Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՖՐԱՆՍԱՆ

Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւնները հերթական պատեհ առիթն է անդրադառնալու Ֆրանսայի թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ իբրեւ քաղաքակրթական արժէք:

Ֆրանսան միջազգային ընտանիքին մէջ իւրայատուկ երկիրներէն կը համարուի իր ամէն ինչով: Հոս երկար պատմականը պիտի չընենք  Ֆրանսայի անցած ճանապարհին ու կազմութեան, բայց միայն կրնանք յիշել, որ Ֆրանսան իր լուսաւոր շատ մը էջերու կողքին, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ, աշխարհի մակարդակով, մեծ ու պատուաբեր դեր ունեցաւ Եւրոմիութեան կազմութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան, ազատ խօսքի եւ օրինականութեան հաստատման եւ շատ մը այլ նուաճումներու իրագործման գործին մէջ:

Ֆրանսան կրնանք ըսել վերջին յիսնամեակին աշխատած է ռահվիրան եւ կերտիչը ըլլալու ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու եւ թէեւ իր արտաքին քաղաքականութիւններով յաճախ դիտարկուած կամ քննադատուած է անկարողութեանց մէջ (այդ արժէքները լիուլի չկատարելու եւ շատ անգամներ հակասական ըլլալու առումով), տակաւին ան կը մնայ այդ դերը իրականացուցած մեծ երկիր: Այո՛, Ֆրանսան վերջին շրջանին շատ բան կորսնցուց իր մշակութային դիմագիծէն եւ դարձաւ բազմամշակութային երկիր (լաւ է այդ կամ վատ, հոս պիտի չքննարկենք) եւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ գերտէրութիւն ըլլալով հանդերձ, ան շատ մեծ դերակատար մը չեղաւ արդի քաղաքականութեան մէջ (հիմնական պատճառը այդ մէկուն ներկայ աշխարհի  միաբեւեռութիւնն է), բայց Ֆրանսան կրցաւ իր ներքին կառուցուածքով եւ ճիշդ համադրումներով գրեթէ օրինակելիօրէն գործադրողը ըլլալ ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան եւ շատ մը ազնիւ ու վեհ համամարդկային արժէքներու: Ֆրանսական փորձը մեծ ու հետեւելի է ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս՝ առանձին պետութիւններու եւ մասնաւորաբար անհատներու համար: Եւ ան իրապէս ճամբայ բացաւ նոր ժամանակներու, ուր մարդկային իրաւունքներն ու օրինագործութիւնը նոր բարձունքներ ապահովեցին:

Ընդհանուր առմամբ կայսրութիւններու հանդէպ փոքր ժողովուրդներու եւ երկիրներու անհանդուրժողականութիւն կայ, այն հիմնուած պատմական տիրապետութիւններէն ու յաճախ դառն փորձերէն: Շատ անգամներ անցեալի կայսերապաշտութիւնը տակաւին վառ իրողութիւններ կը յառաջացնէ՝ ներկայ միջազգային յարաբերութիւններու ու դասաւորումներու մէջ: Օրինակ՝ Ալճերիան եւ Սուրիան տակաւին կը խօսին Ֆրանսայի տիրապետութեան ժամանակաշրջանի բռնարարքներուն մասին, հակառակ որ միջազգային ընտանիքի ձեւաւորման ու նոր երկիրներու յառաջացման գործին մէջ ալ շատ մը տեսութիւններով նոյնինքն Ֆրանսան՝ ազատական գաղափարախօսութիւններ սերմանելու ու գործադրելու դերակատար կը համարուի (ուր տեղ մը անոնք բերին նոր երկիրներու կազմութիւններ), բայց Ֆրանսան այն երկիրներէն էր, որ ներողութիւն ալ խնդրեց այսպէս կոչուած իր գրաւումներուն ու տիրապետութեան համար: Ներկայ բաց աշխարհին մէջ եթէ փորձենք չափանիշ մը սահմանել պետութիւններուն եւ մանաւանդ՝ Ֆրանսայի չափով գերերկրի մը առաքինութեան մասին, կրնանք նկատի առնել անոր քաղաքականութիւնը, ներկայացուցած արժեհամակարգը, տուած գիտութիւնը, արտադրած ծառայութիւնները... եւ այլն: Ափրիկէի մէջ կան փոքր երկիրներ, որոնք տակաւին չեն ուզեր անկախանալ Ֆրանսայէն, հակառակ վերջինիս առաջարկին եւ հակառակ ներկայ համաշխարհայնացման մեծ պարունակով ֆրանսախօսութիւնը շատ տեղ չունի Ֆրանսայի առաջարկած արժէքները չափելով, որակաւորելով եւ բաղդատելով ուրիշ գերպետութիւններու առաջարկածին հետ. կը տեսնենք, որ Ֆրանսան իր բոլոր թերութիւններով կը կանգնի բարձրագոյն դասակարգին մէջ եւ չենք կրնար չյարգել՝ Ֆրանսայի ունեցած դերակատարութիւնն ու աւանդը մեր ներկայ աշխարհին կազմութեան: Այո՛, Ֆրանսան ճաշակի, ոճի, արուեստի, գեղեցկութեան, զարգացման ու  պայծառամտութեան կեդրոն ըլլալու կողքին, իր պատմական ու ներկայ ընկերային ու պետական ալ համակարգերով կը համարուի ուսանելի:

