ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՒՍԵԼԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ
Երբ հիւսել ըսենք, յաճախ կը մտաբերենք տարեց կին մը, որ բրդեայ բան մը կը հիւսէ սիրելիի մը համար…
Մինչդեռ այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ հիւսելը դարձած է ընկերային երեւոյթ, որուն շնորհիւ կարելի է մեծ օգուտներ քաղել ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար:
Պիտի զարմանաք, սակայն ասիկա կը կոչուի «թրիքօ թերափի», այսինքն՝ հիւսելու միջոցով դարմանում: Հիւսելը թելադրելի է տարբեր տարիքի եւ սեռի անձերուն, որոնք կը տառապին վարքի խնդիրներէ, հաշմանդամութենէ, ընկճախտէ եւ այլն…
Ստորեւ՝ հիւսելուն զարմանահրաշ բարիքները.
ՀԻՒՍԵԼԸ Կ՚ԵՐՋԱՆԿԱՑՆԷ
Բրիտանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հիւսելը կը խաղաղեցնէ, ստեղծագործ կը դարձնէ եւ ընկճախտը կը թեթեւցնէ: Այսպէս, երբ կը կեդրոնանանք նոյն ձեռքի շարժումներուն վրայ, մեր միտքն ու մարմինը ներդաշնակ խաղաղութեան մը կը յանգին:
ՀԻՒՍԵԼԸ ԸՆԿՃԱԽՏԸ ԿԸ ԹԵԹԵՒՑՆԷ
Արիզոնա համալսարանի գիտնականներ փորձաքննութիւն մը կատարած են ընկճախտէ տառապող 60 կիներու վրայ եւ նկատուած, որ հիւսելով զբաղելէ ժամանակ մը ետք, անոնց մօտ նկատուած է տրամադրութեան բարձրացում, յոռետեսութեան նահանջ եւ անձկութեան յստակ նուազում:
ՀԻՒՍԵԼԸ ԿԸ ԽԹԱՆԷ ՈՒՂԵՂԸ
Գանատական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ձեռային աշխատանքները եւ յատկապէս հիւսելը դրական շատ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն տարեցներու ո՛չ միայն հոգեկանին, այլեւ ուղեղի գործունէութեան վրայ: 1300 տարեցներու վրայ կատարուած փորձաքննութեան մը աւարտին նկատուած է, որ մասնակիցներէն մեծամասնութեան մօտ նուազած է յիշողութեան կորուստը, թուլամտութիւնն ու ալզհայմըրը:
ՀԻՒՍԵԼԸ ԿԸ ԿԱՆԽԷ «ԱՐԹՐԻԹ»Ը
Պատկերասփիւռի կամ համակարգիչի պաստառին առջեւ երկար ժամեր քամուելու փոխարէն հիւսքի լծուեցէ՛ք՝ պաշտպանելու համար ձեր ձեռքերը: Այո՛, հիւսելը կը կանխէ արթրիթի յառաջացումը: Մատներուն յօդերը շարժելով՝ մենք կը ստիպենք, որ հեղուկ նիւթը շարժի ամբողջ աճառին շուրջ, պաշտպանէ յօդերը եւ նուազագոյնի հասցնէ արթրիթի վտանգը:
ՀԻՒՍԵԼԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ԻՆՔՆԱԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ
Գանատայի կարգ մը հիւանդանոցներուն մէջ անվճար հիւսելու դասընթացքներ կը կազմակերպուին, քանի որ այս հրաշք զբաղումը հիւանդները կը շեղէ իրենց առողջական հարցերէն եւ գործի աւարտին անոնց կը շնորհէ բաւարարութեան, հպարտութեան եւ բարձր գոհունակութեան զգացումներ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