ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ՏԱՃԱՐԻ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Եթէ Դուն ես Քրիստոսը, յստակ ըսէ մեզի» (Յհ 10.24):

Մեկնութիւն. ասով կը ցուցնեն, թէ պատրաստ ենք հաւատալ եւ ընդունել Քեզ ճշմարիտ Քրիստոս, սակայն անոնց սիրտը նենգութեամբ լեցուն էր:

Յայտնի է չորս բանէ. նախ՝ Քրիստոսի պատասխանէն: Երկրորդ՝ բազմաթիւ հրաշքներէն, որ տեսան բայց չհաւատացին: Երրորդ՝ որովհետեւ ի ծնէ կոյրը վկայ էր: Չորրորդ՝ իրենց խօսքերէն յայտնի է, քանի որ չեն հարցներ, թէ Աստուծոյ Որդի՞ ես, որովհետեւ ատիկա Պիղատոսին հոգը չէր, քանի որ անոր քով կ՚ուզէին մտնել, այլ կ՚ըսեն՝ «եթէ Դուն ես Քրիստոսը», որ «Օծեալ» կը թարգմանուի, իսկ օծումը՝ թագաւորներուն կը կատարուէր: Եւ յայտնի է, եթէ պատասխանած ըլլար թէ Ի՛նքն է Քրիստոսը, անմիջապէս կը մատնէին զԻնք Պիղատոսին որպէս կայսրին հակառակորդ, այդ պատճառով կ՚ըսէին. «Յստակ ըսէ մեզի», այսինքն՝ խօսքերով ու առակներով ծածկուած չըլլայ [ըսածդ], այլ՝ յայտնապէս, պարզ եւ ժողովուրդին դիմաց, քանի որ կ՚ուզէին Անորմէ վկայութիւն մը առնել: Այստեղ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Տե՛ս հրեաներուն նենգութիւնը, երբ խօսքով կ՚ուսուցանէր, կ՚ըսէին ի՞նչ նշան ցոյց կու տաս մեզի. իսկ երբ գործով ցոյց կու տար թէ Ինք Քրիստոսն է, կ՚ըսեն Անոր. “Եթէ Դուն ես Քրիստոսը, յստակ ըսէ մեզի”, իբրեւ թէ միշտ հակառակութեան պատրաստ են»:

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 10.25):

Մեկնութիւն. այստեղ նախ կը ցուցնէ հրեաներուն չարութիւնը եւ ապա աշակերտներուն հեզութիւնը:

Խօսք. «Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար» (Յհ 10.25):

Մեկնութիւն. եւ ո՞ւր ըսաւ, երբ հացը կերան եւ դարձեալ կը փափաքէին, կ՚ըսէ՝ գացէք աշխատեցէք կենաց կերակուրին համար: Իսկ անոնք կ՚ըսեն՝ ի՞նչ աշխատինք, անոնց ըսաւ, թէ՝ հաւատացէ՛ք այն բանին, որ Հայրը ղրկեց զԻս, այսինքն՝ Հօրս հաւատացէք եւ Ինծի՝ որ Անոր կողմէն ղրկուած եմ: Իսկ երբ կրկնեց, թէ մարմինս ճշմարիտ կերակուր ըմպելիք է, ու երբ ըսաւ՝ «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը», եւ այլն, բազմաթիւ անգամներ խօսքով վկայեց, բայց անոնք չէին հաւատար, [իսկ] հիմա գործով կը վկայէ:

Խօսք. «Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ» (Յհ 10.25):

Մեկնութիւն. Հօրը չորս պատճառով կը յիշէ. նախ՝ որովհետեւ պատճառ է: Երկրորդ՝ որպէսզի դիւրութեամբ լսեն: Երրորդ՝ Ինքզինք Որդի կը ցուցնէ: Չորրորդ՝ Անոր միակամութիւնը: Եւ ինչպէս երրորդ գլուխին մէջ ըսուեցաւ, թէ ճշմարտութիւն, որ գեր ի վեր է մեր բնական հանճարի իմացումէն, բաւարար կը ցուցնէ հրաշքներուն գործը: Իսկ անոնք հրաշքներուն չէին հաւատար, որ Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը յայտնէին:

Անհաւատութեան պատճառէն ետք կը ցուցնէ.

ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ Իմ ոչխարներէս չէք» (Յհ 10.26):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ խոնարհ եւ անմեղ չէք, այլ՝ ամբարտաւան եւ նենգաւոր: Դարձեալ՝ ո՛չ թէ անարժանութեան կամ ստութեան, կամ խօսքերուն փոքրութեան համար չէք հաւատար, այլ՝ ձեր չկամենալուն համար, ինչպէս կ՚ըսէ՝ չէք, այսինքն՝ չէք կամենար, կամ հաւատացեալներէն չէք ուզեր ըլլալ, քանի որ այս հրաժարականը հրամայական չէր, այլ՝ յետագան պատմելով:

Իսկ ոչխար կը կոչէ աշակերտներն ու բոլոր հաւատացեալները բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ քանի որ ոչխարը անմեղ է, երկրորդ՝ խոնարհ, երրորդ՝ սուրբ [մաքուր, անարատ], չորրորդ՝ պատարագելի, հինգերորդ՝ ծննդական, վեցերորդ՝ բազմաշահ, եօթներորդ՝ պարկեշտ կերպով կը ծածկէ ամօթոյքը, ութերորդ՝ գայլերէն կը վախնայ, իններորդ՝ զիրար կը պաշտպանեն, տասներորդ՝ կը ճանչնան ու կը լսեն հովիւին: Եւ այլ բազմաթիւ յատկութիւններ ըսուեցաւ Մատթէոսի մեկնութեան երրորդ հատորին տասնմէկերորդ համարին մէջ. «Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ» (Մտ 10.16):

Ասկէ ետք ցոյց կու տայ աշակերտներուն հեզութիւնը եւ անոնց պարգեւները:

Խօսք. «Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն» (Յհ 10.27):

Մեկնութիւն. լսելը սիրտով հաւատալն ու բերանով խոստովանիլն է, եւ զանոնք է որ Քրիստոս կը ճանչնայ ո՛չ միայն տեսական ճանաչմամբ, որ հասարակաց է, այլ՝ սիրողական եւ գութով:

Խօսք. «Եւ ետեւէս կու գան» (տե՛ս Յհ 10.27):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ բարի գործերով մինչեւ վերջ կը համբերեն եւ ո՛չ թէ որոշ ժամանակ մը, քանի որ «կու գան» կ՚ըսէ, եւ ո՛չ թէ՝ եկան:

Խօսք. «Եւ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ» (Յհ 10.28):

Մեկնութիւն. ան որ մինչեւ վերջ բարիք կը գործէ իր կեանքի ընթացքին, Քրիստոս անոր կը հատուցէ իր կեանքը:

Եւ յաւիտենական կ՚ըսէ, նախ՝ քանի որ փոփոխական չէ, երկրորդ՝ որովհետեւ անմահ է, երրորդ՝ երկնաւոր, չորրորդ՝ հրեշտակներու եւ աստուածային կեանք, քանի որ այստեղի կեանքը փոփոխական, անցաւոր, երկրաւոր եւ նիւթական է:

Խօսք. «Անոնք բնաւ [յաւիտեան] պիտի չկորսուին» (Յհ 10.28):

Մեկնութիւն. Քրիստոսի հաւատաքին համար:

Խօսք. «Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել Իմ ձեռքէս» (Յհ 10.28):

Մեկնութիւն. բարի գործերուն համար: Իսկ յափշտակուիլը երեք բաներէ կ՚ըլլայ. նախ՝ պահողին տկարութենէն, երկրորդ՝ յափշտակողին զօրութենէն, երրորդ՝ յափշտակուողին կամքէն: Արդ, ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք ազատ կամքին եւ Քրիստոսի անչափ կարողութեան համար: Իսկ յափշտակողը կամ սատանան է, կամ մեղքը, կամ մարմինը, կամ բռնաւորները, եւ ասոնք տկարներ են եւ ո՛չ թէ զօրաւորներ:

Խօսք. «Որ Հայրս Ինծի տուաւ: [Հայրս] բոլորէն մեծ է» (տե՛ս Յհ 10.29):

Մեկնութիւն. նախ՝ կ՚ըսէ թէ ըստ ճառին Հայրը բոլորէն մեծ է: Դարձեալ՝ Աստուածութիւնը, որ Հօրմէն ունիմ, բոլորէն մեծ է, քանի որ անչափ է: Է եւ ըստ այսմ կը հետեւի, թէ Քրիստոսի մարմինին կարողութիւնը անչափ է՝ Աստուծոյ Բանին հետ միաւորութեամբ:

Խօսք. «Եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք Իմ Հօրս ձեռքէն: …Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.29-30):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ մէկ բնութիւն եւ կարողութիւն ունինք, այդ պատճառով ինչպէս որ Հօրմէն ո՛չ ոք կրնայ յափշտակել ոչխարները, այդպէս ալ Ինձմէ ո՛չ ոք կրնայ յափշտակել: Իսկ Մեկնիչէդ յայտնի է: Եւ այս է երրորդ պատճառը, որ ցոյց կու տայ Հօր Աստուծոյ հետ հաւասար մեծութիւնը եւ էութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հայրս, որ զանոնք Ինծի տուաւ, բոլորէն ալ մեծ է» (տե՛ս Յհ 10.29), այս է Աստուածութիւնը: Եւ չորրորդը Իր վկայութեամբ է, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30): Եւ գիտելի է, որովհետեւ այս խօսքերով, որ Տէրը ըսաւ, կը վերանան կրկին ներհակ մոլորութիւնները, որովհետեւ Սաբէլ Լիպիացին ըսաւ մէկ անձը Աստուած է, ինչպէս նաեւ մէկ բնութիւն, եւ այս մոլորութիւնը կը վերացնէ, երբ կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք», քանի որ մէկ անձը չի կրնար ինքն իրեն հայր ըլլալ եւ ծնունդ, այդ պատճառով՝ Ես եւ Հայր, կը ցուցնէ անձերուն զանազանութիւնը: Նոյնպէս յոգնակի ըսելը, թէ՝ ենք, քանի որ եթէ Հայրն ու Որդին նոյն անձն էին, պէտք էր ըսել՝ եմ: Ասոր հակառակ ըսաւ Արիոսը, թէ ինչպէս Երրորդութեան երեք անձերը, այդպէս ալ երեք բնութիւններ: Եւ այս մոլորութիւնը կը վերացնէ, երբ կ՚ըսէ՝ մէկ ենք, այսինքն՝ բնութեամբ, զօրութեամբ, հաւասարութեամբ եւ ամէն ինչ մէ՛կ է Երրորդութեան համար, բացի առանձնութիւններէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 100

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021