Հոս պէտք է յիշենք, որ միջազգային արդարութիւն կերտելը շատ բարդ ու չհամաձայնեցուող խնդիր է, որ ունի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերաբանական  բազմաշերտ կառուցուածքներ: Բայց բոլոր գերտէրութիւններն ու կայսրութիւնները իրենց պատմութեան ընթացքին խօսած են միջազգային արդարութեան մասին եւ միշտ տքնած են իրենց գաղափարախօսութեան, կրօնին ու մշակոյթին ընդմէջէն իրականացնել այդ մէկը: Թէ՛ իր գոյատեւման համար մեծ գրաւական ու առաքելութիւն տեսած է մարդկային մեծ ընտանիքը այդ արդարութեան մէջ եւ թէ իրապէս այդ արդարութեան տենչը մարդկային հաւաքական կեցութեան հիմնարար սկզբունքներէն կը համարուի: Մարդս անհատական մակարդակէն աւելի ըլլալով ընկերային կերպար մը, միշտ իր հոգեմտաւոր ու կենցաղային դրոյթներով ուզած է հասնիլ արդարութեան: Եւ ներկայ աշխարհի արդարութեան կերտումը ինչքան ալ շահերով եւ տնտեսական մեծ փոփոխութիւններով փոխեց իր բովանդակութիւնն ու կառուցուածքը, ան այժմ կը համենայ ՄԱԿ-ի ձեւին մէջ, որ ինչքան ալ վտիտ է կամ խաբուսիկ, նաեւ ենթակայական է իր հիմքով, յառաջընթաց կը համարուի հին դարերու նկատմամբ:

Ֆրանսան իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիր, ինչքան ալ պատկանի այսպէս կոչուած Արեւմտեան պլոքին եւ ներքաշուած ըլլայ հակամարտութիւններու ու բախումներու մէջ, ան յարաբերաբար կը մնայ ինքնուրոյն երկիր եւ ամենախաղաղասէրներէն ու միջազգային համերաշխութեան ու անվտանգութեան ջատագովներէն մէկը կը համարուի:

Շատ կը խօսուի աշխարհակարգեր փոխելու մասին եւ զանազան տեսաբաններ, զանազան կանխատեսումներ կ՚ընեն այս հարցով: Մէկ բան կրնանք ըսել Ֆրանսայի պարագային, որ եթէ ան չըլլար, միջազգային յարաբերութիւնները ուրիշ թեքում կրնային ստանալ: Ֆրանսայի աշխարհիկ, իրաւական, մարդկայնական ոգին կրնայ դիւրաւ վեր դասուիլ միւս երկիրներու ոգիներէն եւ հոս շահերու բախումները (որոնք քաղաքականութիւններուն մէջ անխուսափելի են իրենց նեղ ու լայն բաւիղներով) Ֆրանսան աւելի քիչ ազդեցութեան կ՚ենթարկեն, քան թէ ուրիշ պետութիւններ: Ֆրանսան ունի յարաբերաբար աւելի առաւելութիւններ եւ այսպէս ըսած՝ պահպանողն է  ներդաշնակ սկզբունքայնութիւններու, որոնք ընդհանրացուցած է Եւրոմիութեան ալ վրայ եւ որոնք ձեւով մը ուղենիշային են ներկայ մեր աշխարհի համակարգին մէջ: Ինչքան ալ ըլլան չինական, ռուսական, ամերիկեան եւ եւրոպական մրցակցութիւններ ու դիմակայութիւններ:

Ֆրանսան, այո, կրնայ սայթաքումներով համարուիլ այն երկիրներէն, որոնք դիմագիծ ստեղծած են պատմականօրէն, հասնելով մեր ներկայ ժամանակները եւ կը կարծեմ, թէ որեւէ պետութիւն կամ անհատ (մասնաւորաբար զարգացած ու պայծառամիտ) չի կրնար խուսափիլ Ֆրանսայի հանդէպ ցուցաբերուելիք յարգանքէն կամ չըմբոշխնել ու չօգտուիլ անոր փորձէն ու ներկայացուցածէն:

Ինչքան ալ կարգ մը երկիրներ ու շրջանակներ չհաւնին  Ֆրանսան ու քննադատեն զայն, Ֆրանսան կը սորվեցնէ ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, որոնցմէ յիշատակելի են՝ հաւասարութիւնն ու օրինաբաշխումը, հանդուրժողականութիւնն ու համակեցութիւնը, բազմազանութիւնն ու համերաշխութիւնը, յարգանքը եւ շատ մը ուրիշ արժէքներ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

24 ապրիլ 2022 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022