ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ

-Անակնկալ մը ունինք ձեռնարկին աւարտին:

«Անակնկալ» բառը շատ կը սիրեն պզտիկները եւ հակառակ անոր որ ձեռնարկը կը վերաբերի Ամանորին, որմէ պէտք էր ենթադրէին անակնկալը, ոմանք՝ քիչ մը մեծերը, թերեւս ենթադրեցին ալ, բայց «անակնկալ» բառին կախարդանքը չուզեցին կորսնցնել, սպասեցին աւարտին:

Բառին զօրութիւնը սկսաւ ներգործել իւրաքանչիւր մասնակիցի մէջ: «Անակնկալ»ին համար ամէն ինչ ներկայացուցին լաւագոյն կերպով, ջանքը նկատելի էր, իսկ ներկայացուած իւրաքանչիւր հատուածէ ետք՝ ծափահարութիւնները աւելի կ՚աշխուժացնէին մասնակիցները եւ յայտագիրին յաջորդ հատուածը նախորդէն աւելի կատարեալ կը ներկայանար: Այս ալ քաջալերանքին կախարդանքն է:

Պարեցին, երգեցին, իրենց պատրաստած ներկայացումը ցուցադրեցին մանուկները ծնողներուն: Հրճուանքը, խինդն ու ծիծաղը տեսանելի էր բոլորին դէմքերէն՝ մեծ կամ փոքր:

Պահ մը կեցաւ աղջնակ մը բեմին վրայ, մոռցաւ պահ մը իր դերը, երբ տեսաւ մօր ժպտուն դէմքը, իրեն հետեւող ուրախ աչքերը, ապա ինքզինք ժողվեց եւ ազատ արձակեց մտքին դռան սեմին կեցած բառերը: Ուրիշ մը, բեմին ազդեցութեան տակ, սորվածէն տարբեր, նոր բառեր ստեղծեց իր դերին մէջ: Այլ մը, ամենափոքրը, որ թատրոնին մէջ եւս ամենափոքրին դերը ունէր, շուարեցաւ, հանդիսատեսները նկատեցին, ծափահարեցին, եւ ան յիշեց եւ աւելի ինքնավստահ սկսաւ խօսիլ:

Բոլորին աչուկներուն փայլքը, ժպիտը լեցուց փոքր սրահը ձեռնարկին, երբ բոլորիս ծանօթ Կաղանդ պապուկը եկաւ, օրուան «անակնկալը»: Կաղանդ պապուկը խօսեցուց իւրաքանչիւրին, խօսեցան, երգեցին, արտասանեցին, որպէսզի նուէր ստանան՝ կարծես աւանդաբար պարտադիր աշխատանք մը, վարձատրութենէն առաջ կատարուած: Կեանքի համար շատ անհրաժեշտ դաս մը:

Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին եւ հրաժեշտի պահուն հնչեցին շնորհակալական խօսքեր, երեւեցան փաթթուկներ, բայց մանուկներէն ոչ ոք նուէրը բացաւ. կարմիրով, կանաչով, տօնական արդուզարդով նուէրին թուղթը մնաց փաթթուածին պէս: Յագեցած էին մանուկները, ներկայացուցած իրենց գիտցածը, ստացած՝ ակնկալածը: Գիտցածն ու ակնկալածը նիւթեղէն չէին նուէրին պէս:

Հրաժեշտի պահուն ծնող մը ըսաւ.

-Երեւակայեցէք որքա՜ն գաղտնի պահեցին ձեռնարկին բոլոր մանրամասնութիւնները, նոյնիսկ ուտելիքներուն մասին ոչ մէկ բառ ըսին, բայց յաճախ երկու եղբար կը փսփսային իրարու, այն ատեն կը զգայինք որ ձեռնարկին մասին կը խորհրդակցին:

-Մանուկները թերեւս ձեզի համար անակնկալ պատրաստել ուզեցին: Հաճելի չէ՞ր,- լսուեցաւ պատասխանը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022