ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Ճիշդ է, որ տակաւին Ուքրայնայի դէմ պատերազմին (ի հարկէ, սա Արեւմուտքի անուանումն է եւ, ցաւօք, մինչեւ այս պահը Ռուսաստան անուանում մը չտուաւ այս գործողութեան) «առաջին օրը» տակաւին իր լրումին չհասաւ, բայց եւ այնպէս, այս պատուհանով պիտի փորձեմ օրուայ կարճ ամփոփում մը ընել։

Ամենակարեւորն է, որ «մեծ պատեարզմի» մը ընդհանուր վախը ութսուն տոկոսով վերացաւ ու պարզ է նաեւ, որ այդ վախի վերացման հետ զանազան պետութիւններ եւ հասարակութիւններ սկսան աւելի «հանդարտ» աչքերով հետեւիլ դէպքերու ընթացքին։ Յստակ է նաեւ, որ Ռուսաստանի ռազմական առաւելութեան կարեւոր շերտերը երեւելի դարձան։ Մոսկուա ընդամէնը տասն ժամուան մէջ հարուածեց եւ գետնի հաւասարեցուց ութսունէ աւելի ռազմական կէտ ու կայան՝ ներառեալ տասնմէկ ռազմական օդակայան։

Արեւմուտքը, որ մինչեւ երէկ պատրաստ էր հարուածել եւ մասնակից դառնալ այս պատերազմին, բացայայտ կերպով (եւ նախագահ Պայտընի բերնով) յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ-ի ուժերը պիտի չմասնակցին Ուքրայնայի պատերազմական գործողութեանց, այլ պիտի զօրացնեն իրենց դաշնակից երկիրներու դիրքերը։ Ռուսաստանի նախագահ Փութին յայտարարեց, որ նպատակ չունի ամբողջ Ուքրայնան գրաւելու եւ իրեն համար կենսականը սահմանամերձ Տոնպասի շրջաններուն տիրապետելն է։

ԱՄՆ նշեց, որ Ռուսաստանի դէմ պատիժները պիտի շարունակուին եւ աւելցուին, սակայն խօսք չգնաց «SWIFT» համակարգին մասին։ Սա կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի հետ «խօսելու» բոլոր բեմագրութիւնները տակաւին չեն սպառած։

Քիեւի մերձակայ քանի մը կարեւոր կեդրոն անցաւ ռուսաց զօրքերու տիրապետութեան տակ։ Սա կը նշանակէ, որ Քիեւը գրաւելը այդքան ալ դժուար չէ Մոսկուայի համար։

Անսպասելի քայլով մը Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի ըսաւ, որ պատրաստ են բանակցութեանց սեղան վերադառնալու։ Սա, անշուշտ, կը փաստէ, թէ ինչ վիճակի հասած է Ուքրայնան։ Միւս կողմէ, Լոնտոն պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ եթէ կարիք ըլլայ, պատրաստ է Զելենսքին ընդունիլ՝ որպէս քաղական ապաստանեալ։

Արեւմուտքը ցոյց տուաւ, որ ինչքան անլուրջ, անվստահելի եւ փոփոխամիտ է, իսկ Արեւելքը Ռուսաստանի կեցուածքով անգամ մը եւս փաստեց, որ պատմական խորքով պետութիւնները որքան լուրջ են եւ սկզբունքի տէր։

Առաջին օրուայ ամենակարեւոր լուրը, անշուշտ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն հասաւ։ Ան տեղեկացուց, որ իրենք կարողացան առաջին օրուայ բոլոր առաջադրանքները կատարել։ Իսրայէլ եւ Թուրքիա ունեցան այնպիսի կեցուածքներ, որոնց համար ալ ապագային կրնան յաւելեալ ջանքեր գործադրելու պարտաւորուիլ։ Հայաստանի իշխանութիւնները շուար վիճակի մէջ են. չեն գիտեր ի՛նչ ըսել, ինչ չըսել, կը սպասեն Մոսկուա այցելութեան մեկնած Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի վերադարձին։

Արաբական մամուլի (սիւննի թեւը յատկապէս) սկսաւ փոխել Արեւմուտքին «ծառայելու» իր նախկին մօտեցումները եւ այդ մէկը, անշուշտ, կարեւոր նշան մըն է, թէ աշխարհ կը մտնէ նոր վիճակի մը մէջ։ Չինաստան եւ Իրան հերթական անգամ ցոյց տուին, որ իրենց համար «դժուար օրին բարեկամին հետ եղիր» մօտեցումը ունի խորքային բնոյթ։ Ի հարկէ, Փեքինի աստղը տակաւին պիտի փայլի։

Պատերազմը, որ կ՚ընթանայ, շատ աւելի մեծ բախումներու առաջքը առնելու համար եղած գործողութիւն մըն է, ամենայն հաւանականութեամբ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ աւարտի։

Առայժմ այսքանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022