«ՉԵՄ ՈՒԶՈՒՄ ԳՆԱՄ ԵՐԿՐԻՑ…, ԲԱՅՑ…»

«Ով որ չի ճանչնար իր Հայրենիքը,
չի կրնար ճշմարիտ կերպով սիրել զայն» Ռաֆիի

Վերջերս ծանօթի մը երբ հանդիպեցայ, սովորական դարձած հարցադրումներէն ետք անցանք երկրի տիրող վիճակին մասին խօսելու: Անդրադառնալէ ետք օր օրի ծանրացող վիճակին, ինչպէս նաեւ «ապագայ»ի մասին որոշ մարդոց «վառ» երեւակայութեան եւ խանդավառութեան անտրամաբանութեան, ծանօթս ի վերջոյ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ.

-Ընկեր ջան, չեմ ուզում գնամ երկրից…, -եւ պահ մը լուռ մնալէ ետք շարունակեց-, բայց մտածում եմ երեխաներիս մասին, մտածում եմ ծնողներիս մասին… յանկարծ եթէ պատահեց այն՝ ինչ որ…, եւ չշարունակեց, որովհետեւ պարզ ու յստակ էր, թէ ի՛նչ բանի մասին կ՚ակնարկէր:

Դժբախտաբար, այս օրերուն Հայրենիքի մէջ շատ շատերու մօտ նոյն մտադրութիւնն ու տրամադրութիւնը կայ: Շատեր, որոնք ամէն ինչով կապուած են Հայրենիքին, այստեղ ծնած ու մեծցած, թէ՛ հայրենադարձ: Շատեր, որոնք պատրաստ են իրենց կեանքերն իսկ տալ յանուն Հայրենիքին: Շատեր, որոնք իրենց զաւակներէն, ընտանիքներէն ու ծնողներէն կտրելով՝ կու տան Հայրենիքին, բարձր գիտակցութիւնը ունենալով, որ եթէ Հայրենիքը վերացաւ, եթէ Հայրենիքը ստրկացաւ, իմաստն ու նշանակութիւնը չի՛ մնար իրենց կեանքին, որովհետեւ իրենց կեանքը առանց Հայրենիքի չե՛ն կրնար երեւակայել կամ պատկերացնել, քանի որ Հայրենիքը իրենց համար ո՛չ թէ միայն զգացական ոլորտ է, այլ՝ կեանք է, իրականութիւն:

Մինչեւ վերջին պատերազմ այս կերպ մտածողներուն մօտ նշոյլն անգամ չէր նկատուեր Հայրենիքէն հեռանալու մտադրութեան կամ մտածումին, նոյնիսկ չէին իսկ կրնար երեւակայել, որ օրին մէկը իրենք կրնան նման մտադրութիւն ունենալ, սակայն վերջին պատերազմը եւ անոր յաջորդող հետեւանքները այս խումբի մարդոց մօտ ալ բաւականին մեծ հարցադրումներ յառաջացուցին, եւ շարունակելով հաւատարիմ մնալ իրենց համոզումներուն եւ սկզբունքներուն, սակայն սկսած են չբացառել «բայց…»ը: Միւս կողմէ ալ սակայն, մեր ժողովուրդին յատուկ նկարագիրով, որ ամփոփուած է Խրիմեան Հայրիկին հետեւեալ տողերուն մէջ, թէ՝ «դուք մի վհատիք, Աւետարանի հարուածեալ որդիքներ. յոյս առ ու քաջալերուէ, ժողովուրդ Հայոց, երկհազար ամ է որ միշտ ջախջախուիս ու չես մեռնիր։ Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք. բայց դու անվկանդ՝ անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ՚ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր», կը շարունակեն պայքարիլ ու հեռու վանել Հայրենիքէն հեռանալու ամէն տեսակի մտադրութիւն եւ մտածում իսկ…:

