ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ուրախալի երեւոյթ է, որ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, զանազան ասպարէզներու մէջ հայեր միջազգային մակարդակով յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն: Նորարարութիւններու հետ քայլ պահելը, անոնցմէ քայլ մը առջեւ անցնիլն ալ կենսական է մեր ընդհանուր պայքարին մէջ: Բացի հայկականէն՝ նոյնպէս կը ներկայացնենք փորձագիտական միջազգային նորութիւններ՝ քաղելով Հայթեք, Ֆիւչըր, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Պի.Պի.Սի.» եւ Ուինտոզլէյթեստ կայքերէն:
*
ՀԱՅ ՓՈՐՁԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿԱԾ 3ՏԻ ԱԿՆՈՑԸ ԱՒԵԼԻ ՅԱՌԱՋԱԴԷՄ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԵՂԱԾՆԵՐԷՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր փորձագիտութիւններու ճարտարարուեստի նախարարութեան կողմէ իրականացուող քորոնաժահրի տնտեսական հետեւանքներու չէզոքացման 17-րդ միջոցառման ծիրերուն մէջ նորարական գաղափարներու պակաս չկայ:
Հայ գիտնականներու նոր սերունդը իր գաղափարներով եւ արտադրական լուծումներով բազմաթիւ հետաքրքրական ծրագիրներ կը ներկայացնէ:
Յաջող ընկերութիւններու դրամաշնորհի յաղթող նախագիծներու շարքին է «10Էքս ինճինըրինկ»ը (10X Engineering): Գործածելով «Վի.Ար.» փորձագիտութիւնը՝ ընկերութեան մասնագէտներու խումբը մշակած է եռաչափ 3Տի ակնոց մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ մարդու տեսողական եւ լսողական զգայարանքները տեղափոխել դէպի առցանց աշխարհ, որուն շնորհիւ բժշկական հետազօտութիւններու կամ ճնշուածային այլ իրավիճակներու մէջ կը նուազեցնէ ցաւն ու ճնշումի աստիճանը:
Գաղափարի հեղինակը ընկերութեան ղեկավար Դաւիթ Զարգարեանն է: Ան կ՚ըսէ.
«Որեւէ գաղափար կը ծնի, երբ կ՚առընչուիս խնդիրին: Այս նախագիծն ալ իմ անձնական խնդիրիս արդիւնքն է, երբ երեխայիս մօտ յառաջացած էր վախ՝ բժիշկին եւ սրսկումներու նկատմամբ»:
Նման սարքեր աշխարհի մէջ արդէն կան, սակայն հայկական տարբերակը քանի մը քայլ յառաջ է եղածներէն, որովհետեւ հայ փորձագէտներու մշակածին մէջ նոյնպէս նկատի կ՚առնուին իւրաքանչիւր մարդու անհատականութիւնը՝ ազգութիւնը, տարիքը, նախասիրութիւնները, զանազան երեւոյթներու նկատմամբ ընկալումը, ճաշակը, այլ յատկութիւններ:
17-րդ ծրագիրի ծիրին մէջ ընկերութեան առաջնահերթ նպատակը գիտահետազօտական լուրջ աշխատանքի իրականացումն է:
Սարքին ներդրումը՝ առաջին ստուգումը, կը նախատեսուի վեց ամիս ետք, «Ուիկմոր քլինիք»ի մէջ:
Ստուգումին արդիւնքը յաջող անցնելէ ետք ընկերութիւնը Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններուն սարքերը կը տրամադէ անվճար: Հայաստանի սահմաններէն դուրս արտօնագիրի տրամադրման արժէքը շուրջ 1000 եւրօ կ՚ըլլայ:
