ԹՈՔԱԽՏ ԿԱՄ ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ

Ը.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՆԱՄԵԼ ՀԻՒԱՆԴԸ

Սպիրտային խմիչքներ. սպիրտը թոյն է եւ առողջ մարդը երբեք պէտք չէ ո՛չ արաղ, ո՛չ գինի, ո՛չ ալ ուրիշ խմիչքներ գործածէ, իսկ եթէ գործածէ, շատ քիչ, այն ալ ջրախառն: Բայց այս թոյնը թոքախտաւորին օգտակար է, եթէ չափաւոր կերպով կ՚ընդունուի. բաւարար է օրական երկու-երեք թէյի դգալ օղի կամ քոնիաք, ինչպէս ըսած ենք, այսինքն՝ ջուրով, կամ մսաջուրի ու կաթի մէջ:

Կանաչեղէն, հացեղէն, քաղցրեղէն, միրգ, ամէն բան կարելի է տալ հիւանդին, եթէ անոր մարսողութիւնը խանգարուած չէ:

Առհասարակ պէտք է աշխատիլ, ինչքան կարելի է փոփոխել կերակուրները, հիւանդին հաճոյքին յարմարելով:

Մենք չենք կրնար այստեղ դեղեր նշանակել, ատիկա բժիշկին գործն է, միայն կ՚ուզենք մէկ-երկու խօսք ըսել պատահարներու մասին:

Արիւնահոսութիւն. արիւնահոսութիւնը կրնայ քիթէն ըլլալ, թոքերէն ալ: Թոքերունը աւելի երկիւղալի է եւ ցոյց կու տայ, որ թոքերը կ՚ուտուին [կը մաշուին-կը կրծուին]: Հազացած ժամանակ կը բացուին, իսկ քիթինը առանց հազի կ՚ըլլայ եւ մեծ մասամբ քիթէն կու գայ. արիւնը կրնայ քիթէն կոկորդը լեցուիլ եւ բերանէն դուրս գալ:

Արիւնահոսութեան ընթացքին հիւանդին անշարժ պառկեցուցէք անկողինին վրայ, կուրծքին սառոյցով կամ ձիւնով լեցուն պարկ մը դրէք (կարելի է վերցնել գառնուկի փամփուշտ եւ մէջը ջարդած սառոյց լեցնել), գլուխն ու կուրծքը բարձրացուցէք եւ գլուխին տակ բարձեր դրէք: Եթէ այն ատեն ալ արիւնը չդադրի, պէտք է ոտքերն ու թեւերը ամուր կապել (ծունկերէն եւ արմունկներէն վեր), որպէսզի արիւնը կանգնի եւ թոքերուն մէջի արիւնը պակսի: Կարելի է թաշկինակներով կապել, բայց պէտք է շատ պինդ սեղմել: 6-6.5 ժամ ետք միայն կարելի է կապանքները վերցնել:

Ջերմութեան եւ քրտինքի դէմ պէտք է խինա տալ, եւ առաւօտ ու երեկոյ պաղ ջուրով շփումներ ընել մարմինին:

Թ.

ԹՈՔԱԽՏԸ ԲՈՒԺԵԼԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ Է

Երբ իմանանք, որ ձեր կամ ձեր որդիին հիւանդութիւնը թոքախտ է, մի՛ յուսահատիք, իմացէ՛ք, որ կրնաք բժշկուիլ, եթէ ժամանակին բժիշկի դիմէք եւ անոր խորհուրդով ապրիք: Միայն իմանաք, որ հիւանդութիւնը ձեր մէջ մտած է, անմիջապէս ձեր բոլոր պարապմուքները ձգեցէք եւ մի քանի ամիսով գացէք սարերը լաւ օդի մէջ անհոգ ապրելու եւ լաւ սնունդ առնելու:

Ժ.

ԹՈՔԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ ԿՐՆԱ՞Ն ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼ, ԹԷ՞ ՈՉ

Թոքախտ ունեցողը իրաւունք չունի ամուսնանալու, որովհետեւ նախ ան ինքզինք կը վնասէ, եւ երկրորդ՝ իր կնոջն ու ապագայ երեխաներուն: Ինքզինք կը վնասէ անով, որ ընտենական կեանքը կը թուլցնէ զինք, հոգերով անդադար անհանգիստ կ՚ըլլայ, եւ այլն: Իսկ կինը կրնայ վարակուիլ անկէ եւ երեխաներ ծնիլ:

Սարսափելի է թոքախտաւորին ընտանիքին դրութիւնը. հայրը զբաղումներէն-գործէն ինկած, նիհարցած-կմախք դարձած, անդադար հազալով ու թքելով, անկիւնի մը մէջ ինկած կը սպասէ մահուան, որ զինք այդ տանջանքներէն պիտի փրկէ: Մայրը, յուսահատ, արդէն վարակուած, իր աշխատանքով տունը կը պահէ. ան հազիւ քրտինքով կտոր մը հաց կը ճարէ իր երեխաներուն կերակրելու համար: Իսկ երեխաները… նիհար, գունատ, փոքրահասակ, թեւերն ու ոտքերը տկարցած եւ չոփ դարձած. մէկը արդէն թոքախտ ստացած, միւսը անընդհատ վիզի գեղձերու խոցերէն կամ աչքացաւէն կը տանջուի, իսկ երրորդը ծունկը, արմունկը կամ ազդրը ուռած, բորբոքած, որովհետեւ ոսկորներուն մէջ ինկած է ախտը եւ կերած է, խոցեր գոյացուցած, բորբոքած…, ո՞ր մէկը ըսենք: Երբեմն ամբողջ ընտանիքներ յաւիտենական տանջանքի կամ վաղաժամ մահուան մատնուած են, եւ այս բոլորը մէկու մը (հօր կամ մօր) մեղքով…1:

Թոքախտաւորը հետեւեալ պատճառներով պէտք չէ ամուսնանայ.

1. Պսակուած մարդը դէպի իր կինն ու զաւակները մեծ պարտաւորութիւններ ունի. հազար ու մէկ հոգերով լեցուն է անոր սիրտը. իր ընտանիքը կերակրելու համար ան ստիպուած է աւելի աշխատելու, աւելի յոգնելու, հազար ու մէկ վիշտեր տանելու. այս ամէնը, անշուշտ, ուժասպառ կ՚ընեն զինք եւ հիւանդութիւնը կը սաստկացնեն:

Բարակացաւոտ աղջիկն ալ պէտք չէ մարդու երթայ, որովհետեւ այս բոլոր հոգերուն վրայ յղիութեան եւ ծծմայրութեան ծանրութիւնը կ՚աւելնայ, որոնք սաստիկ ուժասպառ կ՚ընեն հիւանդը եւ կ՚արագացնեն մահը:

2. Մենք արդէն գիտենք, որ եթէ ամուսիններէն մէկը թոքախտ ունի, միւսն ալ կը վարակուի անկէ: Ահաւասիկ ծաղկափթիթ մատաղահաս աղջիկ մը, վառվառուն թուշերով, թարմ, գեղեցիկ կազմուածքով: Զայն կ՚ամուսնացնեն թոքախատաւորի մը հետ եւ մի քանի ամիսէն կամ տարին խեղճ կինն ալ կը սկսի հալիլ-մաշիլ, կը կորսնցնէ իր թարմութիւնն ու եռանդը, կը գունատի եւ կը տկարանայ. ան վարակուած է:

Ո՞վ չէ տեսած այսպիսի զոհեր եւ հոգիով չէ՛ խղճացած անոնց:

Նոյնիսկ եթէ կինը չէ վարակուած եւ հրաշքով մը առողջ մնացած է, դարձեալ դառն ու անմխիթար է անոր կեանքը:

Թոքախտոտ ամուինը կամաց-կամաց իր ուժերը կը կորսնցնէ, անկարող կը դառնայ առաջուան պէս աշխատելու՝ ընտանիք պահելու համար, ապա անկողին կ՚իյնայ եւ անօթի կը ձգէ կինն ու զաւակները: Այդ ատեն կնոջ համար տանջալից կեանք մը կը սկսի: Մէկ կողմէ այն անասելի վիշտը, որ իր ամուսինին սոսկալի հիւանդութիւնը եւ սպասուող մօտակայ մահը կը պատճառէ, միւս կողմէ երեխաներուն դառն դրութիւնը եւ չքաւորութեան ծանրութիւնը. այս բոլորը խեղճին կեանքը դժոխք կը դարձնեն:

3. Թոքախտ ունեցողը պէտք չէ (նոյնիսկ կ՚ըսենք, թէ իրաւունք ալ չունի) ամուսնանայ, եւ այն պատճառով, որ ինչպէս ըսած ենք, այսպիսի ամուսնութիւններէն յաճախ հիւանդոտ, թուլակազմ եւ թոքախտաւոր զաւակներ կը ծնին, որոնք երկար չեն ապրիր, իսկ եթէ ապրին ալ, վա՜յ այդ ապրելուն:

Ըսածներէս պարզ է, որ բարակացաւ ունեցողներուն համար ուղղակի մեղք է ամուսնանալը, որովհետեւ այդ ամուսնութենէն կ՚անբախտանայ ո՛չ միայն ինք՝ հիւանդը, այլ՝ անոր անմեղ կինն ու ապագայ սերունդը:

Սակայն, թոքախտ ունեցողը պէտք չէ յուսահատի, որովհետեւ թոքախտը բուժելի հիւանդութիւն է; Թո՛ղ բժշկուի եւ բժիշկի խորհուրդով կեանք ապրի եւ ան կրնայ առողջանալ. այդ ատեն բժիշկը զայն պսակուելու կու տայ: Բայց առանց բժիշկի արտօնութեան բարակացաւ ունեցողը, թէեւ ալ առողջացած ըլլայ, երբեք իր կեանքը ուրիշի մը հետ պէտք չէ կապէ։

Իսկ ի՛նչ կը վերաբերի թոքախտաւորներու զաւակներուն, անոնք պէտք է մինչեւ 20-30 տարեկան հասակը սպասեն, եւ եթէ մինչեւ այդ ժամանակը առողջ մնացած են, կրնան ամուսնանալ, որովհետեւ ժառանգական բարակացաւի ժամանակը արդէն անցած կ՚ըլլայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5 եւ վերջ

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս, իմ՝ «Ամուսնութիւն» գիրքը, որու մէջ մանրամասն կը խօսիմ թոքախտի ժառանգականութեան մասին:

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2022