Այս խումբի մտածողներուն նման կայ ուրիշ խումբ մըն ալ, որ դարձեալ իրենք զիրենք կը փորձեն նոյնացնել վերոնշեալ խումբին…, բայց մէկ տարբերութեամբ: Եթէ առաջին խումբին մէջ եղողները, որոնցմէ մէկն է ծանօթս եւ որուն արտայայտութիւնն է «չեմ ուզում գնամ երկրից…, բայց…», այդ «բայց»ը սիրտի խորերէն եկող եւ ցաւով ունեցած արտայայտութիւն մըն է: Երկրորդ խումբի ներկայացուցիչները գրեթէ նոյն այդ արտայայտութիւնը կ՚ունենան, «բայց…»ն ալ կը գործածեն, բայց ո՛չ թէ ցաւով, ընդհակառակը, այդ «բայց»ը կը գործածեն որպէս անցագիր երկրէն հեռանալու, գաղթելու, աւելի ճիշդ՝ փախուստ տալու:

Երբ կը խօսիս այս խումբի ներկայացուցիչներուն հետ, առաջին հերթին կը տարուիս մտածելու, թէ իրապէս մտահոգուած են Հայրենիքի ներկայ վիճակով, ցաւ կը զգան երկրի ներկայ վիճակին համար, բայց առաջին առիթին իսկ իրենց պայուսակները կը լեցնեն, կը փակեն ու… Նմաններուն համար Հայրենիքը պարզապէս հանգրուան է, իրենց կեանքի գոյութիւնը գարշ տալու համար, եւ ո՛չ աւելին, որովհետեւ այդպիսիներուն համար բնաւ ալ կարեւոր չէ ի՛նչ երկինքի տակ կ՚ապրին, Հայրենիք ըլլայ, դրացի երկիր ըլլայ, կամ նոյնիսկ թշնամիի երկիր…, կարեւորը այդպիսիներուն համար կտոր մը հաց ուտեն եւ շարունակեն «ապրիլ»…

Երրորդ խումբ մըն ալ կայ, որոնց համար Հայրենիքի հասկացողութիւնը սեղանին շուրջ կենացներէն կամ հեռուէն Հայրինքը սիրելէն ու գովելէն անդին չ՚անցնիր: Այս խումբին մէջ ալ կան թէ՛ Հայրենիքին եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ ծնածներ ու մեծցածներ:

Հայրենիքին մէջ ծնածներն ու մեծացները գաղթելով, աւելի ճիշդ՝ փախուստ տալով Հայրենիքէն, իրենց փախուստը կ՚արդարացնեն ըսելով, թէ երթանք աշխատինք, գումար հաւաքենք, որպէսզի Հայրենիքին օգնենք, կամ քանի մը տարիով զաւակներս հեռացնեմ այս «ահաւոր» իրավիճակէն, ապահով ըլլան, ուսում ստանան, աշխատին, յետոյ վերադառնանք Հայրենիք…

Այսպէս մտածողներուն հետեւեալ երկու հարցումները պէտք է ուղղել:

Առաջին. եթէ ձեր ծնողները հիւանդանան, զանոնք առանձի՞ն կը ձգէք, պատճառաբանելով լաւ բժիշկ ճարելը կամ գումար ապահովելը՝ հոգալու համար անոնց բժշկութեան ընթացքը:

Երկրորդ. դուք կամ ձեր զաւակները ինչո՞վ կը տարբերիք բոլոր անոնցմէ, որոնք հակառակ ձեզմէ աւելի ծանր եւ դժուար պարագաներու մէջ ըլլալու կը շարունակեն ապրիլ ձեր բնութագրած այդ «ահաւոր» իրավիճակին մէջ, կրնա՞յ ըլլալ, որ ձեր գլուխին փետուր կայ…:

Հայրենիքը, արդարեւ, սեղանի շուրջ ըսուած կենացներու մէջ չէ, չնայած այդ «արհեստ»ը մեր ժողովուրդը «արուսետ»ի վերածած է եւ այն աստիճանի մասնագիտականացուցած է, որ դժուար թէ աշխարհիս վրայ գտնուի ուրիշ ժողովուրդ մը, որ կարենայ մրցակցիլ մեր ժողովուրդին հետ: Բայց խօսելով Հայրենիք չի՛ կառուցուիր, խօսելով Հայրենիք չի՛ պահուիր, խօսելով Հայրենիքը չի՛ հզօրանար, խօսելով Հայրենիք չի՛ գոյատեւեր, ընդհակառակը, Հայրենիքը կը կառուցուի, կը պահուի, կը հզօրանայ ու կը գոյատեւէ գործով, իր զաւակներուն կատարած ու իրագործած գործերով ու նուաճումներով, որոնք կը կատարուին ի՛ր իսկ գիրկին մէջ, եւ ո՛չ թէ օտար ափերուն վրայ: Օտար ափերուն վրայ մեր ժողովուրդին զաւակներուն ունեցած յաջողութիւններն ու նուաճումները ճի՛շդ է, որ իւրաքանչիւր հայու համար հպարտութեան առիթ են, սակայն միայն այդքանը, եւ ո՛չ աւելին: Աւելի՛ն, այդ նուաճումներն ու յաջողութիւնները գործնականօրէն մեր Հայրենիքին համար ոչինչ կրնան տալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաջողութիւն եւ նուաճում սեփականութիւնն են այն հողակտորին, ուր ծնունդ առած են անոնք:

