ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԷՆ ՔԱՇՈՒԻԼԸ. ՎՏԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

Բոլորին համար կարեւոր օրակարգ կը շարունակէ մնալ Աֆղանիստանի մէջ ընթացող քաղաքական-ապահովական գործընթացները։

Հարցը միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ուժերուն հապճեպով այդ երկրէն դուրս բերուելուն մասին չէ, այլ աւելին։ Խօսքը այն մասին է, որ արդեօք ծայրայեղական սկզբունքներով յայտնի Թալիպան շարժումը պիտի կարենա՞յ ընթացող խաղերուն իրական եւ վերջնական տէրը դառնալ այն պահուն, երբ միջազային հանրութիւնը կամ ու կաց վիճակի մը մէջ է, որ արդեօք պէտք է ընդունի՞ Թալիպանի կառավարութիւնը, իսկ եթէ ընդունի, արդեօք այդ ընդունելու որոշումը որեւէ կերպ պիտի ազդէ՞ շրջանի զարգացումներուն վրայ։

Ամէն պարագայի մեծ պաստառի վրայ դիտուած՝ ԱՄՆ մեծ սխալ գործեց այդ հապճեպ որոշումը ընդունելով ո՛չ միայն տեղական առումով, այլեւ՝ ապագայ զարգացումներու ու վտանգ-հետեւանքներու պատճառով։ Ի դէպ, ԱՄՆ-ի Աֆղանիստանէն քաշուելուն եւ առհասարակ այդ երկրին մէջ առկայ ընդհանուր գետնին ու «սպասելի» զարգացումներուն մասին վերջերս ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է ԱՄՆ-ի դիւանագիտութեան մեծ, չըսելու համար մեծագոյն ներկայացուցիչներէն մին՝ Հենրի Քիսինճըր։ Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է «Էքոնոմիսթ» պարբերկանին մէջ, որուն արաբերէն տարբերակէն ալ առանձնացուցինք կարեւորագոյն հատուածները։ Ահա Քիսինճըրի կողմէ արտայայտուած միտքերուն կարեւորագոյնները։

ԱՄՆ Աֆղանիստանի մէջ ձախողեցաւ, որովհետեւ մեր երկիրը անկարող էր ճշդելու, թէ ի՛նչ նպատակներ ունի այդտեղ։ Կայ նաեւ այն կարեւոր հանգամանքը, ըստ որու, եթէ ռազմական նպատակներդ յստակ չեն, իսկ քաղաքա-կանը՝ ոչ իրապաշտական, երկիրը կ՚երթայ յաւիտենական բախումներու եւ քաղաքական տարակարծութիւններու:

Ներկայիս երբ Թալիպան շարժումը Աֆղանիստանի իշխանութիւնը ձեռք առաւ, մտահոգութիւններ յառաջացան, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այնտեղ գտնուող հազարաւոր ամերիկացիներու, նաեւ դաշնակիցներու եւ նոյնիսկ ամերիկամէտ աֆղաններու ճակատագիրը:

Եւ ըստ իս, այդ անձերուն փրկութիւնը պէտք է մեր առաջնահերթութիւնը ըլլայ: Հիմնական մտահոգութիւնը այսօր Աֆղանիստանէն ելլելու որոշումը կայացնելու ձեւին մէջն է, որ տեղի ունեցած է առանց նախնական զգուշութեան, կամ նոյնիսկ առանց խորհրդակցութեան այն դաշնակիցներու հետ, որոնք 20 տարուայ ընթացքին մատուցած են բազմաթիւ զոհողութիւններ յօգուտ ԱՄՆ-ի կեցուածքին եւ ներկայութեան։ Ինչո՞ւ էական մարտահրաւէրը Աֆղանիստանի մէջ ներկայացուեցաւ այնպէս, որ ընտրութիւն է երկու լուծումներու միջեւ, այսինքն երրորդ վարկածը չկայ, կա՛մ ամբողջական վերահսկողութիւն երկրին վրայ կա՛մ բոլորովին դուրս ելլել երկրէն։

Կայ նաեւ վարկած, ըստ որուն առանցքային խնդիր մը խոչընդոտած է մեր պայքարը սկսեալ Վիեթնամէն մինչեւ Իրաք: Երբ ԱՄՆ վտանգի կ՚ենթարկէ իր զինուորները եւ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը միջազգայնօրէն, նաեւ իրեն մասնակից կը դարձնէ այլ երկիրներ, պարտաւոր է այդ բոլորը ընել վասն կարգ մը քաղաքական ու ռազմավարական շահերու: Ռազմական գետնի վրայ պէտք է յստակեցնել այն նպատակները, որոնց համար կը կռուինք, իսկ քաղաքական գետնի վրայ պէտք է որոշել պատերազմի ու անոր հետեւանքներու վերահսկման աշխատանքները թէ՛ նշուած երկրին մէջ եւ թէ ալ միջազգային գետնի վրայ։

