ՇՈՂՆ ՈՒ ԽԱՒԱՐԸ

Մութ սենեակին դրան յատակէն լոյսի շող մը կը սողոսկէ, կը յստակացնէ դրան յատակի սալերուն գիծերը միայն եւ թեթեւ, աղօտ գոյնը անոնց:

Շողին լուսէ թեւերուն մէջ ալեակի պէս փոշեհատիկները կը թրթռան, կ՚ալեկոծին, կը պարեն կարծես ինչպէս կ՚ընեն վանքի մը գմբէթէն երկնառաք շողի խորհրդաւոր սիւնին մէջ:

Անհուն թուացող մութը զզուելի ջերմութիւն մը կը զգայ, ինչպէս նաեւ սոսկում խլումի, փոխարինումի...

Մութին խտութիւնը կը ջանայ միահիւսուիլ նօսր լոյսին եւ իր բոլոր սեւ շերտերով կը դիտէ փայլքը շողին, կը յոխորտայ իր առատ խտութեամբ եւ կը փորձէ ծածկել շողը աղօտ:

Շողը դրան սեմէն հպում մը կ՚ակնկալէ՝ բռնակին երկարող ձեռք մը, ներքին ցանկութիւն մը, լոյսին ձգտող աչք մը, զայն ըմպելու մարմաջ մը...

Աղերսը հրճուանքով կը մօտենայ եւ ուրախ ընդունելութեամբ իր հրաւիրեալը ներս կ՚առաջնորդէ, կը փռէ իր հանդերձները Անոր ոտքերուն տակ, կանաչ ճիւղեր նաեւ՝ ձիթենիի, արմաւենիի...

Եւ ի՜նչ ցնծութիւն, լոյսը իր ջինջ փայլքով, խինդով ու ծիծաղով կը ճեղքէ մութը մերթ յատակէն, մերթ պատերէն, մերթ առաստաղէն՝ սուրալով, սաւառնելով, ճախրելով...

Պայքար մըն է տեղի ունեցածը, ուր մութը կը մաքառի իր գոյութիւնը պահելու, մինչ հզօր շողը կը խուժէ ամէն անկիւն, կը հետապնդէ մութը, կը մաքրէ նաեւ անտես արատները անոր. խաւարին աչքերուն, միտքին մէջ կը ներխուժէ եւ իր լուսէ լեզուներով կը վանէ վերջին չար միտքն իսկ, չար տեսքն իսկ...

Խաւարը վերջին դիւային գոչիւնով կ՚անհետանայ, կը փչէ վերջին շունչն իր հոն, այդ պատին անկիւնը, ուր սենեակին ամենէն մութ կէտն է եւ ուր ժողվեր էր ան իր ուժերը յուսալով, որ ձեռք մը, միտք մը, աչք մը կ՚անսայ իր ձայնին, տեսքին, կ՚ենթարկուի իր շլացումին եւ դուռը դարձեալ կը փակէ լոյսը մերժելով:

Լուսաւոր սենեակը օրհնութեամբ կը գրկէ շողը, որ խաղաղութիւն հագած կը պտըտի սենեակին մէջ վերջին քննական հայեացքները նետելով, վերջին մնայուն փայլքի սփռումով:

Պահիկ մը անց, սենեակը երանութեամբ կը լիանայ: Կը տիրէ խաղաղութիւն, անդորր... չքացած են վախը, նախանձը, ջղագրգռութիւնը, գոռոզութիւնը, ագահութիւնը..., չքացած է ամէն բացասականութիւն, անհատը գտած է ինքզինք եւ մանուկի պէս մաքուր ներաշխարհով կը ժպտի ան: 

Կը ժպտի այնպէս, ինչպէս գիշերը, ծովափին կանգնած, մութ երկնքի աստղերուն մեղմ ալիքներուն վրայ ծփացող արտացոլանքը դիտող մը, կամ անուշ մեղեդիի մը ունկնդրումով հոգիին կաթ-կաթ սնունդ հոսեցնող մը կամ գրութեան մը տողերուն աւարտին, տառերուն համերաշխ, մեղեդային երգը լսող եւ անոնց ընդհանուր միտքին գծագրութիւնը տեսնող մը, գծագրութիւն մը, որ գոյացած է հեղինակին բառերէն շա՜տ անդին...

Շողը կ՚որսայ պահը եւ լուսէ խարիսխը ձեռքին, սենեակին մէջ կը գծէ երեք խարսխուած պատուհաններ՝ սիրոյ, հաւատքի եւ յոյսի...

Աղերսը իր լուսաւոր անկիւնէն կը մօտենայ աչքին եւ ցնծումով կը յիշեցնէ այն նախադասութիւնը, որ փրկութեան բանալին հանդիսացաւ՝ «... Ով որ բաղխէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մատթէոս 7.7-8):

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021