ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ
Մէկ ձեռքով անթացուպը բռնած, ճամբու եզրին ոտքի կեցած է ծերունին, միւս ձեռքով ալ հրաժեշտ կու տայ իր անդրանիկին: Ակնթարթ մը, որուն ետին կ՚ուրուագծուի մեծ ու զգայացունց պաստառ մը:
Թաքսին կը սուրայ դէպի օդակայան: Անդրանիկը՝ յիսնամեայ Խորէն, բիբերուն վրայ կարծես դաջուած հօրը այդ պատկերը կը տեսնէ միայն, ո՛չ փողոցները կը նկատէ, ո՛չ ալ՝ անցորդները: Երկու շաբթուան արձակուրդը բաւարար չէր եօթ երկար տարիներու կարօտը ջնջելու, բայց որքան ալ երկար ըլլայ արձակուրդ մը, վերջ ունի, մանաւանդ հոսող ջուրի նման արագ կը սահին այն օրերը, որոնք հարազատներու կարօտին յորդած բաժակէն կաթիլ-կաթիլ կը նուազեցնեն ու զայն նորանոր յուշերով կը լեցնեն: Բայց այս պարագային տարբեր է. Խորէն հօրը դէմքը կուշտ մը կը դիտէ, ամուր գիրկընդխառնում մըն ալ կ՚ըլլայ հրաժեշտի այս պահուն, որուն կը յաջորդեն ժպտուն դէմքեր խոնաւցնող թաց աչքերէն հոսող կաթիլներ, զորս պահելն անկարելի է, ու հարցեր կը տեղան անոր մտքին մէջ...: Հրաժեշտը սարսափով կը համակէ ամբողջ էութիւնը Խորէնին, անգամ մը եւս չտեսնուելու սարսափ մը, որ շատ դաժան կը թուի. մարդուս կեանքի տեւողութիւնը միայն ու միայն Աստուծոյ կամքը կ՚որոշէ հարկաւ, բայց տարիքն ալ ունի իր դերակատարութիւնը, չէ՞...: Եօթ տարիները խոր կնճիռներով կ՚երեւէին հօրը դէմքին վրայ ու քալելու կարողութիւնը գրեթէ խլած էին իրմէ: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այս օտարութիւնը, ընտանիք մը կազմելու համար այլ ընտանիքի մը տարտղնումը, ու կարօտ, կարօտ, կարօտ ամէն ինչի, նոյնիսկ այս վայրկեանին բաժնուող հօր հանդէպ:
Խորէն Օգոստոս ամսուան արձակուրդին աշխատելով կրկնակի գումար գանձելու կարելիութիւնը ունէր, ու այդ վաստակը ղրկելու իր տարեց ծնողաց, բայց ան նախընտրեց տեսնել զանոնք, կենդանի հաղորդակցութիւն ունենալ անոնց հետ․ նիւթը երբեք չի կրնար այս հաղորդակցութեան իրականանալուն արգելք հանդիսանալ, երբեք ալ կարեւոր չէ եղած անոր համար, յատկապէս երբ ծնողքի տեսութեան հարցն է, այն ծնողքին, որ պատերազմի ահէն հազիւ հազ համոզուած ու հասած էր հայրենիք, բայց որ երբեք չի համոզուիր հոն մնալու մտքին։ Ան հազիւ կրցած էր հայրն ու մայրը մի քանի ամիս պահել, պատրուակելով որ ինք պիտի գար ու պիտի տեսնուէին: Սակայն Խորէն որոշած էր համոզելու վերջին փորձ մը եւս կատարել, որպէսզի մնան ու երթալու մասին ալ չմտածեն․ ան բազմիցս կրկնեց. «Թող խաղաղի երկիրը, ես ալ կու գամ ու միասին կ՚երթանք», այդ վայրկեանին կը թուէր, թէ համոզուած էին, բայց ո՛չ, գիտէր Խորէն իր ծնողաց, մանաւանդ՝ հօր յամառութիւնը, որուն ժառանգորդն է նաեւ ինք, որ եւս առած որոշումներուն վճռական հետեւող մըն է, ոչ մէկ արարք կրնայ կասեցնել զինք: Բայց անկարելի բան չկայ, պէտք է համոզել, քանի երբ ծնողները վերադառնան՝ դարձեալ պիտի սկսին անքուն ու մտորուն գիշերները, պիտի փակի ան լուրերու ցանցերուն եւ անմիջապէս ընկալուչը վերցնելով հանգստացնող հնչիւնները լսէ ծնողաց ու փառք մը տայ Արարիչին պահապան հրեշտակներուն, որոնք այս անգամ եւս փրկած պիտի ըլլային ծնողները փորձանքէն...:
Բայց խիղճը հանգիստ է Խորէնին․ իր մէջ հայրենասիրութեան սերմեր ցանած հօրը հետ շրջեցաւ հայրենիքի տեսարժան վայրերը, երջանկացաւ անոր հետ, կարծես յայտնագործութիւն մը ըրին անոնք երկուքն ալ, ու լսեց Խորէն հօրը խորհրդաւոր հնչիւնները իւրաքանչիւր վայրի այցելութենէն ներշնչուած.
, տղաս, այսօր Արարատին գագաթը յստակ կ՚երեւի, քանի որ երէկ անձրեւեց ու անձրեւը փարատեց մառախլապատ ամպերը,- ըսած էր հայրը Խոր Վիրապ այցելութեան ընթացքին։
-Զարմանալը քիչ է. դարեր առաջ մարդիկ ինչպէ՞ս կրցած են աս սիւները յղկել ու տաշել, երբ տակաւին քարեր տաշելու գործիքները ստեղծողներն անգամ ծնած չէին,- արտայայտուած էր ծերունին Գառնիի հեթանոսական տաճար այցելութեան ժամանակ:
-Աստուա՛ծ իմ, աս վանական համալիրը ինչպէ՞ս կառուցած են մարդիկ, ամբողջութեամբ փորուած է ժայռերուն մէջ ու տես, տես, քանի՞ մուտք ունի, աս կողմն ալ ճգնարաններ կան կարծես,- հիացած կը խօսէր Գեղարդավանքին մասին:
Ես կը կարծէի Հայաստանի մէջ ջուրը աւելի նուազ է, ծովային սահմաններ չունենալուն համար, բայց հակառակը կը տեսնեմ, առատ է հայրենիքի ջուրը եւ շատ համեղ, ահա հոս ալ բուժիչ է, եկո՛ւր, տղաս, խմենք աս տաք հանքային ջուրէն,- շշմած մը կը խօսէր Ջերմուկ այցելութեան ժամանակ:
-Կենա՛ցդ, տղա՛ս, Աստուած քեզ առողջ պահէ ընտանիքիդ գլխուն եւ այս ցանքդ հնձես մէկ հատիկէդ,- ըսած էր Սեւանի ափին արաղն ու խորոված իշխանաձուկը համտեսելով:
-Գրեթէ մեր բոլոր եկեղեցիներն ու վանքերը լեռներուն վրայ կառուցուած են, արդեօք ինչպէ՞ս վեր հանած են աս հսկայ քարի կտորները,- Նորավանքի պատերը շոյելով, Մոմիկի ձեռակերտին վրայ հիացած կ՚արտայայտուէր ան:
-Վարորդին վկայութիւնը փաստացի կը տեսնեմ, թէ աս վանքի նորոգութեան համար հինգ միլիոն տոլար նուիրած է արաբ իշխան մը, թէեւ իշխանին անունը չէր գիտեր, բայց ճամբաներէն արդէն նկատելի է նորոգութիւնը, միւս վանքերու ճամբաներն իսկ անմշակ էին, մինչ հոս վանքերը արտաքնապէս սպիտակացուած են նոյնիսկ, նոր հնութիւն մ՚է կարծես, ապրի՛ այն արաբը,- վարպետ ձեռքի զննումով կը վկայէ տարեց ճարտարապետը Հաղարծին այցելութեան միջոցին:
-Տղա՛ս, մէկ հատիկիդ տէր եղիր, Եւրոպան շատ շուտ կրնայ շեղեցնել զայն, մանաւանդ հա՛յ պահել ջանայ, այս է միակ փափաքս,- ծերունիին այս խօսքերը մի քանի անգամ կը կրկնուին Խորէնին ականջին մէջ, ու կը սթափի վարորդին ձայնէն.
-Հասել ենք արդէն, ախպե՛րս, բարի ճանապարհ եմ մաղթում:
Պայուսակները կը տեղաւորէ ու կը բազմի օդանաւուն նստարանին վրայ, այս անգամ յիշելով մօր խօսքերը, որ հրաժեշտի պահուն վերջապէս յայտնած էր, թէ ինչո՞ւ կ՚ուզէին վերադառնալ.
-Հոս ապրուստը շատ սուղ է, տղա՛ս,- ըսած էր,- առաւել՝ բնակարանի վարձքը կայ, մենք հոն ո՛չ վարձք ունէինք, ոչ ալ ասքան սուղ էր ապրուստը, հոս ալ, հոն ալ դուն պիտի հոգաս մեզ, քու բեռդ արդէն բաւարար է քեզի, մենք ալ չենք ուզեր կրկնապատկել զայն:
Մօրը այս խօսքերէն ետք Խորէնին դէմքին վրայ տխրութիւն կը նշմարուի, մայրը նկատելով այդ, անմիջապէս կը խաղաղեցնէ զաւակը ու ներքուստ զղջում մը կը պատէ զինք, զղջում այս խոստովանանքին համար, բայց ինք գիտէր փափկասիրտ զաւակը, զոր դաստիարակած ու մեծցուցած էր, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ըսաւ, երանի պապանձէր ու չըսէր, չնեղացնէր զայն, ու.
-Լաւ, տղա՛ս, անհոգ գնայ, ես կը համոզեմ հայրդ ու հոս կը մնանք,- կը խոստանայ մայրը վերջապէս եւ զաւկին խնդրած աղօթքը, իր ձեռագրով գրուած, ծոցը կը դնէ, անոր դէմքին համբոյր մըն ալ դրոշմելով:
«Դուք միայն խաղաղ երդիքի տակ, առողջ մնացէք, ես ուրիշ բան չեմ ուզեր», կը մտածէ Խորէն, ամպերը ճեղքելով անհետացող օդանաւուն մէջ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024