ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:

«Ինչո՞ւ սուրբի մը կամ հրեշտակներուն բարեխօսութիւնը խնդրել երբ կրնանք ուղղակիօրէն Քրիստոսի դիմել»

Սուրբերուն բարեխօսութիւնը մերժողներուն հարցումն է ասիկա, որուն կապուած քանի մը նշումներ կ՚ընենք.

1) Եթէ սուրբի մը բարեխօսութիւնը պէտք չէ խնդրել, պարզապէս որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր թէ մենք ուղղակիօրէն Քրիստոսի չենք գար, այլ՝ անձի մը միջոցաւ կու գանք, ուրեմն, իրարմէ եւս աղօթք պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ ատիկա եւս պիտի նշանակէր թէ մենք ուղղակիօրէն Քրիստոսի չենք գար, այլ՝ իրարու միջոցաւ կու գանք, ինչպէս վերեւ ըսի։

2) Երբ մարդիկ Քրիստոսի կու գան մեր աղօթքին, մեր քարոզին, մեր տուած վկայութեան, մեր թափած արցունքներուն միջոցաւ, ատոնք մեր միջոցաւ Քրիստոսի եկած չե՞ն սեպուիր: Կրնա՞նք ըսել. «Պէտք է իրե՛նք ուղղակիօրէն Քրիստոսի գան»: Բայց կրնա՞ն գալ եթէ մէկը չօգնէ իրենց, ուղղութիւն չտայ, չառաջնորդէ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս մարդիկ օգնութեան պիտի կանչէին Քրիստոսը, առանց Անոր հաւատացած ըլլալու, կամ ինչպէ՞ս պիտի հաւատային Անոր, առանց Իր մասին լսած ըլլալու. կամ ինչպէ՞ս պիտի լսէին, եթէ քարոզող մը չկար: Հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին» (Հռ 10.14): Եթէ պիտի մտածենք, թէ մարդիկ ուղղակիօրէն իրե՛նք պէտք է Քրիստոսի գան եւ ո՛չ թէ մէկու մը միջոցաւ, ուրեմն, պէտք է դադրեցնենք ամէն քարոզ, ամէն վկայութիւն, հոգեւոր ամէն աշխատանք եւ թոյլ տանք, որ Աստուծմէ հեռու եղող մարդիկը՝ իրենց սեփական ճիգով գտնեն Տէրը: Բայց կարելի՞ է այդպիսի բան ընել: Չէ՞ որ Տէրը Ինք մեզի պարտականութիւն տուաւ բոլոր ժողովուրդները իրեն աշակերտ դարձնել (Մտ 28.19):

Իսկ եթէ մարդիկ կրնան Յիսուսի գալ մեզի պէս մեղաւորներու միջոցաւ, ինչպէ՞ս կը համարձակինք ըսել, թէ անոնք չեն կրնար Քրիստոսի գալ հրեշտակներուն ու սուրբերուն միջոցաւ: Միթէ մենք երկնաբնակ հրեշտակներէն սուրբերէն աւելի՞ լաւ միջոցներ ենք, աւելի՞ ընտիր անօթներ ենք:

Դուն որ կ՚աղօթես ուրիշին համար եւ սակայն կը մերժես Աստուածամօր, հրեշտակներուն ու սուրբերուն աղօթքը, գոռոզ մը չե՞ս սեպուիր: Միթէ դուն քեզ Աստուածամայրէն աւելի՞ հզօր աղօթող մը կը կարծես: Կամ քու աղօթքներդ աւելի՞ ընդունելի կը նկատես քան սուրբերուն աղօթքները:

Իսկ եթէ առարկես, թէ դուն երկրի վրայ ես, իսկ սուրբերը՝ երկինքի մէջ, հարց կու տամ քեզի. ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէ Աստուծոյ համար Իր զաւակները երկինքի մէջ եղեր են թէ երկրի վրայ: Ո՞ւր գրուած է որ երկրի վրայ ապրող հաւատացեալները միայն կրնան աղօթել ուրիշներուն համար: Ո՞ւր գրուած է որ երկրի վրայ ապրող հաւատացեալներուն աղօթքը միայն կրնայ պատասխանուիլ: Կամ ո՞ւր գրուած է որ երկինք փոխադրուած հաւատացեալներ չեն կրնար աղօթել եւ եթէ աղօթեն՝ անոնց աղօթքին չի պատասխանուիր:

3) Սուրբի մը ուղղուած աղօթքը կամ անոր ներկայացուած խնդրանքը՝ Աստուծոյ ուղղուած ու ներկայացուած կը նկատուի: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին խօսելով իր Նարեկ Աղօթամատեանին միջոցաւ իրեն դիմողներուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Իմ այս գիրքովս անոնց ինծի համար պաղատանքը թող Քեզի նուիրուի. ու խօսքովս, անոնց հառաչանքները իբր խունկ ելլեն քու առջեւդ» (Բան Գ. մաս գ.): Նարեկացին իր այս աղօթքով յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ սուրբին նուիրուած պաղատանքը՝ Աստուծոյ նուիրուած կը համարուի եւ թէ՝ սուրբերուն միջնորդութեամբ ու աղօթքով է, որ հաւատացեալներուն «հառաչանքները իբր խունկ կ՚ելլեն Աստուծոյ առջեւ»: Եթէ Քրիստոս աղքատին տրուած կերակուրը՝ Իրեն տրուած կը համարէ (Մտ 25.34-36), որքա՜ն աւելի սուրբին միջոցաւ մեր մատուցած աղօթքը՝ Իրեն մատուցուած կը նկատէ։ Եւ եթէ Քրիստոս Իր հետեւորդներուն դէմ յարուցուած հալածանքը՝ ուղղակիօրէն Ի՛ր անձին դէմ յարուցուած հալածանք կը նկատէ. «Ինչո՞ւ կը հալածես զիս» (Գրծ 9.4), որքա՜ն աւելի Իր սուրբերուն ուղղուած աղօթք մը կամ խնդրանք մը՝ Իրե՛ն ուղղուած աղօթք եւ խնդրանք կը նկատէ:

4) Եթէ կը սխալինք երբ ուղղակիօրէն Յիսուսի չենք դիմեր, այդ պարագային, ինչո՞ւ Յակոբոս առաքեալ կը պատուիրէ մեր մեղքերը իրարու խոստովանիլ եւ իրարու համար աղօթել, փոխանակ պատուիրելու որ մեր մեղքերը ուղղակի Աստուծոյ խոստովանինք եւ Աստուծոյ աղօթենք (Յկ 5.16):

Եթէ կը սխալինք երբ ուղղակիօրէն Յիսուսի չենք դիմեր, ինչո՞ւ համար Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի հաւատացեալներէն կը խնդրէ, որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի Աստուած օգնէ իրեն՝ Իր խօսքը տալով, եւ կարենայ համարձակօրէն պարզել Աւետարանին ծածուկ խորհուրդը, փոխանակ ինք աղօթելու եւ իր աղօթքը ուղղակիօրէն Աստուծոյ ուղղելու (Եփ 6.19):

Եթէ սխալ է որ մեր աղօթքը ուրիշին միջոցաւ Աստուծոյ բարձրանայ, այդ պարագային, ի՞նչպէս պէտք է բացատրել Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքին բարձրացումը առ Աստուած՝ հրեշտակի մը միջոցաւ. «Խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ» (Յյտ 8.3-4)։ Չմոռնանք որ մոգերը Յիսուս Մանուկին առաջնորդող աստղն ալ հրեշտակ մըն էր, բոլոր մեկնիչներուն վկայութեամբ։

5) Սուրբերը Աստուծոյ զաւակները ըլլալով, Աստուած հաճոյք կ՚առնէ անոնց կատարած բարեխօսութիւններէն եւ սիրով կը պատասխանէ անոնց: Սուրբերը Աստուծոյ աւելի՛ մօտիկ են քան պարզ մարդիկ, ուստի իրենց միջոցաւ Աստուծոյ դիմելով՝ կրնանք աւելի արագ ստանալ պատասխանը մեր աղօթքին:

6) Սուրբերուն բարեխօսութեամբ Տիրոջ դիմելը կարեւոր է, անոր համար որ մենք անգիտակցաբար կրնանք խնդրել բան մը, որ Աստուծոյ կամքին հակառակ է. եւ ճիշդ հոս է որ սուրբերը օգնութեան կը հասնին, Աստուծոյ կամքին համաձայն բարեխօսելով մեզի համար: Երկնաբնակ սուրբերը Աստուծոյ կամքին կատարեալ գիտութիւնը ունենալով՝ գիտեն, թէ ի՛նչ բանի համար եւ ինչո՛ւ պէտք է բարեխօսեն:

7) Զգո՛յշ ըլլանք ըսելու՝ «պէտք չունիմ սուրբերուն միջոցաւ Քրիստոսի դիմելու: Ես ուղղակի Քրիստոսի կրնամ դիմել»: Այսպիսի խօսք մը կրնայ Քրիստոսի հանդէպ վստահութեան արտայայտութիւն ըլլալ, այո՛, բայց նաեւ կրնայ հպարտութեան ու գոռոզութեա՛ն արտայայտութիւն, յանձնապաստանութեա՛ն եւ ինքնահաւանութեա՛ն արտայայտութիւն ըլլալ: Նման խօսք մը ըսողը, կարծէք ըսած կ՚ըլլայ՝ «Ես պէտք չունիմ սուրբերուն, ես պէտք չունիմ Աստուծոյ զաւակներուն, իմ գործս ուղղակի Աստուծո՛յ հետ է»: Աշխարհի մէջ չէ եղած եւ չկայ մէկը, որ պէտք չունի Աստուծոյ սուրբ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ հրեշտակներուն բարեխօսութեան եւ զօրակցութեան: Անոնք իրենց բարեխօսութեամբ զօրավիգ կը կանգնին մեզի մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ: Եթէ հրեշտակները զօրացուցին Քրիստոսը երբ Ան փորձութեան դիմաց էր, արդեօք մեզ պիտի չզօրացնեն եւ մեզի պիտի չզօրակցի՞ն: Ղուկաս կ՚ըսէ, որ երբ Յիսուս տագնապի մէջ էր եւ ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր եւ քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ոլոռ-ոլոռ գետին կը հոսէր, յանկարծ «երկինքէն Իրեն հրեշտակ մը երեւցաւ, որ զԻնք կը զօրացնէր» (Ղկ 22.43): Եթէ Քրիստոս որ կատարեալ մարդ էր, մարդկօրէն կարիքը ունեցաւ հրեշտակի մը կողմէ զօրացուելու, մենք իբրեւ անկատար մարդիկ պէտք չունի՞նք հրեշտակներուն եւ սուրբերուն զօրակցութեան, որ բարեխօսութեան միջոցաւ կ՚ընծայուի մեզի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022