ՍՊԱՍՄԱՆ ՍԵՆԵԱԿԻ ՁԱՆՁՐՈՅԹԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԿԱՊԻՆ
Անկեղծ պէտք է ըլլալ. Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները սպասման սենեակի մէջ նստած հիւանդի կամ սէյլզմէնի ձանձրոյթ կ՚ապրին: Այս կացութեան պատասխանատուն միշտ զգացական հայրենասիրութեամբ ապրած խայտաբղէտ եւ մաշող սփիւռք(ներ)ը չէ, այլ միացման եւ համախմբման ռազմավարութիւն իրագործելու պարտականութիւն եւ հնարաւորութիւն ունեցող Հայաստանի Պետութիւնը:
Բացի զբօսաշրջային հայրենասիրական մասնակցութենէ եւ քաղաքական պարտադրուած պայմաններու մէջ Հայաստան եկած հայրենադարձներէ, ո՞վ կրնայ ճշգրտօրէն խօսիլ իսկական-գործնական եւ փոխադարձ իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան մասին: Աւելի պարզ հարցում. հայկական պետութեան համար սփիւռք(ներ)ի որպէս հայկական ամբողջի մաս լինել-չլինելը, իր համրանքով, մշակոյթով, ինքնութեամբ, քաղաքական օրակարգ է՞, թէ՞ ոչ, եղա՞ծ է երբեւիցէ:
Ճառերու մէջ հնչած ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ (Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք) կառուցային եւ գործակցութեան ոչ մէկ հիմնաւորում ունի, կեանք չունի: Իրապէս հարց կու տա՞նք, թէ ինչպէ՞ս կը դիտուի սփիւռք(ներ)ը Հայաստանի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն կողմէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր տեսածին եւ հասկցածին վրայ հիմնուելով, ենթակայական կարծիքներ ունի այս մասին: Սահմանադրութեան մէջ Սփիւռքը ներկայ չէ, որպէս ազգի ամբողջի մաս, որպէս իրաւազրկուած արեւմտհայ ժողովուրդ, ազգային քաղաքականութեան սահմանման եւ հետապնդման գործին մէջ իրաւասու կարծիք չունի, ոչ մէկ կառոյց գոյութիւն ունի, ուր ան կրնայ խօսիլ եւ պահանջել:
Թէեւ, հայկական սփիւռք(ներ)ը իրապէս կը պահանջէ՞ ստեղծումը կառոյցի մը, ուր իրաւասու կարծիք ունենայ: Այս արդէն այլ հարց է, երբ նկատի կ՚ունենանք սփիւռք(ներ)ի հետզհետէ աւելի անկողմնացոյց էսթէպլիշմընթային դարձող թափահարումները, որ սին հպարտութիւն կը գտնէ աշխարհի այս կամ այն երկրի մէջ քաղաքական կեանքին մասնակցած ծագումով հայ քաղաքացիի յաջողութեան մէջ:
Եթէ իսկական եւ իրաւասութիւններով ըմբռնուած Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կառոյց մը գոյութիւն ունենար, նախ սփիւռքը ներքնապէս աւելի միութիւն կ՚ունենար, տեւաբար չէր կտրատուեր, մանաւանդ համացանցի ընծայած կարելիութիւններու բերումով, առցանց եւ ինքնակոչ մանրուող կազմակերպութիւններ հրապարակ չէին գար, որոնք աւելի ջլատող են քան զօրացնող եւ միաւորող:
