«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՈՒՐԻՇ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ՄԸ ՀՆԱՐԱԾ ԵՆ
Հոգեւոր մարդիկը կանոնական արդարութիւն մը կը շօշափեն, պնդելով, թէ անոնք Աստուծոյ կը հաւատան: «Իրաւունքս եւ իրաւունքդ», սա՛ է տրամաբանութեան աւետարանը: Տարօրինակ տրամաբանութիւնը: Սակայն, կը պահանջեն այդ բանը կապկելով եւ արդարութիւնը արդարացնելու համար: Չե՞ս տեսներ, թէ քրիստոնեաները ուր հասած են դատարաններուն մէջ: Անոնք պէտք չէ դատարան երթան, նոյնիսկ եթէ իրաւունքը իրենց կողմն ըլլայ, ինչքան աւելի եթէ երթայ ու իրաւունքը իրենց կողմ չըլլայ: Այդպիսիներուն պատճառով ոմանք իրենց հաւատքը կը կորսնցնեն: Կրնան մարդ մը տեսնել, որ պահք չի պահեր, չ՚աղօթեր, եկեղեցի չ՚երթար ու հսկումներու չի մասնակցիր, սակայն ո՛չ մէկուն նկատմամբ դատ կը բանայ ու դատարան ալ չ՚երթար: Իսկ անդին, ուրիշ մարդ մը, պահք կը պահէ, կ՚աղօթէ, հսկումներու կը մասնակցի, սակայն դժբախտ մարդ մը դատարան կը տանի, քանի որ իրմէ վերցուցած պարտքը ետ չէ վերադարձուցած: Իսկ եթէ անոր որոշ հարցումներ տաս.
-Կարիքի մէ՞ջ ես, մեծ ընտանի՞ք ունիս, տիկինդ բռնացա՞ծ է վրադ, որ այսպիսի վիճակի մէջ յայտնուած ես:
Կը պատասխանէ քեզի.
-Ատոնցմէ եւ ո՛չ մէկը, այլ՝ պարզապէս իրաւունքս առնել կ՚ուզեմ:
Դէպք մը կը յիշեմ, զոր չեմ կրնար մոռնալ. նուիրուած բուժքոյրեր կային, որոնք ծառայութիւն կը կատարէին ընկեցիկ մանուկներու տան մէջ: Օր մը բժիշկը կարիք ունեցաւ մանուկներէն մէկուն ճառագայթային քննութիւն ընել: Բուժքոյրէ մը խնդրեմ, որպէսզի օգնէ իրեն, սակայն [թէ՛ այդ բուժքոյրը եւ թէ՛] միւս բոլոր բուժքոյրերը մերժեցին օգնել, վախնալով, որ ճառագայթներէն վնաս կը ստանան: Այդ բուժքոյրերը պէտք է իրարու հետ մրցէին, թէ իրենցմէ ո՛վ պէտք էր այդ օգնութիւնը կատարէր: Ի վերջոյ, ուրիշ բուժքոյր մը, որ հոգեւոր կեանքով չէր ապրեր ու ամուսնանալ կը փափաքէր, օգնեց բժիշկին, որովհետեւ մեղքցաւ այդ փոքրիկին:
