«ՔՈՎԻՏ»Ը, ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՄԵՆՔ. ՀԵՌԱՎԱՐ ԶՐՈՅՑ՝ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՐԱՖՖԻ ԱՃԷՄԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
Րաֆֆի Աճէմեանին հետ մեր ծանօթութիւնը կու գայ վաղ 90-ականներէն։ Նոր մտած էինք «գրական ասպարէզ» կոչուած «պարտէզ»ը, որ երբեք «ասպարէզ» մը չդարձաւ ու ցագ ու ցրիւ էջեր կ՚ուղարկէինք Միացեալ Նահանգներ հրատարակուող «Բաց նամակ» հանդէսին։ Րաֆֆին հանդէս կու գար վերլուծական էջերով, որոնց ամենէն գեղեցիկը եւ խոնարհելին՝ իր օգտագործած եւ թարմութիւն մը բերող արեւմտահայերէնն էր։
Այդ թերթի էջերուն, ուր կային նաեւ մեր սերունդին համար մեծ հովանի հանդիսացող անուններ. ինչպէս՝ Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան եւ ուրիշներ, մենք կարողացանք ինչ-որ նոր ոգեղէն հմայիլ մը պատրաստել։
Սերունդը մեծցաւ, աճեցաւ ու այդ աճին հետ ալ տխուր եղանակով մը, ինչպէս յարիր է սփիւռքի մեր գոյութեան, դարձաւ ցան ու ցիր։
Օրերը եւ կեանքը մեզ հեռացուցին կերպով մը ու այդ նոր վիճակներուն մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը փորձեց իր «խուց»ին մէջ ապրիլ ու արարել։
Գրականութիւնը դարձաւ երազ, ապրումը դարձաւ յետաձգուած եւ սպասելի հանդիպում, իսկ գերակշռողը՝ նորին վսեմութիւն կեանքը առիթ տուաւ մեզի, մեզմէ ետք եկողներուն հետ կիսել մեր կէս մնացած ապրումն ու սպասուած երազը։
Այդ մեծ հեռացումներուն մէջ սակայն գիրի ընկերները մնացին իրենց բարձրութեան վրայ, հեռացանք իրարմէ, բայց պահեցինք այն մեծ ոգին, որուն մէջ պահ-ւած էր գիրի ու գրականութեան կանթեղուած կրակը։
Օրերը կը վազեն, կեանքը առանց ականջ տալու «քովիտ»եան զարմանալի եղափոխութիւններուն, կը շարունակէ իր ահեղավազ ընթացքը… Նոր ժամանակներ կը բացուին ու ահա քսանհինգ տարուան հեռաւորութեան մը բոլոր կիրճերէն անցնելով դարձեալ հին բայց ոչ հնացած ընկերոջ մը հետ, թերթի իմ սիւնակով իրարու հետ կը խօսինք։
Գալիքի, սպասուած դէպքերու ու մեծ զարգացումներու, մարդու եւ բնութեան փոխընկալման ու տակաւին «Քովիտ»ի ունենացած եւ ունենալիք մարդկային ու մշակութային փոփոխութիւններէն մինչեւ չոր-քաղաքական եզերքներ։ Այդ բոլորին մասին խօսեցանք ու վստահօրէն համով զրոյց մը ստացանք։
Կարդացէ՛ք։
Մեր հարցումներուն պատասխանեց գանատահայ մտաւորական Րաֆֆի Աճէմեան։
-Զանազան մակարդակներու վրայ կը խօսուի, որ մենք մտած ենք «յետ-քորոնա»ի ժամանակաշրջանը։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին եւ ինչո՞վ պայմանաւորուած պիտի ըլլան այդ նոր ժամանակները։
-Յստակ է, թէ «յետ-քորոնա»ի ժամանակաշրջան մը մտած ենք, թէեւ երբեք յստակ չեն տակաւին, որ ի՛նչ ուղղութիւններով պիտի ընթանան նոր իրականութիւնները, որոնց ստիպուած պիտի ըլլանք դիմագրաւելու իբրեւ մարդկութիւն։ Այս մէկը բոլորս կը նկատենք, կը զգանք, որ այս տագնապը նոր որակ մը բերած է, բան մը փոխուած կը թուի ըլլալ։
Որպէս առաջին հակազդեցութիւն, մէկու մը համար, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հասակ առած է, զգացի, թէ կարծես դարձեալ այդ օրերուն վերադարձած եմ։ Մեր փոքրերուն դպրոց չյաճախելը, տան մէջ ժամանակ անցընելը, անորոշութիւնը, վտանգը, եւ այլն։ Ներխուժում մը կայ «ատրենալին»ի, որ քեզ կը լեցնէ, նաեւ սովորական դարձած առօրեադ կը շրջէ։ Պատերազմի օրերու փորձառութիւնը, անորոշին դիմաց սպասելը սորված ենք արդէն։ Այնպէս որ դարձեալ կը սպասենք։
