ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ - «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ». ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ
Ամէն առիթով եւ համեստաբար յիշած եմ, թէ հայ գիրքի մը նոր ներկայութիւնը, կամ ծնունդը, զիս միշտ վերապրեցուցած է: Թէ՛ գրողն ու իր գրիչը եւ թէ՛ իր նորատիպ հատորը, միշտ խանդավառութեամբ եւ ջերմ գնահատանքով դիմաւորած եմ: Ուղղակի հայասիրտ տրոփում: Արթուն եւ կենդանի: Կը սիրեմ խանդավառուիլ հայ գիրքի արժէքով, մանաւանդ, երբ ան կը նպաստէ հայ գրականութեան եւ յատկապէս արեւմտահայ գրականութեան բարգաւաճման եւ ճոխացման: Տեսակ մը ազգային երազանքներու որոշ իրականացում: Որովհետեւ, միշտ աչքիս ու մտքիս առաջ պարզած ու նկատի ունեցած եմ հայոց լեզուն, հայ ուսուցիչը, հայ սփիւռքն ու իր գրականութիւնը, ու մանաւանդ՝ հայ գիրքը կարդալու մեծերուս օրինակելի հաճոյքը: Միշտ այսպէս կ՚արտայայտուիմ, որովհետեւ տեսանելի է, թէ ինչպէս մեր լեզուի հրապոյրն ու գեղեցկութիւնը, այլեւս շատ քիչերը գիտեն: Ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են: Նիւթականացած են անոնց բոլոր արժեւորումներն ու չափանիշները: Յաճախ պէտք է յիշեցնել, ու նոյնքան ալ արձագանգել, թէ մեր մայրենի լեզուն մեր գոյութեան մեծագոյն կռուանն է:
Այս բոլորը ուզեցի յիշել, որովհետեւ օրեր առաջ, դարձեալ Երեւանէն ստացայ սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հանրածանօթ եւ ազգային դէմք՝ Շաքէ Մանկասարեանէն, իր նոր հրատարակած «Արեւմտահայերէն հեքիաթներ» խորագրով հատորը:
Նախ պարզեմ, որ Շաքէ Մանկասարեան, առցանց «Radio Ayk»ի հիմնադիրն ու հաղորդավարը, մտածող միտք մը ըլլալով, արեւելահայերէնով լոյս տեսած հեքիաթները, արեւմտահայերէնի թարգմանական աշխատանքով, մեր առջեւ կը բանայ նոր դուռ մը, նոր պատկերներով ճամբայ մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արեւմտահայերէնի վերածուած գեղեցիկ հեքիաթներու հաւաքածոյ մը: Եւ ահա իր առաջին «նուէրը» մեր բոլորի գրադարաններուն: Նորութիւն մը՝ մեծ ու փոքր ընթերցասէր հայուն գրասեղանին հրամցուած: Այո՛, իր տեսակին մէջ արդի, յղացման իր նորութեամբ, լեզուական ներդաշնակութեամբ եւ նրբութեամբ:
Մանկասարեան կը հաւատայ հայ կեանքի, մանաւանդ նոր սերունդի միտքի արգասաւորման արդիական անհրաժեշտութեան, որպէսզի հայ մտքի երթը շարունակէ իր ընթացքը: Գուշակ ըլլալու կարիք չկայ: Ան նաեւ պաշտամունք ունի մայրենիին նկատմամբ: Ունի նաեւ արդար գիտակցութիւնը իր պարտականութեան, ազգային իր աշխատանքին եւ դերին: Մէկ խօսքով, իր մօտ առկայ է հայու անսակարկ նուիրուածութիւնը, յատկապէս արեւմտահայ գիրի եւ խօսքի: Պայծառ հայ մշակ մը: Մէկը, որուն մօտ երազը եւ իրականութիւնը սահմաններ չունին: Հոգիով գերազանցօրէն հայ, որ իր այս հատորով նոր աշխարհ մը կը բանայ մեր եւ նոր սերունդին դիմաց, իր ծառայողական ժառանգական նկարագրովը: Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ եւ աննախընթաց այս նախաձեռնութիւնը անկասկած պիտի ունենայ իր դրական դերակատարութիւնը: Սփիւռքը ունի կարելիութիւնները հետապնդելու իր հայ զաւկին հայադրոշմ դաստիարակութեան, որքան ալ գոյութիւն ունենայ պարտադրանքը օտար լեզուի եւ օտար բարքերու ազդեցութիւններու:
Նաեւ կը հաւատամ, որ թարգմանական աշխարհը տարբեր ոլորտ մը ըլլալով, Շաքէ Մանկասարեան բծախնդրօրէն մօտենալով այս ճիւղին, փորձած է արեւելահայ նիւթը հարազատ պահելով հանդերձ, մաքուր արեւմտահայերէնով զայն յանձնել մեզի՝ նոր եւ հին սերունդի ուղեղներուս:
Սակայն ի՞նչ է հեքիաթ ըսուածը:
Հեքիաթը կարճ պատմութիւն մըն է: Անոր հեղինակը ինք՝ ժողովուրդն է։ Ան է, որ զայն ստեղծած է, ինչպէս առասպելներն ու առածները: Անոր համար հեքիաթին մէջ կ՚արտացոլայ նոյն այդ իր ժողովուրդին պատկերաւոր կեանքը, մարդկային ձգտումներով ագուցուած:
Հեքիաթը նաեւ մաս կը կազմէ մանկական գրականութեան: Մէկ խօսքով բանաւոր պատմուածք, կախարդական, արկածային եւ կենցաղային բովանդակութեամբ եւ որուն հերոսներն ու դէպքերը ներկայացուած են չափազանցուած ձեւով, յաճախ ալ իրականն ու երեւակայականը իրար խառնուած: Եւ յիշեմ նաեւ, որ իւրաքանչիւր տարածքաշրջան ունեցած է իր հեքիաթները, որոնք յաճախ նոյն հեքիաթներու տեղային տարբերակներն ալ են: Նաեւ կրնանք աւելցնել, թէ այս եւ նման հեքիաթագիրքերը գեղեցիկ կապեր են մեր գրականութեան մէջ, տեսակ մը ամուր պահուած աւանդական օղակներ, որոնք կը նպաստեն նաեւ մեր հաւաքական գոյութեան:
Իսկ գալով «Արեւմտահայերէն հեքիաթներ» այս հատորին՝ պէտք է ըսել, որ շնորհապարտ աշխատանք մըն է հրամցուած մեր բոլորին: Ու չմոռնանք, որ բոլորս ալ մանկութենէ կու գանք: Ու գիրքի մը նոր լոյս ընծայումը անիմաստ պիտի ըլլայ, եթէ չմտածուի զայն ընթերցողին յանձնելու եղանակի մասին: Յիշենք, որ ընթերցողներու բացակայութիւնը, կը վնասէ գիրքի տարածման։ Այս մէկուն գլխաւոր բաժինը կ՚իյնայ հայ վարժարաններուն եւ մանաւանդ հայ ուսուցիչներուն ու հայ ծնողներուն վրայ:
Ահա ի՞նչ է գիրքը եւ ո՞վ է անոր հեղինակը: Իսկ հիմա մեր այս նոր հեքիաթագիրքը, որ բացաւ մտածումի նոր ակօսներ եւ որուն համար ինծի հետ միատեղ մտածելու եւ խորհրդածելու կը հրաւիրեմ նաեւ ընթերցողն ալ։
Հերքիաթագիրքը լոյս տեսած է Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն: Իր 104 էջերու մէջ բովանդակած է 18 հայ եւ օտար հեքիաթագիրներու ստեղծագործութիւնները:
Հատորը, իբրեւ գեղեցիկ ու տպաւորիչ վկայութիւններ ունի նաեւ «Երկու խօսք» Գէորգ Պետիկեանի եւ Եզնիկ Փալիկի գրիչներէն, որոնք կու գան հաստատել, թէ Մանկասարեանի հայ միտքն ու ջիղը լծուած կը մնան տեւական ստեղծումի միժամանակ ջերմացնելու համար սփիւռքեան մեր գրականութեան մթնոլորտը: Հոն կարգով արեւմտահայերէնի վերածուած են Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները եւ շարք մը Սուրէն Քոչարեանի ժողովածոյէն ստեղծագործութիւններ: Նաեւ առանց աւելորդ զարդարանքի տեսանելի է, պարզ եւ իրապաշտ ոճ մը, մեղմ եւ քաղցր, օժտուած մաքուր եւ բոլորին հասանելի, հասկնալի ու հաճելի լեզուով եւ յաճախ ալ նկարազարդ էջերով:
Հատորը նաեւ եւ անկասկած մաս կը կազմէ հայ աշակերտի միտքը մշակելու եւ անոր դիմագիծը պահպանելու ծրագրին: Էջերը պատմութեան կողքին կը կապեն քեզ, կեանքը ջերմացնող առողջ տողերով: Տեսակ մը բոյրով հարուստ արձակ, որուն շնորհիւ ընթեցողը հաղորդակից կը դառնայ նիւթին: Ներդաշնակութիւն, փափկութիւն եւ քնքոյշ զգայնութիւն:
Յատկութիւն մը, որ հաստատօրէն կ՚ազնուացնէ փոքրիկ ընթերցողը: Ձեւի ինքնատիպ գեղեցկութիւն: Մէկ խօսքով իւրաքանչիւր պատմուածք իր հմայքն ու սրտի ուղղուած խօսքն ու պատգամը ունի:
Հատորէն կրնանք նաեւ հետեւցնել, թէ Մանկասարեան չի հաւատար, որ մեր սփիւռքեան իմացական աւիշի հոսքը ցամքած է: Ահա իր առաջին «գործը»: Տեսանելի է, թէ ինչպէս իր մօտ հայ միտքն ու ջիղը լծուած մնացած են տեւական ստեղծումի:
Ընթերցողը վստահաբար եւ անկասկած, հաճոյքով պիտի ըմբոշխնէ սոյն նոր հատորը:
Արդ, գրիչդ դալար, սիրելի Շաքէ Մանկասարեան: Մաղթանքս է միշտ շարունակես գրել:
Շնորհաւորութիւններուս կողքին նաեւ ստեղծագործ միտքդ ու գրիչդ՝ դալար:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