ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները. վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)
ՄԱՍ ԵՐԿՐՈՐԴ
ԺԵ.
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԿՌՈՒԻԼ ՎԱՐԱԿՄԱՆ ԴԷՄ
Ի՞նչ պէտք է ընել վարակիչ հիւանդութիւններուն դէմ. ինչպէ՞ս պէտք է մենք մեզ եւ մեր ընտանիքը պահենք վարակումէն եւ ինչպէ՞ս պէտք է խնամենք հիւանդը:
Ինչպէ՞ս կռուինք թշնամիի մը դէմ, որուն չենք տեսներ: Եթէ ատիկա գայլ ըլլար, կրնայինք մեր դռներն ու պատուհանները փակել, որպէսզի ներս չմտնէ, կամ զէնք բռնած թաքստոց մտնել: Իսկ ի՞նչ ընենք պաքթերիաներուն դէմ:
Անոնք օդը, ջուրն ու հողը լեցուցած են, մեր կերածին ու խմածին մէջ կը վխտան, մեր հագուստին մէջ եւ կաշիին վրայ բոյն դրած են, եւ ամէն վայրկեան կ՚աշխատին մեր մարմինին խորքերը մտնել ու սպաննել մեզ: Այլեւս ինչպէ՞ս ազատուինք անոնցմէ: Եւ միթէ՞ կարելի է:
Այո՛, եւ գիտութիւնը կը սորվեցնէ մեզի, թէ ինչպէս:
Պաքթերիաներուն հետ երեք միջոցներով կարելի է կռուիլ.
Առաջին.- Պէտք չէ ձգենք, որ անոնք մօտենան մեզի:
Երկրորդ.- Պէտք է աշխատիլ ոչնչացնել զանոնք այն վայրերուն մէջ, ուր գիտութեան ցուցմունքով անոնք պէտք է որ ըլլան (հիւանդին չորս կողմը եւ անոր իրերուն վրայ, ջուրին մէջ, եւ այլն):
Երրորդ.- Կազդուրել մեր մարմինը, որպէսզի զօրանան նաեւ միքրոպ ուտող սպիտակ գնդիկները եւ դիւրութեամբ ոչնչացնեն այդ հիւանդաբեր մանրիկները, որոնք կը յաջողին ներս մտնել:
Մենք մէկ առ մէկ կ՚ուսումնասիրենք այս երեք միջոցներն ալ:
Վարակիչ հիւանդութիւններուն դէմը առնելու համար կառավարութիւնն ու քաղաքները միջոցներ ի գործ կը դնեն:
Բայց այդ միջոցները բաւական չեն. իւրաքանչիւր հասկացող մարդ ինքն ալ պէտք է ինքն իրեն պաշտպանէ, այլապէս միայն կառավարութեան վրայ յոյս դնել եւ ձեռքերը ծալած-նստիլը թէ՛ մեղք է եւ թէ յիմարութիւն:
Նախ տեսնենք, թէ կառավարութիւնն ու քաղաքային վարչութիւնները ի՞նչ կ՚ընեն վարակիչ հիւանդութիւններուն դէմը առնելու համար, ապա կ՚ըսենք, թէ ժողովուրդը ի՞նչ պէտք է ընէ:
ԺԶ.
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՆԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Վարակիչ հիւանդութիւններուն մէջ երկու բան կայ, որոնք սարսափ կը մտցնեն ժողովուրդին մէջ, երբ երկրի մը մէջ կ՚երեւին: Ատոնք խոլերիան ու ժանտախտն1 են (չուման):
Այս ցաւերը սարսափելի արագութեամբ երկրէ երկիր կը տարածուին, այդ պատճառով ալ տարափոխիկ կը կոչուին:
Այս հիւանդութիւնները կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին մեծ քանակութեամբ զոհեր կը տանին. այլ խօսքով, ասոնք համաճարակ հիւանդութիւններ են: Հետեւաբար, խոլերիան եւ ժանտախտը տարափոխիկ եւ համաճարակ ցաւեր են:
Այս հիւանդութիւններուն ի յայտ գալուն պէս, կառավարութիւնը խիստ միջոցներ ի գործ կը դնէ, որպէսզի հիւանդութիւնը երկրէ երկիր չտարածուի, այլ՝ տեղն ու տեղը խեղդուի եւ ոչնչանայ:
Այդ նպատակով տուեալ կառավարութիւնը ի գործ կը դնէ հետեւեալ միջոցները.