Երբ ԱՄՆ մուտք գործեց Աֆղանիստան, ժողովրդական մեծ աջակցութիւն ունէր, որովհետեւ հակադարձութիւն էր ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմաւորում) ԱՄՆ-ի դէմ յարձակման, որուն պատրաստութիւնը տեղի ունեցած էր Աֆղանիստանի մէջ: ԱՄՆ-ի զօրքերու ներխուժման զուգահեռ Թալիպան շարժումը նահանջեց դէպի Փաքիստան:

Երբ Թալիպան սկսաւ նահանջել երկրէն, ԱՄՆ կորսնցնելով իր ռազմավարական կողմնացոյցը՝ կարծեց, թէ ահաբեկիչներէն ձերբազատուելու միակ միջոցը երկիրը արդիականացնելն է, հիմնել ժողովրդավար հաստատութիւններ եւ կառավարութիւն մը, որ իշխէ երկրին սահմանադրութեամբ:

Ամերիկեան քաղաքական տեսանկիւնէն դիտուած այսպիսի նախագիծ մը յստակ ժամկէտ չունէր: 2010-ին զգուշացուցած էի, թէ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զօրքերու յաւելումը, որ երկար ու դժուար գործողութիւն մըն էր, պիտի դարձնէր աֆղանները՝ նոյնիսկ ոչ զինեալները, երկրի նոր համակարգին թշնամիներ։

Աֆղանիստանի ժողովուրդը բազմաբնոյթ է եւ դժուար էր իրականացնել արդիականութիւնը, որ կը պահանջէր երկկողմանի ջանքեր: Աֆղանիստանի պէս երկրի մը արդիականացումը, նկատի առնելով անոր աշխարհագրական, ցեղային եւ կրօնական ազդակները, տարիներու նոյնիսկ տասնեակ տարիներու կը կարօտէր: Աֆղանիստանի ներքին պառակտումները, ինչպէս նաեւ կեդրոնական իշխանութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձած էին, որ ան ըլլայ ահաբեկիչներու կեդրոն:

Աֆղանիստանի քաղաքական եւ ռազմական կառուցուածքը հիմնուած է ցեղային եւ տոհմային սկզբունքներու վրայ: Իշխանութիւնները տոհմի առաջնորդներուն ձեռքն են: Անոնք հակառակ իրենց ներքին անհամաձայնութիւններուն, կը միաւորուին արտաքին վտանգին ընդառաջ: Այս արդէն ապացուցուած էր 1839-ին բրիտանական զօրքերու գրոհի ժամանակ, նաեւ 1979-ին՝ Սովետական ուժերու ներխուժման ատեն, որոնք ստիպուեցան ի վերջոյ դուրս գալ Աֆղանիստանէն 1989-ին:

Ժամանակի ընթացքին, ամերիկեան կառավարութիւնը սկսաւ կրճատել իր աջակցութիւնը այս անորոշ ժամկէտով ծրագրին: Հակառակ որ ԱՄՆ կրցաւ հարուածել Թալիպան շարժումի կեդրոնները, բայց երկիր մը, ուր պատերազմը իր աւերը գործած էր, կը պահանջէր յաւելեալ թիւով զօրքեր: Պարզուեցաւ, որ կարելի է վերահսկել Թալիպան շարժումը, բայց անկարելի է ոչնչացնել զայն: Ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ երկրին համար անսովոր կառավարական համակարգի մը որդեգրումը աւելիով տկարացուց երկիրը ու ընդհանրացուց փտածութիւնը:

Աֆղանիստանի տագնապը ԱՄՆ-ի մէջ տարակարծութիւններ յառաջացուց: Երկու կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը (ԱՄՆ-ի Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները) ունէր իր տեսակէտը. մին գետնին վրայ եղածը յառաջացում կը նկատէր, միւսը՝ քաղաքական աղէտ: Վարչակազմերու փոփոխութեան առընթեր ամէն կուսակցութիւն կը փորձէր խոչընդոտել միւսին տեսակէտը։ 2009-ին նախագահ Օպամա որոշում կայացուց աւելցնել ամերիկեան ուժերու քանակը Աֆղանիստանի մէջ եւ միեւնոյն ատեն յայտարարեց, որ ուժերը պիտի սկսին քաշուիլ 18 ամսուայ ընթացքին:

Այս տարակարծութիւններու ֆոնին, ԱՄՆ անտեսեց առաջադրել այլընտրանքային ծրագիր մը, որ միաւորէր իրագործելի նպատակները: Կար անշուշտ տեսակէտ, որ Թալիպան շարժումի ոչնչացման որոշումէն անդին պէտք է այդ շարժումը «պարփակել», իսկ հարցերը դիւանագիտական ճանապարհներով լուծելու միտուած խմբակը մտահոգ էր այն դրոյթով, որ Թալիպան շարժումը նոյնքան մեծ վտանգ սկսած էր դառնալ Աֆղանիստանը շրջապատող երկիրներուն։

Արդեօք կարելի չէ՞ր խնդիրները լուծելու համար գործառոյթները համադրել այդ հարեւան երկիրներուն հետ: Մանաւանդ որ Հնդկաստանը, Չինաստանը, Ռուսաստանը եւ Փաքիստանը տարբեր շահեր կը հետապնդէին այնտեղ, բայց կարելի էր դիւանագիտական ռազմավարութեամբ դաշնակցութիւն ստեղծել բոլորին հետ՝ հակադրելու Աֆղանիստանի մէջ սկիզբ առած ահաբեկչութեան: Այսպիսի ռազմավարութեամբ՝ Բրիտանիան համագործակցելով տարածքաշրջանային դաշնակիցներուն հետ, դարէ մը աւելի կրցած էր իր տիրապետութեան տակ պահել Միջին Արեւելքէն դէպի Հնդկաստան տանող ճանապարհները:

ԱՄՆ երբեք չփորձեց այս տեսակի ռազմավարութիւն: Երկու նախագահներն ալ՝ Տանըլտ Թրամփն ու Ճօ Պայտընը իրենց նախագահական ընտրարշաւի ընթացքին յայտարարած էին, թէ դէմ են Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը շարունակելու: Երկու նախագահներն ալ բանակցութիւններ վարեցին Թալիպանին հետ, հակառակ անոր, որ զայն ոչնչացնելու գործը ստանձնած էր ԱՄՆ եւ 20 տարի շարունակ վայելած միջազգային աջակցութիւնը: Ի վերջոյ բանակցութիւն-ները յանգեցան անոր, որ ԱՄՆ առանց նախապայմաններու դուրս հանէ իր ուժերը ԱՖղանիստանէն:

Պէտք է նշել, որ ԱՄՆ-ի ուժերու դուրս ելլելը ողբերգական էր ու յանկարծակի: Նկատի առնելով ԱՄՆ-ի կարողութիւններն ու պատմական դերը, անոր թոյլ տրուած չէ հրաժարիլ այսպիսի պատմական պատասխանատուութենէ: Մեր երկիրը որպէս գերտէրութիւն երբեք չէր խուսափած իր յանձնառութիւններէն։

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը կարգ մը յառաջացած երկիրներու, կը մնայ համաշխարհային մարտահրաւէր: Այդ ուղղութեամբ պէտք է շարունակուին տեղական ռազմավարական ծրագիրներն ու դիւանագիտական աշխատանքները, որպէսզի կազմուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աջակցող միջազգային համատեղ կառոյց:

Պէտք է գիտակցիլ, որ մօտիկ ապագային չկայ որեւէ քայլ, որ կը փոխհատուցէ Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու քաշուելու վնասը եւ ես վստահ եմ, որ այսօր առկայ ընդհանուր պատկերին առընթեր ԱՄՆ պիտի չստանձնէ ուրիշ երկիրներու մէջ նոր խնդիրներ լուծելու որեւէ մակարդակի պարտաւորութիւն:

Ամերիկեան որեւէ հապճեպ նոր նախաձեռնութիւն մը կրնայ աւելի խորացնել իր դաշնակիցներու հիասթափութիւնը, նաեւ քաջալերել թշնամիները եւ աւելին՝ խառնաշփոթ յառաջացնել միջազգային մակարդակի վրայ։ Յամենայնդէպս, Պայտընի վարչակազմը դեռ իր կառավարաման սկիզբին է եւ ժամանակի կը կարօտի զարգացնելու իր համընդհանուր ռազմավարութիւնը միջազգային եւ տեղական կարիքներուն համահունչ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021