ՍԻՐՈՒՆԻԿՆ ՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Սլացաւ թռչունը ու ճախրեց ա՛յդ բարձր շէնքին վերեւէն
ակնթարթ մը միայն ու անհետք սլացք մը
ետին թողեց մանկան արտասուալից աչքերը
անցաւ իրեն «ազատ» ձգուած տան պատուհանին ճեղքէն
«ազատ» էր կը կարծէին
վանդակին սահմանները տան պատերուն կպցնելով
արարչատուր իրաւունքը
իրմէ խլելով

Հեռացաւ թռչունը
գտաւ իր թեւերուն ազատ թափահարման ուղին
գտաւ այն տեղը ուր պէտք էր ըլլար
արժանացաւ ազատութիւնը գրկելու բախտին

Մանուկը կու լայ տակաւին, հայրը կը փորձէ սփոփել զայն, աչքերով կը խուզարկէ մօտակայ ծառերը, թուփերը..., թաղին առանձնատուներուն երդիքները կը զննէ եւ կը փորձէ նշմարել կապտականաչ փետուրները թռչնիկին, կ՚ուզէ ցոյց տալ զայն լացող մանկիկին, կ՚ուզէ աւետել, երջանկացնել ձագուկը, արցունքը փոխարինել ժպիտով, կորուստին ցաւը՝ գտնուածին խինդով.

-Կը գտնենք, մի՛ լար,- ըսելով կը յուսադրէ:

-Իրա՞ւ, պա՛պ. կը գտնե՞նք,- կը հարցնէ հօր կարողութենէն վստահ մանկիկը:

Եւ կը նայի ան պահ մը հօրը նայած ուղղութեամբ, ապա արցունքը սրբելով եւ աւելի հանգիստ ոճով՝

-Բայց պա՛պ, Սիրունիկը հոն, վերէն անհետացաւ:

-Ահա, հիմա կը լսէ ու կը դառնայ,- youtube-ի վրայ երաժշտութիւնը գտնելով կը միացնէ հայրը:

-Այո՛, պա՛պ, հիմա կու գայ: Աս եղանակը շատ կը սիրէր, հետը կ՚երգէր,- ուրախացած կը շարունակէ մանկիկը, ապա,- ես ալ Սիրունիկին ձայնը բանամ, արձանագրած եմ,- կ՚ըսէ:

Ժամերը կ՚անցնին, յոյսին բարակ թելերը մէկիկ-մէկիկ կը փրթին եւ ինչե՜ր կ՚այցելեն մանուկին միտքը. կ՚երեւակայէ մէյ մը կատու մը, որ կը յօշոտէ Սիրունիկը, մէյ մը ագռաւ մը, որ կը փետրատէ զայն եւ հայրը զաւկին նեղութիւնը նկատելով՝

-Վաղը նորը կը բերեմ, ճիշդ Սիրունիկին պէս, նոյն փետուրներուն գոյնով, նոյն չափով, անունը նորէն Սիրունիկ կը դնես,- կ՚ըսէ:

Իսկ Սիրունիկը սիրուն-սիրուն կը թռչկոտի:

Ազատութիւն: Ի՞նչ է արդեօք ազատութիւնը, որուն մարդը ծնունդէն իսկ կը ձգտի, ինչպէս կը բացատրէ Միքայէլ Նալպանտեան իր «Երգ ազատութեան» ոտանաւորով՝

«Ազատութի՞ւն», ինձ կրկնեց

Ճակատագիրը վերեւից.

«Ազատութեա՞ն դու զինուոր

Կամիս գրուիլ այս օրից։

Ո՛հ, փշոտ է ճանապարհդ,«Քեզ շատ փորձանք կը սպասէ.

Ազատութիւն սիրողին

Այս աշխարհը խիստ նեղ է»։

Ձգտում մը մարդուն ծնունդէն, բայց «փշոտ», «փորձանք»ով լի, «աշխարհը խիստ նեղ»ցնող ճամբայ, որուն ընթացքին օրէնքներով շրջապատուած ու կաշկանդուած մարդը կը խլէ «ազատ» արարածներուն ազատութիւնը եւ մանուկին մէջ կենդանիներու հանդէպ սէր ցանելու եւ վախը վերացնելու միտումով կը կաշկանդէ կենդանիները եւ ակամաօրէն մարդուն մէջ բանտելու գաղափարը, անձնական հաճոյքին, շահին համար այլոց ազատութիւնը խլելու, կաշկանդելու միտքը կը զարգանայ:

Կը շարունակուի ազատութեան ձգտումը կեանքի ճանապարհին եւ անոր ընկերացող խլումը հարկաւ, մէկ զոյգը կը դառնայ երկու, երեք, հարիւրներ, հազարներ խլումը կ՚աճի ձգտումին հետ, ինչպէս չարը բարիին հետ եւ կը ծնին պատերազմներ, աղէտներ, կը խլուին մարդկային իրաւունքներ, հողեր, կեանքեր..., մէկուն շահին դէմ միւսին վնասը, մէկուն յաղթանակին դէմ միւսին պարտութիւնը, մէկը կը բարգաւաճի, միւսը կ՚ոտնակոխուի...

Այսպէս կը շարունակուին պահանջքները «ազատութեան»՝ խօսքի ազատութիւն, կամքի ազատութիւն, մտքի ազատութիւն՝ «Մարդիկ խօսքի ազատութիւն կը պահանջեն, մտքի ազատութեան փոխարէն, որ իրենք չունին», կ՚ըսէ Սոքրաթէս:

Մինչ Պարոյր Սեւակ ազատութիւնը աղի կը նմանցնէ իր «Ազատութիւն» ոտանաւորով՝

Երբ քեզ պեղում են՝ 
Հանում ընդերքից, 
Իրենց ձեռքերն են մարդիկ կտրատում, 
Ինչպէս ապակուց... 
Ու երբ լուծուում ես՝ 
Ճիշտ աղի նման 
Դու չես երեւում, 
Դու համ ես դառնում... 
Իսկ եթէ չկաս՝ 
Անհամութիւն է, 
Որ եւ կարող է կոչուել բռնութիւն... 
Իսկ եթէ չկաս՝ 
Կարող է հոտել 
Ե՛ւ թանկ սնունդը, 
Որ հոգեւոր է...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020