղղուին դէպի Արեւմուտք։ Կա՞յ այդ ենթագետինը։ Այս շրջանակներուն մէջ Արեւմուտքը նեցուկ պիտի կանգնի՞ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առնուազն ապահովելով Լաչինի միջանցքի վերաբացումը։
-Դժուար է յստակ գնահատական մը տալ այս հարցով իշխանութիւններու դիրքորոշման: Ամէն պարագայի, իշխանութեան գոնէ որոշակի հատուածներ կարծես, թէ հակուած են ամէն ինչ ընելու հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծելու, Հայաստանը Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիէն դուրս բերելու եւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ: Այս հարցերուն շուրջ անհրաժեշտ է չափազանց զգոյշ ըլլալ: Հայաստան կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հզօր ճնշման ներքեւ։ Ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու խզումը եւ Ռուսաստանը հակառակորդ պետութիւններու ցանկին վրայ աւելցնելը կրնայ յանգեցնել չափազանց բացասական վիճակներու:
Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքի աջակցութեան, ապա պէտք չէ մոռնալ հարեւան Վրաստանի օրինակը: Ան արդէն 23 տարիէ ի վեր կ՚ընթանայ Եւրոատլանտեան համարկման ուղիով, սակայն կը շարունակէ շատ հեռու մնալ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկարէն: Բաց աստի, անհրաժեշտ է յստակ հաստատել, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հակառուսական քաղաքականութիւն վարելու կամ Արեւմուտքի համար հակառուսական յենարան մը դառնալու համար Հայաստան հարկադրուած է համագործակցելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ու յենուելու այդ երկու պետութիւններուն վրայ՝ ընդդէմ Ռուսաստանի: Կը կարծեմ՝ նման հեռանկարի մը հետեւանքները ակնյայտ են:
-Վերջին հարցումս կը վերաբերի Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ Երեւանի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Ան յայտնած էր, որ Փարիզ չի պատրաստուիր պաշտօնապէս ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։ Այս արտայայտութիւնները պատճառ դարձան քննադատութիւններու։ Ինչո՞ւ այս պահուն Ֆրանսա նման կեցուածքով մը հանդէս կու գայ եւ այս մօտեցումը կրնա՞յ վնասել Հայաստան-Եւրոպա եւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները։
-Մէկ բան ակնյայտ է։ Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ համաձայն է Արցախը տեսնելու Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Աւելին՝ նոյնիսկ չի պնդեր Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախին համար ինքնավար կարգավիճակի մը տրամադրուելուն վրայ՝ շեշտելով, որ հիմնական խնդիրը Արցախի հայոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է։ Այս պայմաններուն ներքեւ առնուազն միամտութիւն է ակնկալել, որ որեւէ պետութիւն ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը կամ յայտատարէ, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան