ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՔԱՐԼ ԿԻՒՍԹԱՒ ԵՈՒՆԿԻ

Վերլուծական հոգեբանութեան հիմնադիրն է հոգեբոյժ Քարլ Կիւսթաւ Եունկ, որ կը համարուի շատ կարեւոր անձնաւորութիւն՝ հոգեբանութեան եւ հոգեբուժութեան պատմութեան մէջ։ Ան ծնած է Զուիցերիայի մէջ, ուր անցուցած է իր կեանքի մեծ մասը։ Ան Սիկմոնտ Ֆրոյտի հետ աշխատած է հոգեվերլուծութեան վրայ, սակայն աւելի վերջ տարաձայնութիւններու պատճառով բաժնուած է Ֆրոյտէն եւ յառաջ քշած է իր տեսութիւնը։ Երբ ուսումնասիրենք Եունկի կեանքը, ապա կը տեսնենք, թէ ան ունեցած է դժբախտ եւ դժուար շրջաններ ինչպէս մանկութեան, այնպէս ալ հասունութեան տարիներուն։ 

Եունկ միշտ սիրած էր սորվիլ նոր գիտելիքներ եւ իր ժամանակաշրջանի ընձեռած հնարաւորութիւններու համահունչ ուսումնասիրութիւններ եւ ընթերցումներ կատարած է բազմաթիւ ոլորտներու մասին. ինչպէս՝ փիլիսոփայութիւն, կրօն, դիցաբանութիւն եւ հոգեբուժութիւն։ Մարդը եւ մարդկային բնոյթը հասկնալու համար ան ուսումնասիրած է բազմաթիւ տարբեր մշակոյթներ եւ փորձած է հասկնալ անոնք՝ ապրելով զանազան համայնքներու հետ։ Այս նպատակով ան այցելած է Թունուզ, Հնդկաստան, Ափրիկէ եւ այլ վայրեր ու սորված է անոնց լեզուները։ 

Իսկ յայտնի հոգեբոյժը ի՞նչ կը մտածէր երջանկութեան մասին։ 

1960 թուականին լրագրող Կորտըն Եանկ Քարլ Կիւսթաւ Եունկին հարցուց, թէ ի՞նչ գործօններ կրնան ազդել երջանկութեան վրայ, ապա ան նշեց երջանիկ ըլլալու հինգ հիմնական գործօն։ Այս հինգ գործօնները կը համընկնին այսօրուայ դրական հոգեբանութեան հետազօտական արդիւնքներու հետ։ Անհրաժեշտ կը համարեմ նշել, թէ երջանկութեան մասին Եունկի այս տեսակէտերը հիմնուած են անձնական փորձառութիւններու եւ դիտարկումներու վրայ, այլ ոչ թէ գիտական հետազօտութիւններու։ 

Ըստ Եունկի՝ երջանկութեան «բաղադրիչները» հետեւեալն են.

Ա.- Հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութիւն

Որպէս առաջին գործօն Եունկ նշեց հոգեբանական եւ ֆիզիքական առողջութիւնը։ Ինչպէս ըսած է Ռապինտրանաթ Թակոր՝ «Առողջ մուրացկանը աւելի երջանիկ է, քան հիւանդ թագաւորը»։ 

Բ.- Որակեալ մարդկային յարաբերութիւններ 

Այսօր անվիճելի է խոր, առողջ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ ունենալու ազդեցութիւնը։ Երջանկութեան համար մեծ նշանակութիւն ունին ամուսնութիւնը, ընտանեկան կամ ընկերային յարաբերութիւնները։ 

Գ.- Շրջապատի գեղեցկութիւնը նկատել եւ գնահատել

Բարեկեցութեան համար կարեւոր է նաեւ բնութեան եւ արուեստի գեղեցկութիւնները նկատելն ու գնահատելը։ Եունկ շատ կը սիրէր իր ժամանակի մէկ մասը արժեւորել բնութեան գիրկին։ Ան կը շեշտէ, թէ երջանկութեան համար կարեւոր է նաեւ գեղագիտական ընկալում եւ կեանքի գեղեցկութիւնները տեսնելու ունակութիւնը։ 

Դ.- Լաւ կենցաղային եւ աշխատանքային պայմաններ

Երջանկութեան համար կարեւոր գործօն են նաեւ լաւ կենսական պայմանները։ Փաստօրէն պատահական չէ, թէ այսօր ամենաերջանիկ երկիրները նաեւ տնտեսապէս ամենազարգացածներն են։ Կրթութեան, առողջապահութեան եւ անվտանգութեան պայմաններու բաւարարուածութիւնն ալ ազդեցիկ են երջանկութեան վրայ։

Ե.- Փիլիսոփայական կամ կրօնական համոզում 

Ըստ Եունկի, երջանկութեան վրայ ազդող մէկ այլ գործօն է կրօնական հաւատը կամ փիլիսոփայական համոզում կամ տեսակէտ ունենալը։ Կրօնական եւ փիլիսոփայական համոզումներու անհատի երջանկութեան վրայ ամենամեծ ներդրումը կեանքին վերագրած իմաստն է։ 

Այս բոլորի առընթեր Եունկ աւելցուցած է նաեւ, որ երջանկութիւն ապահովող այս գործօնները որոշ պայմաններու ներքեւ կրնան հակառակը յառաջացնել։ Որքան ալ մեր իրավիճակը իտէալ ըլլայ, երջանկութիւնը երբեք երաշխաւորուած չէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022