Աւելի վատը այն է, որ այդ մարդիկ խղճահարութիւն չեն զգար, ընդհակառակը, անոնք կ՚ըսեն. այս բաները մեզի համար չեն: Մենք այստեղ ենք հոգեւոր բաներուն համար: Անոնք կը պնդեն, հակառակ անոնց որոնք հանգստութիւն կը զգան զոհաբերութիւն կատարած ժամանակ, թէ իրենք հանգիստ կ՚ըլլան, երբ խաղաղութեան մէջ կ՚ապրին: Այդպիսիները մոռցած են սակայն, որ Յիսուս կը հանգստանայ այնտեղ, ուր ազնուութիւնը, զոհաբերութիւնը, լռութիւնը եւ ծածուկ գործը կան:
-Ո՜վ Ռոնտա. երբ դժուարութեան մէջ եղող մարդ մը կը տեսնես, պէտք չէ՞ անոր օգնութեան ձեռք երկարել, ինչ ալ ըլլայ քու վիճակդ:
-Անշուշտ. սակայն, այն ինչ ուշադրութիւնս գրաւեց այն է, որ մարդիկը իրենց յատուկ աշխարհիկ աւետարան մը հնարած են, աւետարան մը՝ որ իրենց հասակին հաւասար է, ըսելով. «Քրիստոնեան պէտք է իր արժանապատուութիւնը պահէ, եւ պէտք չէ ընդունի, որ ծաղրանքի առարկայ դառնայ»: Այսինքն՝ անոնք հարցերը աշխարհիկ տրամաբանութեամբ ու արդարութեամբ կը դիմագրաւեն: Չեն ուզեր անիրաւել ուրիշները, ո՛չ ալ կ՚ուզեն որ անիրաւուին, պատճառաբանելով, թէ իրաւունքը իրենց կողքին է: Այդ տիպի մարդիկ զուրկ են զոհաբերութենէն ու նուիրումէն եւ Աստուծոյ հետ ամէն տեսակի կապ կը կտրեն, որովհետեւ անոնք իրենց համար յատուկ աւետարան մը հնարած են. հետեւաբար շնորհքը ինչպէ՞ս պիտի ներգործէ անոնց մէջ:
Բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ, ռազմաօդային ուժերէն անթել հեռագիրի պաշտօնեայ մը մեր խումբ կու գար, որպէսզի հեռագրային ծածկագիրները առնէ: Աստուածաբան էր ու Աւետարան կը քարոզէր: Բոլորն ալ զինք «յիսուսական» կոչած էին, քանի որ ո՛չ մէկ զոհագրոծութիւն կատարած էր եւ ո՛չ մէկ փոքր ծառայութեամբ իսկ չէր զբաղուած: Անգամ մը ըսի անոր.
-Որովհետեւ օդակայան կ՚երթաս, կը խնդրեմ որ այս հեռագրային ծածկագիրները տանիս ու այսինչին տաս:
Պատասխանեց ինծի.
-Ո՛չ: Ես իմ գործս կատարեցի, թող ինքն ալ իր գործը կատարէ:
Ինքզինք կը հանգստացնէր, ըսելով.
-Ես ուրիշները չեմ անիրաւած:
Սակայն ան մոռցած էր, որ Յիսուս ըսած է.
«Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր։ Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա» (Մտ 5.40-41): Աստուծոյ շնորհքը ինչպէ՞ս պիտի իջնէ այսպիսի մարդու մը վրայ: Սակայն, Աւետարանին մէջ ըսուածը գործադրած ժամանակ, Յիսուս կ՚աշխատի ու կը փոխէ բռնադատող հոգեւորապէս, խորհրդածելով.
-Բռնադատեցի զինք, որպէսզի հետս մէկ մղոն քալէ, սակայն շատ աւելի քալեց ինծի հետ, ի՜նչ ազնուութիւն:
Եթէ Յիսուս այս աշխարհիկ տրամաբանութիւնը ունենար, որ այսօր բազմաթիւ հոգեւորներու մօտ կը նկատենք, ապա չէր ձգեր Իր երկնային գահը աշխարհ իջնելու, չարչարուելու եւ խաչուելու համար: Սակայն, այս «ձախողութեան» (յուսահատութեան) ընդմէջէն, որ իր հետ պատահեցաւ մարդուն միջոցով, ամբողջ մարդկութեան փրկութիւնը կը պարունակէր: Տակաւին, Յիսուս մեր փոխարէն տառապեցաւ: Ապտակի ու ծաղրանքի արժանացաւ. «Գիտցի՛ր, ո՞վ է Քեզ ապտակողը»: Եբրայեցիները Յիսուսի հետ կը խաղային այնպէս, ինչպէս փոքրիկները իրենց նախասիրած խաղալիքին հետ կը խաղային. գիտցի՛ր, ո՞վ հարուածեց Քեզ: Մենք առանց Խաչի քրիստոնէութիւն կ՚ուզենք: Քրիստոնէութիւն մը, ուր միայն յարութիւն կայ: Քրիստոնէութիւն եւ վանականութիւն ըստ մեր հաճոյքներուն կը հնարենք: Սակայն, որպէսզի գերբնական բաներ ապրինք, պէտք է գերբնական կերպով ապրինք:
ՄԵՂՔՆ ՈՒ ԶՂՋՈՒՄԸ
«Ճշմարիտ զղջումը այն է, որ մարդ նախ եւ առաջ զգայ իր յանցանքը,
ցաւ ապրի, Աստուծմէ թողութիւն խնդրէ, եւ ապա խոստովանի, ու այդ ատեն է,
որ աստուածային մխիթարութիւնը կու գայ:
Այդ պատճառով, խորհուրդ չեմ տար միայն խոստովանելու,
այլ՝ զղջում եւ խոստովանութիւն միասնաբար»
ՄԵՂՔԸ ՑԱՒ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ ՄԱՐԴՈՒՆ
ՍԻՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ
-Ո՜վ Ռոնտա. իւրաքանչիւր սիրտ կրնա՞յ տանիլ զՅիսուս:
-Յիսուս բոլորին կը տանի, հակառակ անոր որ մարդիկը չեն կրնար տանիլ զԻնք, որովհետեւ կը փորձեն իրենք զիրենք արդարացնել: Որպէսզի կարենանք զՅիսուս մեր ներսիդին տանիլ, պէտք է մեր սիրտը մաքրուի. «Մաքուր սիրտ մը հաստատէ իմ ներսիդիս, ո՜վ Աստուած» (Սղ 50.12):
-Ո՜վ Ռոնտա. վայրի անասունները ինչո՞ւ վնաս չեն պատճառեր սուրբերուն:
-Մարդիկը երբ կը խաղաղին, վայրի անասուններն ալ կը խաղաղին ու կը գիտակցին, որ մարդը իրենց տէրն է: Նախքան մեղանչումը, վայրի անասունները դրախտին մէջ նախաստեղծներուն ոտքերուն մօտ կը նստէին ու կը լիզէին անոնց ոտքերը ամենայն նրբութեամբ: Սակայն, մեղանչումէն ետք սկսան յօշոտել ու խածնել զանոնք: Մարդ երբ իր նախկին վիճակին կը դառնայ, անասունները կը վերսկսին լիզել իր ոտքերը, որովհետեւ ինք անոնց տէրն է: Սակայն, այսօր, կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք վայրի անասուններէն ու թունաւոր օձերէն աւելի վտանագաւոր են, կը չարաշահեն երիտասարդները ու կը տիրանան անոնց դրամներուն, եւ չեն ուշանար մեղադրելու զանոնք [այդ երիտասարդներուն] եւ ոստիկանութիւն կը կանչեն, կը ձգեն զանոնք միայնակ՝ որպէսզի ձերբակալուին, իսկ երբ անոնք յուսահատին ու յուսախաբին, կը շտապեն զանոնք հոգեբուժարան տանիլ: Այս պատճառով աղօթքներուս մէջ յաճախ կը կրկնեմ 147-րդ սաղմոսը (գովաբանէ Տէրը, ո՜վ Երուսաղէմ…, սահմաններդ խաղաղ կը պահէ…, ուրիշ որեւէ ազգի այսպիսի բան չըրաւ…), այս աղօթքը զոր Սուրբ Արսանիոս Կապադովկիացին կ՚աղօթէր, որպէսզի վայրի անասունները ընտելանան ու մարդոց վնաս չպատճառեն: Կարդա՛ այս սաղմոսը, որպէսզի մարդիկ խաղաղին, որով մարդկութեան մէջ իրենց եղբայրներուն չարութիւն չեն ըներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 16
16 դեկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 12/02/2024