ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (41)

Թաղումը կրկնակիօրէն լարուած անցաւ Նորայի համար։

Մահուան ներկայութիւնը՝ մէկ կողմէն, եղբօր, մօր, եւ հօր իր հանդէպ խիստ ու պահանջկոտ վերաբերմունքը, յատկապէս իր պղտորութեան մէջ ձգձգուող, միւս կողմէն կը ճնշէր զինք։

Տեղէ մը, մէկէ մը լսեր էին անոնք անպայման, որ ինք տղու մը հետ յարաբերութեան մէջ էր. վստահ էր արդէն։ Ուրիշ պատճառ չէր կրնար ըլլալ։ Լսեր էին նաեւ թերեւս, որ ո՛չ հայ էր տղան, ո՛չ ալ քրիստոնեայ։ Բայց ուրկէ՞, ո՞վ կրնար ըսած ըլլալ... միայն Անիին պատմեր էր ինք։ Իսկ վերջինս աւելի քան վստահելի ընկերն էր իր։

Լուռ, առանց բառ մ՚ իսկ արտաբերելու, իրենց սովետական ինքնաշարժը քշեցին հասան գերեզման։ Հայրը զինք տեսնելով ոչ իսկ բարեւեր էր. անտեսեր էր ուղղակի։ Վերադարձի ճամբուն, միայն անձրեւը կը խօսէր։ Քար լռութիւն էր դարձեալ, բայց արդէն եռացող, ուր որ է պայթելիք. հոգոցներ, պրկումներ, լարում չորսին մօտ։ Նորան այլայլած էր արդէն։

Ինքնաշարժը հասաւ տուն, բոլորն իջան։ Հայրը նայեցաւ Նորային, յետոյ Ռուբոյին, առանց բառի, բայց խօսուն։ Ռուբոն դիմեց Նորային.

-«Մնում ես էստեղ, զրուցում ենք»։

Հայրը մտաւ տուն, մայրը՝ գլուխը կախ հետեւեցաւ անոր։ Տան դուռը գոցուեցաւ, երկուորեակները ձգելով բակին մէջ։ Երբեք, երբեք այդպէս չէր եկած իր սիրելի տան դարպասի ձայնը Նորայի ականջին։ Վերջնականապէս փակուեր կարծես...

Ռուբոն գլանիկ մը վառեց։ Երկու քայլ այս կողմ այն կողմ ըրաւ, ապա շեշտակի նայեցաւ Նորային։

-«Էդ Պարսիկին մոռանում ես»։

Վիրաւորանքն այնքան խորն էր, որ զայրոթի վերածուեցաւ Նորայի մէջ անմիջապէս։ Կարծես չէր բաւեր, որ ինքն էր աղջիկ, քոյր, դուստր, եւ այդպիսով՝ զուրկ ազատ ընտրութենէ, Զանան ալ «Էդ Պարսիկ» էր ահաւասիկ։ Վայրկեանի մը համար Սեւանի ափի պահը յիշեց, կեանքէն զզուելու, աշխարհին դէմ չարանալու հոգեվիճակն այդ։ Ձեռքերը տարաւ ուսերուն, ուժեղ բռնեց, գրեթէ ճզմեց զանոնք, եւ ջղաձիգ՝

-«Չհամարձակվե՛ս դենց խօսալ իր մասին»։

Ռուբոն զինաթափ եղաւ անմիջապէս։ Այդպիսի արձագանգի չէր սպասեր։ Գիտէր, որ պէտք չէ արտօներ իր հետ այդպէս խօսիլ, եղբայր էր չէ՞... բայց քրոջ վրդովմունքը պահի մը համար ցնցեց զինք, դուրս հանեց ընկերային աւանդական իր դերէն, մարդկայնացուց զինք... գլանիկը տարաւ բերնին, խորունկ ներշնչեց, արտաշնչեց։

-«Որտեղի՞ց իմացար. ո՞վ ասաց»։ Հարցաքննութեան ուղղութիւնը շրջուած էր կարծես։

-«Գուգոն պատմեց, տեսել է ձեզ»։

Գուգոն Ռուբոյի մանկութեան ընկերն էր։ Ան ալ Երեւան գացած էր փաստօրէն։

-«Պարզ է... լրտես ունէք հա՞ վրես...»։

Ռուբոն գլանիկը նետեց գետին. թիրախաւորուած՝ կոպտացեր էր դարձեալ։ Մօտեցաւ Նորային, ճի՛շդ առջեւը կեցաւ, աչքերը խոժոռեց. «Հա, լրտես ունենք։ Մի՛ անգամ էլ ես իրան հանդիպել, ոտդ Երեւանից կտրում ենք»։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

(Լուսանկար՝ Գոռ Ափիցարեանի եւ Արէն Ոսկանեանի)

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020