1. Արգելափակում (quarantine-Lock-down) կամ քառասնեակ եւ շղթայ (քորտոն) վարակուած տեղէ եկողներուն համար:
Եթէ դրացի տէրութեան մէջ (օրինակ՝ Պարսկաստանի կամ Տաճկաստանի մէջ) ժանտախտ կամ խոլերիա կայ, տէրութիւնը այդ տեղերէն եկողները 10-15 օր կը պահէ սահմանին վրայ՝ առանձին վայրի մը մէջ: Այս մէկը այն նպատակով կը կատարուի, որ եթէ եկողներուն մէջ վարակուած մարդ կայ, այդ ժամանակահատուածին երեւայ: Նոյնպէս հիւանդ երկիրներէ նաւերով եկածներուն թոյլ չեն տար անմիջապէս ափ դուրս գալ, այլ՝ երկու շաբաթ նաւերուն մէջ կը պահեն, մինչեւ որ ամէն կասկած փարատուի:
Ասիկա արգելափակումն է:
Շղթան աւելի խիստ միջոց մըն է: Վարակուած գիւղը, քաղաքը, կամ ամբողջ գաւառը եւ նոյնիսկ նահանգը, զինուորներով կը շրջապատուի, որոնք ճանապարհները կը բռնեն (շղթայ կը կապեն) եւ կը հսկեն, որպէսզի վարակուած տեղէն մարդիկ ուրիշ տեղեր չփախչին եւ հիւանդութիւնը իրենց հետ չտարածեն:
2. Կառավարութիւնը կը ստիպէ, որ հիւանդները հիւանդանոց տանին:
Ի՞նչ բանը կը ստիպէ այդպէս ընել: Կառավարութեան նպատակն է հիւանդը հեռացնել, որպէսզի առողջները անկէ չվարակուին: Ուրեմն, այս բանը մեր օգուտն է:
3. Ախտահանութիւն:
Հիւանդը հիւանդանոց տանելէ ետք, կառավարութիւնը կամ քաղաքային վարչութիւնը կը ստիպէ, որ հիւանդին տունը ախտահանուի, այսինքն՝ վարակէն մաքրուի:
Այդ պատճառով հիւանդին անկողինն ու սպիտակեղէնները ուղղակի կ՚այրեն, իսկ կահ-կարասիքը, յատակը, պատերն ու առաստաղը որեւէ ախտահանող դեղով մը կը մաքրեն:
4. Չորրորդ պահանջը, որ կառավարութիւնը կ՚ընէ, այդ այն է, որ իւրաքանչիւր վարակիչ հիւանդի տէր յայտնէ որուն որ պէտք է, թէ իր տան մէջ հիւանդ կայ: Այս պահանջին նպատակն ալ այն է, որ բժիշկը գայ, հիւանդը բժշկէ եւ ծանր դէպքի պարագային հիւանդանոց տեղափոխէ եւ տունը ախտահանէ:
Ահաւասիկ այս չորս կարեւոր միջոցները ի գործ կը դնէ կառավարութիւնը ժողովուրդը խոլերիայէն եւ ժանտախտէն փրկելու համար: Ժողովուրդն ալ պէտք է հասկնայ, որ այս բոլորը իր օգուտին համար կը կատարուին:
ԺԷ.
Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ, ԵՐԲ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՏՈՒՆԻՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ Է
Երբ անբախտութիւնը պատահած է եւ տունը ցաւ ինկած է, այն ատեն պէտք է աշխատինք առողջներուն փրկել: Պէտք է այնպէս ընենք, որպէսզի միւսները հիւանդէն չվարակուին: Այդ պատճառով պէտք է հիւանդը առողջներէն զատել - առանձնացնել:
Առանձնացնելու ամենէն լաւ ձեւը - հիւանդը հիւանդանոց տանիլն է:
Միայն մէկու մը վրայ վարակման նշաններ երեւնան, պէտք է անմիջապէս բժիշկը հրաւիրել ու անոր խորհուրդին հետեւիլ: Ան կ՚ըսէ, պէտք է հիւանդանոց տանիլ թէ ոչ:
Հիւանդանոցին անունը կու տամ ու կը վախնան: Մեր ժողովուրդը այնքան անհասկացող է, որ մինչեւ հիմա հիւանդանոցէն կը վախնայ: Կը կարծէ, թէ հիւանդանոցին մէջ հիւանդին լաւ չեն նայիր, իսկ կան այնպիսի մարդիկ ալ, որոնք նոյնիսկ կը կարծեն, թէ այնտեղ ծանր հիւանդները կը թունաւորեն:
