ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱՐԺԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ԵՐՋԱՆԻԿ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ
Ներկայ տարւոյս յունիսի 11-ին լրացաւ Բարձրաշնորհ Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի ծննդեան երջանկաբեր 90-ամեակը եւ այս առիթով միասնաբար սիրով եւ գնահատանքով կու գանք ողջունելու Սրբազան Հայրը իր պատուաբեր ու բարեխնամ վաստակին ընդառաջ, մաղթելով Նորին Սրբազնութեան առողջ եւ երջանիկ տարիներ։ Ներկայիս Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն արքեպիսկոպոսն է Գերաշնորհ Վաչէ Սրբազան, եպիսկոպոս ձեռնադրուած 1967 թուին, որուն անտարակոյս վայել է պատիւ եւ երախտիք, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 70-ամեակը պիտի նշուի յառաջիկայ տարի։
Յատկապէս Ամերիկահայ Արեւմտեան թեմը յարգանքի եւ երախտագիտութեան կարեւոր բաժին մը ունի Վաչէ Սրբազան Հօր, երբ նկատի ունենանք իր թեմակալ առաջնորդի երեսունէ աւելի տարիներու շինարար աշխատանքը։ Արեւմտեան թեմի հիմքն ու մնայուն սիւները կառուցանելու պատիւը իր ուսերուն՝ Սրբազանը զանոնք յաջողութեամբ պսակեց։ Եթէ այսօր թեմը ծաղկուն է եւ փայլուն, հիմնական գործը Վաչէ Սրբազան Հայրը կատարած է համբերութեամբ եւ մեծ նուիրումով։
Արեւմտեան թեմը լիիրաւ կերպով նիւթապէս եւ հոգեւոր կեանքով ուռճացաւ, եկեղեցիներ կառուցուեցան, հոգեւոր հովիւներ իրմէ ձեռնադրուեցան ու թեմի յարակից կարեւորագոյն մարմինները հիմնաւորուեցան, ըլլան անոնք հոգեւոր, վարչական, ուսումնական եւ համայնքային։ Տարակոյս չկայ, որ ամէն թեմակալ իր օրով կը կատարելագործէ իր լաւագոյնը՝ օրհնութեամբ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին, յանուն Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցւոյ, ինչպէս մօտաւոր անցեալին, նաեւ ներկայիս մեր Թեմակալ առաջնորդ Յովնան Սրբազան Արքեպիսկոպոսի ջանքերով, յաջողութեան վրայ աւելցնելով նորանոր յաջողութիւններ։
Որպէս Ամերիկահայ Արեւելեան թեմի նախկին հոգեւորական, մի քանի առիթներով անցեալին Արեւմտեան թեմ հրաւիրուած եմ Վաչէ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութենէն առաջ նոյնիսկ՝ 1964 թուականէն սկսեալ։ Տեսած եմ թեմին աւելի սահմանափակ գործունէութիւնը բնականօրէն ժամանակներու բերումով։ Երբ Վաչէ Սրբազանի օրով այցելելու առիթներ եւս ունեցայ, կը յիշեմ դպրոցներու հաստատման իր յատուկ խնամքն ու գործադրութիւնը, սկսելով ծխական համայնքներէն մինչեւ իր ջանքերով բացուած ՀԲԸՄ-ի «Մարի Մանուկեան» կրթական հաստատութիւնը, որ ցայսօր պատիւ կը բերէ թեմին ու Գալիֆորնիոյ համայնքին։
Նիւթական շէնքերու կառուցման եւ կամ ստացման աննախընթաց պարագաները եւս դժուարին պայմաններու տակ Վաչէ Արքեպիսկոպոս յաջողութեամբ պսակած է մինչեւ Պըրպենքի Առաջնորդանիստ մնայուն կալւածը, որ իր ձեռքով եւ ճարտարմտութեամբ ազգին ու համայնքին աւանդուած մեծագոյն բարիքը եղաւ։ Այդ նախնական օրերուն կրկին առիթը ունեցայ այցելելու եւ տեսնելու Պըրպենքի կալուածը, որ իր ճաշակով պայծառացաւ, սրահներու եւ գրասենեակներու յաւելումով։
Իսկ տասնամեակ մը առաջ մեր ներկայ առաջնորդ Բարձրաշնորհ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի առաջնահերթ աշխատանքով Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարը կառուցուեցաւ ու եկաւ պատիւով եւ օրհնու-թեամբ լրացնելու թեմի Առաջնորդարանը։
Վաչէ Սրբազան եղաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի միջին սերունդի հոգեւորականներէն մին, որ իր ուսման եւ հոգեւոր պատրաստութեան տարիները անցուց գիտնական մեծ հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոսին օրով, որուն օրհնութեամբ ստացաւ իր ձեռնադրութիւնը։ Տարի մը ետք երբ հայրապետը վախճանեցաւ, յուղարկաւորութեան թափօրին Վաչէ Հայր Սուրբ դագաղին առջեւէն յամրաքայլ կը կրէր Մեծ Հայրապետին ստացած շքանշանները։
Իր համալսարանական ուսումը Անգլիոյ մէջ կատարելէ ետք, Վաչէ Վարդապետ Միա-ցեալ Նահանգներ կու գայ ու կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Արեւելեան թեմէն։
Արեւելեան թեմէն ներս տասնամեակ մը հովուական ու վարչական պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնէ, դառնալով նաեւ Թեմական խորհուրդի անդամ։ Թեմին առաջնորդը զինք Գանատայի հայ եկեղեցիներուն որպէս առաջնորդի փոխանորդ կը նշանակէ ու երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետը զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ։ Մոնթրէալի մէջ կեդրոնանալով Վաչէ Սրբազան իրեն յատուկ ձեռներէցութեամբ կը յաջողի Առաջնորդանիստ եկեղեցի մը ծախու առնել ու զայն վերածել թեմի մայր տաճարի, որուն օծումը յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կատարեցին Շնորհք Պատրիարք, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս եւ Վաչէ Եպիսկոպոս։ Ներկայիս նոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին կը ծառայէ որպէս առաջնորդանիստ տաճար, ընդարձակ ներքնասրահով ու Առաջնորդարանի յատուկ գրասենեակներով։
Եթէ Վաչէ Արքեպիսկոպոսի մասին վկայութիւն տուող մը պիտի ըլլայ այս երջանիկ հանգրուանին, այն ալ կը խորհիմ տողերս գրողը պիտի ըլլայ, երբ եօթանասուն տարիներ առաջ Անթիլիաս իր մուտքին դիմաւորուեցաւ զոյգ մը երիտասարդ Յովսէփ Յովսէփեան եւ Մկրտիչ Մանուկեան սարկաւագներէն, որոնց քահանայական ձեռնադրութեան եւս ներկայ եղող Ընծայարանի առաջին դասարանի աւարտականներէն մին էր 1951 թուականին։ Ձեռնադրեալները ստացան Տէր Վաչէ եւ Տէր Արտակ անունները ու պատիւ բերին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Դպրեվանքին, մնալով հաստատ իրենց ծառայութեան մէջ որպէս գործունեայ եւ օրինակելի հոգեւորականներ։
Յանուն թեմիս հոգեւորական դասուն եւ համատարած հաւատացեալներուն, որոնք գործակիցներն ու շնորհընկալները եղան Սրազանին, սրտագինս կը շնորհաւորեմ Գերաշնորհ Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանը իր պատկառելի տարեդարձին առիթով, մաղթելով մնայուն առողջութիւն Տիրոջ օրհնութեան ներքեւ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան