ՄՈԼԻՆ

Ամէն օր գործի կ՚երթար-կու գար. ուրիշ մասնաւոր ընելիք մը չունէր։ Վաթսուն տարեկանն անց ապակեգործ մըն էր, իրենց թաղի շուկային կից իր փոքր խանութով։ Շահածը իր ու կնոջ ապրուստը կը վերարտադրէր պարզապէս, ընդամէնը. մէկ կողմ դրած գումար չունէր։ Օր կար քիչ մը աւելի շատ, օր կար քիչ մ՚աւելի քիչ շահածով տուն կ՚երթար, ճամբուն վրայ շուկայէն մի քանի անհրաժեշտ բան առնելով. սունկ, գետնախնձոր, պանիր, հաց, կանաչեղէն, սոխ. եթէ քիչ մ՚աւելի շա՛տ շահած օրերէն մէկն էր, երբեմն նաեւ կնոջ շատ սիրած հալվայէն։

Այսպէս կ՚ապրէր, մինչեւ որ, օր մը, շուկան իրենց տան կապող ճամբու աջ մայթին՝ տարօրինակ խանութ մը բացուեցաւ. ամբողջովին սեւ ապակիներ, դէպի ներս տեսանելիութիւնը կտրող, բայց դեղին-կարմիր լուսաւոր գրութիւն՝

Շահի՛ր, շահի՛ր, շահի՛ր

Անցաւ քովէն, հասաւ իրենց շէնքի բակ, ուր դրացի Նուպարը ուրախ բարեւեց իրեն. վերջինիս շատոնց այդքան խանդավառ չէր տեսած։ Պատճառը ո՞րն էր. հարցուց առանց քաշուելու։ «Հինգ տուի, տա՛սը շահեցայ», երեխայական հպարտութեամբ արձագանգեց դրացին, որ նոր հինգ մը առնելու համար տուն էր եկեր, ու ետ, փաստօրէն, դէպի նորաբաց խանութի սեւ ապակիներու ետին կ՚երթար։

«Հինգ տուի, տա՛սը շահեցայ», լսած նախադասութիւնը մնաց մտքին մէջ իր երգեցողութեամբն ու կշռոյթովը ամբողջ։ Եւ ուղեղն սկսաւ աշխատիլ, թրթռալ։ Տաս նուազ հինգ՝ հինգ. երկու հացի տոպրակ. մէկ հալվայի տուփ։ Գէ՞շ էր...

Դիպուածով, բոլորին զուգադիպաբար, սովորականէն բերրի անցաւ յաջորդ աշխատանքային օրը։ Շուկայէն դուրս գալուն, աւելցած հինգին տարաւ ձեռքը, ու որոշեց փորձել։ Մտաւ ներս խանութէն։ Ներմուծեց հինգը, սեղմեց կոճակը. դարձան, դարձան, դարձան ստեղներն ու գոյները, եւ երեք նոյնատիպ նկարներ շարուեցան կողք-կողքի։ «Հինգ տուի, տա՛սը շահեցայ», բարձրաձայն կոչեց զարմանքով։ Վերջ. այդ պահէն սկսեալ՝ մոլի էր։

Յաջորդ առտու, արդէն, երեկոյի հինգ-տասի յոյսով քալեց դէպի գործի։ Անընդհատ ժամացոյցին կը նայէր։ Գործէն ելաւ, անցաւ շուկայէն, ուր սովորականէն քիչ ծախսեց այս անգամ. այնպէս մը, որ ձեռքը հինգ մնար։ Այս անգամ հինգը ութ բերաւ սակայն։ Յաջորդ օրը աւելի՛ խնայեց, որ եօթնով խաղայ։ Եօթը բերաւ տասներկու. լաւ էր, լաւ էր. ետ շուկայ գնաց, «ձրի հալվա մը շահեցայ»։ Եւ այս դարձաւ իր մտասեւեռումը այլեւս։ Երբեմն գործէն նոյնիսկ կանուխ դուրս կու գար, խանութը շուտ կը գոցէր։ Օր մը հինգի դիմաց երկու բերաւ միայն, օր մը եօթնի դիմաց տաս. օր մը կորսնցուց ամբողջ հինգը՝ եղածին պէս, օր մը երեք անգամ նոյն հինգը դրաւ, բայց ամէն անգամուն միայն հինգ ստացաւ, ու զգալով, որ յաջորդը կորուստ պիտի ըլլար, դուրս ելաւ. ամբողջ մէկ ժամ կորսնցուցած։

Անցաւ երկու շաբաթ. հաշիւը չէր կրնար պահել արդէն։ «Եթէ կորսնցուցի ալ, շատ չէր, շուտով կը վերականգնեմ», կը մտածէր։ Եւ այդ օր նոր տասի մը կորուստով մտաւ տուն։ Կինը հալվայէն հարցուց։ Պապանձեցաւ։ Ստեց, թէ սղեր էր հալվան վերջերս։ Ամօթէն քունը փախցուց. բաց մնացին կոպերը ամբողջ գիշեր, մինչեւ որ երդում ըրաւ, ինքն իրեն ու խեղճ կնոջը խոստացաւ ալ այդ մայթէն երբե՛ք չքալել. ինքնավստահ ու հանգիստ՝ քնացաւ ի վերջոյ։

Յաջորդ օրը սակայն, գործէն դարձին... չէ, ինքը չէր, կօշիկներն էին... ոտքերը վերջին վայրկեանին հոն գացին... Հապա՞ եթէ երէկուայ կորսնցուցած տասը փրկեր... երկու՛ տուփ հալվա...

Հրեց դուռը, չքացաւ սեւի ետին։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021