ՄԻ՛ ԾԽԵՐ
Չորս յաջորդական գրութիւններով մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնեցինք բժիշկ Վահան Արծրունիի «Մի՛ խմեր» գրքոյկը: Այս եւ յաջորդող մի քանի գրութիւններով այս անգամ ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք նոյն հեղինակէն մէկ այլ աշխատութիւն, որ կը կրէ՝ «Մի՛ ծխեր» վերնագիրը:
Գրկոյքին սկիզբը, բժիշկ Արծրունի հետեւեալը գրած է.
Ես ալ ծխող եղած եմ. ես ալ ձեւով մը սնապարծութիւն զգացած եմ «սատանային բուրվառ»ը ծխած ժամանակ:
Բայց օր մը, երբ ուզեցի ես ինծի հաշիւ տալ, ըրածիս իմաստը հասկնալ, երբ շարք մը հարցումներ դրի դիմացս եւ ո՛չ մէկուն բաւարար պատասխան գտայ, երբ ուղեղիս մէջ փնտռեցի գոնէ մէ՛կ դրդիչ, մէ՛կ հոգեկան կամ բարոյական հիմունք, որ կրնար արդարացնել ծխելուս մոլորութիւնը, ու ո՛չինչ գտայ, այն ատեն ես ապշած ու ընկճուած մնացի արարքիս դիմաց եւ զգացի, որ այսքան տարի անիմաստ գործ կատարած եմ՝ ի վնաս առողջութեանս, ի վնաս գրպանիս:
Սխալս հասկցայ, որ մոլորութեան հասած էր, եւ ծխելը ձգեցի:
Ընթերցողն ալ, երբ իր գլանակը ձեռքը կ՚առնէ, լրջօրէն այս հարցումը թող տայ ինքն իրեն.
-Այս ի՞նչ կ՚ընեմ, ինչո՞ւ համար կ՚ընեմ:
Եւ ես համոզուած եմ, որ ան այդ գլանակը չի՛ վառեր:
Վ. Արծրունի
Սեպտ. 1902
ՄԻ՛ ԾԽԵՐ
1
ԾԽԱԽՈՏԸ ԹՈՒՆԱՒՈՐ ԲՈՅՍ Է
Ընթերցողը, եթէ ծխող է, թող մտաբերէ, թէ ի՛նչ զգացած էր առաջին գլանակը (ծխախոտը) ծխած ժամանակ:
Անտարակոյս, ան առաջին կումէն հազացած է, անոր սիրտը խառնուած է, թերեւս նոյնիսկ փսխած է. աւելի ուշ գլխացաւ եւ գլխապտոյտ զգացած է. անդամներուն մէջ թուլութիւն զգացած է, քալուածքը երերուն դարձած է եւ տեսակ մը քնէածութեան մէջ ինկած է:
Առաջին անգամ ծխողին վրայ ա՛յս է մօտաւորապէս ծխախոտին ազդեցութիւնը:
Եթէ այս բոլորէն ետք պատանին ծխախոտը մէկ կողմ չնետէ, այն ատեն այդ բոլոր երեւոյթները աւելի եւս կը սաստկանան, մէջքը կը սկսի կոտրատուիլ, աչքերը կը մթնին, ականջները կը խշշան եւ սրտնղութիւնը վրայ կու գայ, սիրտի սաստիկ բաբախում, շնչարգելութիւն, մինչեւ իսկ ուշագնացութիւն, եւ նոյնիսկ՝ մահ:
Ինչո՞ւ պատահեցաւ, ատիկա ի՞նչ էր, որ խեղճ պատանիին այդ դրութեան հասցուց:
Այն որ ան թունաւորուեցաւ:
-Ինչպէ՞ս թէ թունաւորուեցաւ, ընթերցողը զարմացած կը բացագանչէ-, հապա ինչպէ՞ս մարդիկ 20-30 տարի կը ծխեն եւ չեն թունաւորուիր, ողջ կը մնան:
Ասոր մենք հետեւեալը կը պատասխանենք.
-Թունաւորութիւնը, ինչ թոյնով ալ ըլլայ, երկու տեսակ կ՚ըլլայ. արագընթաց կամ սրընթաց եւ երկարատեւ: Սրընթաց թունաւորութիւնը այն է, որ մարդ մէկ անգամէն շատ թոյն կ՚ընդունի եւ անոր մարմինը յանկարծ այդ թոյնով կը լեցուի. այսպիսի դրութեան մէջ մարդ կրնայ յանկարծ՝ մի քանի ժամէ կամ մի քանի վայրկեանէ մեռնիլ: Այն ինչ՝ երկարատեւ թունաւորութիւնը, կամաց-կամաց, աննկատելի կերպով առաջ կու գայ, երբ մարդ քիչ-քիչ, կաթիլ-կաթիլ կ՚ընդունի թոյնը: Այս ձեւով թունաւորուողը անշուշտ որ չի՛ մեռնիր, սակայն անոր մարմինը ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին թոյնով կը խոխոմուի ու կը հիւանդանայ:
Լաւ հասկնալու համար արբեցողին օրինակը վերցնենք:
Երբ մարդ մը մէկ կամ երկու ժամուան ընթացքին մեծ քանակութեամբ գինի-արաղ կը խմէ, ան կը գինովնայ, այսինքն՝ սրընթաց թունաւորութեան մէջ կ՚իյնայ: Բայց երբ ան տարիներու ընթացքին ոգելից խմիչքներ կը գործածէ աւելի քիչ չափով, անոր կազմուածը սպիրտը իր մէջ կամաց-կամաց կը ծծէ, կը թունաւորուի եւ կը հիւանդանայ: Ատիկա երկարատեւ թունաւորութիւնն է1:
Ծխախոտն ալ նոյն ձեւով կ՚ազդէ:
Սկիզբը, երբ դեռ ծխախոտին չենք վարժուած, թունաւորութիւնը սուր կերպարանք կը ստանայ, բայց մենք չենք խրատուիր, կը շարունակենք ծխել, ու թէեւ ատկէ ետք այլեւս մեր սիրտը չի խառնուիր, այլեւս չենք ուշաթափիր, այլեւս մեր գլուխները այնպէս զօրաւոր չեն ցաւիր, սակայն եւ այնպէս մենք մեղմ կերպով, ամէն օր, ամէն ժամ իւրաքանչիւր ծուխի կումի հետ այդ թոյնէն մասնիկ մը ներս կը ծծենք:
Եւ երբ որ մենք այս բաները մեզի դիմողներուն կը բացատրենք, երբ կ՚ըսենք, թէ ծխախոտը թոյն է եւ ան կամաց-կամաց, գաղտագողի իր գործը կը տեսնէ, միշտ այսպիսի տխմար առարկութիւն կը լսենք.
-Է՜հ, բժիշկ ջան, ո՞վ մեռած է ծխելէն, որ ես մեռնիմ: Ա՛յ, տե՛ս Կիրակոսը, Մարտիրոսը, 50 տարի է ինչ որ իրենց կոկորդները վառարանի ծխնելոյզ ըրած են եւ առողջ ման կու գան:
Այսպիսի անմիտ, երեխայական պատասխաններ ամէն անգամ հին ծխողներէն կը լսենք. նոյնը կը պատասխանեն եւ հին գինեմոլները: Անոնք կը կարծեն, որ եթէ մէկ-երկու մարդ որոնք շատ ծխած ու խմած են եւ երկար ապրած, պրծա՜նք, բժշկական գիտութեան ըսածները ջրուեցան եւ մենք բժշիկներս ալ ոչինչ կը հասկնանք:
Բայց չէ՞ որ բժիշկները երկար տարիներու ընթացքին քննած-զննած են մարդուս կազմուածը, հազարաւոր հիւանդներ բժշկած են, հազար տեսակ ցաւ ու տարտ տեսած են. ճգնած են, քրտնած, գիտութիւն ձեռք բերած են, եւ ճի՛շդ այդ գիտութիւնն է, որ այսօր կ՚ըսէ.
Ծխախոտը թոյն է:
2
ԾԽԱԽՈՏԻՆ ՄԷՋԻ ԹՈՅՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ծխախոտը լաւ զննելով, գիտնականները անոր մէջ գտած են ո՛չ թէ մէկ, այլ շատ, տասնէն աւելի թունաւոր նիւթեր, որոնցմէ ամենէն զօրաւորը նիքոթին կոչուածն է:
Գիտնականները ծխախոտին մէջէն հանած են այդ նիւթը եւ անով կենդանիներուն վրայ զանազան փորձեր ըրած են:
Այդ փորձերէն պարզուած է, որ նիքոթինը աշխարհիս մէջ եղած ամենէն թունդ թոյներէն մէկն է:
Տեսէ՛ք, ի՛նչքան զօրաւոր է այդ թոյնը, որ անոր մէկ կաթիլը (նոյնիսկ կէս կաթիլը) շունը կը սատկեցնէ: Մանր կենդանիները թունաւորելու համար բաւարար է մէկ կաթիլի քառասուներորդ մասը (որ ըսել է, թէ մէկ կաթիլով կարելի է 40 մանր կենդանիներ սպաննել): Ձի մը կամ եզ մը սատկեցնելու համար բաւարար է, որ անոնց արիւնին մէջ երկու կաթիլ նիքոթին իյնայ:
Այսքանը տակաւին ոչինչ. եթէ շիշ մը ջուրի մէջ կաթիլ մը նիքոթին կաթեցնենք եւ այնտեղ մանր ձուկեր ու գորտեր նետենք, անոնք մի քանի վայրկեան ետք կը սատկին:
Զանազան տեսակի թութունները տարբեր քանակութեամբ նիքոթին կը պարունակեն իրենց մէջ, բայց միջին թիւով 100-էն 3-4-ը նիքոթին է: Այդ կը նշանակէ, որ 100 մսխալ2 թութունի մէջ երեք-չորս մսխալ նիքոթին կայ:
Ի՜նչ սարսափելի բան:
Մենք յետոյ կը տեսնենք, որ մարդ միջին թիւով տարին ամենէն քիչը կէս փթէն մինչեւ մէկ փութ3 ծախախոտ կը ծխէ: Ուրեմն ան ի՜նչքան թոյն ներս կը տանի:
Աստուած երեսին կը նայի, որ այդ թոյնին մեծ մասը կ՚այրուի, ծուխին հետ կը կորսուի, կամ ղայլանի [նարկիլէի] ջուրին մէջ կը հալի, կամ ալ ծխաքարշի (չիպուխի) խողովակի պատերուն կը կպնի եւ չնչին մասը միայն ծուխին հետ ծխողին թոքերը կը մտնէ:
Բայց այդ չնչին մասն ալ բաւարար է, որ մարդ թունաւորուի:
Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Ջուրը կաթիլ-կաթիլ քար կը ծակէ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ
1 Տե՛ս իմ «Մի՛ խմեր» գրքոյկը:
2 Ծանրութեան չափ մը, որ հաւասար էր մէկ դահեկանի կամ մէկ տինար, կամ մէկ եղջիւրի 24 կորիզի (Վ. Ք.):
3 Ծանրութեան ռուսական հին չափ մը: Մէկ փութը հաւասար է 16 քիլօ 380 կրամի (Վ. Ք.):