ՆՈՐ ԹՌԻՉՔ ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ

Արդէն եղաւ մօտաւորապէս վեց ամիս որ չեմ ճամբորդած։ Այս իմ վերջին երեսուն տարիներու հեւքոտ կեանքին համար իւրայատուկ է։ Այս վեց ամիսներու ընթացքին, որուն խոշոր տոկոսը անցաւ մեկուսացման վիճակի մէջ, կեանքի ընթացքը եւ գործունէութիւններու ոճը փոխուեցան։

Քուէյթ որդեգրած է հանգրուանային ձեւով երկիրը տակաւ առ տակաւ բանալու։ Հիմա արդէն մտանք չորրորդ հանգրուանը, ուր նաեւ վերաբացուեցաւ օդակայանը։ Ասոր վրայ եկաւ աւելնալու Քուէյթի կառավարութեան մէկ յստակ եւ երեւի նոյնքան խիստ միջոցառումը՝ երեսուն երկիրներէ վերադարձողներու մուտքը Քուէյթ արգիլուեցաւ։ Եւ այդ երեսուն երկիրներու շարքին է նաեւ Լիբանանը։

Ստիպուած էի գէթ Կիպրոս ճամբորդել, որպէսզի կարենամ որոշ գործեր հետապնդեմ, որովհետեւ ամէն ինչ առցանց կարելի չէր ընել։

Հինգշաբթի, օգոստոս 20-ին մտայ Քուէյթի օդակայանը։ Եթէ օդակայանի կառոյցը նոյնն էր, բայց կային նաեւ պակասաւոր կողմեր։ Իսկ պակասաւորը՝ ճամբորդութեան աշխուժութիւնը եւ անոր ստեղծած հոգին։ Իրականութիւն մը, որ կը զգաս ու կը վայելես երբ յաճախ կը ճամբորդես։ Օդակայանը դատարկ էր։ Առաջին անգամ ըլլալով կը մտնէի ներս եւ երեսս ծածկուած։ Ամէն կողմ կային յատուկ ուղեցոյցեր, թէ ինչպէս ճամպրուկդ պիտի յանձնես ու տակաւին անձագիրդ ստուգման ներկայացնել։ Իսկ սպասման սրահին ոչ բոլոր աթոռներու վրայ կարելի էր նստիլ։ «Երկու մեթր հեռաւորութիւն ձգէ» դարձած է այսօրուայ կարգախօսը։ Ո՞վ եւ ո՞րմէ պէտք է հեռաւորութիւն ձգել։ Մարդը մարդէ՞ն։

Սկսայ զգալ բայց նաեւ ապրիլ, թէ նոր թռիչքի հասկացողութեան եւ կենցաղի մը մէջ մտած եմ եւ բոլորս՝ անխտիր։ Բայց այդ երեւի պիտի ըլլար միայն նախանշանը յաջորդական այլ նոր ապահովական նախաձեռնութիւններու։ Օդանաւին մէջ եթէ մէկ կողմէ ծածկած էի բերանս եւ քիթս, բայց նաեւ գլխուս վրայէն անցուցած պաստառի նման ապահովական այլ միջոցառում մը, որպէսզի ամբողջ դէմքդ եւ գլուխդ պահես դիմացինէն։ Իսկ դիմացինը։ Մարդն է, ծանօթ կամ ոչ, որ մօտդ նստած է եւ քեզի հետ է այս ճամբորդութեան ընթացքին։

Կար աւելին։ Բաժնուեցան յատուկ ձեռնոցներ եւ խնդրուեցաւ, որ նաեւ մեր ձեռքերը ծածկենք։ Եւ ձեռքերն ալ ծածկելով արդէն հագած եղայ համավարակի դէմ դնելու ամբողջական սպառազէնքը՝ պատրաստ պատերազմի։

Այս մէկը երեսուն եւ աւելի երկար տարիներու թռիչքներէն շատ տարբեր էր։ Այս չէր իմ վարժուածը ու փորձառութիւնը։ Շնչառութեան նեղութիւն սկսայ ունենալ ու տաքութիւն մը խուժեց դէմքիս վրայ։ Սկսայ տատամսիլ, թէ հնարաւո՞ր է որ արդէն պսակաձեւ ժահրով վարակուեցայ։

Ունէի մէկ մխիթարութիւն։ Բարեբախտաբար թռիչքը շատ երկար չէ։ Սկսայ ինքզինքս քաջալերել, թէ ինչ լաւ է, որ Ամերիկայ կամ այլ հեռաւոր տեղ մը չեմ ճամբորդեր։

Լառնաքայի օդակայանը եթէ նոյնն էր, բայց նոյնքան փոխուած էին ստուգման միջոցառումները։ Պէտք էր սպասէինք երկար շարքի մը մէջ, որպէսզի ստուգեն, թէ ժահրէն զերծ յատուկ վկայագիր ունիս, թէ ոչ։ Ունէի եւ այդ ալ զերծ։ Բայց այդ մէկը երբեք չօգնեց։ «Տասնհինգ օր պէտք է մեկուսացնես ինքզինքդ» եղաւ ստուգող ոստիկանին վճիռը։

Կիպրոսի ոստիկանին ըսածը նորութիւն չէր ինծի համար։ Բայց չէ՞ որ արդէն ամիսներէ ի վեր մեկուսացման վիճակի մէջ էինք Քուէյթի մէջ։ Այս անգամ ալ պիտի փորձէի Կիպրոսի մեկուսացումը։

Հիմա Կիպրոս տունը նստած՝ կ՚աշխատիմ, կը գրեմ եւ կը մտածեմ։ Նոր թռիչք։ Նոր վիճակ։ Եթէ այս պիտի ըլլայ մեր կեանքը եւ անոր ապրելու ոճը՝ կ՚ուզե՞նք, պիտի յարմարուի՞նք։

Լիբանանի լուրերուն կը հետեւիմ։ Բայց նաեւ մնայուն կապի մէջ եմ բարեկամներուս հետ։ Եթէ աշխարհագրականօրէն արգիլեցին ինծի վերադառնալու տուն, չեն կրնար միտքս, սիրտս ու հոգիիս կապուածութիւնը արգիլել։ Լիբանանի վիճակը դժուար է։ Քաղաքական անորոշութիւն եւ ընկերային ու տնտեսական ահաւոր դժբախտութիւն։ Եթէ մէկ կը զարմանամ, բայց շատ աւելի կը բարկանամ, թէ մեր երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը չի զգաստանար եւ չ՚ուզեր անդրադառնալ ահաւոր աղէտէն դուրս գալու ելքեր որոնելու մասին։ Ու տակաւին անհամաձայնութիւնը վերածուած է կեանքի ոճի եւ ուղղութեան, երբ բոլորն ալ որոշած են չհամաձայնիլ։ Բայց հապա ժողովուրդը ու անոնց զրկանքները։ Հարազատներ կորսնցուցած իւրաքանչիւր ընտանիք։ Տուն, կալուած ու անտէր մնացած մարդիկ։

Լիբանանցի ծանօթ դերասան եւ արուեստագէտ Զիատ Ռահպանի հետաքրքրական եւ սրամիտ դիպուկ ակնարկ մը ըրած էր դիմատետրի իր էջին վրայ. «Լիբանանցին շատ սուրճ կը խմէ։ Կ՚ակնկալուի իրմէ, որ շատ աւելի արթուն եւ զգաստ ըլլայ»։

Բայց ո՞ւր է արթնութիւնը եւ ո՞ւր է զգաստութիւնը։

Հալէպէն եկած լուրերը նոյնքան տխուր են։ Համավարակը տարածուած է քիչ մը ամէն տեղ։ Շատ են վարակուողները ու տակաւին մահերը։ Իւրաքանչիւր օր նոր տխուր լուր մը կը ստանանք Հալէպի հայ գաղութէն վարակուողներու եւ մահացածներու մասին։ Եթէ անծանօթներ բայց նաեւ լաւ բարեկամներ կան մահացողներուն շարքին։ Տխուր եմ եւ արցունքներս կը խեղդեմ։ Հալէպը շատ սիրելի է ինծի։ Ծնողացս ծննդավայրը եւ ինծի համար ալ նոյնքան հարազատ։ Բայց տակաւին որքան աղէտներ պիտի հարուածեն սփիւռքահայ ամուր ամրոցներէն «երազային Հալէպը»։

Քուէյթի մէջ մաս կազմեցի լիբանանահայ գաղութի օժանդակութեան յատուկ յանձնախումբին։ Տարբեր հայկական կառոյցներէ ներկայացուցիչներով հաւաքուեցանք նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն եւ մասնակցութիւն բերելու լիբանանահայ գաղութին։ Քուէյթի հայկական գաղութը թիւով փոքր է, բայց հայութեան համար տրոփող սիրտ է։ Այս օրերուն աւելիով համոզուեցայ, թէ ինչքան հայկականութիւն կայ Քուէյթի գաղութին մէջ։ Ցերեկ եւ գիշեր միացուցին եւ խառնեցին եւ ուզեցին ամէն գնով օգտակար ըլլալ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն Լիբանանի մէջ։ Յանձնախումբին համար կարեւորը հայն էր եւ հայուն հասնիլն էր։ Այս եթէ մէկ կողմէ քաջալերական էր, բայց նաեւ յուսադրիչ։ Այո, այս դժուար օրերուն մէջ կան նոյնքան յուսադրիչ երեւոյթներ։

Հայաստանի պետականութիւնը իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը հասցուց ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ՝ Լիբանանին։ Այս ցոյց կու տայ երկու երկիրներու բարեկամական ամուր կապերը։ Ու տակաւին կ՚իմանանք, թէ յատուկ ծրագիր մը կը մշակուի հայրենի պետութեան կողմէ օժանդակելու համար բոլոր լիբանանահայերուն, որոնք կ՚ուզեն Հայաստան տեղափոխուիլ։

Արցախի Հանրապետութիւնը նոյնպէս հասաւ լիբանանահայ համայնքի նիւթական եւ բարոյական օգնութեան։ Նախագահը յայտարարեց, թէ պատրաստ է հարիւր ընտանիք ընդունիլ Արցախի մէջ։

Սփիւռքը ամբողջ զօրաշարժի ենթարկուած է այս օրերուն՝ հասնելու համար լիբանանահայ համայնքին եւ անոր կարիքներուն։ Բայց նաեւ օժանդակելու, որպէսզի լիբանանահայ գաղութը վերակազմակերպուի։

Նոր թռիչք։ Նոր վիճակ։ Երեւի այո։ Բայց կայ նաեւ նոր միտք եւ նոր հոգի։ Երեւի նոյնքան ճիշդ պիտի ըլլար ըսել վերանորոգուած միտք եւ հոգի։ Նոր թռիչքներու եւ նոր վիճակներու մէջէն հայկական նոր ու նորոգուած եւ վերանորոգուած միտք եւ հոգի մը մէջտեղ կու գայ։ Եւ այս է, որ յուսադրիչ է։ Միտք մը ու հոգի մը, ուր հայուն մտաւոր, հոգեկան եւ ֆիզիքական կարողականութիւնները կը մէկտեղուին ու կը համախմբուին, որպէսզի հայը շարունակէ ապրիլ։

Հայաստան, Արցախ, Լիբանան, Սուրիա եւ հայութիւնը ամէն տեղ։ Այս յուսադրիչ երեւոյթը պէտք է վերածել ազգային նոր եւ նորոգուած ու վերանորոգուած ռազմավարութեան մը։

Նոր թռիչք՝ նոր վիճակ։ Նոր, նորոգուած եւ վերանորոգուած միտք եւ հոգի։

Անպայմանօրէն հայուն նոր-նորոգուող-վերանորոգուած միտքը եւ հոգին։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020