ՊԱՅՏԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Երկար տարիներ Անգարայի դէմ՝ որպէս «զսպող գործիք» օգտագործուած Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը ինչ-որ առումով սպառեցաւ. սպառեցաւ, անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որ, բնականաբար, այս քայլով համալրեց «ռէէլ փոլիթիք»ի իր կանոնները, անոնց տալով նաեւ մարդասիրական բաւական անհիմն շեշտադրում մը։

Հայկական խնդրի տարբեր թէզերուն մէջ կան, անշուշտ, մէկէ աւելի շեշտադրումներ, որոնք բաժնուած են քանի մը կարեւոր խումբերու։ Առաջին խումբը, անշուշտ, Հայաստանի հայութեան այն մեծ հատուածն է, որ զանազան առումներով այդքան ալ խանդավառութիւն ցոյց չտուաւ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութեան նկատմամբ։ Երկրորդ շերտը հայկական սփիւռքն է եւ ի մասնաւորի՝ ամերիկահայութիւնը, «հայկական ուժեղ լոպի»ն, որ այս որոշումը համարեց «մեծ յաղթանակ» մը, խոստանալով շարունակել իր գոյատեւման պայքարը։ Երրորդ կողմը Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնն է, որու հիմնական խնդիրը կը մնայ նոր թափ տալ ՆԱԹՕ-ին ու ամէն ինչ ընել, որպէսզի Թուրքիան հանգիստ ու ապահով մեծ թռիչքներ կատարելէ ետք՝ ի վերջոյ վերադառնայ դէպի իր «բնական» աւազանը։ Եւ ի վերջոյ չորրորդ եւ վերջին շերտը Անգարան է, որ այսօր կանգնած է Մոսկուայի հետ իր բաւական սերտ համագործակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու ընտրանքին առջեւ։ Այս բոլորէն անդին ալ այսօր արդէն յստակ է, որ Պայտընի յայտարարութենէն ետք ընդհանուր կացութիւնը կը մնայ վերահսկելի եւ ի հեճուկս կարգ մը վերլուծաբաններու, երկինքը փուլ չէ եկած Թուրքիոյ գլխուն։ Այս առումով նաեւ, ըստ երեւոյթին կայ յստակութիւն մը. թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ Թուրքիա կարծես ունին լուռ համաձայնութիւն մը այս տագնապը շրջանցելու, նաեւ ցոյց տալով փոխադարձ ըմբռնում մը, որպէսզի կարողանան նուազագոյն վնասներով դուրս գալ այս փուլէն։ Այս վիճակէն անդին, նաեւ արդէն յստակ է, որ Ճօ Պայտըն չէ փակած Թուրքիոյ ուղղեալ բոլոր պատուհանները ու անոնց առաջին մեծ բեղկը պիտի բացուի յառաջիկային Էրտողանի հետ «սպասուած» իր հանդիպման ժամանակ, ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովի օրերուն։

Հարկ է նաեւ նշել, որ Երեւանէն կատարուած քանի մը պաշտօնական յայտարարութենէն բացի, Հայաստան, առհասարակ, երեւելի անտարբերութիւնով մը դիմաւորեց Պայտընի քայլը։ Սա թերեւս պայմանաւորուած ըլլայ յետպատերազմեան պայմաններով, նաեւ Հայաստանի առկայ ներքին քաղաքական անորոշութիւնով։ Հայութեան օրակարգի մեծ գլուխներու շարքին ցեղասպանութեան նիւթի «լռելեայն զէնք» ըլլալու երեւոյթը յետ այսու կրնայ աւելի տիրական դառնալ՝ մանաւանդ Հայաստանի մէջ։ Արդարեւ ներկայ հանգրուանին ո՛չ պետութիւնը, ոչ ալ ժողովուրդը պատրաստ են այդպիսի բարձր նշաձողով խնդրի մը ետեւէն վազելու։

Կայ, անշուշտ, մարդկային փոխըմբռնումի հարցը, ամերիկեան ուշացած կարեկցանք, Թուրքիան ամէն գնով լուսանցքայնացնելու միտումը, սակայն, այս բոլորի կողքին կան շատ աւելի հիմնաւոր խնդիրներ, որոնք կապուած են Կովկասի գործընթացներուն հետ։ ԱՄՆ միայն հայ նահատակներու տեսանկիւնէն չի նայիր խնդիրներուն, նաեւ նոր ստեղծուած լարումներու լոյսին տակ ալ Հայաստան ո՛չ միայն որոշիչ դեր մը չունի, այլ նոյնիսկ միջնորդաւորուած պատերազմի մը դերակատարը չի կրնար ըլլալ։ Որպէս հետեւանք այս բոլորին՝ ԱՄՆ եւ Թուրքիա ընտրած են ճակատումի նոր հարթակ մը, որ կրնայ շատ աւելի արագ իր լուծման վերջնական ճամբան գտնել ու նոր երանգաւորում մը բերել Ուաշինկթըն-Անգարա անհանգիստ վիճակին, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուի։ Այս տիպի յարաբերութիւններու պարագային, բախումները երբեք ալ սպասելի չեն՝ մանաւանդ, որ տարբեր առումներով մեծ ճանապարհ կտրած եւ երեւելի անցեալ ունեցող ՆԱԹՕ-ի այս երկու հիմնական խաղացողներուն միջեւ առկայ լարուածութիւնը ո՛չ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ։

Կը մնայ հարց տալ, թէ արդեօք հայութիւնը ի՞նչ շահեցաւ Պայտընի յայտարարութենէն. հարցում, որ ինքնին բոլոր յարմարութիւնները ունի, որպէսզի հայութիւնը անգամուան մը համար թօթափէ իր վրայ կուտակուած հին փոշին, ուղղէ իր մէջքը ու ոտքի հանէ վէրքերու եւ ցաւերու մէջ ընկղմած Հայաստան երկիրը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021