ԱԿՆԱՐԿ - 6 - ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵ՞Ր, ԹԷ՞ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՇԱՀԵՐ…

6 փետրուար 2023 թուականը երկար տարիներ պիտի մնայ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն միտքին մէջ: Այդ օր տեղի ունեցած սոսկալի երկրաշարժին հետեւանքները՝ բոլոր առումներով, երկար ժամանակ պիտի առնէ վերակառուցելու եւ այդ շրջաններուն մէջ կեանքը իր բնականոն հունին վերադարձնելու համար: Խօսքը բնականաբար նիւթականի մասին է: Սակայն, այս երկրաշարժին պատճառած վախը, ճնշուածութիւնը դարմանելու եւ ամոքելու համար երկա՜ր տասնամեակներ անհրաժեշտ են, եւ թերեւս ալ ամբողջ կեանք մը բաւարար չըլլայ…:

Պատկերացուցէք իր զաւակը կորսնցուցած հօր մը ապրումները: Երեւակայեցէք մօր մը ապրած կսկիծը՝ իր զաւակը չկարենալ ազատելուն պատճառով: Մտաբերեցէք դեռատի մանուկներու ապրումներն ու զգացումները, ժամերով՝ նոյնիսկ օրերով փլատակներու տակ, անօթի-ծարաւ, մթութեան մէջ անցուցած… Խօսիլն ու գրելը այս մասին թերեւս դիւրին ըլլայ, շատերու համար նոյնիսկ այս ողբերգութիւնը դրամագլուխի վերածուի, սակայն մարդկայնօրէն այս ամէնը իրական կերպով մի միայն զգացին անոնք՝ որոնք ենթարկուեցան այդ երկրաշարժին:

Կատարուածը բառին ամբողջական առումով աղէտ մըն է, ողբերգութիւն մըն է, իսկ նմանատիպ աղէտները ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ պատկանելիութիւն, ո՛չ կրօնք, ո՛չ աղքատ, ո՛չ հարուստ, ո՛չ մեծ եւ ո՛չ ալ փոքր կը ճանչնան…, այլ՝ կը հարուածեն բոլորը՝ անխնայ, եւ այդ պատճառով ալ մարդ արարածը նմանատիպ երեւոյթները ընդհանրապէս կը կոչէ բնական աղէտ, որովհետեւ մարդու ոոժերէն վեր է, եւ մինչեւ այսօր մարդը տակաւին ձեւը, կերպը չէ՛ գտած այսպիսի աղէտներու առաջքը առնելու, հակառակ գործադրուած ու իրագործուած հազար ու մէկ կարելի միջոցներու եւ հնարքներու:

Այս բոլորին մէջ անմարդկայինը, սակայն, Արեւմուտքի պահուածքն էր, որ սառնասրտօրէն եւ առանց խղճի խայթ ունենալու իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Թուրքիոյ վրայ, անտեսելով Սուրիան…, եւ նոյնիսկ սպառնալով այն բոլոր պետութիւններուն ու երկիրներուն, որոնք Սուրիոյ օգնութեան ձեռք մեկնեցին, կամ նոյնիսկ կը մտածեն մեկնել…

Բնականաբար, այստեղ մեղադրանք չէ՛ կատարածս. շատ բնական երեւոյթ է, երբ 21-րդ դարուն աշխարհի որեւէ մէկ անկիւն աղէտ մը պատահի, աշխարհի բոլոր երկիրները իրենց կարելիութեան սահմանին մէջ կը փորձեն իրենց օգնութիւնը բերել՝ մեղմելու համար տուեալ երկրին ունեցած ողբերգութիւնը…

Մեր գրութեան կցուած նկարին մէջ ընթերցողը պիտի նկատէ երկրաշարժին եւ անոր յաջորդող օրերուն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ օդային ճանապարհներու պատկերը… Եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողներուն…

Արդէն տասն տարի է, որ Սուրիան պատերազմական իրավիճակի մէջ է եւ Արեւմուտքը գետնի վրայ ձախողելով իր նպատակներուն հասնիլ, սկսաւ պատժամիջոցներ եւ սահմանափակումներ կիրառել Սուրիոյ վրայ, կարենալ ենթարկելու համար սուրիական իշխանութիւնները…, իշխանութեան պատրուակին տակ սակայն, Սուրիոյ ժողովուրդին կեանքն է, որ բառիս բուն իմաստով դժոխքի վերածեց Արեւմուտքը իր որդեգրած ապիկար քաղաքականութեամբ… Գրութեանս նպատակը սուրիական հարցը քննարկել չէ, սակայն այսքանը նշեցի, որպէսզի ընթերցողը որոշակի չափով կարենայ ըմբռնել Արեւմուտքին կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ կատարուած անմարդկային ու անխիճղ վերաբերմունքը…

Ո՞ւր մնացին մարդու իրաւունքները, ո՞ւր մնացին մարդուն բարոյահոգեբանական աջակցութիւն տրամադրող ձեր հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, Արեւելք ներթփանցելով օր ու ցերեկ «կ՚աշխատիք» մարդու իրաւունքներ քարոզելով, բռնութիւններու դէմ «պայքար» կը մղէք, անչափահասներու «պաշտպանութեան» համար լօլօներ կը կարդաք, «խորհուրդ»ներ կու տաք…, եւ այլն, եւ այլն: Ո՞ւր գնաց ձեր այդ «մարդկայնութիւն»ը, երբ պահը եկաւ զայն գործնականօրէն փաստելու, ո՞ւր մնաց ձեր «խիղճ»ը, երբ հարիւր-հազարաւոր մանուկներ, կիներ ու տղամարդեր փլատակներու տակ ժամեր ու օրեր մնալէ ետք կորսնցուցին իրենց կեանքը, որովհետեւ Սուրիան ի վիճակի չէր այս ծանր աղէտին դէմ իւրովի պայքարելու՝ ո՛չ պէտք եղած պատրաստուածութիւնն ու փորձը ունենալուն եւ ո՛չ ալ պէտք եղած գործիքները ունենալուն համար…

Ի տես Արեւմուտքի այս պահուածքին, կարելի է այս հաստատումը կատարել, թէ Արեւմուտքը «մարդու իրաւունքներ» շղարշին տակ, իր շահերն է որ կը հետապնդէ եւ ո՛չ աւելին:

Իսկ անոնք որոնք այս պահուածքին մէջ քաղաքական վերլուծութիւններ կը կատարեն ու կ՚արդարացնեն Արեւմուտքի այս պահուածքը, պարզապէս պէտք է իմանան, թէ բնական աղէտներու պարագային քաղաքական շահերով առաջնորդուող որեւէ պետութիւն, երկիր կամ հաւաքականութիւն, պարզապէս մարդ կոչուելու արժանի չեն…, որովհետեւ ՄԱՐԴը այդ ճղճիմութենէն շա՜տ աւելի բարձր է, շա՜տ աւելի վեհ ու ազնիւ է…

Մաղթենք, որ երկրաշարժին գործած բարոյահոգեբանական եւ նիւթական աւերներն ու ցաւը շուտով կարելի կ՚ըլլայ սփոփել ու թեթեւցնել, եւ այս ընթացքին համար ամենէն զօրաւոր բալասանը մարդ-մարդ անկողմնակալ յարաբերութիւնն ու օժանդակութիւնն է, որ վեր պէտք է մնայ քաղաքական անասնական բնազդով առաջ տարուող հաշիւներէն…:

Յ.Գ. Կարծիք չկազմուի, թէ հակաարեւմտամէտ եմ…, երբե՛ք, ես պարզապէս հայամէտ եմ, ՀԱՅԱՄԷՏ եմ եւ վերջ: Սուրիոյ պարագային գրածս այս նիւթը արդիւնք է, այդ երկրի մէջ ծնած ըլլալուս, որ իմ երկրորդ հայրենիքս կը համարեմ: Գրութեանս դրդապատճառը պարզապէս Արեւմուտքի նման բնական աղէտի մը ընթացքին որդեգրած այս կողմնակալ վարքագիծն է եւ ո՛չ աւելին: Դարձեալ կը կրկնեմ, ես պարզապէս ՀԱՅԱՄԷՏ եմ, աւելին՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՄԷՏ եմ…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023