ԹՐԱՄՓԻ «ԲԱԺԱԿԱՃԱՌ»Ը ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ուաշինկթընէն կէս գիշերին հասած լուրերէն առաջ, մինչ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, հայկական համացանցի զանազան էջերու վրայ հաւանական կը համարուէր հրադադարի մը հաստատումը։ Յիշեցնենք, որ անցեալ 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած այս արիւնալի եւ խօլ պատերազմին մէջ ցարդ յայտարարուեցաւ երկու հրադադարներու մասին, որոնց երկուքն ալ տապալուած են Ատրպէյճանի կողմէ։ Հիմա կը սպասուի յայտարարուած երրորդ հրադադարի ճակատագրին։
Հասկնալու համար գետնի վրայ տիրող դրութիւնը՝ լաւապէս պէտք է ընկալել, որ 1994 թուականին հաստատուած հրադադարէն ետք առաջին անգամ կողմերը այսքան մեծ ներուժ կը ծախսեն եւ այդ մէկը անշուշտ կը բացուի հովանոցի պէս Պաքուի այն հռետորաբանութեան վրայ, թէ Արցախի հիմնահարցը պէտք է լուծել միայն ռազմական ճանապարհով։ Այս է պատճառը, որ Պաքու մինչեւ այս պահը պաշտօնապէս կողմնակից չէ եղած, որ Մոսկուայի կողմէ առաջարկուած երկու հրադադարները հաստատուին ու ընթացք առնէ «մարդասիրական» պիտակով լռութեան փուլ մը։ Անշուշտ, այս մօտեցումին առընթեր պէտք է անպայման նկատի առնել այն վարկածը, թէ արիւնալի բախումներէ ու մեծ թիւով զոհերէ ետք, այսօր արդէն բացայայտ է, որ հակամարտ կողմերը կարիքը կը զգան մարդասիրական հրադադարի մը։ Սակայն աւելի քան յստակ է նաեւ, որ կողմերը կը մտածեն զիրար այպանելու բարդ եւ ցաւցնող ընթացքի մը մէջ եւ այս պատճառով ալ զոհերու թիւերը կը շարունակեն մեծ աճ արձանագրել։ Խօսելով զոհերու նիւթին մասին՝ յստակ է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել իր բանակի զոհերու իրական թիւը, որովհետեւ այդ թիւի յայտարարումը կրնայ մեծ ցնցում յառաջացնել երկրի ներքին ճակատին վրայ՝ մինչ հայկական կողմը հերթական ձեւով, ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակէ հրապարակել իր զոհերու անուանացանկերը։ Անշուշտ, զոհուածներու թիւը հրապարակել-չհրապարակելու խնդիրը այդքան ալ էական չէ։ Սակայն, սա փաստ մըն է, որ պէտք է անպայման արձանագրել։ Բաց աստի, զանազան առումներով տեղի կ՚ունենան լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու վրայ բաւական թէժ քննարկումներ՝ յատկապէս «Twitter»ի վրայ ալ երկուստեք կը շարունակուին գրոհներն ու հակագրոհները։
Պատերազմը լայնօրէն կը տարածուի. կը տարածուի նաեւ մեր տարածքաշրջանէն դուրս։ Հայկական համայնքներ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու ատրպէյճանական արմատներով քաղաքացիներ մարտադաշտի կը վերածեն շարք մը մայրաքաղաքներու դեսպանատուները, լրատուամիջոցներու կեդրոններն ու զանազան կառոյցները։ Հայկական կողմը մինչ կը պահանջէ Արցախի ճանաչումը դարձնել հիմնական օրակարգ, միւս կողմէ ալ կը շարունակէ մեծ գումարներ կուտակել դիմագրաւելու համար Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մեծ կարիքները։ Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ ըստ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, Արցախի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ստիպողաբար լքած է իր հայրենի օճախը եւ ամենատարբեր պայմաններու տակ հասած է Երեւան՝ խոյս տալու համար Ատրպէյճանի զօրքերու ծանր հրետանիի հարուածներէն։ Այս փաստը ինքնին կը խօսի գերակշիռ կացութեան մը մասին, որու համար Հայաստանի իշխանութիւններն ու ամբողջ հայկական սփիւռքը շարժման անցած են՝ փախստականներու տարրական կարիքներու հարցերու լուծման համար։
