«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԶՂՋՈՒՄԸ ՄԵԾ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ

ԶՂՋՈՒՄԻՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. Աստուած ինչպէս որ մարդը հողէն ստեղծեց, այդպիսով մկրտութեան ընթացքին ջուր կ՚օգտագործէ, որպէսզի վերստի՞ն ստեղծէ զինք:

-Այո՛, ջուրը մաքրութեան նշանակ է: Այդ պատճառով ալ քահանան մկրտուողը ջուրին մէջ կ՚ընկղմեցնէ, որպէսզի վերստին լուացուի սկզբնական մեղքէն ու սրբուի իր մեղքերէն: Իսկ դրոշմով Աստուծոյ շնորհքը որպէս շուք կ՚ըլլայ իր վրան, որով զՅիսուս կը հագուի եւ նոր ծնուած կը դառնայ՝ «ջուրէն եւ Հոգիէն»: Մեր Տէրը Յիսուս ա՛յս ըսաւ յստակ կերպով Նիկոդեմոսին, երբ վերջինս հարցուց Անոր մարդուն վերստին ծնունդի մասին. «Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել» (Յհ 3.5): Այդ պատճառով, մկրտութեամբ մարդ նոր ու կատարեալ արարած մը կ՚ըլլայ, որով աստուածային հզօր շնորհք կը ստանայ՝ եթէ ինք չապականէ իր սուրբ մկրտութիւնը: Ատկէ ետք կայ զղջման մկրտութիւնը: Մարդ եթէ խոստովանի իր սխալները ու ցաւի անոնց համար եւ զղջայ, ապա զղջումի արցունքներով կը լուացուի եւ վերստին աստուածային շնորհքը կը հանգչի անոր վրայ:

-Ո՜վ Ռոնտա. տարիներէ ի վեր կու լամ մեղքի մը վրայ՝ առանց արցունք թափելու: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ իրական զղջում չկա՞յ:

-Չե՞ս ցաւիր մեղքին համար, որ գործած ես:

-Կը ցաւիմ. բայց թերեւս մակերեսային ցաւ է այդ:

-Արցունքներէն ենթադրութիւններ մի՛ հաներ: Վստահաբար արցունքը զղջումի իւրայատկութիւններէն մէկն է, սակայն միակը չէ: Ոմանք կու լան եւ ոմանք՝ կը ծիծաղին: Սիրտին ցաւն ու ներքին կսկիծը աւելի կարեւոր են քան արտաքին արցունքները: Մէկը ըսած է. «Ի՜նչքան խիստ եմ, հայր իմ. ո՛չ մէկ արցունք կը թափեմ: Սիրտս քարի նման է»: Դիւրազգած ըլլալուն պատճառով, իր չի լալը մեծ խստութիւն կը համարէր: Սակայն, խեղճը ներքնապէս կը կսկծար ու կը ցաւէր իր սիրտին խորերէն: Մինչ կան մարդիկ, որոնք մէկ կու լայ, մէկ կը ծիծաղի, որով գարնան կը նմանի: Եթէ լայ ցաւող մարդ մը տեսնելուն համար, ապա կ՚առարկէ, թէ մասնակից կը դառնայ ուրիշի ցաւերուն: Իսկ եթէ աղօթած ժամանակ արցունք թափէ, կը պատճառաբանէ, թէ իր աղօթքը ընդունուած է, որովհետեւ արցունքները ընկերակից եղած են [իր աղօթքին]: Երկու պարագաներուն ալ կը հանգստացնէ իր հոգին ու միտքը, սակայն արդեօք ատոնք զղջումի՞ արցունքներ են:

Անմխիթար արցունքներ կան: Սատանայական արցունքներ են, որոնք զղջում չեն արտայայտեր, այլ՝ շօշափելի եսասիրութիւն: Մարդ եսասիրութեամբ կու լայ, որովհետեւ ինկաւ [մեղքի մէջ]: Վիրաւորուած կը զգայ, որովհետեւ ուրիշներուն աչքէն ինկաւ եւ ո՛չ թէ քանի որ զԱստուած վշտացուց, եւ կրնայ ահաւոր կերպի ցաւ ապրիլ:

Քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, յեղափոխական սպաներէն մէկը -թող որ Աստուած անոր զղջում շնորհէ- ձերբակալեց մարդ մը, որ կը խնամէր աղքատ ընտանիք մը՝ ինն հոգիէ բաղկացած: Սկսաւ ահաւոր կերպով հարուածել զայն, որովհետեւ քաղաքականապէս այլ հայեացք ունէր իր հայեացքէն: Խեղճ մարդը գոռաց.

-Բարի՜: Չե՞ս մեղքանար ինծի: Ինն զաւակ ունիմ: Չե՞ս յիշեր ինչպէս քեզ ուսերուս վրայ կ՚առնէի: Ի՞նչ ըրի քեզի:

Սակայն այս խօսքերը անօգուտ մնացին, որով սպան սկսաւ խստութեամբ ոտքով հարուածել այդ խեղճ մարդը, որով սպայի ընկերակիցներէն մէկը ըսաւ անոր.

-Ի՞նչ ըրած է քեզի այս աղքատ մարդը:

Այն ատեն սպան իր եսասիրութեան պատճառով սկսաւ լալ: Այդ արցունքները կը նմանին Յուդայի արցունքներուն, որ Յիսուսին յանձնեց ու ապա գնաց փարիսեցիներուն մօտ, եւ ըսաւ.

-«Ես մեղաւոր եմ». ու ապա արծաթները նետեց ու գնաց ինքզինք կախեց իր եսասիրութեան պատճառով (Մտ 24.3-5): Յուդան կրնար փրկուիլ եթէ զղջար ու երթար Յիսուսին մօտ, զղջար՝ ներողութիւն խնդրելով:

ՁԵՌՔԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ, ՈՐ ԵՐԲԵՔ Չ՚ԱՒԱՐՏԻՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչն է տխրեցնող ուրախութիւն:

-Այն ուրախութիւնը, որ ծնունդն է մեր սխալներէն մէկուն համար մեր նեղուելուն: Տխրեցնող ուրախութեան ցաւ եւ ուրախութիւն կայ, այդ պատճառով ըսուած է. տխրեցնող ուրախութիւն:

Մարդը կը տխրի իր անտարբերութեան պատճառով, երբ կը տխրեցնէ Յիսուսը, սակայն կ՚ուրախանայ աստուածային մխիթարութիւնը զգալով: Զղջացողը երբ ճշմարիտ զղջումով կը զղջայ, ապա Աստուած կը ներէ անոր, եւ այն ատեն աստուածային մխիթարութիւն կը զգայ եւ կը հասնի հոգեւոր զուարթութեան վիճակին:

-Ո՜վ Ռոնտա. պայքարող մարդը կրնա՞յ իր կեանքը զղջումով ապրիլ:

-Այո. եթէ ուղիղ կերպով պայքարի, իր իյնալները կը տեսնէ միայն առանց նկատելու իր յառաջընթացը, եւ այն ատեն զղջումի մէջ կ՚ապրի: Չի գիտակցիր, որ սկիզբը մէկ սատանայի դէմ կը պատերազմի, սակայն յետոյ վիճակը զարգանալով կը սկսի սատանաներու գունդի մը դէմ պայքարիլ: Մարդ ինչքան ջանք թափէ, քմահաճոյքներէն ձերբազատուի ու առաքինութիւն ձեռք ձգէ, ապա թշնամիներուն երամները կը հաւաքուին, որպէսզի փորձեն պարտութեան մատնել զինք: Այն ատեն դրական յառաջընթաց կ՚ունենայ, սակայն այդ յառաջընթացը չի՛ նկատեր ու կը կարծէ, թէ յառաջընթաց չ՚ունենար, մինչ ինք կը յառաջանայ՝ նկատի ունենալով, որ կը կրկնապատկէ իր ջանքերը ու բազմաթիւ սատանաներու դէմ կը պատերազմի:

Զղջումը ձեռքի աշխատանք մըն է, որ երբեք չ՚աւարտիր:

Մարդիկ կու լան իրենց մեռելներուն համար, կը սգան նաեւ եւ յետոյ կը մոռնան զանոնք: Իսկ մեր մեղքերուն վրայ պէտք է միշտ լանք մինչեւ մեր մահուան ժամանակը գայ, սակայն՝ յարութեան յոյսով, զոր Յիսուս շնորհեց մեզի Իր խաչելութեամբ եւ մահուամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ

Մարդ որպէսզի դադրի մեղանչելէ, պէտք է հեռանայ բոլոր այն բաներէն, որոնք զինք այդ մեղքին կ՚առաջնորդեն: Գինեմոլը, օրինակ, որ կ՚ուզէ դադրիլ խմելէ, պէտք է զգուշանայ գինետան առջեւէն անցնելէ: Պէտք է լաւ մտադրութեամբ փորձէ եւ Արդար Աստուածը կ՚օգնէ անոր, որպէսզի յաղթահարէ դժուարութիւնները:

Մէկը կը փորձէ ձերբազատուիլ քմահաճոյքէ մը, որ ունի, որով կը պայքարի ձերբազատուելու համար եւ խոնարհութեամբ կը զղջայ. Աստուած գիտնալով անոր դրական մտադրութիւնը՝ կ՚օգնէ անոր: Իսկ ան որ չի փորձեր իր կեանքին ընթացքը փոխել ու կը շարունակէ մեղքեր գործել, ապա Աստուծոյ շնորհքը պիտի չստանայ, որովհետեւ այդ շնորհքը մեղաւոր վիճակի մը (չզղջացած) չի՛ գար, ապա թէ ոչ Աստուած սատանային ալ ղրկած կ՚ըլլար Իր շնորհքը:

Այն մարդը, որ իր մեղքերուն եւ սխալ մտածումներուն մէջ չի՛ մնար, կը զղջայ եւ կը պայքարի, որպէսզի կրկին անգամ մեղքի մէջ չիյնայ: Այդպիսին Աստուծոյ շնորհքը կ՚ընդունի եւ օգնութիւն կը ստանայ: Իսկ զղջումի բացակայութեան պարագային այդ վիճակը սատանայական վիճակի կը փոխուի, եւ այն ատեն մեղքը նորաձեւութեան կը վերածուի:

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս փրկուեցաւ երկու աւազակներէն մէկը, որոնք Յիսուսի հետ խաչուած էին:

-Անիկա պատին վրայ բարձրացաւ ու դրախտ մտաւ: «Աւազակին զղջումը՝ դրախտը գողցաւ» (Մխիթարիչ գիրքէն, Կիրակի օրուան օրհնութիւններէն, Առաջին երաժշտութիւն), այսինքն՝ իր մեծ զղջումով դրախտը գողցաւ:

-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ մէկը իր կեանքին ընթացքը փոխեց եւ իր հին ու սխալ սովորութենէն ձերբազատեցաւ, սակայն յետոյ կրկին անգամ ինկաւ հին մեղքի մը մէջ, այդ կը նշանակէ որ զղջումի պակա՞ս ունի:

-Այո. եթէ կը կատարէ այն ինչ որ պէտք է կատարէր ու ինկաւ, որոշ արդարացումներ ունի արդարեւ: Սկիզբը դիւրին չէ: Սակայն, երբ գիտակցի իր կատարածին ահաւորութեան, ապա կրկին ագամ այլեւս պիտի չիյնայ:

Անցեալին ճշմարիտ զղջում կար: Երբ մէկը զղջար՝ կը հաստատուէր եւ այլեւս չէր երերար: Կը յիշեմ կիներէն մէկը, որ օգնեց ինծի իր ճշմարիտ զղջումով: Չէր խօսեր իր չափազանց ամչնալուն պատճառով: Սեւ հագուստներ հագաւ՝ նմանելով քոյրերուն եւ սկսաւ զբաղիլ եկեղեցիներէն մէկուն ճրագներով: Երբ կը դիտէինք զինք, տարօրինակ զգացում մը կ՚ունենայինք, որ մեզ հոգեւորապէս կը թարմացնէր:

Իսկ այսօր երբ մէկը իր կեանքին ընթացքը փոխէ, կը սկսի ուսուցիչի դեր խաղալ՝ որ ուրիշներուն դասեր կու տայ, մինչ իրենց ներսիդիին մէջ կը պահեն իրենց հին անձերը:

Զղջումի եւ մոլորուած կեանքէ հեռանալու ու հոգեւոր կեանքով սկսիլ ապրելու մէջ՝ ուրիշներուն համար դրական օգտակարութիւն կայ: Սակայն, անմիջապէս քարոզելու եւ ուղղութիւն տալու անցնելուն մէջ, կարծես թէ այդ մարդը հոգեւոր նոր մարդ եղած ըլլայ, ապա հարց մըն է, որուն մէջ մոլորութիւնը ներկայութիւն է:

-Ո՜վ Ռոնտա. այդ մարդիկ այդպէս կը վարուին ուրիշներուն օգնելո՞ւ համար:

-Այո. անոնք այդպէս կը վարուին ուրիշներուն օգնելու համար: Սակայն, իր արարքին ետին հպարտութեան միտում կայ, որ զիրենք համաշխարհային ճանաչելիութեան կը քաշէ: Ասկէ կը հասկնաս, թէ անոնք ի՜նչքան թաղուած են մոլորութեան մէջ: Եթէ իրապէս անոնք կը զգային իրենց թերութիւնները, ապա պէտք էր զգուշանային եւ յիշէին այդ թերութիւնները, եւ համարձակութիւն ունենային այդ միտքերը -հպարտութեան միտքերը- վռնտելու, եւ խոնարհութեամբ զինուէին ու զզուէին հին բաներէն, որով հոգեւորապէս կը փոխուին: Իսկ որոշ հին կեանքի մասնիկներ պահելով՝ զանոնք լաւ համարելով, ապա այդ բանը Աստուծոյ օգնականութիւնը կը հեռացնէ եւ կ՚արգիլէ մաքրութեան՝ բազմելու սիրտի գահին վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 27

4 մարտ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021