Ո՛չ Հայաստանի համար նպաստաւոր է եւ ո՛չ ալ սփիւռք(ներ)ի՝ որպէս հայկական ինքնութիւն պահած-պահող ազգային հատուածի տոկալ-տեւելու քաղաքականութեան (եթէ այս բառը սին պերճանք չէ), իրապէս միացնող կառոյցի մը չգոյութիւնը: Աւելի պարզ խօսելով, ո՞վ իրաւասու է խօսելու յանուն սփիւռք(ներ)ի, ի՞նչ ըսելու եւ որո՞ւ հետ, ո՞ւր, եւ լսուելու: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ ազգին համար կարեւոր են Հայաստանը եւ անոր երեք միլիոն բնակիչները, բայց ինչպէ՞ս պէտք է իրագործուին աւելի քան տասը միլիոն գնահատուող Հայաստանի բնակիչ չեղող սփիւռքահայերու ընթացիկ դարձած հայապահպանումը եւ ազգի կեանքին մասնակցութիւնը,- թէեւ պիտի նախընտրէի ըսել պարզապէս հայերու,- որոնց անսեթեւեթ մասնակցութիւն-ներկայութիւնը ճառերու մէջ յաճախ յիշուող հզօրութեան իրաւ երաշխիք է:
Այս պղտորութիւններուն հետեւանքը այն է, որ անձ մը, քանի մը հոգի, յանկարծ հրապարակ կրնան եւ գալ եւ իրենք իրենց շնորհել ներկայացուցչական իրաւունքներ եւ խօսիլ յանուն սփիւռքի: Նման կացութիւններ եղած են անցեալին եւ կան այսօր ալ: Թէ ինչպէ՞ս կարելի է ստեղծել յանուն սփիւռքի խօսող ներկայացուցչութիւն, այսօր կը թուի ըլլալ անկարելիութիւն: Եւ ան կը փոխարինուի բազմապատիկ ներկայացուցչութիւններով: Հայաստանի իշխանութիւնները կարծէք գոհ եղած են, եւ են, այս կացութենէն, եւ կը գոհանան խօսակից ունենալով անհատներ (յայտնի մարդիկ, արուեստագէտ, քաղաքական անուն, դրամատէր), կուսակցութիւններ, միութիւններ, այս ընելով կը խուսափին իրենց դիմաց սփիւռքի ներկայացուցչութիւն մը ունենալու անպատեհութենէն:
Այլ բացասականութեան վրայ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել: Սփիւռքեան միութեան բացակայութիւնը պատճառ է նաեւ տարտղնումի, մարդկային եւ նիւթական ուժերու մսխումի եւ ծիծաղելի կացութիւններու ստեղծման: Զանազան առիթներով յիշած եմ պարագաներ: Օրինակ, Լիբանանի լաւ օրերուն, այսպէս կոչուած տարբեր հոսանքներու հովանաւորութիւնը վայելող դպրոցներ կային գրեթէ իրարու կից, դէմ դիմաց: Փողոցի երկու մայթերու եզերքին կային երկու դպրոցներ, քանի մը քառակուսի քիլօմեթր շրջագիծի մէջ կային հինգ վարժարաններ, թաղամասի մը եռանկիւնին երեք ծայրերը կային երեք յարանուանական վարժարաններ: Կիպրոս, Լառնագա քաղաքին մէջ, դրկից էին երկու ակումբներ: Մոնթէվիտէոյի մէջ պատկից էին են երկու դպրոցներ:
Աւելցնենք եկեղեցիի ոչ-դաւանական, այլ կազմակերպական պառակտուածութիւնը (բառը գործածելէ պէտք չէ վախնալ), յարանուանութիւնները, օր աւուր աճող-բազմացող աղանդները: Այսքան բաժանում շատ պիտի ըլլար նոյնիսկ Չինաստանի համար:
Իր հայրենիքին, իր համրանքին եւ ինքնութեան սպառնացող վտանգ դիմագրաւող ազգին համար այսքան բաժանում շատ է: Հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ ուժ չի ստեղծուիր, կարելի չ՚ըլլար հիմնականը հետապնդել, եւ կը բանտարկուինք մասնակիի, տեղականի, համայնքայինի, թաղայինի եւ էսթէպլիշմընթային թափահարումներու աղմուկ-փոշիին մէջ: Եւ կը շարունակենք ընթացիկը,- թէեւ այդ ընթացիկէն հեռացածներ բանակ են,- տնտեսելով եւ տնտղելով հեռուն չնայող առօրեան:
Հաստատումներ: Թերեւս յուսալքող եւ ցաւցնող:
Ազգային իմաստութիւնը եւ հայ մարդու արժանապատուութիւնը պէտք է ուղղեն պարզ հարցումը.
Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս շարունակել, ինչպէ՞ս վերականգնել, վերականգնիլ, միութիւն ստեղծել եւ իսկական իրաւունքի տէր ժողովուրդ դառնալ:
Եթէ այս իրականացնող ղեկավարութիւն չկայ, կը նշանակէ որ ընդհանրապէս ղեկավարութիւն չկայ: Մեծ եւ պզտիկ, մեծամասնութիւն եւ փոքրամասնութիւն, հեթանոս եւ հաւատացեալ, պիտի ըսե՞նք, եսեր եւ շահախնդրութիւններ մէկդի դնելով, որ սխալած ենք, որ ԱԶԳԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ, ոչ այս կամ այն հանգամանաւորը:
Այս կ՚ըլլայ հոգեբարոյական վերականգնում եւ կը վերականգնէ ազգային իրաւ քաղաքականութիւնը:
Գործիչը կոչում ունի, հանրային ծառայող է, եւ որպէս այդպիսին, ան իր անձէն առաջ պիտի մտածէ ՄԻՒՍին, ՈՒՐԻՇին հանդէպ իր ունեցած պարտքին եւ պարտաւորութեան մասին: Այս մասին այնքա՜ն դիպուկ եւ հարազատ խօսք ունի Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, եթէ այսօր զինք կարդացողներ եւ լսողներ ըլլան:
Յովհաննէս Թումանեան ըսած է.
Գործիչը եթէ պատահմունքով սխալ է արել՝ մենք կը լռենք եւ կ՚աշխատենք նոյնիսկ զգալ չտալ իրեն, որովհետեւ սխալական է մարդ արարածը: Գործիչը եթէ մի դժբախտ դէպքի պատճառ է դարձել չգիտակցելուց, չհասկանալուց, տգիտութիւնից՝ մենք նրան կը ներենք, որովհետեւ մարդ ամէնագէտ չի, նա էլ մարդ է ու չի հասկացել: Բայց եթէ գործիչը վատութիւն անում է դիտմամբ, գիտակցաբար եւ յամառում է ճամբէն, էլ ոչ լռելու իրաւունք ունենք, ոչ ներելու, քանզի էս դէպքում, ս. Գրքի ոճով ասեմ, մեր գործը չի փչանում, այլ Աստուծոյ գործը՝ մարդ արարածի բարոյական պատկերն է փչանում: (Հայոց ազգագրական ընկերութեան քարտուղարի եւ նրա վարմունքի առիթով, 1913)*
Այսօր կարիք ունինք Յովհաննէս Թումանեանի իմաստութեամբ դիտելու եւ դատելու մեր շրջապատը, ի հարկին չլռելու, քանի որ մարդ արարածի բարոյական պատկերն է փչանում, մեր պարագային՝ հայու պատկերը նաեւ, խափանելով ազգի վերականգնումի ուղիները:
Երբ գիտակցաբար յամառում է ճամբէն… մարդ արարածի պատկերն է փչանում…
Ըսենք՝ հայու բարոյական պատկերն է փչանում…
Եւ էլ ոչ լռելու իրաւունք ունենք, ոչ ներելու…
Դիտելու, դատելու, չլռելու ազգի անդամի բարոյական պարտք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի պատմութեան մրրիկով բաժան-բաժան եղած ազգը վերանուաճէ հարազատութեան մէկութիւնը:
Պատմութիւնը կ՚ըսէ, ճիշդ կամ սխալ, որ երբ սուլթանի բանակը պաշարած էր Կոստանդնուպոլիսը, հոն կը վիճէին գիտնալու համար, թէ հրեշտակները արու էին թէ էգ… Առակս ցուցանէ:
Կրնա՞նք մոռնալ ինքնագոհութեան շողոմ խօսքերը, եւ մեծ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոյի հետ կրկնել. Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին**:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
* Յովհաննէս Թումանեան, ՄՏՔԵՐ, Արեւելք-Արեւմուտք մատենաշար, Երեւան 2011
** J’ai mis un bonnet rouge au vieux dictionnaire. (Victor Hugo, ԺԹ դար)