Սակայն այս ի՞նչ տեսակի անորոշութիւն է։ Զարմանա՞լ, երբ մարդ արարածը վերջին քանի մը հարիւր տարուան մէջ գիտութեան ընձեռած հուժկու կարողութիւններով, իսկական փորձանք մը դարձաւ ինքն իր հարազատ շրջապատին համար։ Գիտութեան «փանտորայի տուփ»ը փակել կարելի չէ: Սակայն ո՜ւր մնացին երկրին խնամակալութիւնը ստանձնողի ինքնադիմանկարով հրապարակ իջած «լուսաւորիչ» մարդուն յաւակնութիւնները...։
Աղէտը միշտ դարանակալ կը սպասէ։ Այդ մէկը կը թելադրեն բոլոր ժողովուրդներուն առասպելները։
Այսօր մեր ապրածը սակայն միայն ազդանշանի մը արձագանգը ունի մեր ականջներուն։ Բուն աղէտը կարծես տակաւին կը յամենայ։ Բան մը փոխուած է։ Դրամատիրական համակարգը իր գերազատական ընթացակարգով տեղ մը կարծես կանգ առնելու վրայ է։ Սակայն ի՞նչ բան պիտի գար փոխարինելու զայն։ Չինական ոճով հսկողութեան համակա՞րգ մը։ Գէշ-աղէկ դարձող ժողովրդավարութիւնը արդեօք սպառա՞ծ ըլլայ իր օրերը եւ, աւելի կարեւորը՝ պատրա՞ստ ենք ատոր։
-Առողջական հարցերէն ու առողջապահական ընդհանուր պատկերէն անդին, «Քորոնա»ն կարծէք կարողացաւ ստեղծել նոր իրականութիւն։ Խօսքը անշուշտ նաեւ մշակութային ոլորտին մասին է, այն իմաստով, որ երկար տարիներով ստեղծուած եւ սակայն ամբողջական չդարձած «համաշխարհայնացում» երեւոյթը կարծես, թէ սկսաւ տեղի տալ, ի դէմ «Քորոնա»ի ստեղծած նոր մշակոյթին։ Այդ բոլորի առընթեր կարծես սկսաւ նաեւ պայքար մը, որուն սլաքները ուղղուած էին «համաշխարհայնացման» դէմ եւ որուն պատկերը տակաւին չէ ամբողջացած:
Մէկ խօսքով՝ նոր մշակոյթ, տեղայնական-տեղական մշակոյթներու ամրացում եւ ի հեճուկս անցեալի կեդրոնացած «տուն» աշխարհին, այսօր արդէն կ՚երեւի «ապակեդրոն» նոր աշխարհ, որուն հիմնական բանալին ալ տեղական մշակոյթներու զարթնումն է։ Այս մասին ի՞նչ կը խորհիք։
-Ինչ կը վերաբերի համաշխարհայնացումին, դժուար է երեւակայել, որ կարելի ըլլայ Ծայրագոյն Արեւելք փոխադրուած ճարտարարուեստն ու գործարանները ետ պիտի բերուին։ Տնտեսութիւնը շահու վրայ կը բանի։ Այնպէս որ անկարելի է նոյն ապրանքը աւելի սուղ գինով արտադրել ու ծախել, երբ աւելի աժանը կայ։ Երազամոլութիւն է։ Համաշխարհայնացում կոչուածը պարզապէս բնական հետեւանքն է տեղեկատուական ու փոխադրական յառաջդիմութիւններուն, ու ի բաց առեալ համայնակուլ աղէտէ մը, մէյ մը ազատագրուած՝ «ճինը» ետ շիշին մէջ կարելի չէ թխմել։ Պէտք է անոր հետ ապրիլ սորվիլ։
-Այս բոլորի կողքին նաեւ ակներեւ դարձաւ, որ աշխարհն ինչքան թոյլ ու անպատրաստ է նման համավարակի մը դէմ պայքարելու առընթեր։ Այդպէ՞ս է իրօք, եւ պատահած զարգացումները, անկումներն ու մահացութեան դէպքերը փաստեցին, որ իրօք աշխարհ ամբողջութեամբ «թոյլ» էր ու անպատրաստ։
-Աղէտները, խօսքս բնական աղէտներուն մասին է, պիտի աւելնան, փախուստ չկայ։ Այս ճամբան բռնած ենք քանի մը հարիւր տարիէ ի վեր ու դժուար թէ կարենանք այլեւս առաջքը առնել բնապահպանական ու օդերեւութաբանական գալիք մեծ փոփոխութիւններուն։
Պատրա՞ստ ենք զանոնք դիմագրաւելու։ Ահա՛, «Քորոնա»ն եկաւ որպէս փորձ, կամ փորձութիւն։ Սկիզբը մեզի թուեցաւ, որ պատրաստ չէինք։ Չորս ամիս անցած է ու այսօր տպաւորութիւնը նուազ յոռետեսական է։ Տարածումը կը շարունակուի շատ մը երկիրներու մէջ, մասամբ տեղական անկարողութիւններու որպէս հետեւանք, սակայն ընդհանուր առմամբ առաջքը կարելի եղաւ առնել՝ ընդհանուր փլուզումին։ Գոնէ առայժմ։
