ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՃԱՄԲՈՎ. ՀԱՄՇԷՆԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Թերի յօդուածի մը առիթով.-

ՇԱՊՈՒՀ ԵՒ ՀԱՄԱՄ ԱՄԱՏՈՒՆԻ ԻՇԽԱՆՆԵՐ

Վերջերս արեւելահայերէնով գրուած պատմական Համշէն գաղթավայրի մասին երկարապատում եւ սխալաշատ յօդուած մը կը կարդայի, այլապէս ուսանելի, գնահատելի եւ բազմաբնոյթ մանրամասնութիւններով, առանց սակայն տեսնելու յօդուածագրին անունը։ Առաջին մասին մէջ յօդուածագիրը կը կրկնէ գրութեան վերնագիրը, թէ «Ովքե՞ր են համշենցիները, որտեղի՞ց են եկել, եւ ո՞ւր են գնում» հարցումները, առանց գիտնալու անոնց ճիշդ ու վաւերական պատասխանը կամ տալու գաղթին մօտաւոր թուականը, որոնք կու գան մեր հին պատմիչներէն։ Յայտնապէս գրութեան հեղինակը չէ գիտցած համշէնցիներու ծննդոցը, որ իսկական հայկական ծնունդ է հայ իշխանազուններու անունով կնքուած, Ամատունի տոհմէն հայր եւ որդի իշխաններու՝ Շապուհ եւ Համամ Ամատունիներու։

ՊԱՏՄԱԳԻՏԱԿԱՆ ՍՏՈՒԳՈՒՄ

Մեր նպատակն է տրուած տարրական հարցումներուն պատմական եւ ուղիղ պատասխանը տալ, ոչ թէ դեգերիլ եւ շփոթիլ «Ռիզէի Հեմշին եւ Չամլըհիշմին բնակավայրներու բնակիչներուն հետ», ինչպէս կը կարծէ յօդուածագիրը, եւ մանաւանդ առանց պատմագիտական պրպտումներ կատարելու կը հարցնէ, թէ «նրանց ծագումը թուրքակա՞ն է, թէ՝ հայկական։ Ինչո՞ւ եւ ե՞րբ են եկել համշենցիները եւ ո՞ւր են գնացել։ Մինչ այժմ հնարաւոր չի եղել այս հարցերին ոչ մի պարզորոշ պատասխան տալ»։ Նկարագրելէ ետք համշէնցիներու լեզուական եւ ազգագրական տուեալները, յօդուածագիրը տակաւին վերեւի կենսական հարցադրումները շեշտակի կը կրկնէ յայտնի դարձնելով որ 8-րդ դարու ժամանակակից Ղեւոնդ հայ Պատմիչի տուեալներու մասին գաղափար իսկ չունի։

Միանգամ ընդմիշտ ըսենք, որ համշէնցիք զտարիւն հայեր էին եւ ոչ երբեք թուրք։ Անոնց ծագումը հայկական է եւ վերջն է որ, շատ ուշ, անոնցմէ ոմանք բռնի իսլամացան։     

Ը. ԴԱՐՈՒ ՂԵՒՈՆԴ ՊԱՏՄԻՉԸ

Երբ Համշէնն ու համշէնցին առաջին ակնարկով ուշադրւթիւնս գրաւեցին, յիշեցի տարիներ առաջ իմ 8-րդ դարու արաբական արշաւանքներու հայ պատմիչ Ղեւոնդ Երէցի «Պատմութիւն Ղեւոնդեայ Մեծի Վարդապետի Հայոց» պատմագրութեան գրաբարէ անգլերէնի կատարած թարգմանութիւնս որպէս աւարտաճառ, որուն վերջին 42-րդ գլուխը ամբողջութեամբ յատկացուած է Համշէնին՝ ժամանակակից ու ականատես Ղեւոնդ Պատմիչի կողմէ։ Անգլերէնի առաջին եւ ցարդ միակ թարգանութիւնը իմ կատարածն է։ Հոն կը կարդանք Համշէնի ծննդոցը եւ հայոց դէպի Համշէն գաղթը՝ ուր հիմնեցին իրենց գաւառը զայն անուանելով իշխանազուն Համամի անունով՝ Համամաշէն եւ ապա՝ Համշէն։ Ուրեմն հետեւեալը կը կարդանք Ղեւոնդի մօտ եւ վերեւի հարցերուն ճշգրիտ պատասխանը լրիւ հոն կը գտնենք։ Կը մէջբերեմ գլխաւոր տեղեկութիւնները առ ի գիտութիւն։

ԱՐԱԲԱՑ 788 ԹՈՒԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

«Երբ Ուպայտուլլահ Հայաստան արշաւեց միեւնոյն չարիքները շարունակուեցան աւելի մեծ չափերով։ (Ուպայտուլլահ իպն-ալ Մահտի Հայաստան արշաւեց 788 թուին)։

«Այնքան չարիք տեղաց, որ հայեր չկարողացան տէր կանգնիլ իրենց ինչքերուն եւ ստացուածքներուն, եւ թալան տիրեց չորս կողմ։ Հայեր ստիպուած թողուցին իրենց այգիներն ու անասունները եւ փախան, ուրիշ տեղեր ապաստան գտնելու համար, մինչ թշնամին գրաւեց ու յափշտակեց ամէն ինչք որ հայեր ունէին՝ հող եւ անասուն։

«Մնացին անօթի եւ մերկ, ոտաբոպիկ եղան ընդդէմ երաշտի եւ հիւանդութեանց։ Հայեր թողուցին իրենց երկիրը եւ գաղթեցին Յունաց կողմը՝ թիւով 12 հազար այր, կին եւ երախաներ, ինչպէս ըսուած է, եւ բոլորը գաղթեցին՝ առաջնորդութեամբ Շապուհ Ամատունիի եւ իր որդիին Համամի, եւ պաշտպանութեանը ներքեւ Ամատունեաց զօրքին։

«Անօրէն եւ վայրագ թշնամին հալածեց փախստական հայերը, որոնք հասան մինչեւ Քօղի շրջանը՝ Վրաստանի սահմաններուն մօտ, ուր կռիւ տեղի ունեցաւ։ Թշնամիի բանակէն շատեր մեռան եւ ոմանք փախուստի մատնուեցան, մինչ հայեր Ակամբսիս գետին միւս ափը անցան։ Այս գետին ակունքը Տայք նահանգին մէջ կը գտնուի եւ կը հոսի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ, ոռոգելով Եգերի երկրամասը եւ կը թափի Պոնտոսի ծովը»։

12 ՀԱԶԱՐ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԱՄՇԷՆ ԳԱՂԹԱՎԱՅՐԸ    

Ղեւոնդ ժամանակակից Պատմիչի Վերեւի խիտ եւ լրիւ տեղեկութիւնները հնագոյն թուականի տեղեկութիւններն են, 789-790 թուականներուն պատահած, որով կը հաստատուի Համշէնի հիմնադրութեան թուականը այն 12 հազար փախստականներով, որոնք Համամի անունով հիմնեցին Համամաշէն եւ կամ Համշէն գաւառը։ Այս մասին վկայութիւններ բերած են մեծ պատմաբաններ Նիկողայոս Ադոնց իր «Պատմական ուսումնասիրութիւններ» 1948, էջ 60, հատորին մէջ, եւ Լեւոն Խաչիկեան «Էջեր Համշինահայ պատմութիւնից» յօդուածին մէջ՝ «Բանբեր Երեւանի Համալսարանի» ամսագրի 1969 թիւին մէջ, էջ 115-120։

Հետեւաբար Համշէնի իշխանութիւնը հաստատուեցաւ Սեւ ծովու (Պոնտոսի ծով) հարաւ-արեւելեան ծովափը, Սպեր (Սիսբիրիդիս) գաւառի հիւսիսը եւ Ակամբսիս (Ճորոխ) գետի հովիտին մէջ։ Փախուստ տուող 12 հազար գաղթականները Վասպուրականի, Արտազ գաւառէն եւ Այրարատ նահանգէն դուրս եկան, գլխաւորութեամբ Ամատունի հայր եւ որդի իշխանազուններուն՝ Շապուհի եւ Համամի, ինչպէս նաեւ հովանաւորութեամբը Բիւզանդիոնի Կոստանդին 6-րդ կայսեր (780-789)։ Անոնք Համամ իշխանի գլխաւորութեամբ հիմնեցին Համշէն գաւառը։ Պատմիչներուն ընծայած սկզբնական եւ ստոյգ տեղեկութիւնները ասոնք են։

13-էն 15-րդ դար Համշէնի իշխանութիւնը պահած է իր կիսանկախ գոյութիւնը Տրապիզոնի կայսրութեան տակ, երբ արդէն Բիւզանդիոնի կայսրութիւնը վերջ գտած էր եւ Օսմանեան թուրքերու տիրապետութեան տակ Համշէնի իշխանութիւնը եւս դադրած։ 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն համշէնցիք բռնի իսլամացան եւ սակայն որոշ գիւղերու բնակիչ հայեր քրիստոնեայ մնացին իրենց եկեղեցիներով։ 19-րդ դարու 70-ական թուականներուն Համշէն ունէր 33 գիւղ՝ 13 հազարէ աւելի բնակչութեամբ՝ բոլորը հայախօս, որոնք մաս կազմեցին Նիկոմիդիոյ (Իզմիդ) թեմի հոգեւոր իշխանութեան։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022