Ստացած դրամաշնորհով փորձագէտ-գիտնականները նոյնպէս կը նախատեսեն աշխարհի լաւագոյն գիտական ամսագիրներէն մէկուն մէջ հրապարակել յօդուած մը՝ գիտականօրէն ապացուցելով, որ մշակուած այս օրինակը ամենէն արդիւնաւէտն է աշխարհի մէջ արդէն եղած նման արտադրութիւններէն:
Քորոնաժահրի տնտեսական հետեւանքներու չէզոքացման 17-րդ միջոցառման ծրագիրի ծիրին մէջ յաղթող 61 կազմակերպութիւններու հետ արդէն կնքուած են պայմանագիրներ, եւ դրամաշնորհային միջոցները փոխանցուած են կազմակերպութիւններու հաշիւներուն: Ընկերութիւնը Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններուն անվճար կը տրամադրէ սարքերը:
ԹՈՒԻԹԸՐ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԻԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ
Ժամանակն է մտածել, թէ Թուիթըրը պէ՞տք է արդեօք շարունակէ բացառութիւններ ընել աշխարհի առաջնորդներու հակասական արձանագրութիւններուն համար: Այս մասին յայտարարեց Բրիտանիոյ մէջ Թուիթըրի քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Քեթի Մինշալ՝ խօսք առնելով Լորտերու պալատի հաղորդակցութեան եւ թուային փորձագիտութիւններու յանձնաժողովին մէջ:
Թուիթըր քաղաքական գործիչներու եւ պետական պաշտօնատարներու նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը ներկայիս կ՚ենթարկէ վերատեսութեան, որ թոյլ կու տայ որոշ բովանդակութեան, որ կը խախտէ կանոնները, մնալ հարթակին մէջ՝ նախազգուշական արձանագրութիւններով:
Ընկերութիւնը կը պնդէ, որ այսպիսի մօտեցումը կը բխի հասարակութեան շահերէն՝ թոյլ տալով մարդոց ուշադիր ուսումնասիրել, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն համաշխարհային առաջնորդները: Բայց մարտին սկսած են հանրային խորհրդակցութիւններ, որպէզի որոշեն՝ կ՚արժէ՞ արդեօք ապագային նման բացառութիւններ ընել:
Հարցում մը կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին ընդմիշտ արգիլուած է մուտք գործել հարթակ՝ յունուարին Քափիթոլիումի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններէն ետք, իսկ Իրանի հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Այէթուլլահ Ալի Խամենէյի հաշիւները մնացած են Իսրայէլի հասցէին՝ անոր կողմէ բազմաթիւ սպառնալիքներէն ետք: Մասնաւորապէս անցեալ տարուան յունուարին Խամանէյ Թուիթըրի մէջ գրած էր. «Սիոնական վարչակարգը քաղցկեղային ուռուցք եւ վնաս է այս շրջանին համար: Անիկա անկասկած արմատախիլ կ՚ըլլայ եւ կ՚ոչնչացուի»:
«Մենք կը խոստովանինք, որ երբեմն համաշխարհային առաջնորդը կրնայ ըսել բան մը, որ կը խախտէ մեր կանոնները, բայց կայ հանրային հետաքրքրութիւն՝ գիտնալու համար, որ այս համաշխարհային առաջնորդը ճիշդ այդ ըսած է: 2019-ին մենք յայտարարած էինք, որ այս պարագաներուն, նման թուիթները պիտակներով կը նշենք: Ինչ կը վերաբերի Այէթուլլահ Խամանէյի գրառումներուն, մենք յայտարարած ենք, որ երբ խօսքը կը վերաբերի այն գրառումներուն, որոնք կրնան դիտուիլ որպէս զէնքի սպառնալիք, որոնք ուղղուած են այլ պետութիւններուն, որոնք կրնան կեդրոնանալ ռազմական կամ աշխարհաքաղաքական հարցերու վրայ, մենք որոշած ենք պահպանել այդ գրառումը: Անիկա երկու պատճառ ունի: Նախ՝ նկատի առնելով այս առաջնորդին ըսածին նկատմամբ հասարակութեան հետաքրքրութիւնը, երկրորդ՝ որպէսզի մարդոց հնարաւորութիւն տանք այս ղեկավարը պատասխանատուութեան ենթարկել իր խօսքերուն համար:
«Անցած է երկու տարի, եւ այժմ ժամանակն է ստուգելու՝ ճի՞շդ մօտեցում է արդեօք ատիկա: Մենք պատասխանատուութիւն կը կրենք այն բանին համար, որ Թուիթըրը առանձին վարուելակարգի կանոններ չսահմանէ նման հիմնական խնդիրի վերաբերեալ, այդ իսկ պատճառով մենք կը կազմակերպենք հանրային խորհրդակցութիւններ, կը հրաւիրենք պետական պաշտօնատարներ, իրաւապաշտպաններ, անվտանգութեան մասնագէտներ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ, որպէսզի անոնք ըսեն մեզի, թէ, իրենց կարծիքով, ինչպէ՞ս մենք պէտք է չափաւորենք համաշխարհային առաջնորդներու բովանդակութիւնը»:
«ՈՒԻՆՏՈԶ 10»Ը ԿԸ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒԻ
«Մայքրոսոֆթ»ը 2021 թուականին պիտի փոխէ «Ուինտոզ 10»ի ուրուագիծը:
Առաւել նկատելի փոփոխութիւններէն մէկը կլորացուած անկիւններն են, որոնց հետ կը նկատուի «լողացող» ուրուագիծ մը. օրինակ՝ «Սկսիլ» ընտրացանկը, որ տեսողականօրէն տարանջատուած է առաջադրանքներու հարթակէն:
Նորամուծութիւնը արդէն նկատած են «Ուինտոզ 10X»ի ստուգումի տարբերակներուն մէջ՝ ոչ տիպարային պաստառով գործիքներուն համար:
«Լողացող» պատուհաններու նմանը նոյնպէս կայ «Էփըլ»ի «macOS»ի մէջ:
Մայքրոսոֆթ այս տարբերակը պիտի ներկայացնէ այս ամիս, իսկ բաժանորդագրուողներուն թղթատարութիւնով առաքումները կը սկսին հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն:
ՏՈՒՐՈՎԻ ՆՈՐ ԳՈՐԾԱՌՈՅԹԸ
«Թելեկրամ այս ամիս ձայնային զրոյցներուն (չաթ) մէջ կ՚աւելցնէ տեսանիւթ մը, որ մեսընճըրը խմբային տեսազանգերու հզօր հարթակ կը դարձնէ»,- գրած է մեսընճըրի հիմնադիր Փաւել Տուրով իր ալիքին մէջ:
«Պաստառի միացեալ գործածում, աղմուկի ճնշում, անհատական համակարգիչներու եւ պլանշեթներու աջակցութիւն. այն բոլորը, որոնք կրնաք ակնկալել ժամանակակից տեսակապով խորհրդաժողովի գործիքէն, սակայն՝ Թելեկրամի մակարդակի մակերեսով եւ արագութեամբ: Հետեւեցէ՛ք թարմացումներուն», գրած է Տուրով:
Բացի ատկէ, ան նշած է, որ Թելեկրամի երկու նոր «Ուեպ» տարբերակները՝ «ՈւեպՔ» եւ «ՈւեպԶ»ը, Թելեկրամի ամենէն տարածուած հարթակներն են այս պահու դրութեամբ: ««ՈւեպՔ» եւ «ՈւեպԶ»ը տարբերակներով, որոնք մենք առաջարկած ենք, դուք կրնաք անմիջապէս մուտքագրել ձեր զրոյցները՝ թէ՛ ձեր բջջայինէն եւ թէ անհատական համակարգիչէն անմիջապէս ուեպ պրաուզըրէն: Ո՛չ մէկ ներբեռնում, ո՛չ մէկ տեղադրում», գրած է Տուրով:
Ան նշած է, որ Թելեկրամի այս «ուեպ» տարբերակները «լոյսի տարիներով» առաջ կ՚անցնին անոնցմէ, որոնք համացանցին մէջ առաջարկած են հասարակական որեւէ այլ ցանց: Որպէսզի անոնք 100 առ հարիւրով լեցուած ըլլան, Թելեկրամը այժմ կը փորձարկէ «ուեպ» տեսազանգերու ներքին գործառնութեան տարբերակը, որ կ՚աւելցուի մօտիկ ապագային:
ԻՏԱԼԱՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ Կ՚ՕԳՆԵՆ ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԼԵԶՈՒ ԳՏՆԵԼ
Իտալական «Սոֆթպանք ռոպոթիքս» ընկերութեան աշխատակիցները մարդամեքենային սորվեցուցած են միտքեր արտաբերել:
Խելացի մեքենան իր միտքերը մանրամասն յայտնած է, որուն շնորհիւ գիտնականները կարողացած են հասկնալ եւ հետեւիլ մտածելակերպի տրամաբանութեան:
Մասնագէտները կը նշեն, որ նոյնպէս ակներեւ կը դառնան որոշումները, որոնք կ՚առաջարկէ մարդամեքենան: Սակայն, առանց տրամաբանութիւնը հասկնալու, մարդը միշտ չէ, որ կը յաջողի հաւատալ մեքենային:
Հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդու եւ մարդամեքենայի միջեւ խօսքը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ տագնապային իրավիճակները լուծելու ժամանակ:
ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ԱՊԱԿԵԱՅ ՅԱՏԱԿՈՎ ԼՈՂԱՒԱԶԱՆ
Լոնտոնի հարաւ-արեւմտեան շրջանի «Էմպասի կարտընզ» համալիրին մէջ բացուեցաւ ապակեայ յատակով աշխարհի մէջ առաջին լողաւազանը՝ տեղակայուած փողոցէն 35 մեթր բարձրութեան վրայ:
«Սքայ փուլ»ը, 24 մեթր երկարութեամբ թափանցիկ լողացող կառոյցը, որուն ամրութիւնը բազմաթիւ փորձերով ստուգուած եւ հաստատուած է, կը միացնէ համալիրի երկու աշտարակները:
Լողաւազանի աքրիլիքէ շինուած կառոյցը 10 յարկով օդ բարձրացուած եւ տեղադրուած է պողպատեայ շրջանակի վրայ, որ կ՚ընդգրկէ «Էմպասի կարտընզ»ի շէնքերը:
Այս լողաւազանին վայրը եւ թափանցիկութիւնը «Էմպասի Կարտընզ»ի բնակիչներուն 35 մեթր բարձրութենէն լողալու արտասովոր տպաւորութիւն կը պարգեւէ:
ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ՔԱԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ստենֆորտի ճարտարագէտները ստեղծած են արտակմախքի նախատիպ, որ կ՚ամրացուի սրունքներուն: Շարժիչներու եւ ալկորիթմի շնորհիւ կը մեծցնէ տեղաշարժման արագութիւնը աւելի քան 40 առ հարիւրով:
Այդ ձեւով ճարտարագէտները կ՚առաջարկեն լուծել խնդիրը մարդոց, որոնք տարիքային իւրայատկութիւններու կամ առողջական վիճակի պատճառով չեն կրնար պահպանել քալելու արագ կշռոյթը:
Արտակմախքը կազմուած է շրջանակէ մը, որ կ՚ամրացուի ծունկի ներքեւի հատուածին մէջ եւ կօշիկին վրայ: Ալկորիթմը կը ղեկավարէ շարժիչն ու լարերը՝ օգնելով բարձրացնել ոտքը եւ հրել գետնէն վեր:
«Մենք յոյս ունէինք, որ արտակմախքի օգնութեամբ կը կարողանանք մեծցնել քալելու արագութիւնը, սակայն զարմացած էինք՝ տեղեկանալով այդ ցուցանիշի մասին: 40 առ հարիւրը բաւական բարձր կը համարուի», ըսաւ Ստենֆորտի համալսարանէն մասնագէտ Սթիւ Քոլինզ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան