ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Ամէն բառ նշանակութիւն ունի եւ ամէն անձ տուեալ բառին հասկացողութիւնը: Կ՚ըսենք սփիւռքահայութիւն. միթէ՞ ան մէկ ամբողջութիւն է, որու անունով կը խօսուի. եթէ այդպէս է, ո՞ւր է իր հաւատոյ հանգանակը, օրինակարգը, որ հասկնալի ըլլայ ամէնուն՝ իր նպատակը, հեռանկարները եւ առ այդ՝ պարտաւորութիւնները:
Ի՞նչ է հայրենասիրութեան չափանիշը. ո՞վ կ՚որոշէ. կարելի՞ է զայն սահմանափակել միայն մէկ արարքով. հայրենասիրութիւնը մէ՞կ ճակատ ունի: Հայրենիքը ամբողջութիւն մըն է ու անոր զաւակները՝ լրացուցիչը հայրենիքը բաղադրող տուեալներու: Հայրենիքը ունի պետութիւն եւ պետութիւնը իր կարգին նախարարներ, երեսփոխաններ եւ այլն, ու ի հարկէ՝ բանակ:
Եթէ ամէն ոք իր պարտականութիւնը խղճմտանքով կատարէ, այդ է միակ եւ անգին գնահատականը, հայրենասիրութիւնը:
Եթէ հողագործը փայտահատութիւն ընէ, ի հարկէ անպայման պիտի վնասէ ինքզինք, կամ ալ կառապանը՝ հողամշակ դառնայ եւ այլն…։
Տամ քարոզիչի մը մէկ պատմածը.- Երկիրը պարտուեցաւ քանի որ բանակը ջախջախուեցաւ, որուն պատճառն ալ հրամանատարին վիժումն էր՝ ձիուն մէկ սմբակին պայտին լաւ չհաստատուելուն պատճառաւ: Օրինակ մը, որ գուցէ իրական կեանքէ չէ, բայց՝ պատգամաբեր: Իրարմով ենք, եւ որեւէ թերութիւն կրնայ ճակատագրական ըլլալ: Մեր դժբախտութեան գլխաւոր պատճառը համադրութեան պակասն է ի հարկէ: Կայ հատուածականութիւնը, որ տակաւին բռունցքուելու կը սպասէ -յիշենք Սիլվա Կապուտիկեանը. «Փշրուեցինք աստղերի պէս ու ցրուեցինք աշխարհում»- ու ամէն մէկ բեկոր առանձին ամբողջութիւն մըն է ինք իր մէջ...։ Ֆոլքլոր է մէկ հայութիւնը: Այս է տխո՛ւր եւ տակաւին անուղղելին: Այնպէս որ Սփիւռքը մէկ հասարակ յայտարարի տակ չունենալով, կարելի չէ խօսիլ Սփիւռքի անունով:
Այս ամէնով կարելի՞ է ըսել, որ սփիւռքահայուն մէջ մարած է հայրենասիրութիւնը: Ի հարկէ ոչ, թէեւ ամէն ոք ունի ի՛ր տեսակէտը եւ գործնական ներդրումը հայրենասիրական ճամբուն վրայ: Ճի՞շդ է ըսել, թէ սփիւռքահայը եթէ զօրակոչիկ դառնալով չի սուրար Արցախ՝ հայրենասէր չէ, կամ ալ արժանի չէ հայաստանեան քաղաքացիութիւն ստանալու...։
Գրուած է. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը» («Առակաց»): Միթէ՞ դիւրին է զօրակոչիկ ըլլալ կախարդական բառով մը կամ հայրենասիրական կայծով մը, բան մը, որ կը պահանջէ երկար ու տքնաջան աշխատանք. տարիներու պատրաստուածութիւն ոչ միայն հոգեպէս, այլ՝ ֆիզիքապէս ու զանազան ռազմական մասնագիտութիւններու տիրապետելով:
Վերջապէս կեանքը իրարմով պայմանաւորուած ազդակներէ կազմուած է. ամէն ոք ունի իր իւրայատկութիւնն ու ներդրումը:
Կայ ասոյթ մը որ պիտի տամ հայերէնով.
«Ոմանց աղօթքը
Ոմանց լուման»:
Ամբողջութեան մէկ պատկերը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ
Հարթակ
- 12/02/2024