Վերջին, 1892 թուականին, խոլերիայի ժամանակ աղքատ տունի մը մէջ տղայ մը հիւանդացաւ. ամբողջ գերդաստանը երկու սենեակի մէջ կը տեղաւորուէր, իրար վրայ թափուած: Անմիջապէս պատուիրեցի, որ հիւանդը հիւանդանոց տանին, որպէսզի տունը ախտահանենք եւ միւս բնակիչները փրկենք: Այդ ըսելս ու բոլորը (մանաւանդ պառաւ կիները) սարսափելի վայնասուն բարձրացուցին եւ սկսան անպատիւ խօսքեր ըսել ինծի, թէ ես կ՚ուզեմ իրեց որդին սպաննել: Ոստիկանը վրայ հասաւ, բայց ան ոչինչ կրցաւ ընել եւ հիւանդը յաջորդ առաւօտ մեռաւ:
Թաղման յաջորդող օրը այդ ընտանիքէն եւս երկու հոգի հիւանդացան, յետոյ ուրիշ մըն ալ: Ու բոլորն ալ մեռան:
Սարսափելի տեսարան էր. ամէն օր դագաղ մը կը հանէին այդ տունէն: Մնացած էին հայրը, երկու տղաները, աղջիկ մը եւ փոքրիկ երեխայ մը -առաջին մեռնողին տղան՝ Կիկօն: Անուշիկ, թմփլիկ, ութ տարեկան տղայ մըն էր Կիկօն, կապոյտ աչքերով ու սեւ, գանգուր մազերով: Օր մը եկան եւ իմացուցին ինծի, թէ Կիկօն «լուծ ինկած է եւ անդադար կը փսխէ»: Ես սարսափեցայ, գացի տեսայ, որ խոլերիան կը սկսի: Շատ կը սիրէի այդ երեխան, չկրցայ համբերել: Բոլորը կանչեցի.
-Եթէ Կիկօն անմիջապէս հիւանդանոց չղրկէք, ան մինչեւ առաւօտ չ՚ապրիր:
Պառաւ տատը սկսաւ իր «վո՜ւյ, վո՜ւյ»ը, բայց ես չդիմացայ ու գոռացի անոր վրայ.
-Ա՛յ պառաւ, քու պատճառովդ չորսը թաղեցիք, կ՚ուզես այս երեխա՞ն ալ սպաննել: Այս երեխան այս տան մէջ անպայման որ կը մեռնի, իսկ եթէ հիւանդանոց տանիք, գոնէ յոյս կայ, որ առողջանայ: Եթէ չձգես տանին, այս խեղճ երեխան սպաննողը դո՛ւն կ՚ըլլաս:
Պառաւը լացաւ ու անկիւն մը քաշուեցաւ: Հիւանդը անմիջապէս հիւանդանոց ղրկեցի, տնեցիներն ալ ուրիշ վայր տեղափոխեցի, տունը ախտահանել տուի, իսկ միւս օրը գացի ու յայտնեցի, որ Կիկօն փրկուած է: Տեսնէիք, թէ ի՜նչ կ՚ընէր այդ պառաւը, ինչպէս ոտքերուս ինկած էր ու կ՚օրհնէր զիս: Այսպիսիք դէպքեր շատ պատահած են, բայց այս մէկն ալ բաւական չէ:
Դարձեալ կ՚ըսեմ, որ վարակիչ հիւանդները անմիջապէս հիւանդանոց ղրկեցէք: Ատկէ այն օգուտը կը ստանաք, որ հիւանդին բժշկութիւնը աւելի յաջող կ՚ըլլայ, քան՝ տանը, եւ երկրորդ՝ առողջները կը փրկէք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 7
Վաղարշապատ
1 Բնականաբար ներկայիս այս երկու վարակիչ հիւանդութիւնները չունի՛ն այն սարսափազդու ազդեցութիւնը, որ ունեցած են անցեալին: Բայց վերջին երկու տարիներուն իրադարձութիւնները կը փաստեն, որ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր դար կամ երկու դարը անգամ մը սարսափազդու վարակիչ հիւանդութիւն մը կը յառաջանայ, որ բացի՛ սարսափ ազդելէ մարդոց վրայ, կը խլէ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր, ինչպիսին է ներկայիս՝ թագաժահրի (Covid 19) պարագան: Վարակի անունը կամ տեսակն է միայն, որ կը փոխուի, սակայն ազդեցութիւնը եւ գործած աւերները կը մնան նոյնը, եւ եթէ մարդիկ ուշադրութիւն չդարձնեն եւ գիտութիւնն ալ չկարենայ առաջքը առնել, ապա հետեւանքները կրնան բաւականին ծանր ըլլալ: Այստեղ բժշկապետ Արծրունիի տուած բացատրութիւններն ու առաջ բերած առաջարկները ճի՛շդ է, որ մեր ապրած ժամանակաշրջանէն աւելի քան 100 տարիներ առաջ գրուած են, սակայն այժմէական են եւ շատ կարեւոր [Վ. Ք.]: