ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Է.

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր» (Յհ 7.39):

Մեկնութիւն. Երեք է իմացումը. նախ՝ աս կ՚ըսէ, որովհետեւ առաքելաները երեւելի նշանով չէին ընդունած, այլ՝ մասնաւոր կերպով կ՚ընդունէին Սուրբ Հոգին Քրիստոսէ, իշխանութեամբ, որ տուաւ անոնց դեւեր հանելու համար (հմմտ. Մտ 10.1), եւ այլն: Երկրորդ՝ ասիկա կ՚ըսէ Սուրբ Հոգիին յայտնի պարգեւումին համար, որովհետեւ նախապէս Սուրբ Հոգին եզակի կերպով առնուած էր Ս. Մարիամ Աստուածածինին եւ Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ: Երրորդ՝ ասիկա կ՚ըսէ Քրիստոսի ժամանակակիցներուն համար, որովհետեւ նախապէս Սուրբ Հոգին տրուած էր նախահայրերուն եւ մարգարէներուն:

Եւ այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. Թէ ինչո՞վ կը զանազանուի Հոգիին պարգեւները, որ տուաւ մարգարէներուն եւ առաքեալներուն, այսինքն՝ Հինին եւ Նորին մէջ:

Պատասխան. Կ՚ըսեմ չորսով. նախ՝ որովհետեւ մարգարէներունը մասնաւոր էր, իսկ առաքեալներունը ամբողջական լցում. «Լեցուեցան, կ՚ըսէ, Սուրբ Հոգիով» (Գրծ 2.4): Երկրորդ՝ մարգարէներունը Հոգիի շնորհքներուն ազդումն էր, իսկ առաքեալներունը՝ էութեամբ Սուրբ Հոգին, ինչպէս աղաւնակերպ Քրիստոսի վրայ իջաւ, այդպէս ալ հրեղէն լեզուներով առաքեալներուն վրայ իջաւ: Երրորդ՝ մարգարէներուն երբեմն կ՚ազդէր Սուրբ Հոգին, իսկ առաքեալներուն՝ միշտ. «Նստաւ, կ՚ըսէ, անոնց վրայ» (Գրծ 2.3), եւ այլեւս չբաժնուեցաւ, այդպէս ալ Սուրբ Եկեղեցիին։ Չորրորդ՝ Հինին մէջ միայն մարգարէներուն եւ մէկ բանի եւ միայն տաճարին մէջ էր Սուրբ Հոգին, իսկ նորին մէջ ամբողջ Եկեղեցիին ու բոլոր հաւատացեալներուն վրայ բազմապատիկ շնորհքներով ծաւալուած է:

ԽԱՉԸ ՓԱՌՔ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ

Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար փառք կը կոչէ Քրիստոսի խաչը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր» (Յհ 7.39):

Պատասխան. Քրիստոսի փառաւորուիլը ո՛չ թէ յետոյ ստացուած եղաւ, այլ՝ փառքի յայտնութեան համար կ՚ըսէ, քանի որ յղութեան սկիզբը արգանդին մէջ հոգիով եւ մարմինով փառաւորուած էր, աստուածային էութեամբ միանալովը, սակայն այդ փառքը ո՛չ ոքի յայտնի էր, այլ՝ Քրիստոսի փառքը խաչով յայտնի դարձաւ՝ չորս կերպով.

Նախ՝ խաչով յայտնուեցաւ, որովհետեւ Յիսուս բնութեամբ Աստուծոյ Որդի է, եւ այս՝ հինգ կերպով. նախ՝ լուսաւորներուն խաւարումով, երկրորդ՝ երկրի շարժումով, երրորդ՝ վէմերուն ճեղքուելով, չորրորդ՝ գերեզմաններուն բացուելով, հինգերորդ՝ վարագոյրին կիսուելով: Ասիկա առաջինը:

Երկրորդ՝ խաչով սատանային կապեց, եւ մեղքը, եւ մահը, պարտքը լուծեց ու հոգիները ազատեց:

Երրորդ՝ որովհետեւ խաչէն ետք հաւատացին Անոր եւ Իր հաւատացեալներէն փառաւորուեցաւ:

Չորրորդ՝ քանի որ խաչով բազմապատիկ երախտիք կայ, որ ամբողջ մարդկութեան յայտնեցաւ, եւ մենք ընդունեցինք ու ճանչցանք եւ որպէս բազմերախտ ու բազմապարգեւ փառաւորեցինք:

Տակաւին խաչով երկինք ելաւ եւ Աստուածութեան փառքին մէջ նստաւ Իր մարմինով: Եւ դարձեալ՝ խաչով մենք Հոգիին պարգեւը ընդունեցինք եւ ապա փառաւորեցինք:

Ասոր նման հասկցիր նաեւ երբ խաչին վրայ բարձրանալ կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ խաչը երկրէն բարձր է: Երկրորդ՝ քանի որ [խաչելութեան] տեղը բարձր էր եւ՝ գագաթ: Երրորդ՝ որովհետեւ անոր վրայ բարձրացաւ, այսինքն՝ Անոր Աստուածութիւնը յայտնեցաւ եւ փառաւորուեցաւ: Չորրորդ՝ որովհետեւ խաչով երկինք ելաւ, ինչպէս Յակոբին աստիճաննները (հմմտ. Ծն 28.10-22):

Ասիկա երկրորդին մասին:

ԹԷ ՀՈԳԻՆ ՅԵՏՈՅ ԻՋԱՒ

Երրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար Սուրբ Հոգին նախքան խաչելութիւնը չիջաւ առաքեալներուն վրայ:

Պատասխան. Ութ պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս մարմինով անոնց հետ էր, Հոգիին կարօտ չէին ըլլար, սակայն՝ երբ երկինք ելաւ, ապա Մխիթարիչը իջաւ անոնց վրայ:

Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոս խաչին միջոցով չէր փառաւորուած, պէտք չէր փառաւոր Հոգին պարգեւել, սակայն երբ փառաւորուեցաւ, աշակերտներն ալ փառաւորեց փառաւոր Հոգիով:

Երրորդ՝ Մարգարէն կ՚ըսէ. «Խաչին բարձրունքին ելաւ եւ հոգիներուն գերութիւնը գերեց, աւար առաւ եւ պարգեւները բաշխեց ու Սուրբ Հոգին մարդկութեան տուաւ» (տե՛ս Սղ 67.19/68.18):

Չորրորդ՝ որովհետեւ մեր Փրկիչը նախ խաղաղութիւն ըրաւ երկինքի ու երկրի մէջ եւ ապա տուաւ խաղաղութիւնը՝ Սուրբ Հոգին: Կը ցուցնէ, թէ Սուրբ Հոգին խռովարարներու մէջ չ՚իջնար, այլ՝ «Սուրբ Հոգին կը փախչի նենգութենէն» (Իմստ 1.5), կ՚ըսէ:

Հինգերորդ՝ նախ թշնամին խորտակեց եւ ապա Հոգին պարգեւեց, որովհետեւ նախ պէտք է պիղծ հոգին մերժել եւ ապա Սուրբը կը բնակի:

Վեցերորդ՝ ցանկապատին միջնորմը քակեց, այսինքն՝ մեղքերն ու կռապաշտութիւնը, եւ ապա Սուրբ Հոգին տուաւ, որովհետեւ պէտք է անհաւատութիւնը մերժել եւ Սուրբ Հոգին հաւատքով ընդունիլ:

Եօթներորդ՝ ինչպէս թագաւորները նախ մահապարտներուն հետ կը հաշտուին եւ ապա պարգեւներ կու տան, նոյնպէս Քրիստոս նախ հաշտեցուց Հայրը եւ ապա հաշտութեան պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին տուաւ մարդոց, ըստ այնմ. «Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք՝ Անոր Որդիին մահուամբ» (Հռ 5.10):

Ութերորդ՝ որովհետեւ նախ Հայրը ծանուցուեցաւ, եւ ապա՝ Որդին մարմնացեալ, իսկ յետոյ՝ Հոգին իջաւ: Եւ այդպէս ալ Սուրբ Երրորդութիւնը յայտնեցաւ, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ:

Իսկ ուրիշ վարդապետներ տասը պատճառներ կը դնեն, թէ Հոգին խաչելութենէն յետոյ պարգեւուեցաւ.

Նախ՝ քանի որ Քրիստոսի չարչարանքները Հոգիին պարգեւներուն պատճառ եղան, իսկ պատճառը պատճառելիէն առաջ է: Ասկէ սորվելով երբ Սուրբ Հոգին կը յիշենք, մեր երեսին վրայ խաչին նշանը կը դրոշմենք, որովհետեւ Հոգին խաչով կ՚իջնէ:

Երկրորդ՝ որովհետեւ եթէ Քրիստոս նախապէս այդպէս փառաւորուած ըլլար՝ ինչպէս խաչէն ետք, արգելք ու խափան կ՚ըլլար խաչին չարչարանքներուն եւ մարդոց փրկութեան:

Երրորդ՝ քանի որ պէտք էր Քրիստոս, որ խոնարհութեամբ հովուէր աշակերտները, որոնք պարզամիտներ էին, ինչպէս հաւը՝ ձագերը, եւ մայրը՝ մանուկները, իսկ եթէ նախապէս Հոգին ընդունած ըլլային, պէտք չէ ըլլար զանոնք հովուելու:

Չորրորդ՝ որպէսզի աշակերտները ճանչնան իրենց տկարութիւնները եւ գիտնան, որ ո՛չ թէ իրենց արժանաւորութեան համար ընտրուեցան, այլ՝ Քրիստոսէ:

Հինգերորդ՝ որպէսզի գիտնան, թէ Քրիստոսէ պարգեւուեցաւ, [քանի որ] նախապէս ընդունածները կ՚ըսէին, թէ Աստուծմէ է եւ ո՛չ թէ Քրիստոսէն:

Վեցերորդ՝ ինչպէս սերմանելը նախապէս է, քան պտուղն ու հունձքը, այդ պատճառով պէտք է նախ հաւատքին սերմը ընդունին անոնք եւ ապա կամաց-կամաց Քրիստոսով աճելով՝ հասնիլ Հոգիին պարգեւներուն եւ պտղաբերիլ:

Եօթներորդ՝ Հոգիին պարգեւներուն պատուականութիւնը պէտք է այսպէս յայտնի ըլլայ:

Եւ երեք կերպով յայտնեցաւ. նախ՝ Պարգեւողին կողմէ, որովհետեւ այն ատեն Քրիստոս մարմինով Իր փառաց թագաւորութեան աթոռին վրայ նստած էր եւ Սուրբ Հոգին պարգեւեց: Երկրորդ՝ ընդունողներուն՝ առաքեալներուն կողմէ, որոնք պատշաճաւորեցան Հոգիին, քանի որ փորձով գիտէին Քրիստոսի վարդապետութիւնը՝ մահն ու յարութիւնը, եւ այլն, որովհետեւ եթէ չէին գիտեր, Սուրբ Հոգիին պատշաճ չէին ըլլար: Երրորդ՝ այս պարգեւին կողմէ, որովհետեւ առաւել փառօք եւ հռչակելի եղաւ, նմանապէս, քանի որ երբ Հոգին ընդունեցին, անմիջապէս հրաշքներ կը գործէին, անով՝ իրենց մեծութիւնը ցուցնելով եւ Քրիստոսին վկայելով, ու առաքեալներուն լեցուն ցուցանելով, իսկ անոնք՝ ուրիշներուն:

Դարձեալ կարելի է եւ ութերորդ պատճառ ըսել՝ ցոյց տալու համար, թէ Սուրբ Հոգին ո՛չ ոքի առատապէս կը պարգեւուի, եթէ ոչ Քրիստոս Անոր սիրտին մէջ յատկապէս փառաւորուած չըլլայ, որովհետեւ ո՛չ միայն Անոր Աստուածութիւնը մեծ կը համարէ, այլ եւ Անոր աղքատութիւնն ու չարչարանքները եւ անարգանքը: Եւ երբ այս ամէնը քաղցրանայ մեր ճաշակելիքին, այդ ատեն առատապէս կ՚ըդնունի Ս. Հոգին:

Իններորդ պատճառ. քանի որ Սուրբ Հոգին անոր համար տրուեցաւ, որ հաւատացեալներուն ցանկութիւնը ձգէ դէպի երկնային փառքը, եւ այն ատեն ցանկալի ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ, իսկ Քրիստոսի ներմարդութեամբ յայտնի եղաւ մարդոց երկինքի փառքին հասանելի ըլլալը, ուստի պատշաճ էր, որ նախ Քրիստոս մտնէր փառքի մէջ եւ ապա՝ Սուրբ Հոգին պարգեւուած ըլլար:

Տասներորդ՝ որովհետեւ թէեւ հաւասար է Ամենասուրբ Երրորդութեան Տէրութիւնը, Աստուածութիւնը եւ միւս բոլորը, սակայն Եկեղեցւոյ Վարդապետները կը դնեն ստեղծելը՝ Հօր, տրոհելը՝ Որդիին, իսկ զարդարելը՝ Սուրբ Հոգիին, ինչպէս ստեղծումի ժամանակ ըսուեցաւ, այդպէս ալ պէտք էր նախ Հայրը յայտնի ըլլար եւ ապա Որդին, եւ ապա Սուրբ Հոգին, ինչպէս Քրիստոս ըսաւ. «Բոլոր ժողովուրդները [հեթանոսները] մկրտեցէք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով» (տե՛ս Մտ 28.19):

Այսքանը այս մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 75

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020