Հայրենիքը սիրել, Հայրենիքով մտահոգուիլը եւ Հայրենիքին համար մտածելը իրական կը դառնան միայն այն ատեն, երբ Հայրենիքին մէջ կ՚ապրինք ու կ՚արարենք, այլապէս մնացեալ բոլոր դրսեւորումները որոնք կը գոյանան, Հայրենիքին նկատմամբ կը կրեն ժամանակաւոր բնոյթ, որոնք այսօր, վաղը, մէկ ամիս, մէկ տարի կամ քիչ մը աւելի կը դիմանան, եւ… կ՚անհետանան, կը վերանան:

Վերը յիշուած խօսքերուն ամենէն վառ ապացոյցը մեր մեծանուն բազմաթիւ մտաւորականներուն ու պանդուխտերուն Հայրենիքի կարօտով տառապալից գրութիւններն են, որոնք կեանքի ի՜նչ-ի՜նչ բերումներու պատճառով Հայրենիքէն հեռու ապրած են, բայց իրենց առաջնային նպատակը եղած է Հայրենիք վերադառնալ, Հայրենիք երթալ եւ այնտեղ փակել իրենց աչքերը…

Գրութիւնը աւարտեմ ընթերցողներուն ներկայացնելով մեր մեծերէն փունջ մը մտածումներով Հայրենիքի մասին:

Վահան Տէրեան կը գրէ.

«Մեր երկիրը աւերակների երկիր է, աւերուած մի Հայրենիք, որ մենք այսօր կամենում ենք կենդանացնել, որին կամենում ենք նոր կեանքի կոչել: Մեր  Հոգեւոր Հայրենիքը նոյնպէս աւերուած մի երկիր է եւ այդ աւեր ու անաւարտ շէնքը կանգնեցնելու համար որպիսի՜ ջերմ սէր, որպիսի՜ անձնուիրութիւն, որպիսի՜ բուռն ոգեւորութիւն է հարկաւոր»:

Մուրացան կը գրէ.

«Կայ մի ուրիշ մարմին, որ աւելի ու աւելի պաշտելի է քան մեր սեփականը: Այդ մարմինը ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է»:

Յովհաննէս Թումանեան կը գրէ.

«Կարելի է եւ չսիրել հարազատ եղբօրը, եթէ նա վատ մարդ է, անկարելի է չսիրել Հայրենիքը, ինչ էլ որ նա լինի»:

Պարոյր Սեւակ կը գրէ.

«Մեր հայրենիքում մեզ սպանեցին, բայց Հայրենիքը մեր մէջ չսպանուեց»:

Մարտիրոս Սարեան կը գրէ.

«Հողը մի կենդանի էակ է, նա ունի իր հոգին, եւ առանց Հայրենիքի, առանց հարազատ հողի հետ սերտ կապի, մարդ չի կարող գտնել իրեն, իր հոգին»:

Գարեգին Նժդեհ կը գրէ.

- «Հայրենիքից զատ, Հայրենիքից դուրս ինձ համար խաբուսիկ են բոլոր դրախտները»:

- «Երբեք այնքան անհայրենիք չենք, քան երբ դադարել ենք մտածել, գործել, զոհաբերել մեր Հայրենիքի համար»:

- «Հայրենիքի համար ապրում եւ մեռնում է ոգու մարդը, միայն նմանը»:

- «Հայրենիք մի սպասէք օտարից եւ ճակատագրից, եթէ դա ձեր արիւնով պաշտպանելու չափ հայրենասէր չէք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021