ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԱՆԱՍՈՒՆ ՄԸ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՊԱՏԻԺԸ…

Այս դէպքը պատահած է Ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ։ Ուկանտայի Bwindi խիտ անտառային ազգային զբօսայգին կը գտնուի Քոնկոյի սահմանին վրայ։ Այդ զբօսայգին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ գրանցուած է որպէս համաշխարհային ժառանգութեան տարածք (World Heritage Site):

Այդ զբօսայգիին մէջ կը բնակին՝ ի միջի այլոց, լեռնային մարդակերպ կապիկներու (gorillas) աշխարհի բնակչութեան կէսը, մօտաւորապէս 500 կորիլլաներ։ Իսկ մեր այսօրուայ նիւթը կը կեդրոնանայ այդ մարդակերպ կապիկներէն 25 տարեկան՝ Ռաֆիքիի վրայ։

Բոլորս ալ գիտենք, որ Ափրիկէի կարգ մը երկիրները ունին վայրի կենդանիներու յատուկ զբօսայգիներ (safari parks)՝ ուր կենդանիները ազատօրէն ման կու գան եւ մարդիկ կ՚երթան դիտելու զանոնք, իրենց բնական միջավայրին մէջ։ Գիտենք նաեւ, որ կան մարդիկ՝ որոնք ապօրինի որսորդութեամբ (poaching) կը սպաննեն այդ կենդանիները, տիրանալու եւ ծախելու համար անոնց մարմիններու փնտռուած մասերը։ Օրինակի համար՝ փիղերու փղոսկրէ կոճղերը (tusks)։ Վերջերս՝ Ուկանտայի բնակիչներէն Byamukama Felix խոստովանած է, որ ան վերոյիշեալ մարդակերպ կապիկը (տես նկարը) ապօրէն կերպով սպաննած է եւ անոր համար դատապարտուած՝ տասնմէկ տարուան բանտարկութեան… Ան գործածած է նիզակ մը, իր որսը սպաննելու համար։

Առաւել՝ Ֆիլիքսը խուզարկելէ ետք, անոր մօտ յայտնաբերած են վայրի խոզի եւ եղնիկի միս։ Վստահաբար Ֆիլիքս սպաննած է նաեւ այդ խոզն ու եղնիկը՝ որպէսզի անոնց միսը ծախելով ապահովէ իր ընտանիքի ապրուստը։ Կ՚ըսեն, թէ սա արդիւնք է պսակաձեւ համաճարակին պատճառաւ ստեղծուած աննախընթաց անգործութեան եւ ուտելիքի պակասին, որուն հետեւանքով՝ մարդիկ ստիպուած են դիմելու արտակարգ միջոցներու, որպէսզի իրենց ընտանիքի անդամները անօթի չմնան! Հո՞ս պիտի հասնէիք!

ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՍԻՆԵՄԱ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Իտալիոյ աշխարհահռչակ Վենետիկ կղզի-քաղաքէն։ Ինչպէս գիտէք՝ Վենետիկի մէջ փոխադրութիւնը ինքնաշարժով չ՚ըլլար, այլ նաւակներով։

Հիմա ներկայացնենք բացօթեայ սինեմաներու պատմութիւնը։ Ամերիկայի մէջ առաջին բացօթեայ սինեման (drive in theater) հաստատուած է Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ, 6 յունիս 1933-ին։ Բացօթեայ սինեմաներու գոյութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն, երբ չորս հազար սինեմաներ կը գործէին՝ ամերիկայի մէջ։ Սակայն 1970-ական թուականներուն՝ վառելանիւթի սղութեան պատճառաւ, երբ մարդիկ նախընտրեցին փոքր ինքնաշարժներ՝ բացօթեայ սինեմաներուն հմայքը սկսաւ կամաց-կամաց անհետանալ։ Այսօր՝ Ամերիկայի տարածքին կան միայն երեք հարիւր բացօթեայ սինեմաներ…

Իսկ Վենետիկի մէջ՝ առաջին բացօթեայ սինեման հաստատուեցաւ 28 յուլիս 2020-ին, պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած իրարմէ վեց ոտք կամ երկու մեթր հեռաւորութեան վրայ մնալու հրամայականին ենթարկուելով։ Եւ քանի որ Վենետիկի մէջ ընդարձակ դաշտ չկայ, բացօթեայ սինեման հաստատուեցաւ ջուրի վրայ, ուր մարդիկ փոխանակ ինքնաշարժով երթալու՝ նաւակներով (տես նկարը) կ՚երթան։ Հետեւաբար՝ drive in theater անունն ալ փոխանակուեցաւ barch in theater-ով, նկատի ունենալով նոր հանգամանքները։

Վենետիկի վերոյիշեալ բացօթեայ սինեման կրնայ ընդունիլ միայն 200 յաճախորդներ, զետեղուած յիսուն նաւակներու վրայ։ Այս իրավիճակն ալ դարձեալ ենթակայ է համաճարակի առիթով ապահովութիւն ստեղծելու հրահանգին, ըստ Իտալիոյ Առողջապահական նախարարութեան։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020