Միւս կողմէ, ռազմաճակատի յարափոփոխ պայմաններուն ներքեւ, հայկական կողմը այս շաբաթ կարեւոր անցումով մը հանրութեան ներկայացուց Արցախի ռազմական քարտէսը, որով հայ հասարակութեան ցոյց կը տրուէին այն շրջանները, որոնք վերցուած են Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Խումբ մը վերլուծաբաններ՝ զանազան հարթակներու վրայ կազմակերպուած քննարկումներու ժամանակ յառաջ կը քշեն վարկած մը, ըստ որու այդ տարածքներու վերադարձուիլը հնարաւոր է։ Արդարեւ, ներկայ պահու դրութեամբ Արցախի օդային մարզը գրեթէ անվտանգ է։ Վերջին օրերուն մէկէ աւելի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Արցախի օդային մարզը այլեւս զերծ պիտի մնայ Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) վտանգէն։ Հիմա, երբ իրավիճակը այս առումով կը փոխուի ի նպաստ հայկական կողմին, շատ մը վերլուծաբաններ, ռազմական անկախ փորձագէտներ ու լրագրողներ սկսած են բացայայտօրէն խօսիլ, թէ այս պատերազմի մեծագոյն պատուհասը հայկական կողմին համար եղած են Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած ԱԹՍ-երը, որոնք մօտաւոր անցեալի նման միայն Իսրայէլի արտադրութիւն չեն, այլեւ՝ թրքական յայտնի «Պայրաքթար»ներն են։
Մեծ հաշուով այլեւս գաղտնիք ալ չէ, թէ ԱԹՍ-երու առումով Ատրպէյճան ունեցաւ երեւելի առաւելութիւն մը եւ հայկական զօրքերուն պատճառեց մարդկային կորուստներ։ Անտեղի է թիւերու համեմատութիւնը, բայց, բացայայտ է, որ ԱԹՍ-երը դրական ազդակ տուին Ատրպէյճանի բանակին։ Բաց աստի, յստակ է նաեւ, որ անցեալ շաբթուայ երկրորդ կէսէն սկսեալ նոյն ԱԹՍ-երու տիրական ազդեցութիւնը շատ արագօրէն նահանջեց, այդպիսով մարտադաշտի վրայ ալ փոխելով իրադրութիւնը ու նոյնիսկ նուազեցնելով թէժ մարտերու ամբողջ տարողութիւնը։ ԱԹՍ-երու տարողունակ մասնակցութեան լոյսին տակ էր նաեւ, որ Պաքու վերադասաւորեց իր զօրքերը եւ ընթացք տուաւ ռազմական նոր բեմագրութիւններու, որոնք անշուշտ ցամաքի ճանապարհով որոշ առաւելութիւններու հասնելու նպատակը կը հետապնդէին։ Ներկայ պահու վիճակը այս մասին կը յուշէ։ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն իրենց փորձերը՝ հասնելու համար Բերձոր (Լաչին)։
Հայկական կողմը կը խօսի շատ ուժեղ դիմադրութեան մը մասին, որով Պաքու պիտի չկարողանայ հասնիլ իր բուն նպատակներուն, որոնք շատ հաւանաբար չկային այս պատերազմի սկիզբին եւ գործի դրուեցան կամ սեղանի վրայ բերուեցան ԱԹՍ-երու աշխատանքի յստակ եւ երեւելի խափանումէն ետք։
Ամէն պարագայի, հակառակ երրորդ անգամ վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարին, եթէ մարտերը շարունակուին, սա պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի բանակի արձանագրած նօսր յառաջխաղացի մը պայմաններուն ներքեւ։ Բայց պատերազմը տակաւին չէ աւարտած։ Ինչպէս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան զանազան առիթներով ըսած է՝ պատերազմը չէ վերջացած ու հնարաւոր է, որ այսօրուայ ընդհանուր պատկերը արագօրէն փոխուի։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «ԿԵՆԱՑ»ՆԵՐ
Անցեալ օրերուն այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ քաղաքական-դիւանագիտական դաշտի մէջ՝ կարելի է բաժնել երկու մասի։ Առաջինը՝ Ռուսաստանի Կովկասի վերաբերեալ յանձնառութիւնն էր, որ արտայայտուեցաւ նախագահ Վլատմիր Փութինի կարեւոր յայտարարութիւններով։ Իսկ երկրորդը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դարձեալ Կովկաս վերադառնալու փորձն էր, որ շեշտաւորուեցաւ նախագահ Թրամփի խօսքերով, հայկական կողմի «պատիւին» տուած բաժակաճառով, ոմանց գնահատանքով ալ անլուրջ մօտեցումներով։ Ընդամէնը ընտրութիւններ եւ ընդամէնը ամերիկահայոց քուէները ներգրաւելու հին-նոր եղանակ մը, որու փոխարէն հայկական կողմը չէր կրնար անտարբեր մնալ։ Այս պատճառով էր նաեւ, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այցելեց Ուաշինկթըն։
Ի հարկէ, Ուաշինթըն այցելելու ստիպողութեան տակ կը գտնուէր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Արդարեւ, եթէ Պաքու չշտապէր եւ չհասնէր Ուաշինկթըն, ապա այդ յապաղումը կամ բացակայութիւնը միով բանիւ վնասակար պիտի ըլլար իրեն համար՝ առանց այդ ալ ոչ այդքան փայլուն վիճակ մը ցոլացնող Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։
Հետաքրքրական է, որ ԱՄՆ վերջին տարիներուն բացայայտ հեռու մնացած ըլլալով հանդերձ «Կովկասեան խաղ»էն, իր ամբողջական «կանաչ լոյս»ը վառած է Մոսկուային ու նոյնիսկ հակամարտ կողմերուն ալ ձեւով մը բացատրած՝ որ Կովկասի մեծ պատուհանին վրայ վերջին խօսքը կը վիճակի միայն ու միայն Ռուսաստանին։ Այս վերջինը ներկայ դրութեամբ ալ ունի ամբողջ գործիքակազմը՝ կասցնելու համար այս պատերազմը եւ կողմերը ի վերջոյ նստեցնելու համար բանակցութեանց սեղանին շուրջ։
Այս բաղադրիչներէն անդին կան նաեւ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի տեսակէտները, որոնք յառաջիկայ փուլերուն ալ աւելիով պիտի «մշակուին» ու կերպով մը «օժանդակ բայ» պիտի դառնան ձեւաւորուելիք լուծումներու ընդհանուր տեսադաշտին մէջ։
Աւարտին հասնելու համար պէտք է մատնանշել հիմնական «մեխ»ը։ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դիւանագիտական ճանապարհով հարցերը լուծելու մօտեցումները այդքան ալ անկեղծ չեն եւ ամենակարեւորը արդիւնաւէտ չեն՝ հակառակ նոյնիսկ Ուաշինկթընի շաբաթավերջի բանակցութիւններուն։ Այս «ամերիկեան օրեր»էն ետք կողմերը վստահաբար հասկնան, թէ խնդրի լուծումը ապահովելու միակ ճանապարհը Մոսկուայով կ՚անցնի, որովհետեւ վերջին հաշուով՝ դաշտի վրայ ռազմական ճանապարհով հարցերը լուծելու բոլոր ընտրանքները պիտի մաշին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան