ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Ընդունուած սովորութիւն է, որ հագուստ արտադրող նշանաւոր գործատէրեր, տարին մի քանի անգամ՝ գարնանային եւ աշնանային եղանակներու մուտքին, իրենց նորաձեւութիւնները ներկայացնեն աշխարհին։ Այդ ցուցադրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ կամ Միլանոյի մէջ։

Մի քանի տարի առաջ՝ լողալու վերջին նորոյթ համազգեստներու ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքին մէջ։ Ցուցադրութեան մասնակցեցան երիտասարդ աղջիկներ եւ կիներ, լողալու յատուկ տարազներով։

Այդ ամառ՝ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ կին մը, ծծկեր մանկիկը (տես նկարը) իր գիրկին մէջ։ Իսկ հանդիսատեսները՝ ոչ թէ միայն չպախարակեցին այս «մոտել»ը, իր անվայել վարմունքին համար, այլեւ դրուատեցին իր յանդգնութիւնը եւ քաջալերեցին ուրիշներ ալ՝ որ հետեւին այդ ռահվիրայի օրինակին… Առ՝ քեզի, Ամերիկա։

Ու՞ր մնաց երբեմնի ամօթխածութիւնը՝ երբ մայրեր կ՚առանձնանայի՛ն, իրենց մանկանց սնունդը հայթայթելու՝ հեռու մարդկանց տեսողութենէն։ Այդ դէպքը պատահական չէ, որ մայր մը կ՚ուզէ իր մանկան ծիծ տալ, այլ մարտահրաւէր մը, որ իրենք՝ որպէս այլեւս իշխող անդամները մարդկային մեր ընկերութեան, թօթափած են հինաւուրց սովորութիւնները եւ բացած են նոր էջ մը պատմութեան մէջ, ուր ետ երթալ չկայ!

Այս հետեւանքն է վերջերս յայտնաբերուած «Me Too» շարժումին, ուր իրենց ասպարէզին մէջ կեղեքումի ենթարկուած պարմանուհիներ՝ ամբաստանելով իրենց մեծաւորները, դատավարութեան յանձնած են զանոնք։ Ամենամեծ օրինակն է նշանաւոր արտադրիչ-բեմադրիչ Հարուի Ուայնսթինը, որ հիմա դատապարտուած ըլլալով 23 տարուան բանտարկութեան ենթարկուած է։

Հոս տեղին է յիշել, որ Մարա Մարթըն՝ վերոյիշեալ «մոտել»ը, 16 մրցակիցներէն մին ընտրուած էր «Sports Illustrated» ամսաթերթին կողմէ, որ կազմակերպիչն էր սոյն մրցոյթին։

ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ՕԳՏԱՇԱՏ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ…

Այս նախաձեռնութիւնը ընթացք առած է Փասատինա քաղաքին մէջ, ուր բնակութիւն հաստատած եմ 1993 թուականէն ի վեր։ Իսկ ի՞նչ է այս երեւոյթը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Քաղաքի հանրային գրադարանը ապակեայ փեղկով պահարաններ զետեղած է քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ։ Իսկ այդ պահարաններուն մէջ զետեղուած են գիրքեր (տես նկարը), որպէսզի հետաքրքրուողներ կարենան իրենց նախընտրած գիրքը վերցնել եւ հետերնին տուն տանիլ, կարդալու համար…

Մարդիկ կրնան նաեւ այդ պահարաններուն մէջ զետեղել՝ իրենց աւելորդ նկատած գիրքերը։ Սա վերարտադրելու (recycling) օգտաշատ գաղափար մըն է, երբ քեզի պէտք չեղած գիրքերը կրնաս նետելու փոխարէն՝ այդ պահարաններուն մէջ զետեղել, ուրիշին օգտակար դառնալու համար։

Բայց եկուր տես, որ քսանմէկերորդ դարու այս յառաջացեալ շրջանին մէջ՝ գիրքերը ժամանակավրէպ դարձած են, քանի «smart phone»երն ու «lap top»ները կը լրացնեն գիրք կարդալու երբեմնի այդ հաճոյքը։

Սակայն կան տակաւին տարիքոտ մարդիկ, որոնք քայլ չեն կրցած պահել տեղի ունեցած փոփոխութեանց՝ եւ անոնց համար խիստ անհրաժեշտ է գիրք կարդալը, գէթ ժամանցի համար։

Դժբախտաբար նոյնիսկ հանրագիտարաններն ալ դադրած են օգտակար հանդիսանալէ, քանի «google search»ը վայրկենական մատչելի կը դարձնէ ամէն գիտելիք։ Է՜հ, ու՞ր է՜ինք, ուր հասանք!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Պոստոն

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021