ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ

Այս օրերուն կարեւորագոյն մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան Երեւանի մէջ։ Արցախի երկու նախկին նախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բոլոր՝ երեք նախկին նախագահները «գլուխ-գլխի» տուած կը քննարկեն վերջին զարգացումները։ Շատ հաւանաբար գալիք օրերուն անոնք իրենց «վճռական» խօսքը լսելի դարձնեն ամբողջ հայաշխարհին։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ Արցախի հակամարտութեան առաջին օրէն իսկ հետեւած է բոլոր մակարդակի զարգացումներուն, հանդիպում մը ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին երկու նախագահներուն՝ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ։ Այդ հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահները՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։

Ուշագրաւ է, որ այս հանդիպումները տեղի կ՚ունենան այն պահուն, երբ մամուլի մէջ, նաեւ զանազան հարթակներու վրայ խօսակցութիւն կ՚երթայ փաստաթուղթի մը գոյութեան մասին։ Ըստ նոյն լուրերուն, այս պահուն այդ փաստաթուղթին համար կը սպասուի Երեւանի վերջնական պաշտօնական համաձայնութեան։ Այս բոլորէն անդին կան նաեւ Ռուսաստանի միջամտութեան ու դէպի Լեռնային Ղարաբաղ խաղաղապահ զօրքեր ուղարկելու մասին խօսակցութիւնները, որոնք կը շարունակեն ներկայացնել վարկած-տեղեկութիւնի բնոյթ։ Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ գրեթէ մէկ ամսուան ռազմական գործողութիւններէ ետք թէ՛ Ատրպէյճան եւ թէ Հայաստան լուրջ որոնումներ կը կատարեն այս պատերազմէն դուրս գալու համար։ Արդարեւ, երկուքին տեսակէտէ ալ բաւական ծանր ու յաճախ ողբերգական շեշտերով ընդհանուր պատկերը լայն յուսահատութեան ալիք մը կրնայ յառաջացնել՝ եթէ անոնցմէ մէկը յաղթանակ տանի։ Այդպիսով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ վիհը աւելի խորացնելէ եւ շրջանը պայթիւնավտանգ պահելէ բացի, առկայ իրադրութիւնը «պայթուցիկ տակառ»ի կացութիւն մը կրնայ ստեղծել։ Ամէն պարագայի տակ այս շփումները, Մոսկուայէն հնչած կոչերը եւ նոյնիսկ ամերիկեան կողմի այս խնդրին մէջ մտնելու հեռահար «կրակոցներ»ը ցոյց կու տան, որ Արցախի հարցը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ մօտ է լուծումներու ընդհանուր փուլին։

Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ անգլիական «The Independent»ին տրուած հարցազրոյցը։ Ըստ իրեն, ռազմավարական առումով, այս պատերազմը խելայեղութիւն է եւ քաղաքացիական բնակչութիւնը կը վճարէ Ալիեւի խելայեղ երազանքին համար։

«Այս հակամարտութիւնը երբեք չէ եղած սառեցուած, նոյնիսկ եթէ յաջողած ենք երաշխաւորել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը։ Ատրպէյճանը բոլոր այս տարիներուն շարունակած է յարձակիլ մեր վրայ։ Իրական խաղաղութիւնը միայն հնարաւոր է բանակցութիւններու միջոցաւ», ըսած է Սերժ Սարգսեան եւ ընդգծած, որ հակամարտութեան կարգաւորուած չըլլալը պայմանաւորուած է նաեւ վստահութեան բացակայութեամբ:

Սերժ Սարգսեան խորապէս համոզուած է, թէ Ալիեւի հետ ուղիղ բանակցութիւնները կոպիտ սխալ են շատ պարզ պատճառով մը։ Արդարեւ, Ատրպէյճան երբեք չի համաձայնիր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ընդհանրապէս ցոյց կու տայ միջազգային ձեւաչափը, որ ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը տեղի կ՚ունենայ միջնորդներու կողմէ որոշակի պարտադրանքի միջոցաւ: Ըստ իրեն, պատահական չէ, որ 2016-ի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէն ամիսներ ետք՝ հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահը երկրի կառավարութեան նիստին յայտարարեց, խոստովանեցաւ, որ փակ դռներու ետեւ իրեն կը ստիպեն ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Սերժ Սարգսեան բանակցային գործընթացի մէջ որդեգրուած մօտեցումները անկիւնաքարային կը համարէ։ Այս պատճառով է, որ երկու ժամկէտով նախագահի պաշտօն վարելէ վերջ համաձայնած է ընտրուիլ, որովհետեւ գլխաւոր բանակցողներու փոփոխութիւնը աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենար, շարունակականութիւնը կենսական նշանակութիւն ունէր:

«Այս հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով կամ այլ որեւէ ձեւով, որ հայերը կը ստիպէ լքել իրենց տուները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Խաղաղութիւնը պէտք է հաստատուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020