«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
-Ո՜վ Ռոնտա. դիւրազգած մարդը տկա՞ր եւ հոգեպէս հիւա՞նդ է:
-Ո՛չ, դիւրազգածութիւնն ու փափկասրտութիւնը բնական պարգեւներ են, որ սատանան երբեմն կը յաջողի շահագործել զանոնք: Սատանան զգացական մարդուն հարցերը մեծցնել կու տայ, որով ան չի՛ կրնար դիմադրել դժուարութիւնները, ետդարձ կը կատարէ, կը յուսահատի եւ կը չարչարուի: Եթէ իր ժառանգական զգացականութիւնը օգտագործէ՝ երկինք կը բարձրանայ, իսկ եթէ թոյլ տուաւ սատանային, որպէսզի օգտագործէ իր [զգացականութիւնը], ամբողջ կատարածը ապարդիւն դուրս կու գայ:
Մարդը եթէ իր պարգեւները չօգտագործէ՝ սատանան կ՚օգտագործէ զանոնք, եւ այդ ատեն՝ Աստուծոյ շնորհքները կը վերանան: Եթէ մարդ ինքն իր միտքին հաւատայ [վստահի], այդպիսիին վերջը հոգեբոյժին մօտ կ՚ըլլայ: Իսկ անտարբեր մարդուն վերջը հոգեբոյժին մօտ չ՚ըլլար, թէեւ լաւ կեանքով չ՚ապրիր: Այդ պատճառով, սատանան զգացական մարդիկը կ՚որսայ: Սատանան կրնայ ըլլալ որ համոզէ որոշ մարդոց, թէ իրենք ինչ որ բանով կը տառապին, եւ թէ ժառանգական խնդիր ունին՝ զանոնք վախցնելու եւ մտացրելու եւ փճացնելու համար: Գիտելի թող ըլլայ, որ նմանատիպ պարագայի մը ցանկացած ժառանգական կամ ստացական խնդիր, չի՛ կրնար հաստատ մնալ Աստուծոյ շնորհքին դիմաց՝ որ կը յաղթէ ու կ՚ոչնչացնէ զայն:
Կը յիշե՞ս Սուրբ Կիպրիանոսը, թէ ինչպէս կախարդէ մը քահանայի եւ Յիսուսի նահատակի վերածուեցաւ: Իսկ Սուրբ Մովսէս սեւը, գողէ մը սուրբի վերածուեցաւ, աւելի ջերմեռանդ քան բազմաթիւ հայրեր: Աս Մովսէսը Սուրբ Մակարին տեսնելու. անոր [Սուրբ Մակարին] հարցուց.
-Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ աշխարհը կը նեղէ զիս եւ չեմ կրնար հանգստութիւն գտնել:
Պատասխանեց.
-Մովսէ՛ս, Մովսէս, դուն նրբամիտ ես: Պաթրա (արաբական անապատին հիւսիսային կողմը) գնա՛, քանի որ չես կրնար աշխարհը վռնտել:
Նմանապէս Սուրբ Մեծն Արսանիոսը, նրբամիտ էր, ազնիւ ընտանիքի մը զաւակ, ուսանած եւ դաստիարակուած մարդ մը, մեծ խոնարհութիւն ձեռք ձգեց: Կը տեսնե՞ս, թէ ի՜նչեր կ՚ընէ Աստուծոյ շնորհքը: Մէկը ազնիւ, ուսանած ու դաստիարակուած, իսկ միւսը գող:
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՄՏԱԾՈՒԷՆ ԿԸ ՍԿՍԻՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ բանէ կը տառապի ան, որ զզուանքէ կը տառապի:
-Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ բանէ կը զզուիս:
-Ամէն ինչէ:
-Հետեւաբար մի՛ զարմանար, որ միրգերուն կամ հատիկներուն մէջ որդ տեսնես, կամ հացի բաղարջին մէջ մազ տեսնես, այդ բոլոր բաներուն պիտի հանդիպիս:
-Այդպէ՞ս կը պատահի:
-Փառք Քեզի Աստուած: Ա՜հ եթէ իմանաս, թէ Աստուած ի՛նչպէս կ՚օգնէ այս զզուանքի վիճակէն ազատուելու համար:
-Ո՜վ Ռոնտա. զզուանքը մտածումէ՞ն կը սկսի: Ենթադրենք, որ քոյրերէն մէկը մազ մը գտաւ ճաշին մէջ եւ մէկ կողմ դրաւ:
-Ատիկա օրհնութիւն է: Տուր զինք ինծի, որպէսզի օրհնութիւն ստանամ: Կը յիշեմ, որ օր մը Սինայի մէջ տեղ մը գացինք վանականի մը հետ: Անոր երկու հատ սալոր տուի եւ սկսայ հետեւիլ անոր: Չկերաւ զանոնք, այլ՝ ուզեց, որպէսզի լուայ զանոնք նախքան ուտելը: Գրպանին մէջ ալ չդրաւ, վախնալով որ մանրէներ կը հաւաքէ վրան: Անոր եղբայրը՝ որ տասնմէկ զաւակ ունէր, ըսաւ ինծի.
-Եղբայրս ձեռքերը լուալու օճառ գնելու համար աւելի գումար կը ծախսէ, քան ես ու կինս կը ծախսենք մեր տասնմէկ զաւակները լուալու համար:
Տե՛ս, թէ ինչ պատահեցաւ այնտեղ: Սինայի մէջ սովորութիւնը այն էր, որ իւրաքանչիւր վանականի գնչու մը կը տրամադրուէր՝ որպէսզի ծառայէ անոր: Բախտը այնպէս բերաւ այս վանականին, թէ գնչուն՝ որ իրեն տրամադրուեցաւ, աննկարագրելի կերպով կեղտոտ էր եւ անոր հագուստներէն ահաւոր գէշ հոտ կու գար, այնքան որ իր մարմինը սեւցած էր կեղտոտութենէն, այնքան, որ պէտք էր զինք մէկ շաբաթ ջուրին մէջ պահել՝ որպէսզի մաքրուի: Վանականը կը գոռար գնչուին վրայ, երբ վերջինս անոր ուտելիք կը բերէր, թէ՝
-Գնա՛, գնա՛:
Երկու շաբաթ անցնելէ ետք, այս վանականը չկրցաւ մնալ եւ որոշեց հեռանալ այդտեղէն:
Վանական մը կը յիշեմ Քայնոֆյոնի (Վանական միաբանութեան վանքը) մէջ՝ ուր կը մնայի, նախապէս ոստիկան էր եւ զինք ընթերցող ըրած էին՝ նկատի ունենալով իր ուսանած ըլլալուն հանգամանքը: Վանքին մէջ երկար տարիներ անցուցած էր զզուանքով: Իր ձեռքերով դուռ չէր բանար, այլ՝ իր ոտքով: Եկեղեցւոյ դուռն ալ իր ոտքով կը բանար: Եթէ յանկարծ իր ձեռքը բանի մը դպնար, անմիջապէս կ՚երթար ու կը լուար զայն հականեխիչներով: Ծերացաւ այս մարդը, եւ իր ոտքէն՝ որով դռները կը բանար, որդեր ելան: Կը յիշեմ նաեւ, որ հիւանդապահի օգնականն էի, երբ այդ մարդը վանքի հիւանդանոցը բերին ու անոր ոտքը կապուած էր: Երբ կապը հանեցի, սարսուռ ապրեցայ, որովհետեւ որդերը կ՚արածէին այդ մարդու ոտքին մէջ: Հիւանդապահը տակաւին չէր վերադարձած եւ վիրակապեր բերած, որով հիւանդ մարդէն խնդրեցի, որ ծով երթայ ու լուացուի:
Ի՜նչպիսի պատիժ: Հասկացայ կատարուածը, թէ Աստուած -արտօնած էր- պատժած էր զինք, որովհետեւ Եկեղեցւոյ դուռն ալ իր ոտքով կը բանար:
-Ո՜վ Ռոնտա. շարունակե՞ց նոյն ձեւով՝ դուռը իր ոտքով բանալ -եւ ինք այդ վիճակին մէջ է-:
-Այո՛, եւ որպէս վանական ալ ծերացաւ:
-Չհասկցա՞ւ:
-Չեմ գիտեր: Ատկէ ետք Քոնեսթայի Սթոմիօ վանքը գացի: Իսկ թէ ինչպէս մեռաւ եւ ինչ էր իր վիճակը նախքան մեռնիլը՝ չեմ գիտեր:
• -Հետեւաբար -զզուանքէն մէկդի մնալու համար- պէտք չէ՞ եղած բաներուն ուշադրութիւն դարձնել:
-Մարդիկ չե՞ն տեսներ աղբը՝ որ կ՚ուտեն: Եթէ մարդ խաչի նշանը ընէ, վախ պիտի չզգայ կամ հիւանդութիւն, որովհետեւ Յիսուս կ՚օգնէ իրեն:
Քանի-քանի տարբեր հիւանդութիւններէ տառապող մարդիկ խուցս կու գան: Անոնցմէ ոմանք կը խաչակնքեն եւ այնտեղ դրուած գաւաթը առնելով՝ կը խմեն: Իսկ ոմանք ալ մտավախութեան պատճառով ձեռք չեն տար գաւաթին:
Որոշ ժամանակ մը առաջ պետութեան մէջ պաշտօն ունեցող նշանաւոր անձնաւորութիւն մը եկաւ: Խեղճը մանրէներէն շատ կը վախնար, այնքան որ՝ անոր ձեռքերը սպիտակած էին շատ հականեխիչներ օգտագործելուն պատճառով: Ան իր ինքնաշարժն ալ այդ հականեխիչներով կը սրբէր: Նեղուեցայ իրեն համար:
Կը հասկնաս ի՛նչ ըսել է իր պաշտօնը ունեցած անձնաւորութեան մը այդ կերպով վարուիլը: Անոր անուշեղէն հրամցուցի, չառաւ, որովհետեւ ձեռքերս դպած էին անոր: Եթէ այդ անուշեղէնին կտորը տուփի մը մէջ ըլլար, դարձեալ նոյն ձեւով կը վարուէր: Ապա, անցուցի զայն անոր կօշիկին վրայով ու կերայ զայն: Այդ բանը քանիցս ըրի, որպէսզի օգնեմ իրեն ազատուելու այդ ախտէն:
Այսօր, ձեր Վանքը աղջիկ մը եկաւ զիս տեսնելու, որ վախի հիւանդութեամբ կը տառապէր: Երբ մտաւ, օրհնութիւն չառաւ, վախնալով որ կրնայ մանրէներ ստանալ, եւ երբ կը պատրաստուէր հեռանալու, ու հակառակ այն իրողութեան որ շատ խօսեցայ իր հետ՝ իրեն օգնելու միջոցներ գտնելու, դարձեալ օրհնութիւն չառաւ: Ինքզինք հետեւեալ ձեւով արդարացուց. «Կը վախնամ, որ մանրէներ ստանամ, ատոր համար ձեռքդ չհամբուրեցի»:
Այսպիսով այդ մարդիկ իրենց կեանքը խաւարի կը վերածեն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 5
21 սեպտեմբեր 2020, Վաղարշապատ