Երբ կամքը կայ, կարողութիւններն ալ կան։ Այդ ձեւով պէտք է մօտենալ կը խորհիմ։
-Որպէս աշխարհի զարգացումներուն հետեւող մարդ, կը հաւատա՞ք, որ «Քորոնա»ն արդիւնք է «ներքին-պայքարներ»ու եւ դաւերու. այլ կերպ ըսած, «Քորոնա»ի հետ կապուած կը հաւատա՞ք «դաւադրական տեսութեանց»։
-Դաւադրամոլ մը չեմ։ Բարդ իրականութիւնները պարզ բացատրութիւններ չունին։ Դէմ յանդիման կը գտնուինք լուրջ դժուարութիւններու, բայց միաժամանակ ունինք լուրջ կարողութիւններ։ Փաստ, ահաւասիկ, անցնող չորս ամսուան մէջ համաշխարհային մակարդակով ի գործ դրուած, թէեւ սկիզբը խարխափումներով, վտանգը հակակշռելու քայլերը։ Առաջին ալիքին անկաշկանդ տարածումը փաստօրէն կարելի եղաւ սանձել։ Աննախադէպ երեւոյթ է։ Կարելի եղաւ, որովհետեւ միջոցները կային (տեղեկատուութիւն), ինչպէս նաեւ կամքը (մարդը փրկելու)։ Ասոնք դրական նորութիւններ են։ Տակաւին կայ պատուաստի ու բուժման համար լծուած համաշխարհային վազքը, որ, համոզուած եմ, արդիւնք պիտի տայ ու բաշխուի կրկին աննախադէպ արագութեամբ։
Կայ սակայն այս ամէնուն համար վճարուելիք գինը, որովհետեւ այս ամէնը գին մը ունին։ Յոռետես մը չեմ, սակայն երեւցող տնտեսական ճգնաժամն ու անոր պատճառած անորոշութիւնը մտահոգիչ են։ Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ կայ միասնական կամք մը, համաշխարհային առումով, որ պիտի օգնէ, որպէսզի հարցերը լուծուին քայլ առ քայլ ու միասնաբար։ Երկիրները այսօր անջատ տարածքներ չեն, որքան ալ կարգ մը «ազգայնամոլ»ի ցնցոտիներ հագած ղեկավարներ կը փորձեն իրենց անձնական շահերուն համար ժողովուրդներուն մօտ այդ տեսակի անցեալի երազներ արթնցնել։ Տնտեսութիւնները իրարու կապուած են։ Այնպէս որ, ոչ մէկ երկիր կրնայ խուսափիլ հետեւանքէն, եթէ օրինակ՝ հարեւան երկրի մը տնտեսութիւնը փլիլ սկսի։ Փոքր երկիրներ հաւանաբար զոհ երթան։ Այդ վտանգն է, որ մեզի համար կրնայ ճակատագրական ըլլալ։
-Հայկական մեծ աշխարհին մէջ եղած զարգացումներուն ու համավարակի օրերուն (որոնք դեռ ալ կը շարուանկուին) հայութեան ցոյց տուած ունակութեան, պայքարելու զէնքերուն եւ միջոցներուն մասին ի՞նչ կը մտածէք. ի վերջոյ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այդ բոլորը։ Գնահատականներ ունի՞ք։
-Գալով մեզի, իբրեւ հայութիւն, մեր վիճակն ալ մէկ մասնիկն է ու կախեալ համընդհանուր զարգացումներէն, երբեմն ըստ երկիրներուն, ուր կայք հաստատած ենք, իբրեւ անհատ կամ հաւաքականութիւն։ Յստակ է, որ տեղեկատուական գիտութիւններու զարգացումը ինքզինք աւելի եւս պարտադրեց այս հանգրուանին։ Այսօր ա՛լ աւելի կապուած ենք իրարու։ Սակայն ստեղծուած անորոշութիւնը վտանգներու իր շերտերը ունի, ինչպէս կը տեսնենք, թէ՛ առողջապահական գետնի վրայ եւ թէ ռազմական։ Առիթէն օգտուողներ պիտի ըլլան եւ ատոր դիմաց ալ աւելի կարիքը կայ խելացի ղեկավարութեան ու միասնական կամքի։
Անկախութենէն հարիւր տարի ետք, երկիր պահելու մարտահրաւէրը կը մնայ նոյնը, ինչպէս որ մեծ ցրուումէն հարիւր տարի ետք մենք մեզ յիշելու մարտահրաւէրը կը մնայ նոյնը չորս կողմերն աշխարհի։ Վահէ Օշական մեծ հաւատք ունէր այս ժողովուրդին վերապրելու կամքին վրայ։ Կ՚ուզենք մենք ալ հաւատալ անոր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան